Ս. ՍԱՀԱԿԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ (387-439)
Սուրբ Սահակը (Տ. Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ. 387-439) Հայոց Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերու շարքին ամենափառաւոր տեղերէն մէկը կը գրաւէ։ Ան կարգած է կանոններ, գրած է կանոնական նամակներ (թուղթեր), մեծ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ (361/362-440) բարեկարգած է ժամերգութիւնը եւ եռանդով գործած, Հայոց Եկեղեցին «հայացուցած» է ամբողջ կազմութեամբ։
Սուրբ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս թարգմանած է Սուրբ Լուսաւորչի կարգերը եւ կանոնները, եկեղեցականներու պարտականութիւնները, եկեղեցիի եւ վանքի նշանակութեան վերաբերեալ եւ իրմէ ալ յաւելումներ ըրած, ինչպէս կ՚երեւի վերջաբան կտորներէն եւ այնքան փոփոխութեան ենթարկած է եւ իր իսկ կարծիքներով եւ կանոններով ճոխացուցած՝ որ շատ դժուար է որոշել, թէ որո՛ւ կանոնները շատ են այդ սահմանադրութիւններու մէջ. հայոց բոլոր կանոնագիրքերը եղած կարգերը նշանակած են, որ Սուրբ Սահակ Պարթեւի անունով կարելի է հետեւիլ այս կէտին անոնց։ (Կանոնագիրք Հայոց)։ (Ծանօթագրութիւն.- Վերը յիշուած «թարգմանած է…» բառը հասկնալ՝ մեկնաբանած է, ձեւով)։
Ընդհանրապէս հարց է, թէ «իրաւաբանական հիմք» կը գտնուի՞ն Սուրբ Սահակ Պարթեւի կանոնները ընդունելու Հայոց Եկեղեցւոյ իրաւունքի վաւերական աղբիւրներու շարքը, թէ ո՛չ. այո՛, կը գտնուին, եւ ա՛յդ է Շահապիվանի Մեծ Ժողովի վճիռը. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Ներսէս Պարթեւի եւ Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի սահմանած կարգը Դուք այդտեղ հաստատեցէք… մենք ախորժելով յանձն կ՚առնենք»։
Ուրեմն, այդ կողմէն խնդիրը վճռուած է։
Բայց անորոշ կը մնայ այն հարցը, թէ քանի՞ կանոն գրած է. արդեօք բոլոր անոր վերագրուած 55 կանոնները Ս. Սահակի՞նն են, թէ ո՛չ. այս մասին ոչ մէկ դրական եւ վաւերական բան կարելի է ըսել, քանի որ Շահապիվանի հաստատողական ժողովին չի յիշուիր եւ ուրիշ որեւէ ձեռնհաս մարմինէ մը կամ անձէ մնացած փաստագիր գոյութիւն չունի այս մասին. ուստի եւ առանց ենթադրութիւններու մթին անծանօթ աշխարհը մտնելու, բանական է հետեւիլ Հայոց Կանոնագիրքերուն, միմիայն Շահապիվանի վճիռը կռուան (թիկունք) ունենալով։
Կանոնագիրքերու մէջ նշանակուած է «Կանոնք Սրբոյն Սահակայ Հայրապետի»։
Ստորեւ օրինակներ կը ներկայացնենք կանոններէն։
- Քորեպիսկոպոսները (=Եպիսկոպոսի տեղապահ՝ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր աստիճան՝ որ սովորաբար կը կարգուէր ընդարձակ եպիսկոպոսական թեմերուն մէջ՝ իբրեւ օգնական կամ տեսուչ։ Համապատասխան է Արեւմտեան եկեղեցիներու վիկարիոսի. «vicarius» տեղակալ, հոգեւոր պաշտօնին) պիտի ըլլան ուսումնասէր, պարկեշտ, երկիւղած, զգաստ, անկաշառ, անարծաթասէր։
Թէ՛ օտար եւ թէ հայ կանոնները չեն տար այնքան պարզ հասկացողութիւն քորեպիսկոպոսներու իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու մասին, որքան Սուրբ Սահակ Պարթեւի այս կանոնները։
«Մարմնական պատիժ» տալը որոշեց առաջին անգամ Շահապիվանի Ժողովը, որ հայրերէն Ս. Սահակը եւ թէ ուրիշ կանոններով խիստ կը պատժեն անոնք, որոնք ձեռքով որեւէ վիրաւորանք կը հասցնեն ոեւէ մէկու՝ թէ՛ հոգեւորականի եւ թէ աշխարհականի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 19, 2023, Իսթանպուլ