«ՖԱՈՒՍՏ»Ը ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՐԴԱԼ

Եոհան Վոլֆկեանկ Ֆոն Կէօթէի «Ֆաուստ»ը, այս գլուխ գործոցը ծանօթ է շատերուս. արդարեւ ան պարզ գրական գլուխ գործոց մը չէ, այլ «կեանքի գործ»ը Կէօթէի պէս իմաստասէր, համայնագէտ եւ հանճարամիտ անձնաւորութեան մը՝ որ յիսուն տարի ամբողջ տքնեցաւ անոր մասին եւ անոր մէջ խտացուց ո՛չ միայն իրեն համար ճշմարիտ հանճարի մը մտածումները, այլ նաեւ գերմաներէն լեզուի բոլոր կատարելութիւնները։

Արդարեւ, ամէն գործ, ամէն մտքի արտադրութիւն նախընտրելի է կարդալ իր բնագիր լեզուով, բայց ասիկա շատ անգամ անկարելի կ՚ըլլայ, երբ ընթերցողը ծանօթ չէ բնագիր լեզուին եւ այն ատեն կը ստիպուի կարդալ գործին թարգմանութիւնը։ Սակայն հարց մը կայ. թարգմանութիւնը կրնայ չցոլացնել բնագիրին իսկական իմաստը, ինչպէս կ՚ըսեն իտալացիներ. «traduttore traditore», այսինքն թարգմանիչը սխալական է…։ Եւ ահաւասիկ այս պատճառով պէտք է բծախնդիր ըլլալ թարգմանիչի մասին եւ կարելի եղած չափով լաւ եւ շիտակ թարգմանութիւններ կարդալու ուշադրութիւն ընել եւ առաւելագոյն բծախնդրութիւնը ցոյց տալ այս մասին։ Հետեւաբար «Ֆաուստ»ը թարգմանաբար կարդալու մէջ ալ աւելի եւս պէտք է ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալ։ Ուստի, «Ֆաուստ» թարգմանելը կարեւոր ձեռնարկ մըն է, եւ մանաւանդ եթէ այդ թարգմանութիւնը պիտի կատարուի հայերէն լեզուով։ Եւ ահաւասիկ, «Ֆաուստ»ի բազմաթիւ թարգմանութիւններու առընթեր կայ նաեւ հայերէն լեզուով թարգմանութիւն մը՝ Արամ Սամանճեանի թարգմանութիւնը։

Եւ ո՜րքան հիանալի է «Ֆաուստ»ը կարդալ հայերէն լեզուով։ Չեմ գիտեր, առիթը ունեցա՞ծ էք, եւ կամ փորձա՞ծ էք կարդալ «Ֆաուստ»ը հայերէնով՝ հասկնալ եւ իւրացնել զայն եւ աւելի հարազատ կերպով տպաւորուիլ այս գլուխ գործոցէն։ Արդարեւ, Կէօթէ իսկական իմաստով «հանճար» մըն է, եւ անոր գլուխ գործոցը՝ «Ֆաուստ»ը իրապէ՛ս «գլուխ գործոց» մը, եւ հրաշալի՜ զգացում մըն է զայն կարդալ հայերէն լեզուով…։

Ուրեմն, Արամ Սամանճեանի թարգմանութեամբ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք «Ֆաուստի նիւթ»ին։

«Ֆաուստ»ի նիւթը Կէօթէի ստեղծածը չէ։

Անիկա ծնունդ է առած հին առասպելէ մը եւ աւանդութեամբ հետզհետէ զարգացած, թատերական բազմաթիւ կտորներու նիւթ է հայթայթած Կէօթէէ առաջ երկար տարիներու ընթացքին։

Առաջին անգամ Ֆաուստոս (երջանիկ) մակդիրը իւրացուցած կը գտնենք կախարդի մը կողմէ ԺԵ. դարուն սկիզբը։ Ան պէտք է մեծ համբաւի մը տիրացած ըլլայ, քանի որ իրմէ վերջ յաջորդ դարէ մը աւելի ժամանակի ընթացքին շատեր օգտագործած են այդ անունը իբրեւ կրտսեր կամ երկրորդ Ֆաուստ։ Անհաւանական չէ նաեւ այն վարկածը, թէ ժողովուրդը այս անունը տուած է այն ամէն կախարդներուն՝ որոնք ժամանակի ընթացքին երեւան են եկած առաջին վարպետին շաւղին վրայ։ Միջին դարու ելքին գիտունները միշտ իբրեւ «կախա՛րդ» պիտակուած են, ա՛յն աստիճան որ դժուար է ճշմարիտ գիտունները իրական գիտուններէն զանազանել։

