ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ. ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

Հայ գրականութեան մէջ ունինք շատ մը հսկաներ եւ ամէն մարդ ունի գրողներու միջեւ իր նախընտրութիւնը. մին նախամեծար կը նկատէ Թումանեանը, ուրիշ մը՝ Իսահակեանն ու Ահարոնեանը. «նախամեծար» գրող մը ընտրելը ինծի համար երբեք ալ հարցականի տակ չէ՛ եղած. ես բոլորէն աւելի սիրած եմ Շահան Շահնուրը, իր ունեցած ըմբոստ հոգիին ու հայրենիքի հանդէպ զգացած իր խոր յուզական աշխարհին համար: Շահնուրը միւսներէն աւելի նախամեծար դարձնողը այն է, որ ան գրող եւ մտաւորական ըլլալէ առաջ սրտցաւ հայրենասէր մըն է՝ աւելի քան միւսները, այդ իսկ պատճառով այլ գրողներու նման վերացական գաղափարներու, բնութեան մասին գեղապաշտ գրող մը ըլլալու փոխարէն նախընտրած է գրել հայուն մասին, իր շեշտը դնելով բոլոր այն բացասական երեւոյթներուն, որոնք կրնան տկարացնել մեր ազգն ու ապականել ապագայ սերունդները:

Այդ իսկ պատճառով շատ անգամ Շահան Շահնուր շատերու համար կը թուի յոռետես գրող մը ըլլալ, սակայն մենք այդ յոռետեսութեան մէջ մտահոգ հայ մը կը գտնենք: Կը հաւատանք, որ Շահնուր չէ՛ գրած, որպէսզի ճանչցուի որպէս «գրող». ան ինքզինք երբեք գրող չէ՛ նկատած, որովհետեւ ան չէ՛ գրած, որպէսզի գրականութիւն մշակէ, այլ գրած է պարզապէս, որպէսզի տեսնէ աւելի պայծառ ու հզօր Հայաստան մը՝ իր գիտակից սերունդներով։ Ան Եւրոպայի մէջ ապրելով լաւապէս գիտակցած է, որ նման մշակութային ու բարոյական պայմաններու մէջ կարելի պիտի չըլլայ ապագային անաղարտ պահել հայու նկարագիրն ու ինքնութիւնը: Նոյն այդ մտահոգութիւնը ունեցող իւրաքանչիւր սրտցաւ հայ նուազագոյնը մէկ անգամ պէտք է կարդայ մեծ գրողի «Նահանջը առանց երգի» աշխատութիւնը։ Քրիստոնէութեան համար եթէ Նոր կտակարանը Սուրբ Գիրք է, ապա հայութեան համար «Նահանջը առանց երգի»ն պէտք է ըլլայ մեր հայութեան «սուրբ» գիրքը. ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ մեղքէն, այնպէս ալ այս աշխատութեան մէջ այլասերումէն ու ձուլումէն հեռու մնալու ձեւերը կը գտնենք:

Այսօր սփիւռքի շատ մը գաղութներու մէջ կը տեսնենք, թէ «ղեկավար»ի դեր ստանձնած անձինք իրենց մայր լեզուն՝ հայրերէն չեն գիտեր, սակայն հրապարակ դուրս եկած հայկական գաղութ մը պահել կը փորձեն։ «Նահանջը առանց երգի» աշխատութիւնը գրուած է 1929 թուականին՝ մեր թուականէն 95 տարիներ առաջ. այդտեղ Շահնուր կը գրէ հետեւեալ տողերը. «Ի՞նչ, ի՞նչ, նորէ՛ն ֆրանսերէն թերթ, նորէ՛ն ֆրանսական թատրոն. ատոնց հայերէնը չկա՞յ: Չպիտի ըլլայ որ դուք սանկ մէյ մը ցնցուիք, մաքառիք ձուլումին ու այլասերումին դէմ»: Շարունակելով իր խօսքը Շահնուր կ՚ըսէ. «Մարած մոխիրներ բոլո՛րդ ալ, կաշիի վաճառականներ բոլո՛րդ ալ միայն ձեր պզտիկ շահերուն կը նայիք։ Միայն ձեր մատներուն վրայ կը դողաք։ Մե՛նք ալ հայրենիք մը ունինք, պէտք է պատրաստ կենանք հոն երթալու: Զբաղեցէ՛ք անով, պէտք է որ ճահիճները չորցնենք»: Ահաւասիկ Շահնուրը. անձ՝ որուն մեծագոյն փափաքն էր, որ հայը իր անձնական շահերէն, նոյնիսկ իր կեանքէն առաջ ու վեր նկատէ հայրենիքը. այդ համոզումով չապրող հայը Շահնուր կը կոչէ կաշիի վաճառական. անձեր՝ որոնք իրենց շահերէն առաջնորդուելով պատրաստ են ամէ՛ն գոյն ստանալ, օտարանալ եւ ոչնչանալ ու ոչնչացնել իրենց հայու ինքնութիւնը. միայն թէ անձնական շահերը ոտնակոխ չըլլան:

