ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՕԹ ՄԸ ՉԷ

Յաճախ մեր շրջանակին մէջ, նոյնիսկ դրամը անձէն ու կեանքէն առաջ դասողներուն կողմէ կը լսենք, թէ «առողջութիւնը կարեւոր է» եւ այս վարժութիւն դարձած տողը յանկարծ կը վերածուի ճշմարտութեան, երբ մարդ ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ մահուան եւ կը սկսի տատանիլ կեանքէն դէպի մահ տանող շա՜տ կարճ ճամբուն վրայ:

Սեփական անձի առողջութեան կողքին նոյնքան եւ շատ անգամ աւելիով մարդ արարած կը կարեւորէ իր զաւակներուն առողջական վիճակը, մինչեւ իսկ յանձն առնելով շատ անգամ հարստութեան կէսը ծախսել՝ բուժումի նշոյլ մը տեսնելու յոյսով:

Ո՞ր մայրը պիտի ուզէր իր զաւակը ծնած ըլլար հիւանդութեամբ եւ ամբողջ կեանք մը իր վրայ կրէր հիւանդութեան եւ ախտի նշաններ. վստահաբար ո՛չ ոք, սակայն այդ երանութիւնը ամէնուն չէ՛ որ կը տրուի. ցաւ ի սիրտ, նոյնիսկ մեր հայկական շրջանակներէն ներս կ՚ունենանք ընտանիքներ, որոնց զաւակները լոյս աշխարհ կու գան զանազան թերութիւններով. անոնցմէ շատեր այդ տրուած փորձութեան դիմաց Աստուածային ուժ մը առնելով յանձն կ՚առնեն ամէն գնով խնամել հիւանդութեամբ ծնած զաւակը, մինչ ուրիշներ, արձակագիր Զապէս Եսայեանի «Սպասման սրահին մէջ» խորագրեալ վէպի տիպարին՝ տիկ. Էվային նման կը նախընտրեն ըսել. «Մեռնելէ ուրիշ բան չի մնար ընելիք, երբ մարդ չի կրնար առողջ տղայ մը ծնիլ՝ ապրելու կարող»:

Ցաւ ի սիրտ, մեր կրթական համակարգը մինչեւ օրս հեռու է նման ուսուցումներէ. այսօր հայ մայր մը իր զաւակին հիւանդութեան դիմաց անկարող եւ անտեղեակ, սկիզբէն նոր-նոր իր զաւակին հետ կը սկսի սորվիլ ու տեղեկութիւններ ձեռք ձգել այս կամ այն հիւանդութեան մասին, ինչ որ շատ անգամ կը վնասէ նաեւ մանուկի արդէն իսկ խարխուլ առողջական վիճակին:

Մեր գրողներէն շատեր կը կարեւորեն զաւակի ներկայութիւնը ընտանիքէն ներս. անոնցմէ շատեր նոյնիսկ ծայրայեղութեան դիմելով ձախողած ու անիմաստ կը դիտեն այդ ամուսնութիւնը. Արեւմտահայ գրող Երուխան կը գրէ. «Ամուսնական անզաւակ կեանքը, անապատին մէջ անցուցած կեանքի չի՞ նմանիր»:

Սակայն ի՞նչ ընել, երբ Աստուծոյ պարգեւած զաւակը ունենայ հիւանդութիւն. դիմագրաւելու այդ դժուարին կացութիւնը պէտք է նկատի ունենանք հետեւեալ կէտերը.-

Ա.- ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ.- Մեր կըր-թական համակարգը պարտաւոր է աշակերտական տարիներէն աշակերտներուն սորվեցնել որոշ հիւանդութիւններու եւ անոնց ունեցած ազդեցութիւններուն մասին: Այսօր յաճախ կը տեսնենք, թէ ինչպէս պատանիներ կատակի առարկայ կը դարձնեն անձի մը հիւանդագին վիճակն ու երեւոյթը եւ այս դժբախտութեան պատճառը կրթուած չըլլալն է: Կրթութեան ճամբով պէտք է բացատրել ապագայ ծնողքին, որ հեռու հաւանականութիւն մը չէ, որ ձեր զաւակը ծնի հիւանդութեամբ. հեռու հաւանականութիւն մը չէ նաեւ, որ այսօր առողջ եղողը վաղը դառնայ հիւանդ:

Այդ իսկ պատճառով կրթական համակարգը պէտք է մասնագիտացուած ձեւով բացատրէ հիւանդութիւնները եւ անոնց բուժելիութեան հաւանականութիւնները. բացատրէ, թէ այս կամ այն հիւանդութիւնը ունեցող մանուկներուն հետ ինչպէս պէտք է վարուիլ կամ արտայայտուիլ, զանոնք ընկերութեան մէջ ներգրաւելու՝ եւ ո՛չ հեռացնելու համար:

