ՁԱՅՆ ՈՒՆԻ ԿՐՕՆԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ
Կրօնը կը կատարելագործէ, եւ կը սրբացնէ բնութեան օրէնքները։ Սակայն «բնութիւն» պէտք չէ կոչուի այն՝ ի՛նչ որ մարդուն յանցանքին արդիւնքը կամ սխալին հետեւանքն է։ Ուստի բնութիւնը կը յորդորէ տկարին զօրանալու համար կարելին ընել, որպէսզի իր գոյութիւնը պահէ եւ տեւականացնէ, ուժ հաւաքէ եւ վերանորոգուի։ Բայց ինչպէս ամէն մարզի մէջ, չափաւորութիւնը անհրաժեշտ է, եւ այն որ ծայրայեղութիւն է, այն որ չափազանցութիւն է ո՛չ թէ օգուտ, այլ մանաւանդ վնա՛ս կը պատճառէ։ Զոր օրինակ, կերակուր ուտել հաճելի է եւ բնական պահանջք, եւ սակայն անյագօրէն ուտել, ծայրայեղութեամբ ուտել մարդս կը հիւանդացնէ, ուտելիքը եւ ըմպելին թոյնի կրնայ վերածուիլ։ Եւ երբ մարդ, իր չափազանցութեան պատճառով մարմնական կամ հոգեկան վնասի մը ենթարկուի, պատճառը բոլորովին անմեղ բնութի՞ւնն է։ Բնութեան պէ՞տք է գանգատիլ։ Եթէ մարդ իր բանականութեամբ, իր խելքով չի կրնար չափաւորել եւ կանոնաւորել իր պէտքը, չի կրնար որոշել իրեն օգտակարը եւ վնասակարը, չի գիտեր չափը եւ սահմանը՝ կշիռ չի դներ իր կամքին եւ կիրքերուն, այլապէս բնութի՞ւնը յանցաւոր է։
Բնութեան շնորհներէն օգտուելու կարգին, կրօնը կը չափաւորէ եւ կը կանոնաւորէ օգտակարութիւնը եւ այս մասին կարեւոր դեր մը կը խաղայ, որպէսզի չափազանցութիւններ եւ ծայրայեղութիւններ տեղի չունենան։
Ուստի, ծայրայեղութիւնը բնութեան դէմ գործել կը նշանակէ, եւ կրօնը ահաւասիկ արգելք կը հանդիսանայ այդ օրինազանցութեան։ Եւ այս իմաստով՝ կրօն եւ բնութիւն՝ երկուքն ալ մարդուս երջանկութեան, կամ կատարելագործման միջոցներն են եւ երկուքն ալ Հօր որդիները՝ որ հաւատարմօրէն կը յայտարարեն Անոր կամքը։ Եւ կրօն ու բնութիւն երբեք զիրար չեն հակասեր, իրարու չեն հակառակիր։ Կրօնի եւ բնութեան պատճառը եւ նպատակը մէ՛կ է եւ կը նպաստեն մարդուն։
Բնութիւնը՝ մարդուն կատարելութիւնը՝ սրտին եւ մտքին գերազանցութեան մէջ կը գտնէ, որ լաւագոյն մա՛սն է մարդուն, եւ կ՚ուզէ մարմնին քաջառողջութեան օժանդակել, որքան հոգեկան բարիքին համար նպաստաւոր է եւ չի վնասեր անոր։
Իսկ կրօնը՝ մարդուս կը ցուցնէ հոգւոյն ճշմարիտ բարձրութիւնը եւ կը հրամայէ անոր համեմատ ըլլալ։