Դարձեալ Շահնուրն է, որ կ՚ըսէ. այս խօսքերը, գրուած 95 տարի առաջ, մերօրեայ երիտասարդութեան ուղղուած այժմէական կը մնան. «Իսկ դո՛ւք հոս... ինչպէ՜ս ձեզմէ կայծ պիտի հանենք երբոր ժամը հնչէ, դուք որ մարած մոխիրներ էք հիմա: Ուրկէ՞ կրակ պիտի գտնենք երթալու համար կռուի. որովհետեւ այո՛, կռիւ պիտի ունենանք մենք, որքան ատեն որ տակաւին ոտքի կաթողիկէ մը ըլլայ եւ ձիւնազարդ գագաթ մը լերան, որքան ատեն որ մեր երակներուն մէջ արիւնին մէջ արիւնին հետ եռացող «Մեր Հայրենիք» մը ըլլայ...»: Այստեղ կը տեսնենք մտահոգութիւնը, թէ ինչպէ՞ս օտարութեան մէջ ապրող երիտասարդը պիտի տոչորի հայրենիքի փրկութեան ժամանակ եւ իր մէջ ունենայ սէրն ու ուժը սեփական հոգի համար կռիւ մղելու, որովհետեւ վերջապէս օտարութիւնը հարցականի տակ պիտի դնէ «Հայրենիք» հասկացութիւնը, մանաւանդ անոնց համար, որոնք լոյս աշխարհ պիտի գան սփիւռքի օտարութեան մէջ: Անոնց մէջ ինչպէ՞ս ստեղծել հայրենիք մը, որուն համար երիտասարդը պատրաստ ըլլայ պայքարիլ:

Այդ օտարութեան մէջ լոյս աշխարհ եկողներէն մէկն ալ Շահնուր ի՛նք էր. ան օտարութեան մէջ ծնողները նկատի ունենալով կը գրէ. «Մենք Հայաստան չենք ապրած. անոր հողն ու օդը անծանօթ են մեզի. անոր բարքերն ու սովորութիւնները մեզ չեն կռած եւ բնական է որ մենք սիրենք մեր ծննդավայրը միայն, այսինքն երկինք մը օտար: Մեր նախնիքներուն իրարու յաջորդող անվերջանալի սերունդները չեն կրցեր մեզ փրկել, չեն կրցեր մեզ այն մեծ սէրը տալ: Պոռոտախօսութիւնները կը ցնդին բոլորն ալ. ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը կարօտ է - մանաւանդ մեր պարագային - անցեալ մը, մեծութեան, օրինակներու»:

Եթէ հայրենասիրութիւնը կարօտ է, ապա ինչպէ՞ս կարելի է կարօտնալ բան մը՝ զոր տեսած չես, զգացած ու ապրած չես. սփիւռքի ապրող մեր երիտասարդները այդ կարօտը ինչպէ՞ս պիտի զգան. Շահնուր կ՚ըսէ, թէ պոռոտախօսութիւնները կը ցնդին. այսինքն հայրենիքի մասին սիրուն խօսք ըսելը չէ որ երիտասարդը հայրենիքին կը կապէ. այդ բոլորը շարունակէ մնալ խօսք, այդ իսկ պատճառով հայրենասիրութիւն ըսուածը շա՜տ աւելի մեծ ու դժուարին բան մըն է՝ քան կը կարծենք:

Այսօր, մեծ գրողի մահուան յիսնամեակն է. Շահնուր պիտի շարունակէ գրականութեան մէջ ապրիլ որպէս հայրենասէր. թէեւ Վազգէն Շուշանեան Շահնուրի համար կը գրէ. «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյն խորը», պարզապէս որովհետեւ Շահնուր յաճախ ժխտական արտայայտութիւն կ՚ունենար Նարեկացիին, Րաֆֆիին եւ այլ արժէքներու մասին: Սակայն կը հաւատանք, որ Արարատը աւելի՛ քան արիւնը ներկայութիւն էր Շահնուրի սիրտին մէջ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Անձրեւը բարի՞ք է, թէ չարիք:

Պատասխան. Անձրեւը կրնայ բարիք եւ չարիք ըլլալ. անձրեւը անհրաժեշտ է կեանքի համար, որովհետեւ անձրեւի ճամբով կը հաւասարակշռուի աշխարհի համակարգը. անձրեւը կը թարմացնէ օդը, կ՚ապահովէ բոյսերուն ջուրը, կը սնուցանէ բերքը եւ բնական գեղեցկութիւն մը կը պարզէ, սակայն շատ անձրեւը կրնայ չարիք դառնալ, պատճառելով աղէտներ, վնասելով հողն ու բերքը եւ պատճառելով նիւթական վնասներ: Մերօրեայ աշխարհին մէջ անձրեւը կրնայ խաթարել երթեւեկութիւնը եւ արգելք հանդիսանալ բացօթեայ գործունէութիւններուն: Անձրեւին բարիք չէ չարիք ըլլալը կախեալ է իր ուժգնութենէն եւ առատութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2024