ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱՅԻ «ՔԱՀԱՆԱՅ»Ն

Եկեղեցական բարենորոգման հարցին մէջ՝ ընդհանուր բաղձանքն է ամենէն առաջ իր դերին եւ պարտականութիւններուն գիտակցութեանը մէջ եւ իր կոչումին հաւատարմութեամբ բարձրացած տեսնել հայ եկեղեցականը։ Ուստի, հոգեւորականութեան յատկապէ՛ս ամուսնացեալ եկեղեցականութեան պէտք է տալ իր արժանաւոր դիրքը։

Ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ, նշանաւոր բանաստեղծ Գամառ Քաթիպայի՝ որ ի՛նքն ալ քահանայի զաւակ է, շահեկան եւ յուզիչ մէկ քերթուածը ներկայացնել կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ եւ ազնիւ ընթերցող բարեկամներուն։ Գամառ Քաթիպայի այս քերթուածով իտէալ պատկեր մը կը ձգուի քահանային, ինչպէս որ կ՚ըմբռնէ ինքը անոր պաշտօնը։

Վստա՛հ ենք, որ այդ վսեմ ըմբռնումը ունին մեր բոլոր քահանայ հայրերը՝ իրենց նուիրական պաշտօնին մէջ՝ իրենց կոչումին պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ հաւատարմութեամբ։ Եւ դարձեալ, վստա՛հ ենք մանաւանդ՝ կրօնքի սփոփանքին եւ մխիթարական ուժին անդրադարձած եւ հաւատացած ազնիւ ժողովուրդն ալ, անգամ մը եւս պիտի զգայ եւ ապրի հոգեւորականութեան նկատմամբ ունեցած իր ոգեւորութիւնը եւ պիտի ամրացնէ իր յարգանքը, պաշտել շարունակելու համար իր սուրբ նախնիներէն աւանդուած կրօնքը՝ որուն անձնուէր եւ նուիրական պաշտօնեան է հոգեւորակա՛նը։

Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա) 1830-ին՝ նոյեմբեր 8-ին ծնած է Նոր Նախիջեւանի Տոնի Ռուստով շրջանին մէջ։ Ան զաւակն է հռչակաւոր մտաւորական, գրող եւ քահանայ Գաբրիէլ Պատկանեանի, որ հայկական վարժարան էր հիմնած Նոր Նախիջեւանի մէջ։ Սկզբնական իր կրթութիւնը հօր դպրոցին մէջ ստանալէ ետք Ռափայէլ 1843-ին կը ղրկուի Մոսկուա եւ վեց տարի, մինչեւ 1849-ը, կ՚ուսանի նորահաստատ Լազարեան ճեմարանին մէջ։ Ուսուցիչ կ՚ունենայ մեծանուն մտաւորական, մանկավարժ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Էմինը։

Լազարեանէն շրջանաւարտ՝ Ռափայէլ կը վերադառնայ Թիֆլիզ, ուր հայրը՝ Գաբրիէլ Քահանայ ստանձնած էր Ներսիսեան նորաբաց վարժարանի տնօրէնութիւնը։

Ռափայէլ ուսուցիչի պաշտօն կը ստանձնէ Ներսիսեան վարժարանին մէջ եւ միաժամանակ, կը սկսի իր գրած առաջին ոտանաւորները լոյս ընծայելու այդ շրջանին հօր խմբագրած «Արարատ» շաբաթաթերթին մէջ։

Ուսումի անդիմադրելի տենչը հանգիստ չի տար Ռ. Պատկանեանին։ 1851-ին, ան կը մեկնի Դորպատի համալսարան՝ պատմագիտական եւ լեզուագիտական իր պատրաստութեան մէջ մասնագիտանալու նպատակով։ Բայց նիւթական դժուարութիւններու պատճառով ան միայն մէկ տարի կը կարողանայ մնալ Դորպատի մէջ եւ ստիպուած՝ կ՚անցնի Մոսկուա։

Ուստի, ընդունուելով Մոսկուայի համալսարանը՝ Ռ. Պատկանեան մէկ կողմէ կը խորացնէ իր պատրաստութիւնը պատմագիտութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ եռանդով կը նուիրուի հայ գրական-հասարակական կեանքին։ Այդ շրջանին է, որ իր երկու մտերիմ ընկերներուն՝ Գէորգ Քանանեանի եւ Մնացական Թիմուրեանի հետ Ռափայէլ Պատկանեան հիմը կը դնէ գրական ընկերակցութեան մը՝ իրենց երեքին անուն-մականունին տառերէն կազմուած «Գամառ-Քաթիպա» անունով։

