ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ
«Աստուած» եւ «Բնութիւն»՝ այս երկուքը միշտ զբաղեցուցած է մարդկային միտքը։ Մանաւանդ՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարականը մերձիմաստ համարեց զանոնք։
Ուստի իմաստասէրներ՝ Lock, Descartes, Henry Bergson, Gottfried Wilhelm Leibniz, E-tienne Bonnot de Condillac, եւ ուրիշներ զբաղած եւ միտք յոգնեցուցած են այս մասին, ուսումնասիրած եւ գաղափար յայտնած են այս նիւթին վրայ։ Անշուշտ մեր սահմանաւոր պարունակութեամբ ամէն մէկը ներկայացնելու եւ ծանօթացնելու կարելիութիւնը չունինք, բայց սա իրականութիւն մըն է՝ թէ միտքեր միշտ զբաղած են այս երկու ճշմարտութիւններու իրողութեամբ եւ երկբայութեամբ։
Սա անուրանալի է՝ որ բնութիւնը ամբողջութեամբ արդիւնքն է աստուածային իմաստութեան։
Դիտեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, բնութիւնը, ձեր ամբողջ շրջապատը, զոր օրինակ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ թէ արեւու ճառագայթներ հետզհետէ կը բարձրանան եւ կը կենդանացնեն խաւարի մէջ ննջած բնութիւնը՝ երկիրը եւ բնակիչները՝ մարդի՛կ։ Հրա՜շք մըն է ատիկա՝ խաւարէն լոյսի գալ, հասնիլ, քունէն ելլել՝ արթննալ, սթափիլ, եւ այս կը պատահի ամէն օր, անխափա՛ն՝ առանց մարդկային որեւէ միջա-մըտութեան…։
Իմաստութեամբ ծրագրուած եւ գործադ-րըւած նախորոշումի մը, մտադրութեան մը արդիւնքը միայն կրնայ ըլլալ այսպիսի անհասկնալի, անիմանալի երեւոյթ մը։
Եւ սա, անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ առանց պատճառի արդիւնք չի՛ գոյանար։ Եւ ուրեմն բնութեան հրաշալիքներն ալ պէ՛տք է ունենան «Պատճա՛ռ» մը։
Այն երեւոյթը, զոր կը զարմացնէ, կը հրապուրէ մարդը, ան արդիւնք է՝ իմաստութեան, իմաստութեամբ պատրաստուած «ծրագիր»ի մը՝ նախագիծի մը։ Եւ ամէն երեւոյթ, ամէն պատահար, ամէն միջադէպ ունի նախապատրաստական պատճառ մը, եւ ամէն բանի նախապատճառը, ակը եւ սկզբնակէտը Աստուա՛ծ է, ամէն բանի Ստեղծիչը եւ Նախախնա՛մը։ Եւ քանի որ բնութիւնն ալ ամբողջութեամբ եւ գործունէութեամբ՝ մաս կը կազմէ աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին՝ որպէս տարածք, միջավայր անոր կիրառութիւններուն, իրագործութեան ու գործադրութեան։
Բնութիւնը այն ընդարձակ դա՛շտն է՝ ուր ազատօրէն կը գործադրուի ստեղծագործութեան ծրագիրը։
Ուստի Բնութիւնը Աստուծոյ գո՛րծն է՝ ստեղծագործութեան ամբաժան մէկ մասը՝ ուր կը գործադրուի ստեղծագործութեան ծրագրին մանրամասնութիւնները, որոնք կը կատարուին, կը կատարելագործուին, կը լիանան ու կը զօրանան։ Բնութիւնը միջավայր մըն է, անդաստան մը, մարզ մը, ասպարէզ մը՝ ուր կը գործէ Աստուած ըստ իր ծրագրին պայմաններուն։
Ուրեմն Աստուած-Բնութիւն կապը՝ պատճառ եւ արդիւնքի, ստեղծող եւ ստեղծուածի յարաբերութիւն մը, հաղորդակցութիւն մըն է։ Աստուած՝ ստեղծիչն է եւ տէ՛րը Բնութեան։ Սիրելի՜ներ, դիտեցէք բնութիւնը, հոն այդ հրաշալիքները ո՞վ կրնայ ստեղծել, եթէ ոչ՝ Աստուած, եւ այդ հրաշք երեւոյթները ինչպէ՞ս կը կատարուին, եթէ ոչ՝ աստուածային իմաստութեան շնորհիւ։ Եթէ ի՛նչպէս ամէն արժէքի բացարձակը՝ ամբողջը եւ անվիճելին, գագաթնակէտը եւ զենիթը, նո՛յնպէս իմաստութեան լիացումը՝ Աստուա՛ծ Ինքն է։