Ամէն պարագայի Ֆաուստներէն ա՛յն, որուն վրայ հաւանաբար կուտակուած են բոլոր իր նախորդներուն սխրագործութիւնները եւ որ ժողովրդական զրոյցներուն հերոսն է, կը կոչուէր Եոհան Ֆաուստ։ Ան Քնիդլինկի քաղաքացի էր եւ հայրենակիցն ու բարեկամը Մելանքդոնի, որուն Վիդդէնպէրկի տունը եւս բնակած է միջոց մը 1530 թուականին։ Իր մասին իրական վկայութիւններ գոյութիւն ունին ժամանակակից թէ անմիջական յաջորդ տարիներու ընթացքին գրուած բազմաթիւ գրութիւններու մէջ, որոնց հեղինակները թեր ու դէմ ճակատներու եւ ամէն դասակարգի կը պատկանին…։

Իրականութիւն թէ վերագրում՝ ամէն պարագայի Ֆաուստ ինկած մըն է ըստ առասպելին։ Ինչ որ ալ եղած ըլլայ եւ նախկին կեանքը ան առանց վեհ նպատակի մը կախարդութեան կը դիմէ, իր հոգին սատանային կը ծախէ լոկ նիւթական ակնկալութեամբ եւ մարմնական վայելքներու սիրոյն։ Բարոյական որեւէ անդրադարձում չ՚ունենար եւ հեզտհետէ միշտ աւելի՜ խոր կը գլորի ապականութեան անդունդին մէջ։

Եւ ի վերջոյ ալ սատանային կողմէ սպաննուելով անփառունակ վախճան մը կ՚ունենայ եւ հոգին ալ կը կորսնցնէ։

Այսպէս ալ ներկայացուած էր Ֆաուստ Կէօթէէ առջի թատերական եւ խամաճիկեան զանազան կտորներուն մէջ։ Լուրջ գործի մը հերոսին վայել ազնիւ գործերու եւ բարձր նկարագրի մը անձնաւորումը չէ՛ր երբեք։ Կէօթէի վերապահուած էր այս նիւթը կոշտ զգայականութենէն մերկացնելով հերոսին՝ համակրելի բարձր նկարագիր եւ խաղին՝ բարոյական հիմ, տրամաբանական ընթացք եւ գերագոյն գեղարուեստական շրջանակ մը տալու արժանիքը։

Նախ՝ բացատրելու համար սատանային հետ դաշինքի խնդիրը, անոր այլապէս վսեմ եւ գեղեցիկ դրդապատճառ մը կու տայ։ Սատանան գրաւ կը բռնէ Աստուծոյ հետ եւ անկէ արտօնութիւն կը ստանայ Ֆաուստը փորձութեան ենթարկելով՝ «զայն իր ճամբան տանելու»։ Աստուած վստա՛հ է թէ բարձր նկարագրով եւ գիտակից մարդը, ինչպէս Ֆաուստ, ինկածութեան չ՚ենթարկուիր երբեք, թէեւ ժամանակաւոր կերպով սխալի, սայթաքի իսկ։

Ահաւասիկ, այս պատճառաբանութեան վրայ հիմնուած՝ գործողութիւնը կը սկսի։

Արդարեւ, Կէօթէի Ֆաուստը ճշմարիտ հետախուզող միտքն է։ Ան ուսումնասիրած է մարդկային բոլոր գիտութիւնները, առանց անոնցմէ կատարեալ յագուրդ եւ գոհացում գտնելու։

Ան ո՛չ իսկ ետ կեցած է «կախարդական գիտութեանց» դիմելէ. ա՛յն յոյսով որ կարելի է, անոր մէջ կրնայ գտնել իր փնտռածը, ամէն բանի «ի՞նչ» եւ «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս»ին պատասխանը։

Ֆաուստ Կէօթէն իսկ է։

Հակառակ իր բոլոր ջանքներուն եւ տքնութեանց՝ Ֆաուստ ոչ մէկ բաւարարութիւն է գտած, իր ամէն բան գիտնալու, ամէն գաղտնիքի թափանցելու ջանքերը ապարդիւն են մնացած։ Իր այս յուսահատ դառնութեան մէջ անձնասպանութեան որոշումը կու տայ. ճիշդ այն պահուն երբ թոյնի գաւաթը բերնին տանելու վրայ է, փողոցէն անցնող մանկական երգեցիկ խումբերու մեղեդիները ականջին կը հասնին։ Զատկի նախօրեակի գիշերն է եւ Քրիստոսի Յարութեան ձօնուած օրհներգները մանկական քաղցր յիշատակներ կ՚արթնցնեն իր մէջ, սիրտը կը կակուղնայ եւ բազուկը վար կ՚իջնէ թոյնին գաւաթը միասին…։

Զարմանալի չէ, երբ հոգեկան այս վիճակին մէջ գտնուող մէկը, թէ ըլլայ ան Ֆաուստի պէս գիտուն մը, ընդունի սատանային առաջարկը. եւ դաշինքը կը կնքուի Ֆաուստի եւ սատանային միջեւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 11, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2019