ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵԱ՛ՆՔ Է…
«Համբերութիւնը կեա՛նք է», կ՚ըսեն, բայց ժողովրդական իմաստութիւնը անմիջապէս ետք կ՚աւելցնէ. «Համբերութիւնը կեանք է, շատն ալ տանջա՛նք է…»։
Անշուշտ այսպիսի խօսքեր կը ցոլացնեն կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնները։ Սակայն մարդ հարցնելու պահաջքը կը զգայ, թէ՝ համբերութիւնը ինչո՞ւ կեանքի համազօր նկատուած է, եւ համբերութեան շատն ալ՝ տանջանք։ Կարծեմ հոս ալ չափաւորութեան անհրաժեշտութիւնը կը մատնանշուի. չէ՞, որ դարձեալ ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ չափաւորութիւնը կէս աստուած է։ Ուստի «չափաւորութիւն»ը կեանքի մէջ, այսքան կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ։
Բայց համբերութիւնը, ամէն պարագայի, շատ կարեւոր դեր կը խաղայ կեանքը դիւրատար ընելու եւ հոգերը մասամբ թեթեւցնելու գործին մէջ։ Ուրեմն «համբերութիւն»ը եւ «կեանք»ը ներքին կապ մը ունին իրարու հետ եւ կ՚ազդեն փոխադարձաբար իրարու։
Երբ այս խորհրդածութիւնները կ՚ընենք, կը խորհինք, թէ մեր մէջ ո՜րքան պակասը կը զգանք համբերութեան, որուն բացակայութիւնը կը դժուարացնէ կեանքին բեռը, եւ մարդուս տարողութիւնը՝ նեղութիւններու, հարցերու լուծման նկատմամբ։
Պէտք է ընդունիլ, թէ մարդուս մտածումները, գաղափարները, տեսակէտները կը փոխուին ժամանակի ընթացքին, կը բարելաւուին, կը կատարելագործուին, եւ ասիկա «խորհող միտք»ին բնական մէկ արդիւնքն է։
Երբ խօսքը համբերութեան մասին է, մտաբերեցինք, 2011-ին այս սիւնակներու մէջ մեր մէկ գրութիւնը՝ «Համբերութեան պակասը» խորագրով։ Եւ տեսանք, որ անցեալ տարիներու ընթացքին այդ «պակաս»ը ա՛լ աւելի տարածուեր է եւ «պակաս»ը վիհի մը վերածուեր է. այլեւս համբերութեան պակասը չէ որ մտահոգութիւն կը պատճառէ, այլ՝ անոր բոլորովին «չգոյութի՛ւն»ը։
Այս իմաստով, այսօր մարդիկ ո՛չ թէ համբերութեան պակասը կը զգան, այլ «համբերութիւն» բառը ջնջած կ՚երեւին, դժբախտաբա՛ր, բայց կեանքը կը տեւէ, ուրեմն պէտք է խորհիլ, թէ՝ «համբերութիւնը կեանք է» խօսքը այնքան ալ ճիշդ չէ, այլապէս երբ համբերութիւն չկայ, կեանք ալ պէտք էր որ չըլլար…։ Բարեբախտաբար կեանքը կը շարունակէ։
Ուրեմն ի՞նչ ըսեր ենք հինգ տարի առաջ, տեսնենք։
«Որքա՜ն օրինակներ կան մեր շուրջը համբերութեան պակասի, որոնք աւելի եւս կը դժուարացնեն մեր կեանքը։
«Ի՞նչ կը նշանակէ -Համբերութիւն- ըսուածը, որ այդքան կարեւոր է եւ կենսական մեր կեանքին մէջ՝ ուրիշներու հետ յարաբերութիւններու լաւ ընթանալուն համար։ Արդարեւ, -Համբերութիւն- բառը գոնէ հինգ տարբեր իմաստներ կրնայ թելադրել՝ կեանքի զանազան պարագաներու համեմատ։