Բնութիւնը ո՛չ միայն «տեսարան» մը, այլ նաեւ՝ գործարան մը, գործելու եւ գործադրելու լայն, տարածուն «վա՛յր» մըն է։ Բնութիւնը միջոցն է աստուածային հրաշալիքներու իրականացման եւ իրագործման, կատարման ու կիրարկման։ Բնութեան մէջ եւ բնութեան միջոցով է, որ Աստուած կը յայտնէ Ինքզինք մարդկութեան։ Եւ ինչպիսի՜ տեսարան է այն, ինչպիսի՜ վայր, ուր մարդ կը տեսնէ իր Արարչին անտեսանելի ձեռքը, կը հիանայ ու կը հաւատա՛յ։ Բնութիւնը արդարեւ, հսկայ, վիթխարի «գիրք» մըն է բացուած՝ կարդալու եւ հասկնալու համար աստուածային իմաստութիւնը։
Սակայն անտարբեր մարդը չի տեսներ զԱյն, չ՚անդրադառնար Անոր ճշմարտութեան լոյսին։ Անտարբեր մարդը, անփոյթ ու անզգայ մարդը՝ իր բթամտութեամբ կը մնայ միշտ խաւարին մէջ։ Եւ երբ քիչ մը հետաքրքրուի «բնութեան գիրք»ին մէջը նայելու՝ անոր պարունակած դասերը սորվելու կը դժուարանայ, քանի որ անոնք բոլորովին օտար են եւ անծանօթ։ Ուրիշ առիթներով ալ ըսած ենք, թէ ճանչնալ, ծանօթանալ պայմա՛ն է սիրելու, համակրելու համար որեւէ իրի կամ իրողութեան։
Ուստի եւ Աստուած սիրելու համար պէտք է նախ ճանչնալ զԱյն, եւ զԱյն ճանչնալու համար, մարդ պէտք է լա՛ւ կարդայ «բնութեան գիրք»ը, լաւ ուսանի անոր պարունակած դասերը եւ անդրադառնայ անոնց ճառագայթած լոյսին։ Ո՜վ «իմաստուն» մարդ, ո՜վ «գիտուն» մարդ։ Երբեք խորհա՞ծ ես, թէ ո՛ւրկէ է քու իմաստութիւնդ, ո՛ւրկէ է քու գիտութիւնդ։ Մտածա՞ծ ես, հետաքրքրուա՞ծ ես բնաւ, թէ ո՛ւր է քու իմաստութեան ակը, ո՛ւր է գիտութեան սկիզբը։ Սիրելի՜ներ, ամէն իմաստութիւն, ամէն գիտութիւն ունի սկզբնակէտ մը, ակ մը, աղբիւր մը՝ որ է Աստուած, որ կը յայտնուի բնութեան մէջէն՝ իմաստութեան եւ գիտութեան միջոցով։ Ուրեմն Բնութիւնը միջոց մըն է ճշմարտութեան յայտնութեան եւ ճանաչողութեան։
Երանի՜ անոնց՝ որ կ՚անդրադառնան բնութեան, կ՚անդրադառնան եւ անտարբեր չեն գտնուիր անոր գործունէութեան, պաշտօնին ու ստեղծման նպատակին։
Մարդ եթէ հայեացք մը նետէ իր գիտութեանը վրայ, տեղեկութիւններու եւ ծանօթութիւններու լա՜յն դաշտին, բնականաբար ինքնահաճ գոհունակութիւն կը զգայ, գուցէ կը հպարտանայ ինքնիրմով, եւ սիրտը կը լեցուի իր մտային «գանձ»երուն մասին բարձր գաղափարներով, եւ ինքնիրեն կ՚ըսէ. «Իմաստութիւնը ի՛մս է, անով կը բարձրանամ ես միւս բոլոր մահկանացուներէ վե՛ր։ Իմ իմաստութիւնով կ՚իշխեմ բնութեան անեզր, անսահման տարածութեան վրայ»։ Խե՜ղճ մարդ, գիտէ՞ արդեօք իր իմաստութեան ակն ու աղբիւրը, գիտէ՞ թէ ո՛ւր է իր սեփականութիւնը կարծած իմաստութեան իսկական Տէրը…։
Աստուած-Բնութիւն, եւ բնութեան մէջ մա՛րդը։
Ինչպէս ըսինք՝ Աստուած, բնութեան միջոցով է, որ կը փոխանցէ իր իմաստութենէն մաս մը, մարդուն, եւ մարդ, ընդհանրապէս կը կարծէ եւ կը սխալի կարծելով, թէ ունեցած իմաստութիւնը իրմէ է եւ կատարեալ է։ Մինչդեռ բնութիւնը ճանչցողը՝ կը ծանօթանայ Աստուած-գերագիւն Իմաստութեան հետ եւ այն ատեն կը հասկնայ, թէ ո՜րքան թերի եւ անկատար է իր իմաստութիւնը եւ կարծեալ գիտութիւնը։
Զոր օրինակ, ո՞վ գիտէ թիւը ծովու մէջ գտնուող աւազի հատիկներուն, օդին մէջ պարող փոշիներուն, ջուրի կաթիլներուն, լոյսի ճառագայթներուն։
Կարելի է ըսել, թէ ինչո՞ւ մարդ գիտնայ ասոնց թիւը, ի՞նչ օգուտ ունի տեղեկութիւն ունենալ անոնց մասին։ Բայց բոլոր ասոնք բնական երեւոյթներ, իրողութիւններ են եւ անոնց գոյութիւնը անտեսել, կամ ուրանալ կարելի չէ՛, եւ եթէ մարդ ինքզինք կատարեալ իմաստուն եւ ամենագէտ կը կարծէ, պէտք չէ՞ որ անոնց մասին ալ տեղեկութիւն ունենայ։ Բնութիւնը անհո՜ւն է, իսկ մարդկային միտքը՝ սահմանաւո՛ր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 12, 2015, Իսթանպուլ