Բ.- ՀԱՄՈԶՈՒՄ.- Ցաւ ի սիրտ, շատ մը ընտանիքներ կը դժուարանան ըմբռնելու եւ համոզուելու, որ իրենց զաւակը լոյս աշխարհ եկած է այս կամ այն հիւանդութեամբ, կարծելով, որ ընկերութեան կողմէ որպէս ամօթ ու բիծ կը նկատուի հիւանդ զաւակ ունենալը:

Շատ անգամ մանուկներ, որոշ հիւանդութիւններու ազդեցութեամբ կրնան ոչ տրամաբանական եւ ընդունելի արարքներ դրսեւորել. հիւանդութեան ըմբռնումէ հեռու ծնողներ շատ անգամ կը փորձեն ծեծի եւ բարկութեան ճամբով «ճամբու բերել» մանուկը. շատեր կ՚ապրին այն համոզումով, որ հիւանդ զաւակ ունենալը անիծեալ կեանք մը ապրիլ կը նշանակէ, որովհետեւ անոնք մարդոց խօսքը իրենց զաւակի առողջութենէն աւելի կարեւոր կը նկատեն եւ ամէ՛ն ջանք ի գործ կը դնեն առողջ ցոյց տալու համար իրենց մանուկը. իրենց մանուկի վարքն ու շարժուձեւերը կը սկսին համեմատել այլ առողջ մանուկի մը հետ եւ պահանջել հարկին ծեծով կը ստիպեն ըլլալ այնպէս՝ «տարիքիդ վայել բաներ ըրէ՛» մը ըսելով:

Կը հաւատանք, որ առաջին կէտի՝ կրթութեան իրագործումը կ՚օգնէ, որ ապագայ ծնողներ աւելի գիտակից ու պատրաստուած դիմագրաւեն նման հարցեր, այլապէս ընկերային կեանքի նուաստացում նկատելով կրնան դիմել նման անընդունելի քայլերու:

Գ.- ԸՆԴՈՒՆԻԼ.- Չես գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ, շատ մը առողջ զաւակներու ծնողներ կը փորձեն իրենց մանուկները հեռու պահել այս կամ այն հիւանդութիւնը ունեցող մանուկներէ, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ մանուկներու մօտ, որպէսզի բնական ձեւով իրենց մէջ չընդունին հիւանդ մանուկը: Այսօր աշխարհի մէջ հիւանդ վիճակով ծնելու դատապարտուած մանուկներ ընդհանրապէս միայնակ կեանք մը կ՚ունենան՝ միայն ընտանիքի անդամներով շրջապատուած, որովհետեւ թէ՛ ընտանիքը եւ թէ՛ շրջանակը այդ հիւանդ մանուկը չեն յաջողիր ընկերութեան մէկ անդամը դարձնելու:

Դ.- ԲՈՒԺԵԼ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ.- Ցաւ ի սիրտ, գոյութիւն ունին հիւանդութիւններ, որոնք անբուժելի են, սակայն իրենց անբուժելի ըլլալը չի նշանակեր բարելաւման ենթակայ չըլլլալ: Մեր հայկական շրջանակներէն ներս դժբախտաբար քիչ են այն կեդրոնները, որոնք յատուկ աշխատանք կը տանին հիւանդ մանուկին սորվեցնելու այն՝ ինչ որ իրենց հասակակիցները արդէն իսկ գիտեն։ Նման հիւանդ մանուկներ այլոց պէս արագ չեն կրնար սորվիլ եւ հետեւաբար ճիշդ չէ հիւանդ մանուկը եւ առողջը դնել նոյն դասարանը, որովհետեւ հիւանդ մանուկը պիտի չկարենայ ըմբռնել այն՝ ինչ որ իր հասակակից առողջը դիւրաւ կ՚ընկալէ:

Այդ իսկ պատճառով պէտք է զարգացնել յատուկ հաստատութիւններն ու կրթական համակարգը, որ կը զբաղի հիւանդ ու դժուարընկալ մանուկներու ուսուցումով: Պէտք է համոզուիլ, որ հիւանդ մանուկը անկարող մանուկ մը չէ. պատմութիւնն ու կեանքը փաստած են, որ շատ անգամ հիւանդութեամբ ծնած մանուկներ եղած են լաւ գծողներ, երգողներ, նուագողներ եւ այլն. հետեւաբար զանոնք ընկերութեան մէջ ներգրաւելու ուրիշ լաւագոյն միջոց չկայ քան կրթութիւնը:

Այս բոլորը միաւորողը ծնողքն է՝ մասնաւորաբար մայրը, որովհետեւ մա՛յրն է, որ իր զաւակի ուղեղին վրայ կը գրէ կեանքի առաջին գիրքը՝ թէ՛ առողջ եւ թէ՛ հիւանդ մանուկներուն հաւասարապէս:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՏԵՓԱՆ ՄԱԼԽԱՍԵԱՆՑ
(1857-1947)