Բնութիւնը, մարդս, խաբեպատիր բարիքներէն վե՛ր կը բարձրացնէ, որոնց մէջ ան պիտի ուզէր փնտռել իր երջանկութիւնը։ Զոր օրինակ՝ հրապուրիչ բայց վնասակար կերակուրներէ եւ ըմպելիներէ հեռու պահելու միջոցներ կը ստեղծէ, որպէսզի մարդ, փոխանակ օգուտի վնաս չկրէ։ Այս տեսանկիւնէն նայելով, բնութիւնը Աստուծոյ գործակիցը, գործակատարն է՝ Անոր կամքը կը յայտնէ եւ կը գործադրէ ի նպաստ մարդո՛ւն, անոր երջանկութեան։
Ահաւասի՛կ, այս է «բնութեան ձայն»ը, բայց ո՛չ ամբողջովին, քանի որ ասիկա ձայնն է տկարութեան, հին բնութեան, հիւանդութեան՝ ձայնն է անոր որ առողջ բնութեան կ՚ընդդիմանայ եւ կ՚ապականէ զայն։
Արդարեւ, բնութիւնը կ՚ուզէ, որ միտքը բաւականաչափ բացատրէ մարդուն անոր միտքը, եւ որպէսզի մարդ առաքինութեամբ վե՛ր բարձրանայ այդ տկարութենէն, եւ եթէ չկարենայ կրօնի համաչափ բարձրութեան հասնիլ, յանցանքը ո՛չ թէ կամքին, այլ իր ուժերուն անբաւարարութեան եւ տկարութեան մէ՛ջ է։ Բայց, կրօնը, ահա այդ կէտին, մտքին օգնութեան կը հասնի։ Ան առաւելապէս կ՚օժանդակէ, կը նպաստէ մարդուս ազնիւ թռիչքին եւ չի բաւականանար, գոհ չ՚ըլլար, մինչեւ որ մարդուն՝ անըս-կիզբ էակին «գահ»ը բարձրացնէ՝ աստ-ւածնմանութեան իր կոչումի՛ն։
Ուստի, բնութիւնը՝ մտքին լոյսով, սիրտը իր տենչով կ՚ըսէ, թէ այս աշխարհի բարիքները ի վիճակի չեն գոհացնելու՝ յագեցնելու «հոգեկան անօթութիւն»ը՝ որ անբաժան է մարդ էակէն։ Այն ի՛նչ որ ժամանակաւոր է՝ մարդուս բաղձանքներուն բաւարար չէ՛. մահկանացու կեանք մը երբեք չի գոհացներ մարդկային իղձերը, ամէն բան որ այս կեանքով վերջ կը գտնէ, չի կրնար երջանկացնել մարդը։ Ասոր համար, ահաւասիկ, մարդ պիտի փնտռէ, փնտռելո՛ւ է «անոնց բարիք»ը, անմա՛հ կեանքը, անհուն, անայլելի եւ մշտնջենաւոր Էակը։
Եւ ա՛յս է ահաւասիկ «բնութեան ձայն»ը՝ իր ամբողջութեան, իր լիութեան, իր կատարելութեանը մէջ՝ այն երջանիկ վիճակը, բարձր կոչումը՝ որուն համար ստեղծուեցաւ, գոյութիւն ստացաւ մա՛րդ։ Անոնց մասին է որ կրօնը կը խօսի եւ կ՚ըսէ. «Ես քեզի զանոնք գերեզմանէն անդին կը ցուցնեմ. նոր կեանքի մը մէջ, անչափելի եւ անհասանելի բարիքներու մէջ՝ Աստուծոյ մէջ»։
Երբ մարդ հետեւի այս խօսքին՝ հաւատարիմ եւ անտարակուսելի կերպով, Ան զինք հո՛ն պիտի առաջնորդէ, ինչպէս խոստացած է եւ Ան հաւատարի՛մ է իր խոստումին։
Կրօնը, մարդկային իմաստութեամբ անգը-տանելի, երկինքէն իջաւ, որպէսզի մարդուս ցոյց տայ իսկական երջանկութիւնը։
Ուստի մարդ, իր բարձր կուչումին համաձայն, պէտք է բարձրացնէ իր մտածումները, եւ հոն տեսնէ տարբերութիւնը, որ կայ՝ «տկար մահկանացու»ի մը եւ «անսահման Էակ»ի մը գործերուն միջեւ, հոն տեսնէ եւ անդրադառնայ ժամանակաւորին եւ անժամանակին, տարբերութիւնը երջանկութեան՝ ինչ որ մարդ ինքը կը հնարէ, եւ իսկակա՛ն երջանկութեան, ինչ որ Աստուած կը շնորհէ մարդուն։
