ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ - Ա -

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, Հոգեգալուստէն յետոյ, 33-րդ օրը, որ հինգշաբթի է, կը նշէ «Սրբոց Թարգմանչաց մերոց Սահակայ եւ Մեսրովբայ» տօնը, որ այս տարի կը հանդիպի 21 յունիս հինգշաբթի օրուան։ Արդարեւ, այս տօնին աւանդութիւն է դարձած, ուխտագնացութեամբ երթալ դէպի Օշական եւ այցելել Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է մօտաւորապէս 360 թուականին, Տարօնի Հացեկաց գիւղը։ Մանկութենէն սկսեալ սորված է յունարէն, պարսկերէն եւ ասորերէն։ Երիտասարդ տարիքին՝ իբրեւ բանիմաց անձնաւորութիւն, ծառայութեան է անցած հայոց արքունիքի դիւանին՝ Խոսրով Գ. թագաւորի օրով, ապա անցած է զինուորական ծառայութեան։

Սակայն աշխարհիկ կեանքը չի գոհացներ Մեսրոպը։ Ուստի որոշ ժամանակ մը վերջ, կը թողու աշխարհիկ կեանքը եւ քանի մը տարի ճգնաւորի կեանք կ՚ապրի եւ իր շուրջ կը հաւաքէ աշակերտներ։

Այնուհետեւ կը սկսի Աւետարանը քարոզել Գողթ եւ այլ վայրերու մէջ՝ որոնց բնակիչները թերեւս հեթանոս էին։

Ուստի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ցաւով կը նկատէ, որ հայ ժողովուրդը ճշմարիտ քրիստոնէական կեանքով չ՚ապրիր եւ կը հասկնայ, թէ ո՜րքան կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ է «հայ գիր»ը, Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական աստուածապաշտութիւնը, ժողովուրդին անմիջական կերպով՝ անմիջապէս «հայերէն մատուցանել»ը եւ ո՛չ թէ յունարէն կամ ասորերէն։

Մինչեւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ժամանակները հայ ժողովուրդի պաշտամունքը տարալեզո՛ւ էր եւ յատուկ պաշտօնեաներու միջոցով բանաւոր կերպով կը թարգմանուէր հայերէնի՝ անշուշտ ստեղծելով բազմաթիւ անյարմարութիւններ…։

Այս մասին արդար մտահոգութեամբ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կը դիմէ հայոց կաթողիկոս Սուրբ Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետին (387-439) եւ Վռամշապուհ արքային։ Եւ անոնք, միասին, ելքի ճամբաներ կը սկսին փնտռել «հայոց սեփական գիրեր»ու ստեղծման համար։ Ուստի, կը լսեն, որ Դանիէլ («Դանիէլ=Աստուած դատաւորս է) անունով ասորի մը, որ եպիսկոպոս մըն էր, հայերէն «ինչ որ» գիրեր ունի։ Կ՚առնեն այդ գիրերը եւ մի քանի տարի կը սորվեցնեն աշակերտներու խումբի մը, կը փորձեն կիրարկել զանոնք, բայց կը տեսնեն, որ այդ գիրերը, որոնք թիւով քսաներկու էին, հաւանաբար սեմական ծագումով («սեմական»=Նոյի Սեմ որդիէն յառաջ եկած ցեղեր), շատ անյարմար եւ թերի էին հայոց լեզուին համար։

Ի վերջոյ, Եդեսիա (=Ուրֆա) քաղաքի մէջ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց «աստուածային հրաշալի՜ տեսիլք»ի միջնորդութեամբ ստեղծեց հայոց 36 գիրերը։ Այս գիւտը, կամ ըսենք, ստեղծագործութիւնը տեղի ունեցաւ հաւանաբար 406 թուականին։ Այնուհետեւ իր երկու աշակերտներու՝ Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի հետ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, կը ձեռնարկուի Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն թարգմանութեան։

Առաջին գիրքը, որ կը սկսին թարգմանել, կ՚ըլլայ «Առակաց գիրք»ը։ Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութեան գործին կը լծուի նաեւ հայոց հայրապետը՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ։

Այս թարգմանութիւնը, իր բնագրին շատ մօտ ըլլալուն շնորհիւ, իրաւամբ կոչուած է «Թարգմանութիւններու թագուհի»։ Իսկ առաջին հայերէն նախադասութիւնը, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց թարգմանած է Աստուածաշունչէն, սա՛ է.