Մեր թուականէն 75 տարիներ առաջ՝ 21 յուլիս 1947-ին Երեւանի մէջ մահացած է հայագէտ, բանասէր, բառարանագիր, ակադեմիկոս եւ բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Ստեփան Մալխասեանց:

Մալխասեանց ծնած է 25 հոկտեմբեր 1857-ին, Ախալցխայի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է ծննդավայրի գաւառական դպրոց: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1878 թուականին եւ մեկնած Սեն Փեթերսպուրկի կայսերական համալսարան, ուսումը շարունակելու արեւլագիտութեան կաճառէն ներս, ուր աշակերտած է արեւելագէտ Նիկողայոս Մառին եւ ուրիշներու. Մալխասեանց համալսարանական ուսումը աւարտած է 1889 թուականին՝ որպէս հայոց եւ վրաց լեզուի մասնագէտ, ստանալով գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:

Ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1890 թուականին Մալխասեանց ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս. 1903 թուականին ստանձնած է նաեւ տեսուչի պաշտօնը. ուսուցչութեան զուգահեռ պատրաստած է Ներսիսեան դպրոցի 75 ամեայ գործունէութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստած է դասագիրքեր: Ապա 1910-1914 տարիներուն եղած է Թիֆլիզի Յովնանեան օրիորդաց դպրոցի տեսուչ. 1914 թուականին տեսուչի պաշտօնով հրաւիրուած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարան՝ մինչեւ 1917 թուականը Ճեմարանի փակուիլը:

Ճեմարանի փեկուելէն ետք Մալխասեանց ուսուցչութեան եւ տնօրէնի պաշտօն ստանձնած է Թիֆլիզի Գայանեան վարժարանէն ներս:

Մալխասեանց Հայաստան վերադարձած է 1919 թուականին եւ սկզբանական շրջանին պաշտօնավարած է Կիւմրիի առաջին համլսարանէն ներս:

Ուսուցչութեան եւ տնօրէնութեան կողքին Մալխասեանց զբաղած է բանասիրական, լեզուաբանական, թարգմանական աշխատանքներով, ինչպէս նաեւ բառարանագրութեամբ եւ լրագրութեամբ: Անոր առաջին յօդուածները հրատարակուած են «Արարատ» ամսագիրի մէջ՝ 1878 թուականին. Մալխասեանց «Արարատ»ի հետ շարունակած է աշխատակցիլ մինչեւ 1919 թուականը՝ ամսագիրի փակումը: «Արարատ»ի փակումէն ետք եղած է «Էջմիածին» հանդէսի մշտական թղթակիցը. աշխատակցած է նաեւ այլ պարբերականներու. ինչպէս՝ «Հանդէս Ամէնօրեայ», «Մշակ», «Մարտակոչ», «Տեղեկագիր» եւ ուրիշներ:

Աշակերտական տարիներէն Մալխասեանց կատարած է բանասիրական աշխատանքներ. անոր առաջին գործը եղած է ուսումնասիրել պատմիչ Ստեփանոս Տարօնեցիի «Պատմութիւն տիեզերական»ը. բանասէրին աշխատութիւնը լոյս տեսած է 1885 թուականին, որուն յաջորդած են Ղազար Փարպեցիի «Պատմութիւն հայոց»ը, «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան»ը, Սեբէոս Բագրատունիի եւ այլոց աշխատութիւնները: Մալխասեանցի աշխատութիւններէն յայտնի են «Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Մաշտոցի ծագման ժամանակը», «Երբ են հայերը ընդունել Քրիստոնէութիւնը», «Խորենացիի անձը եւ գործը» եւ ուրիշներ:

Մալխասեանց մեծ ներդրում ունեցած է լեզուաբանութեան ոլորտէն ներս. 1891-1910 թուականներուն լոյս տեսած են անոր «Գրաբարի հոլովումը, խոնարհումը եւ խնդիրները» եւ «Գրաբարի համաձայնութիւնը» աշխատութիւնները: Լեզուաբանը վէճեր ունեցած է լեզուաբան Մ. Աբեղեանի հետ, որուն ի պաշտպանութիւն գրած է «Հայցական հոլովը աշխարհաբարի մէջ» եւ «Դարձեալ հայկական հոլով» աշխատութիւնները:

Մալխասեանցի մեծագոյն աշխատութիւններէն մէկն է «Հայերէն բացատրական բառարան»ը, որ նախորդը չունեցող հսկայական աշխատանք մըն է: Բառարանը արժանացած է Խորհրդային Միութեան Ստալինեան մրցանակի: Արժանացած է մէկէ աւելի հրատարակութիւններու, Երեւանի, Պէյրութի, Պարսկաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022