Ուտի մարդ պէտք չէ՛ հիմնուի ամբողջապէս ա՛յս կեանքի վրայ, որ միա՛յն քանի մը օրուան տեւողութիւն ունի, ժամանակաւոր է. երկրաւոր բարձրութիւնը մնայուն չէ եւ ո՛չ ալ հաստատ, քանի որ ան ուրիշ բան չէ՛, այլ՝ նուաստացո՛ւմ։ Մարդ, այնքան ատեն որ կը մտածէ այն ուրախութիւններուն վրայ, որ կեանքի հետ կը վերջանան եւ չեն կրնար յագեցնել զինք, խաբէական կեանքի մէջ կ՚ապրի եւ երբեք չի կրնար հասնիլ իսկական երջանկութեան։
Եւ այն իմաստութիւնը՝ ինչ որ մարդ երկրի վրայ, հո՛ս ինք կը ստեղծէ եւ ինք կը հաւաքէ, այդ միայն կաթիլ մըն է, կամ խաբեպատիր, կապկող շուք մը ճշմարիտ իմաստութեան՝ աստուածային իմաստութեան։
Յաւիտենական կեանք մը՝ անմահութիւնը, ազատ բոլոր ցաւերէ, վիշտերէ, հոգեւոր ծանրութիւններէ՝ յաւիտենական ուրախութեան, անվերջ երջանկութեան՝ երանութեա՜ն վայելք մը՝ Գերագոյն Բարիքին, աննկարագրելի եւ անըմբռնելի Իմաստութեան ամենաբարձր Էակին ծոցին մէջ, անսահման իմաստութիւնը՝ որ մարդուս կը շնորհէ՝ Անոր սիրոյն եւ ամենախնամութեան արդիւնք, Գերագոյն Բարիքը, եւ Անոր անհուն, անեզր սէրը, ողորմութիւնը կը ստանայ եւ միա՛յն մարդը, քանի որ կոչուած է Անոր պատկերով եւ նմանութեամբ կեանք մը ապրիլ յաւիտենական ուրախութեան մէջ։
Այս երջանկութիւնը յաւիտենական բնակութեան մէջ կը յայտնուի մարդուն՝ եւ ան անով, օր մը, վերին «հայրենիք»ին մէջ պիտի հանգչի։ «Վերին հայրենիք»էն, հեռո՜ւէն՝ կը տարածէ ան իր բարերար լոյսը մարդկութեան վրայ։ Այնտեղէն կը ղրկէ մարդուս օգնութիւն, լոյս, յոյս, սէր եւ անոր գալուստով ամէն ինչ կը կերպարանափոխուի, կ՚այլակերպի։
«Սեւ գիշերը», մութն ու խաւարը երբ տարածուի երկրի վրայ, ամէն ինչ կը ծած-կըւի սարսափելի կերպարանքներու տակ։ Եւ կը գոցուին սիրալիր առարկաներ, իրեր եւ իրողութիւններ, երեւոյթներ, ուրախութիւններ եւ սիրելիներ, եւ անոնք սեւ ամպերով, զարհուրելի կերպարանքներով կը ներկայանան մարդուս աչքին։
Մարդուս բնակութեան վայրը որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ, մութն ու խաւարը վախով ու անորոշութեամբ կը լեցնէ զինք…։
- Ներշնչուեցանք եւ օգտուեցանք՝ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի «Գիշերային Խորհրդածութիւններ»էն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 15, 2017, Իսթանպուլ