Թէեւ կարճատեւ կ՚ըլլայ ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ կը լուծարուի, բայց Ռափայէլ Պատկանեան կը շարունակէ իր ստեղծագործութիւնները ստորագրել Գամառ-Քաթիպա, ինչ որ իր գրչանունը կը դառնայ յետագային։ Զարթօնքի սերունդի եւ աշխարհաբարի շարժման տարիներն էին, եւ «Գամառ-Քաթիպա» ընկերակցութեան մէջ համախմբուած երիտասարդ հայ մտաւորականները կը պարզեն դրօշը նուիրական շարժումի մը՝ որուն նշանաբանն էր՝ «Գրէ՛ այնպէս, ինչպէս որ կը խօսիս, եւ, խօսէ՛ այնպէս, ինչպէս որ կը գրես»։ Այս հանգանակով ալ շարժումը մեծ ներդրում կ՚ունենայ արեւելահայ աշխարհաբարի մշակման, զարգացման եւ տարածման մէջ։

Ռ. Պատկանեան 26 օգոստոս 1892-ին՝ 62 տարեկանին՝ վաղաժամ կը հեռանայ կեանքէն, հարուստ գրական ժառանգութիւն մը թողելով երիտասարդութեան…։

Եւ ահաւասիկ, Գամառ-Քաթիպայի «Քահանայ» քերթուածը։

«Այն ո՛վ է կանգ­նած ամ­բիո­նի վրայ,
«Դող­դո­ջուն ձեռ­քերն եր­կինք ամ­բար­ձած,
«Գը­թա­ռատ աչ­քերն լի ար­տա­սուն­քով,
«Բազ­մու­թեան ուշ­քը դէ­պի նա դար­ձած.
«Ո­րին ա­մէ­նը ՀԱՅՐ են ա­նուա­նում,
«Ծա­նօթ, ան­ծա­նօթ՝ հա­ւա­սար յար­գում,
«Ո­րի լոկ խօս­քը օ­րէնք է նո­ցա,
«Սրտի գաղտ­նի­քը նո­րան են յայտ­նում։
«Քա­հա­նայ է նա, քա­ւող մեղ­քե­րու.
«Միջ­նորդ Աս­տու­ծոյ մարդ­կան ազ­գի հետ,
«Հո­վիւ է ան­խոնջ Քրիս­տո­սի հօ­տին,
«Երկ­նա­ձիր գան­ձին նա է ար­թուն դէտ։

*
«Երբ մենք թա­թա­խուած Ա­դա­մայ մե­ղօք
«Ե­կանք այս աշ­խարհ՝ լը­ցեալ ցա­ւե­րով,
«Ո՞վ սրբեց մաք­րեց մեր հին մեղ­քե­րը.
«Ո՞վ մեզ սփո­փեց իւր սուրբ խօս­քե­րով.
«Կամ՝ երբ ժանտխ­տած, ըն­կած
մահ­ճու­մը,

«Մտա­տանջ, ան­յոյս մահ էինք խնդրում,
«Պանդխ­տի նման ա­մե­նից թո­ղած,
«Ո՞վ մեզ ա­ռա­ջին հա­սաւ օգ­նու­թեան.
«Կամ՝ երբ մո­լո­րած գառ­նե­րու նման
«Կոյր վա­զում էինք դէ­պի խոր­խո­րատ՝
«Ո՞վ ար­դեօք այն օր փրկեց մեզ մա­հից,
«Դի­ւա­կան գը­թէն հա­նեց ա­նա­րատ.
«Կամ՝ երբ մեղ­սա­լիր աչ­քերս բը­նաւ
«Չենք հա­մար­ձա­կում եր­կինք ամ­բառ­նալ,
«Ո­րի՞ն կան­չում ենք միջ­նորդ
հաշ­տու­թեան,
«Ո՞ւ­մով յոյս ու­նինք թո­ղու­թիւն ստա­նալ,
«Եւ կամ՝ զբա­ղած ու­նայն գոր­ծե­րով,
«Մոռ­ցել ենք Աս­տուած, կը­րօն, սուրբ
հա­ւատ,
«Ո՞վ է մեր տե­ղը մեր մե­ղաց հա­մար
«Ար­տա­սունք թա­փում աչ­քէն յոր­դա­ռատ։

*
«Քա­հա­նա՛ն է այն, եւ միշտ քա­հա­նան,
«Մեր միջ­նորդ, հո­վիւ քաջ եւ ա­ղօ­թիչ,
«Որ­բոց հայր, եղ­բայր աղ­քատ մու­րաց­կին,
«Ար­տա­սուաց սրբող, յան­ցա­նաց քա­ւիչ։
«Ե՛կ պա­տուենք, եղ­բա՛րք, այդ սուրբ
քա­հա­նան,
«Սի­րենք միշտ նո­րան ման­կա­կան սի­րով,
«Որ ամ­բողջ գի­շեր իւր որդ­ւոց վե­րայ
«Պատ­րաստ է հըս­կել ան­քուն աչ­քե­րով.
«Նա բո­լոր կեան­քը զո­հեց մեզ հա­մար,
«Չու­զեց փառք, պա­տիւ, զբօ­սանք
աշ­խար­հի.
«Քանց սուրբ քա­հա­նան, էլ ո՞վ է կա­րող
«Ար­դեօք մեզ հա­մար լի­նել հայր բա­րի»։

ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱ

Կ՚արժէ՛ անգամ մըն ալ «քահանայ»ին նայիլ Գամառ-Քաթիպայի աչքերով եւ տեսնե՛լ զայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018