«Համբերութիւն բառին ֆրանսերէնը կու գայ լատիներէն -patientia- բառէն, որուն արմատն է՝ -pati-. որ կը նշանակէ՝ -տառապիլ-։
«Համբերութիւնը, ուրեմն տառապանքի գաղափարն ու իմաստն ալ կը թելադրէ, ներքին մխացող կրակ մը, նուրբ տառապանք մը՝ որուն բոցը չի տեսնուիր։ Համբերութիւն, ընդհանուր առումով կը նշանակէ նախ համբերել՝ իր տառացի իմաստով, այսինքն ինքզինք զսպել, չխռովիլ, ակռայ սեղմել, առանց դառնութեան դիմաւորել հարց մը կամ արտայայտութիւն մը, համբերութեամբ տանիլ. տոկալ անոնց ազդեցութիւններուն կամ համբերատար ըլլալ, հանդուրժե՛լ։
«Երկրորդ, ան կը նշանակէ՝ անհաճոյ կամ ցաւառիթ վիճակներու դիմաց քա՛ջ ըլլալ ու տոկալ, դիմանալ, չարքաշ ըլլալ, ամո՛ւր մնալ, խաղաղութիւնը պահել պաղարիւնութեամբ։ Այս իմաստով, համբերութիւնը յարատեւութեան գաղափարն ալ կրնայ ընդգրկել։ Յարատեւութիւնն է, որ կը ստեղծէ համբերութիւնը, քանի որ քարը մաշեցնողը ջուրին քանակը չէ, այլ՝ ջուրին տեւական հոսիլը։
«Համբերութեան երրորդ իմաստն է՝ նեղացուցիչ անձի մը հանդէպ հանդուրժել, ներողամիտ գտնուիլ եւ երկայնամիտ ըլլալ՝ սիրոյ հոգիով։
«Չորրորդ նշանակութիւնը համբերութեան, նեղութիւն մը, դժուարութիւն մը կամ ցա՛ւ մը կրելու պարագային՝ չդժգոհիլ, չտրտնջալ, չգանգատիլ, առանց ակռայ կրճտելու դիմաւորել եւ նոյնիսկ համակերպիլ։ Այս ալ քաջութի՛ւն կը պահանջէ։
«Համբերութեան հինգերորդ նշանակութիւնն է՝ սպասել, բայց յոյսո՛վ սպասել, այն անայլայլելի եւ հաստատ յոյսով, որ կրնայ փոխուիլ ամէն ինչ, կրնայ բարեփոխուիլ կացութիւնը, վիճակը, պարագան եւ անձը։
«Արդարեւ, յոյսը ողնայա՛րն է համբերութեան։
«Յոյսը, հաստատուն եւ կանգո՛ւն կը պահէ համբերութիւնը։ Համբերութիւնը առանձինն փխրուն է եւ դիւրաբեկ։ Յոյսն է, որ օգնութեան կը հասնի համբերութեան, այնպէս ինչպէս փարոսը՝ ալեկոծեալ նաւուն, որ աղջամուղջին մէջ ուղեկորոյս կը խարխափի։ Տրտմաբեկ հոգիին ուրախութեան թռիչք կու տայ յոյսը։ Յոյսը փարոսի լոյսին պէս ազատարար մըն է մարդուն համար այս ալեկոծեալ աշխարհին մէջ։ Կեանքը աղջամուղջ մըն է, ուր յոյս չունեցող մարդիկ ուղեկորոյս կը խարխափին։ Ո՞վ չի գիտեր, թէ յոյսը ուրախութիւն եւ երջանկութիւն կը պատճառէ եւ կարող կը դարձնէ մարդս դժուարութիւններու, ցաւերու, նեղութիւններու փուշերուն, բոցերուն, աղջամուղջին համբերելու, տոկալու եւ տանելու քաջութեամբ։
«Պօղոս Առաքեալ, իր նեղութիւններէն ու կեանքի դժուարութիւններէն ձեռք ձգած փորձառութիւնը միացնելով իր յորդորին, կը հաւաստիացնէ.
