ՍԻԿԱՌԱ, ՋՈՒՐ, ԽԱԽՎԷ, ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 30 յուլիս 1908 թուականին, գրիչ մը հայ ազգի ղեկը ստանձնած անձանց ընթացքէն վրդոված, «Զիկ-Զակ» պատկերազարդ ծաղրաթերթի երկրորդ էջին մէջ անոնց տարած գործունէութիւնը կը բնութագրէ հետեւեալ տողերով.-

«Սիկառա, ջուր, խախվէ, ընթերցում:
Ընթերցում, խախվէ, ջուր, սիկառա:
Սիկառա, ջուր, խախվէ, ընթերցում:
Խախվէ, ջուր, ընթերցում սիկառա:
Սիկառա, ջուր, ընթերցում, խախվէ...»:

Այսօրուայ դրութեամբ ո՛չ մէկ բան փոխուած է. պարզապէս անոնց մէջէն վերցուած է ընթերցումը, տեղ տալով միայն «սիկառա», «ջուր», «խախվէ» տաժանակիր աշխատանքին: Համատարած թմբիր, արմատացած անտարբերութիւն, ժանգոտած հայրենասիրութիւն, միգամած ապագայ, կաշկանդուած միտք եւ անգիտակ կուրութիւն. ա՛յս է վիճակը մերօրեայ ղեկավարութեանց՝ որոնց վստահուած է հայ ազգը առաջնորդելու նուիրական ծառայութիւնը:

Այս տողերը ոմանց համար կրնան վիրաւորանք ըլլալ, ուրիշներու համար ճշմարիտ ու հարազատ պատկեր, սակայն ազգի ներկայ կացութեան ու դէպի այլասերում տանող ճամբուն ի դիմաց չե՛նք կրնար «ասոր» կամ «անոր» «խաթիր»ին համար ըլլալ կեղծ ու խաբէական: Որովհետեւ մեր մէջ կայ այն ախտը՝ որ սեփական սխալները գոցելու, ուրիշներու «խաթիր» առնելու համար սովոր ենք լռել՝ անգամ եթէ կորուստը անխուսափելի է:

Գաղութի մը մէջ երբ նուաճում մը արձանագրուի, ներբողն ու գովեստները կ՚երթան ղեկավարներուն, սակայն անյաջողութեան եւ դժբախտութեան պարագային... քա՜ւ լիցի... կարելի չէ՛ խօսիլ անոնց դէմ: Այսօր եթէ դո՛ւն, սիրելի ընթերցող, քո զաւակդ վստահիս ինձ, ու մօտս գտնուած ժամանակ պատուհաս պատահի... հաշիւը ինձմէ պիտի չպահանջե՞ս: Մենք մեր ղեկավարներուն կը յանձնենք մեր ամենէն թանկը՝ Հայրենիքն ու ազգութիւնը, սակայն անոնք կը մնան անձեռնմխելի:

Հրապարակագիր եւ քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեան 11 օգոստոս 1933-ին «Ժողովուրդ մը կար անտէր» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կը գրէ. «Կորսնցուցած՝ իր հաւասարակշռութիւնը, տարուբեր՝ գոյնզգոյն առաջնորդներու եւ հոսանքներու մէջ, անտէր ժողովուրդը շարունակեց իր կենդանի ուժերն սպառել անծանօթ ուղղութեամբ»:

Այսօր մեր առաջնորդները գոյնզգոյն են. փա՞ստ. վկայ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի ընտրութիւնը... մէ՛կ նպատակ, մէ՛կ իտէալ ու գաղափարական, միացեալ ու զօրաւոր Հայաստանի նո՛յն կարգախօսը, սակայն 24 տարբեր գոյներ ու մտայնութիւններ:

Այս քաոսային ու անկայուն վիճակն է, որ ժողովուրդին մէջ ստեղծեց այն համոզումը, որ ազգային գործը, գաղութի ղեկավարութիւն ստանձնելը դիւրին, հաճելի եւ նպաստաւոր գործ մըն է. «նստած տեղերնին դրամ կը շահին», «շաբաթը մէկ անգամ ժողով կ՚ընեն», եւ «դուն աշխատավարձե՜րը պիտի տեսնես...»: Հայ ազգին ծառայելու կոչուածները կ՚անցնին ազգին գլուխ՝ ազգը իրենց ծառայ դարձնելու համար: Այսօր այսպէ՛ս կը նայի հայ ժողովուրդը իր ղեկավարներուն:

Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ երիտասարդներ կը սկսին կամաց կամաց օտարանալ, հայաթափուիլ ու ձուլուիլ: Գասպար Իփէկեան 71 տարիներ առաջ կը գրէր.- «Հայ եկեղեցին որ դարձեր է՝ սովորական օրեր ծերերու եւ պառաւներու յաճախանքի վայր, իսկ տօնական օրերուն հանդիսավայր, շքեղ արդուզարդերու ցուցադրութեան». ո՞վ է մեղաւորը՝ եթէ ոչ ղեկավարները՝ մեծէն մինչեւ պզտիկ:

Հաւատացէ՛ք որ մենք աւելի մեղաւոր ենք քան այլազգը՝ որ ուզեց ցեղասպանել հայը:

Եւ տակաւին կայ աւելի՛ սարսափելին. գրեթէ՛ բոլոր անոնք որոնք ղեկավարի աթոռներու վրայ են՝ միշտ լաւատես են հանդէպ ներկային ու յուսադրուած՝ ապագայով: Անոնք կը նմանի՛ն այն նախագահական թեկնածուներուն՝ որոնք պաշտօնի չեկած կը տեսնեն ամէ՛ն սխալ, սակայն երբ պաշտօնի կը կանչուին, ո՜վ մարդկային առեղծուած, իրենց տեսողութիւնը կը կորսնցնեն՝ տարուելով «սիկառա»ին ու «խախվէ»ին զգլխիչ բոյրէն...:

Չեմ գիտեր. ե՞րբ պիտի գիտակցինք, որ ազգի գործը փողկապով շրջագայելէն, հասարակ ծխախոտի փոխարէն սիկառ ծխելէն եւ շաբաթական դրութեամբ անիմաստ ժողովներ գումարելէն շա՜տ աւելի վեր բան մըն է:

Ի դիմաց ողբերգական այս եղելութեանց, կ՚ուզեմ լսել Ռուբէն Սեւակի գթած խօսքերը...

«Ա՜յ հայու որբիկ, ա՜յ անտէր որբիկ,
Մանրի՜կ, արիւնո՜տ ոտքերըդ բոպիկ,
Ո՞ւր կը քաշկրտես այսպէս մոլորուն…
-Չար քամիներուն…»։

Շատ անգամ չար քամիներուն դիմաց՝ մեր ղեկավարները ըստինքեան քամիներ են...:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՖԱՐԵԱՆ
(1923-1988)

Մեր թուականէն 98 տարիներ առաջ՝ 21 օգոստոս 1923 թուականին ծնած է նկարիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ Սուրէն Սաֆարեան:

Սաֆարեան եղած է որդին յայտնի նկարիչ Սարգիս Սաֆարեանին: Ան 1942 թուականին աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի ուսումնարանը: Շրջած է Հիւսիսային Կովկաս, Ուքրայնա, Սպիտակ Ռուսիա, Լեհաստան, Գերմանիա. մասնակցած է նաեւ Չեխիոյ մայրաքաղաքը՝ Փրակայի ազատագրման, որուն համար պարգեւատրուած է Հայրենական մեծ պատերազմի առաջին աստիճանի շքանշանով:

Սուրէնի նկարներուն մէջ ակնյայտ է պատերազմի ազդեցութիւնը. ան պատերազմի նուիրուած նկարած է «Ազատարարները», «1945 թուականի գարունը» գործերը եւ ուրիշներ, որոնց համար արժանացած է Վ. Կրեքովի անուան արծաթէ պատուանշանին:

Սաֆարեան նկարած է դիմանկարներ, ինչպիսիք են «Եղիշէ Չարենց», «Ձկնորս Արշակը», «Պարտիզպան Մանուկեանը» եւ ուրիշներ. բնանկարներ՝ «Չինար», «Արարատը գարնանը», «Արարատից այն կողմ» եւ այլն:

Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Էջմիածնի (1969), Լենինականի (1970), Դիլիջանի (1970), Երեւանի (1974, 1981), Մոսկուայի (1981) եւ Հալէպի (1982) մէջ:

Իր վաստակին համար արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ»,  եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններուն:

Անոր գործերը կը գտնուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Մոսկուայի պատկերասրահի եւ Արեւելքի ժողովուրդներու արուեստի թանգարանին մէջ:

Ան մահացած է 22 ապրիլ 1988 թուականին, Երեւան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021