ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇ (1130?-1213)

Մխիթար Գօշ՝ ԺԲ. դարու նշանաւոր կրօնական գործիչ՝ գիտնական, իրաւագէտ եւ առակագիր։ Ան կ՚անուանուի «Գօշ», որովհետեւ անմօրուս էր եւ մազերը՝ ուշ դուրս եկած։ Ծնած է Գանձակ քաղաքը. առաջին կրթութիւնը ստացաւ քահանայէ մը եւ արդէն վարդապետ դարձաւ։ Աւելի վերջ մեկնեցաւ Կիլիկիա՝ ուրկէ մտաւ Կարմիր վանք եւ ուսում քաղեց այնտեղի վարդապետներէն։ Աղուանից Ստեփաննոս Կաթողիկոսը տեղեկանալով անոր ուսումնառութեան եւ լայն գիտութեան, յորդորեց իրեն երթալ Վախթանգ իշխանի մօտ։

Անոր կը դիմէին շատեր՝ ուսում ստանալու այս «գիտնական» վարդապետէն։

Մխիթար Գօշի գլխաւոր զբաղմունքը եղաւ «Դատաստանագիրք»ի կազմութիւնը՝ Աղուանից Ստեփաննոս Կաթողիկոսի խնդրանքով, որը սկսաւ 1184 թուականին եւ շարունակեց մինչեւ իր մահը՝ 1213 թուականը։

Այս «Դատաստանագիրք»ը բաղկացած է երեք մասէ.

ա) Նախադրութիւն,

բ) Եկեղեցական կանոններ,

գ) Աշխարհական օրէնքներ։

Նախադրութեան մէջ կը յիշուին այն աղբիւրները՝ որոնցմէ քաղած է իր գիրքը։

Առաջին աղբիւրն է՝ բնական օրէնք, որով կը կառավարուէին Աբրահամ նահապետը եւ այլն՝ անգիր կերպով։ Երկրորդ՝ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դատական սովորութիւններ, աւանդութիւններ։ Երրորդ՝ Մովսէսի գրութիւնները։ Չորրորդ՝ Մովսէսի Հնգամատեանը։ Հինգերորդ՝ Կանոնական գիրքեր, եւ վեցերորդ՝ Հին եւ Նոր կտակարանի բոլոր գիրքերը։

Ընդհանրապէս հարց է ծագած, թէ՝ Գօշի այս «Դատաստանագիրք»ը, այսինքն՝ օրինագիրքը՝ որուն մէջ կ՚աւանդուի դատակազմութեան եւ դատավարութեան օրէնքները եւ կ՚որոշուի հոգեւոր եւ աշխարհական դատարաններու եւ դատաւորներու ենթակայ գործերը եւ պատիժները, որքա՞ն իրաւաբանական արժէք ունի, արդեօք կարելի՞ է «աղբիւր» ընդունիլ մեր եկեղեցական իրաւունքի համար, թէ ո՛չ։

Այս հարցման պատասխանը, ըստ մասնագէտներու մէ՛կ է եւ պարզ, որով կարելի չէ փնտռել երկրորդ պատասխան եւ կասկածիլ այդ մասին։

Այս «Դատաստանագիրք»ը անհատի կողմէ գրուած է, ո՛չ մէկ ազգային-պաշտօնական ժողովի կամ յանձնախումբի կողմէ հաստատուած եւ վաւերացուած է. ո՛չ մէկ իրաւահաս եւ իրաւասու մարմնի կողմէ ընդունուած է եւ քննութեան ենթարկուած. ուստի, եւ մասնագէտներու համաձայն, կարելի չէ՛ որպէս «դրական աղբիւր» ծառայել։

Պէտք է ընդունիլ, որ Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ը Յովհաննէս Սխոլաստիկի եւ կամ Դիոնէսիոս Կրտսերի ժողովածուներուն նման ժողովածու չէ՛, ո՛չ ալ ինքնուրոյն իրաւաբանական հետախուզութիւն մըն է եւ ո՛չ զուտ ժամանակակից կեանքի գործադրուող օրէնքներու մշակումը, այլ խառնուածք մը՝ «կազմուածք» մը՝ Սուրբ Գիրքի, հայ ժողովուրդի եւ արտաքին ժողովներու զանազան կանոններու, զանազան ժողովուրդներու եւ ազգերու սովորութիւններու, աւանդութիւններու եւ իր «անձնական կարծիք»ի ժողովածուն, քանի որ ան օգտուած է տարբեր ժողովուրդներու եւ հաւատալիքներու սովորութիւններէ, ուստի եւ ստացած է խառնիճաղանճ հաւաքածոյի մը հանգամանքը՝ առանց որոշ եւ յստակ սկզբունքի եւ տիրապետող ուղղութեան, որուն կանոնները ոչ մէկ կերպով կարելի է գործադրել եկեղեցական կեանքի մէջ, նամանաւանդ որ պատիժներու մէջ մեծ տեղ կը բռնէ մահապատիժը եւ մահուան դատապարտելը, որը միանգամայն հակառա՛կ է Աւետարանի սկզբունքին։

Այսուամենայնիւ, «Դատաստանագիրք»ը կարելի է ծառայել եւ օգտուիլ իբրեւ հնապատմական կողմնակի աղբիւր համեմատական արժէքով։ Ուստի, անոր գլխաւոր արժէքը այն է, որ ան կազմուած է ո՛չ ժամանակագրական կարգով, այլ ըստ առարկայի, տուած է գործադրուող օրէնսգիրքի ձեւ, որեւէ երեսի վրայ կարելի է գտնել խնդրի մը մասին կանոն, վճիռ, որով եւս կարելի է գաղափար կազմել խնդրոյ առարկայ նիւթի իրաւաբանական որոշման մասին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 20, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21, 2024