«Յոյսը ամօթով չի՛ ձգեր։ (ՀՌՈՄ. Ե 5)։
«Յոյսը միշտ կ՚արդարացնէ իրեն ապաւինողը։ Քանի որ համբերութիւնը կ՚աճի յոյսո՛վ։ Նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ տառապանքներու ալեկոծ ծովը ինկած մարդուն համար յոյսը, վստահելի, ապահով, ազատարար գօտին, ապահովութեան լաստը պիտի դառնայ, որուն վստահողին համբերութիւնը ի դերեւ պիտի չելլէ երբե՛ք։
«Այս իմաստով է, որ ահաւասիկ համբերութիւնը, յոյսը եւ ուրախութիւնը երրորդութիւն մը պէտք է դառնայ այս աշխարհի մէջ ապրուած կեանքի ընթացքին՝ փոթորիկի, նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մատնուած մարդուն, որպէսզի անոր ալեկոծութեան մէջ չընկղմի, չխեղդուի։
Այս այլազան սահմանումներէն կը հետեւի, թէ -Համբերող Մարդ- կը նշանակէ այն անձը՝ որ հոգեպէս տոկուն եւ չարքաշ է, ներքնապէս զօրաւո՛ր, կը հանդուրժէ, երկայնամիտ եւ ներո՛ղ է, բարկութեան չի՛ գրգռուիր, չի՛ ջղայնանար, պաղարիւնութիւնը միշտ կը պահէ, ներողամիտ կը գտնուի, չի՛ գանգատիր, չի՛ մրմռար, խաղաղութեամբ եւ յոյսով կը սպասէ։ Համբերող մարդը կը սպասէ… եւ երբեմն ան կը սպասէ նոյնիսկ առա՛նց յոյսի։ Ի՜նչ վեհանձնութիւն, համբերել նոյնիսկ առանց յոյս ունենալու։
«Համբերող մարդ ըլլալու համար սահմանուած այս վիճակներէն մէկուն կամ միւսին մէջ թերացող, տկարացող մարդուն համար կարելի չէ ըսել, թէ՝ համբերող է ան։ Աշխարհի մարդը անընդունակ է այս -Աւետարանաշունչ- եւ կամ -Հոգեւոր Համբերութեան-։
«Այս տեսակ մարդը կատարեա՛լ մարդ է եւ այս տեսակ համբերութիւնը միա՛յն Սուրբ Հոգին կրնայ ներմուծել ու միայն Սուրբ Հոգիին լեցունութեամբ եւ ներշնչումով կարելի է ունենալ։ Համբերութիւնը ներքին ուժ մը, զօրութիւն մըն է։ Համբերութիւնը քաջութի՛ւն է եւ պէտք է ընդունիլ, թէ ամէն մարդ քաջ չի կրնար ըլլալ։
«Համբերութիւնը կը պարունակէ սէր, զոհողութիւն, նուիրում եւ մաս կը կազմէ Յիսուսի խոստացած -Աւելի Կեանք-ին, որ միա՛յն ու միայն բոլորանուէր հաւատացեալին եւ կատարեալ մարդուն յատուկ է։
«Երբ մարդ դժուարութիւններու չի տոկար, անախորժ ունակութիւններ ունեցող կամ նեղութիւն պատճառող բարեկամին չի հանդուրժեր, ներողամիտ չի գտնուիր անոր հանդէպ, կեանքի զանազան դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն, դժբախտ պարագաներուն համար կը գանգատի, այս կամ այն նեղութեան առջեւ չի յաջողիր ակռայ սեղմել. այո՛, ասով հանդերձ դեռ հաւատացեալ մարդ է, բայց իրեն կը պակսի էականը, կենսականը՝ Սուրբ Հոգիին ներգործումը. անով լեցուածութւնը. -Աւելի Կեա՛նք-ը՝ որ յաղթական, իրաւ կեանքի բանալին իսկ է։
«Իրապէ՛ս համբերութիւն պէտք է մեզի։
«Ե՞րբ։
«Եւ երբ հարցնենք այս հարցումը, կը տեսնենք համբերութեան յարաբերական կողմը. երջանիկ կամ մեծահարուստ մարդուն կարելի՞ է ըսել, թէ իր երջանկութեան կամ հարստութեան մէջ համբերութեան կը կարօտի, իսկ կեանքի մէջ յաջողած մարդուն կրնա՞նք ըսել, թէ պէտք է հանդուրժէ յաջողութեան։ Կարելի՞ է խորհիլ, թէ մեծահարուստը կը գանգատի իր հարստութենէն։ Ուստի ծիծաղելի կ՚ըլլար այդպիսի բան մտածել, ինչպէս ուրախ մարդու մը պատուիրել, թէ ան հանդուրժէ ու համբերէ ուրախութիւններու։
«Արդարեւ, համբերութեան պէտք ունի ան, որ դժուարութիւններու, նեղութիւններու մէջ է, վիշտերու, ցաւերու ու չարչարանքներու մէջ, կեանքի անտանելի, անախորժ, տհաճ կացութիւններու մէջ. մէկ խօսքով՝ կեանքի ճնշիչ պայմաններու մէջ կը տառապի։
«Համբերութեան պահանջքը ունի ան՝ որ նեղութեան եւ դժուարութիւններու մատնուած է։
«Ուրեմն արդարացի եւ բնական են Պօղոս Առաքեալի խօսքը. «Նեղութիւններու համբերէ՛»։
Ահա, այսպէս խորհեր ենք 2011-ին համբերութեան մասին։ Պօղոս Առաքեալի խօսքով աւարտեր ենք մեր խորհրդածութիւնները։
Եւ այսօր կ՚աւելցնենք։
Որքան ալ պակսի համբերութեան առաքինութիւնը մեզմէ, որքան հեռանայ հանդուրժողութեան զգացումը, կարելի է մեզի համար մխիթարուիլ եւ հոգեպէս զօրանալ Յիսուսի խօսքով, որ կ՚ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին…» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս, 17, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024