ՇՆՈՐՀԱՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդուս արդարացումը կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն։ Շնորհքը մասնայատուկ «բարիք»ն է, «ձրի օգնութիւն»ը, զոր Աստուած կու տայ մարդուս որպէսզի պատասխանէ Իր կոչին. ըլլան որդիներ Աստուծոյ, որդեգիրներ, մասնակիցներ աստուածային բնութեան եւ յաւիտենական կեանքին։
«Շնորհք»ը «մասնակցութիւն» մըն է Աստուծոյ կեանքին, ան կը մտցնէ մարդս մտերմութեան մէջ երրորդութենական կեանքին. Մկրտութեամբ՝ քրիստոնեան կը մասնակցի Քրիստոսի շնորհքին. Գլուխ Իր Մարմինին։ Քրիստոսի շնորհքը այն ձրի պարգե՛ւն է, զոր Աստուած կու տայ մարդուն Սուրբ Հոգիէն իր հոգիին մէջ հեղեալ Իր կեանքով, զայն բուժելու մեղքէն եւ զայն սրբացնելու. ասիկա «սրբարար» կամ «աստուածացնող շնորհք»ն է, ընդունուած Մկրտութեան խորհուրդով։
Շնորհքին ընդունելութեան համար «մարդուն պատրաստութիւն»ը արդէն իսկ շնորհքին գործն է։
Անիկա անհրաժեշտ է յարուցանելու եւ հաստատ պահելու մարդուն համագործակցութիւնը նախ արդարացումին մէջ՝ հաւատքին ճամբով, ապա իր սրբացումին մէջ՝ սիրոյ միջոցով։ Աստուած կ՚աւարտէ մարդուն մէջ ի՛նչ որ Ինք սկսած է, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս. «Որովհետեւ Ինք կը սկսի եւ Իր ներգործութեամբ կ՚ընէ, որ մարդիկ ուզեն. իսկ Իր սկսածն ալ կ՚աւարտէ, գործակցելով մարդոց արդէն դարձի եկած կամքին հետ»։
Եւ կը շարունակէ Սուրբ Օգոստինոս.
«Անշուշտ, մենք ալ կը գործենք, բայց մենք կը գործենք Աստուծոյ հետ, որ կը գործէ։ Որովհետեւ Անոր ողորմածութիւնը մեզ կանխեց, որպէսզի մենք բուժուինք, ապա կը շարունակէ հետեւիլ մեզի, որպէսզի բուժուելէ ետք՝ կենդանանանք։ Ան կը կանխէ մեզ՝ որպէսզի կանչուինք, ապա կը հետեւի մեզի՝ որպէսզի փառաւորուինք։ Ան կը կանխէ մեզ՝ որպէսզի աստուածապաշտութեամբ ապրինք։ Ան կը հետեւի մեզի՝ որպէսզի յաւէտ Աստուծոյ հետ ապրինք, որովհետեւ առանց Անոր, մենք ոչինչ կրնանք ընել»։
Աստուծոյ ազատ նախաձեռնութիւնը կը պահանջէ «մարդուն ազատ պատասխան»ը, որովհետեւ Աստուած ստեղծեց մարդը ըստ Իր պատկերին եւ Իր նմանութեամբ, տալով անոր, ազատութեան հետ, կարողութիւնը զԻնք ճանչնալու եւ սիրելո՛ւ։
Եւ մարդուս ազատ պատասխանը Աստուծոյ՝ շնորհակալ ըլլալ եւ յայտնել իր երախտապարտութիւնը պէտք է ըլլայ։ Աստուծոյ տուած շնորհքներուն համար շնորհապա՛րտ ըլլալու է մարդը։
Ուստի, Աստուած անմիջական ձեւով կը դպչի մարդուն սրտին եւ ուղղակիօրէն կը շարժէ զայն։ Ան մարդուն մէջ դրած է տենչանք մը ճշմարտութեան եւ բարիին, եւ միայն Ի՛նք կարող է գոհացնել զայն։ Գերբնական կարգին պատկանելով, շնորհքը գեր ի վեր է քան մարդուս փորձառութիւնը եւ չի կրնար գիտցուիլ եթէ ոչ հաւատքով։ Ուստի մարդ չի կրնար հիմնուիլ իր զգացումներուն կամ գործերուն վրայ, եզրակացնելու համար, թէ արդարացած է եւ փրկուած։