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», այսինքն՝ «իմաստութիւնը եւ խրատը գիտնալու համար, հանճարին խօսքերը հասկնալու համար»։

Ըստ վարքագիր Կորիւնի՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծած է գիրեր նաեւ վրացիներու եւ աղուաններու համար։

Գիրերու գիւտէն յետոյ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Սահակ Պարթեւ եւ անոնց բազմաթիւ աշակերտները սկսան տարածել հայ գիրերը ամբողջ Հայաստան՝ բանալով նոր հայրենախօս դպրոցներ, դպրանոցներ, նաեւ եռանդուն կերպով լծուեցան եկեղեցիի հայրերու գրուածքներու թարգմանութեան գործին՝ յունարէնէ եւ ասորերէնէ հայերէնի թարգմանելու։ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ օգնութեամբ կարճ ժամանակի մէջ ահռելի քանակութեամբ գրականութիւն կը թարգմանուի հայերէնի՝ առանց հաշուելու Աստուածաշունչը եւ ծիսական զանազան մատեանները։

Ուստի «Մաշտոցեան շրջան»ը, աւելի վերջի ժամանակներուն իրաւամբ ստացած է «հայ ժողովուրդին ոսկեդար»ը անուանումը։

Արդարեւ, մեծ էր արդիւնքը թարգմանչական - մշակութային այս շարժումին։ Ուստի եկեղեցական արարողութիւնները կը ստանան նոր շքեղութիւն եւ փայլ։ Ամէն կողմէ, հրապարակներու վրայ, փողոցներու եւ տուներու մէջ, մեծերու եւ փոքրերու շրթներէն կը լսուին սաղմոսներ, երգեր եւ շարականներ՝ հայերէ՛ն լեզուով։

Ղազար Փարպեցի սապէս կը նկարագրէ այս հրաշալի՜ տեսարանը.

«Պայծառացան եկեղեցիները, սուրբերու վկայարանները, ծաղկեցաւ Աստուածաշունչի ուսումը։

«Թարգմանիչները մշտաբուխ վտակներու նման՝ կը յորդէին իրենց մեկնաբանութիւնները։ Մարգարէական խորհրդաւոր խօսքերը լուսաբանելով՝ մեղրի խարիսխէն աւելի քաղցր հոգեւոր խորտիկներով (=համադամ, տեսակ տեսակ ընտիր կերակուր) լեցուած սեղաններ կը դնէին ամբողջ ժողովուրդին առջեւ… Հայոց բովանդակ աշխարհը լեցուեցաւ Տիրոջ գիտութեամբ…»։

Հայերէն լեզուով ստեղծուած ինքնուրոյն գրականութեան մէջ առանձնակի զարգացում կ՚ապրի պատմագրութիւնը, որու ներկայացուցիչներն են պատմիչներ՝ Փաւստոս Բիւզանդ, Մովսէս Խորենացի, Ագաթանգեղոս, Եղիշէ, Ղազար Փարպեցի, Եզնիկ Կողբացի եւ այլն։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, իր աշակերտ Կորիւնի վկայութեան համաձայն, գրած է նաեւ ճառեր։ Դարձեալ անոր կը վերագրուին մինչեւ մեր օրերը Հայոց երգեցողութեան մէջ կատարուող «ապաշխարութեան շարական»ները։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, հայոց կաթողիկոսին հետ միասին պայքարած է նաեւ նեստորականութեան եւ բորբորիտոններու աղանդներու դէմ…։

-Պիտի շարունակենք թարգմանիչներու մասին խորհրդածելու։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 6, 2018, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Յունիս 21, 2018