ԱՂՕԹՔԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Քրիստոնեայ աղօթքին աւանդութիւնը հաւատքի աւանդութեան աճումին կերպերէն մէկն է, աճում՝ յատկապէս հայեցողութեան եւ ուսումի ճամբով հաւատացեալներուն կողմէ, որոնք փրկութեան տնտեսութեան դէպքերը եւ խօսքերը իրենց սրտին խորը կը պահեն, ինչպէս նաեւ խորունկ ներթափանցումով հոգեւոր իրականութեանց յայտնութեան, որոնց փորձառութիւնը կ՚ապրին։ Ուստի աղօթքը չի՛ վերածուիր ներքին մղումի մը ինքնաբուխ ժայթքումին, աղօթելու համար, անհրաժե՛շտ է զայն կամենալ։ Այս իմաստով, հա՛րկ է սորվիլ աղօթել։ Հոգեւոր Հայրերը, յարասելով ՄԱՏԹ. Է 7 հատուածը, հետեւեալ ձեւով կը համառօտեն աղօթքին մէջ Աստուծոյ Խօսքով սնած սրտին տրամադրութիւնները. «Փնտռեցէ՛ք կարդալով եւ պիտի գտնէք խորհրդածելով. բախեցէ՛ք աղօթելով եւ պիտի բացուի ձեզի վերհայեցողութեամբ»։

Աղօթքը նորոգ սրտին կեանքն է։ Ան պէտք է մեզ կենսագործէ ամէն վայրկեան։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Անիկա որ մեր կեա՛նքն է, մեր ամէն ինչն է։ Ուստի, աղօթքի մէջ է որ Յիսուս մեզի ի յայտ կը բերէ եւ մեզի կը փոխանցէ «անբաժանելի» Հօր եւ Որդիին ճանաչումը՝ որ նոյնինքն խորհուրդն է աղօթքի կեանքին։

«Յիսուս, օր մը տեղ մը կեցած աղօթք կ՚ընէր, ու երբ վերջացուց, աշակերտներէն մէկը ըսաւ Անոր.- Տէ՛ր, մեզի ալ աղօթել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս սորվեցուց իր աշակերտներուն» (ՂՈՒԿ. ԺԱ 1)։ Որպէս պատասխան այս խնդրանքին, Տէրը Իր աշակերտներուն եւ Իր Եկեղեցւոյ կը յանձնէ քրիստոնեայ հիմնական աղօթքը։ Ղուկաս աւետարանիչ կու տայ անոր հակիրճ բնագիրը՝ հինգ խնդրանքներով (ՂՈՒԿ. ԺԱ 2-4)։ Իսկ Մատթէոս աւետարանիչ կու տայ աւելի ընդլայնուած տարբերակ մը՝ եօթը խնդրանքներով. (ՄԱՏԹ. Զ 9-13)։ Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութիւնը որդեգրած է Մատթէոս աւետարանիչի տարբերակը (ՄԱՏԹ. Զ 9-13) ըստ հետեւեալի.

«Հայր մեր որ երկինքն ես,

«սուրբ ըլլայ Քու անունդ,

«Թող գայ Քու Թագաւորութիւնդ,

«Թող ըլլայ Քու կամքդ, ինչպէս երկինքի մէջ՝

«Նոյնպէս երկրի վրայ։

«Մեր ամէնօրեայ հացը տո՛ւր մեզի այսօր,

«եւ թող մեզի մեր պարտքերը,

«ինչպէս մենք ալ կը թողունք մեր պարտապաններուն։

«Եւ մի՛ տանիր մեզ փորձութեան,

«այլ փրկէ մեզ չարէն»։

Տէրունական աղօթքը՝ «Հայր մեր»ը ամբողջ Աւետարանին համառօտութիւնն է, ինչպէս կ՚ըսէ Տերտուղիանոս։ Քրիստոս աղօթքին այս բանաձեւը մեզի կտակելէ ետք աւելցուց. «Խնդրեցէ՛ք ու պիտի առնէք» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 24)։ «Մարդ կրնայ ըստ իր կարիքներուն դէպի երկինք զանազան աղօթքներ ուղղել, բայց միշտ սկսելով Տիրոջ Աղօթքով, որ կը մնայ հիմնական աղօթքը»։ Կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս. «Աչքէ անցուցէ՛ք Աստուածաշունչին մէջ գտնուող բոլոր աղօթքները եւ ես չեմ կարծեր, թէ դուք հոն գտնէք բան մը, որ բովանդակուած չըլլայ Տէրունական Աղօթքով, Տէրունական Աղօթքին մէջ»։ Արդարեւ, մէկ կողմէն, այս աղօթքին խօսքերով Միածին Որդին Իր Հօրը տուած խօսքերը մեզի կու տայ (ՅՈՎՀ. ԺԷ 7), միւս կողմէն, Ան իբր մարդացեալ-մարմնացեալ Բան, Իր մարդկային սրտով կը գիտակցի Իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մարդկային կարիքներուն եւ զանոնք մեզի կը յայտնէ. Ան մեր աղօթքին տիպա՛րն է։ Բայց Յիսուս մեքենաբար կրկնելիք աղօթքի մը բանաձեւը չի յանձներ մեզի. (ՄԱՏԹ. Զ 7), (Ա ԹԱԳ. ԺԸ 26-29)։ Ինչպէս ամէն ձայնիւ կատարուող աղօթքի պարագային, Սուրբ Հոգին Աստուծոյ զաւակներուն իրենց Հօր աղօթել կը սորվեցնէ։ Յիսուս մեր որդիական աղօթքին ո՛չ միայն խօսքերը կու տայ մեզի, այլ նաեւ կու տայ Հոգին, որուն միջոցով՝ այս խօսքերը մեր մէջ կը դառնան «հոգի եւ կեանք» (ՅՈՎՀ. Զ 63)։