Սակայն, ըստ Տիրոջ խօսքին, թէ «անոնց պտուղներէն պիտի ճանչնաք զանոնք» (ՄԱՏԹ. Է 20), մարդուս կեանքին եւ սուրբերու կեանքին մէջ Աստուծոյ բարիքներուն գիտակցութիւնը իրենց մէջ երաշխաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ շնորհքը կ՚աշշատի մարդոց մէջ եւ կը դրդէ իրենց հոգին դէպի միշտ աւելի՛ մեծ հաւատք մը եւ դէպի վստահութեամբ լեցուն աղքատութեան կեցուածք մը։
Արդարեւ, շնորհապարտութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնները կը բխին խոնարհութեան, համեստութեան, հաւատարմութեան ազնիւ զգացումներէն եւ վիճակներէն։
Այս իմաստով, ծնողասիրութիւնը, այսինքն ծնողներու հանդէպ յարգանքը կը կայանայ երախտագիտութեան մէջ անոնց հանդէպ, որոնք կեանքին պարգեւովը, իրենց սիրովը եւ աշխատանքովը՝ իրենց զաւակները աշխարհ բերին եւ հնարաւոր դարձուցին որ անոնք մեծնան. հասակով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով։ Եւ ո՛րքան աւելի՝ Աստուծոյ՝ Արարիչին եւ Նախախնամին…։
Քրիստոնեայ հաւատացեալներ յատուկ երախտագիտութիւն կը պարտին անոնց հանդէպ, որոնցմէ ընդունեցին հաւատքին պարգեւը, շնորհքը, խորհուրդը Մկրտութեան եւ ընդհանրապէս կեանքը Եկեղեցւոյ մէջ։ Շնորհապարտ ըլլալ՝ առաքինի եւ ազնիւ ըլլալ կը նշանակէ։ Ուստի այն անձերը կրնան ըլլալ ծնողները, ընտանիքին միւս անդամները, աւագ ծնողները, հոգեւոր հովիւները, դաստիարակները, ուսուցիչները, կրօնուսոյցները եւ կամ բարեկամները։ «Կը յիշեմ անշեղ հաւատքը որ կար քու մէջդ, որ նախապէս կար քու մեծ մօրդ՝ Լաւոդիայի եւ քու մօրդ՝ Եւնիկէի մէջ, եւ համոզուած եմ թէ կը մնայ նաեւ քու մէջդ», կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ. (Բ ՏԻՄ. Ա 5)։
Հաւատալ Միակ Աստուծոյ եւ սիրել զԻնք Իր ամբողջ էութեամբ, կը նշանակէ «ապրիլ գոհաբանութեան մէջ», եթէ Աստուած Միակն է, ուստի մենք ինչ որ ենք եւ ինչ որ ունինք Անկէ կու գայ. «Դուն ի՞նչ ունիս զոր չես ստացած» (Ա ԿՈՐՆ. Դ 7)։ «Ես ի՞նչ պիտի տամ Տիրոջ փոխարէն այնքան բարիքի, զոր Ինք տուաւ ինծի» (ՍԱՂՄ. ՃԺԵ 12)։ Ուստի, վստահիլ Աստուծոյ, ապաւինիլ Անոր կեանքի բոլոր պարագաներուն, նոյնիսկ ձախորդութեան, հիւանդութեան, յուսահատութեան մէջ։ Եւ այս վստահութիւնը միացնել երախտագիտութեան եւ շնորհապարտութեան անկեղծ զգացումներուն։
«Եթէ Եկեղեցւոյ մէջ չըլլար մեղքերուն թողութիւնը, յաւիտենական կեանքի եւ յաւիտենական ազատագրութեան ո՛չ մէկ յոյս, ո՛չ մէկ ակնկալութիւն գոյութիւն պիտի ունենար։ Գոհութի՛ւն տանք Աստուծոյ, որ այսպիսի պարգեւ մը ընձեռեց Եկեղեցւոյ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Եւ իրապէ՛ս որքա՜ն պատճառ ունինք մեր երախտապարտութիւնը յայտնելու Աստուծոյ, որ անհամար բարիքներ շնորհած է մեզի։ Շնորհապարտ ըլլալու ենք Աստուծոյ նախ եւ առաջ, որ մեզի կեա՛նք պարգեւած է, գոյութիւն տուած է այս աշխարհի վրայ՝ կեանք ապրելու եւ ո՛չ միայն կեանք տուած է, այլ նաեւ մեր կեանքը խնամած, պահպանած է ամէն վայրկեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 19, 2020, Իսթանպուլ