Եւ երբ կը խօսինք «Հայր մեր»ի մասին կը մտաբերենք Տիգրան Կամսարականի Քու «Հայր Մեր»դ, ա՜յնքան տպաւորիչ եւ յուզիչ տողերը, որոնք մեզ կ՚առաջնորդեն խորհելու անգամ մը եւս աղօթքի, աղօթելու մասին։

Տիգրան Կամսարականի հրաշալի՜ տողերը կը ներկայացնենք միշտ իր բնատիպին հաւատարիմ մնալով.

ՔՈՒ «ՀԱՅՐ ՄԵՐ»Դ

Մի տրտմիր. Կիրասոնցի հէգ, դըժ-բախտ կին, եթէ քահանան զաւկիդ գերեզմանը չուզեց օրհնել։ Իր աջին մէջ, զոր ծերածեր տարիքդ համբուրեց, չէիր կրցած դնել արծաթի կտորը որ հանգստեան աղօթքի սակագին մըն էր տէրտէրին համար։

Ա՜խ եթէ առուգութեանդ օրերը ըլլային, եթէ կանանչ տարիներ ունենայիր դուն՝ կը տեսնեմ ահա սիրախանդ շարժուձեւդ որով պէքեարին լուացքը պիտի աճառէիր շինականի քու կարչնեղ ձեռքերուդ մէջ որպէսզի ճարէիր օրհնութեան դրամը. բայց բազմազառամ պառաւ մըն էիր, ոյժդ, ափսո՜ս չէր զօրեր…

Ու փոսը որուն բան մը աւանդած էիր աղիքներէդ, քու աղիքներդ բոլոր՝ չզգաց գգուանքը աղօթքի շունչին որ մօրկան «անդենական»ի հաւատքդ պիտի արծարծէր։

Կիրասոնի գերեզմաննոցին մէջ ստապատում ու պոռոտ դամբանագրերէ քիչ հեռու, անկիւն մը գետնամած անշը-շուկ քնարան մը կայ հիմայ, տնանկի լքուած հողակոյտ մը զոր քար չի ծածկեր եւ որուն Քրիստոսի պաշտօնեան իր օրհնութեան ողորմութիւնը զլացաւ։

Անիկա հսկայ կռուփ մըն է ցցուած Ոսկի Հորթին դէմ, կուռքը՝ որ գերեզմանատան մէջ ալ իր պատուանդանը ունի.- մեծատունին տապանաքարը։

Ես կ՚արգիլէի քեզի, տէրտէր, որ այլեւս չմօտենայիր դուն այդ ղարիպի գերեզմանին, զոր ապիրատութիւնդ սրբագործեց. ես կ՚արգիլէի քեզի որ զղջումի յետադարձ աղօթքով մը անոր ողորմ բանաստեղծութիւնը չխաթարէիր դուն երբեք։

Իրիկնամուտին՝ հէգ սգաւոր մայր, սեւ լաչակը գլխիդ ձգած, սառառոտ շուքդ ոլորելով պատերուն երկայնքը՝ գնա՛ գաղտասոյր մտի՛ր լռին մահաստանը, դողդոջ՝ ցաւդ ճչէ զաւկիդ վրայ որ կաթէդ աւելի արցունքդ ծծեց, ու հծծէ «Հայր Մեր»դ զոր, այնքան խանդաղատանքով սորվեցուցեր էիր քու թոթովող մանկիկիդ։

Սա քու «Հայր Մեր»դ, մայրիկ։

Տէրտէրը՝ չիտէ անիկա։

ՏԻԳՐԱՆ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ

Ծանօթագրութիւն.-

Տիգրան Կամսարական՝ գրող, արեւմտահայ իրապաշտական գրականութեան դպրոցի հիմնադիրներէն։ Ծնած է 1866-ին Կ. Պոլիս եւ մեռած՝ 4 յունուար 1941 թուականին Վիշի՝ Ֆրանսա։ 1888 թուականին լոյս է տեսած իր «Վարժապետին Աղջիկը» արեւմտահայ գրականութեան առաջին իրապաշտական վէպը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 31, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 21, 2019