ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՆԱԽԿԻՆ ԿԵԱՆՔԸ
Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ նախախնամութեամբը եւ շնորհքով հիանալի՜ յարմարութիւն մը ունեցաւ հեթանոսներու առաքեալ ըլլալու պաշտօնէն Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու արժանանալով։
Կիլիկիոյ մայրաքաղաքը՝ Տարսոն ծնած, Բենիամինի ցեղէն Հրեայ ծնողքի զաւակն էր. (ՓԻԼԻՊ. Գ 5)։ Տարսոն քաղաքը դպրոցներու եւ գիտուններու կողմանէ գրեթէ Աղեքսանդրիոյ եւ Աթէնքի կը հաւասարէր այդ ժամանակներուն։ Պօղոս առաքեալի հմտութիւնը յոյն հեղինակներու, եւ աթենացի ունկնդիրներու առջեւ յունական լեզուով խօսելու դիւրութիւնը (ԳՈՐԾՔ. ԺԷ 22-31), (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 33), (ՏԻՏ. Ա 12), ցոյց կու տան, թէ Պօղոս առաքեալ հաւանականաբար, գէթ ըստ մասին, կրթուած եւ ուսանած էր Տարսոն, որ յունական քաղաք էր այն շրջանին, եւ թերեւս անոր չափազանց եռանդը յունական գրականութեան, որ «վնասակար» կը համարուէր՝ պատճառ եղաւ որ Պօղոս առաքեալ իր պատանեկութեան ընթացքին Երուսաղէմ ղրկուի, ուր րաբունական ուսմանց եւ բարեպաշտութեան կողմանէ անուանի ուսուցչի մը քով կրթուելով. (ԳՈՐԾՔ. ԻԲ 3), եղաւ նախանձաւոր փարիսեցի մը։
Պօղոս առաքեալ, ՚ի բնէ եռանդուն, գործունեայ, յամառ եւ խիստ բնաւորութեան տէր էր։ Սկիզբէն ի վեր իրեն պարտք եւ պարտաւորութիւն կը համարէր «Քրիստոսի աշակերտները հալածել». (ԳՈՐԾՔ. ԻԶ 9, Է 58, Թ 1)։ Բայց երբ Քրիստոս անոր յայտնուեցաւ, դարձի եկաւ, եւ դարձի գալով. (ԳՈՐԾՔ. Թ 1-20), սկսաւ քարոզել այն հաւատքը՝ զոր նախապէս կործանել կը ջանար կարծելով, թէ «Աստուծոյ պաշտօն կը մատուցանէր…»։
Պօղոս առաքեալի բոլոր թուղթերուն՝ նամակներուն մէջ տեսնուած համեստ, մեղմ, քաղցր եւ կաթոգին զգացումներէն կը տեսնուի, որ ինչպէս Աստուծոյ շնորհքովը անոր բուռն եւ խիստ բնաւորութիւնը բոլորովին փոխուեցաւ, կը տեսնուի նաեւ, թէ ան որքան խոնարհ եւ սիրալի անձնաւորութեան մը տէր եղաւ։
Առաքեալը պատրա՛ստ էր ամէն զոհողութիւն ընել, նուիրուիլ՝ ամէն չարչարանք կրել, եւ սաստիկ աշխատութիւններու մէջ յարատեւել առանց յուսալքուելու եւ առանց վարանելու, երկմտելու եւ տարակուսելու ամուր հաւատով գործել իր միմիայն նպատակին համար, որ էր Քրիստոսը փառաւորել։
Անոր մտաւոր կարողութիւնները եւ տարողութիւնը, բնատուր ձիրքերը, յատկութիւնները, նախկին կրթութիւնը, ստացած ուսումը, հրաշալի՜ դարձը եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւները, զայն Աստուծոյ ձեռքին մէջ յարմար «գործիք» ըրին՝ աշխարհիս վրայ քրիստոնէութեան հիմունքը դնելու, հաստատելու եւ պաշտպանելու։
Պօղոս առաքեալի քարոզչական եւ առաքելական աշխատութիւնները «Առաքեալներու Գործեր» գիրքին մէջ նկարագրուած, անոր նամակներուն մէջ ալ շատ տեղ յիշուած են։
Առաքեալին այս աշխատութիւնները՝ քարոզչութիւնը եւ առաքելութիւնը մարտիրոսութեամբ պսակուեցաւ Հռոմի մէջ՝ Ներոն կայսեր օրով, յամի Տեառն 67 կամ 68 թուականներուն։ Պատմութիւնը եւ եկեղեցական աւանդութիւնը կը հաստատեն, Քրիստոնեայ եկեղեցիներու մեծագոյն մասն ալ, թէ՛ հին ատենը եւ թէ՛ հիմա կ՚ընդունի, թէ Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի թուականին 64 տարին բանտարկութենէ ազատուելով, քանի մը տարի եւս Աւետարան քարոզեց։ Ուստի, (ՓԻԼԻՊ. Ա 25, Բ 23-24), եւ (ՓԻԼ. 22) համարներէն յայտնի է, թէ Պօղոս առաքեալ հաստատ եւ ամուր հաւատք ունէր, թէ պիտի արձակուէր, եւ տարակոյս չկայ, թէ անոր այս ակնկալութիւնը կատարուեցա՛ւ։
Տիտոսի ուղարկուած նամակէն եւ Տիմոթէոսի ուղարկուած առաջին նամակէն ալ յայտնի է, թէ այն գործերը (ՏԻՄ. Ա 5) որոնցմով կը զբաղէր Պօղոս առաքեալ այս նամակներուն գրուած ատենը, Քրիստոսի թուականին 64 տարիէն առաջ չէին կրնար ըլլալ։ Նաեւ Պօղոս առաքեալի երկրորդ անգամ բանտարկուիլը՝ Հռովմ, հիմնուած է պատմութեան միաձայն վկայութիւններուն վրայ։ Կղեմէս Հռովմայեցին, որ Պօղոսի աշակերտ եւ ընկեր էր, կը վկայէ, թէ Առաքեալին փափաքը կամ նպատակը Սպանիա այցելութիւն ընելու՝ կատարուեցա՛ւ։
Ուրիշ հեղինակներ ալ կը հաստատեն այս վկայութիւնը։ Նաեւ Եւսերիոս եւ ուրիշ պատգամներ Պօղոսի Սպանիա երթալը իբրեւ ստոյգ կը յիշեն։
Եկեղեցական պատմիչներ միաբան կ՚ընդունին, թէ Պօղոս, Հռովմի մէջ իր առաջին բանտարկութենէն ետքը գնաց Սպանիա եւ անկէ Կրետէ եւ այցելեց Փոքր Ասիոյ քանի մը եկեղեցիները։ Յետոյ, Քրիստոսի թուականով 67-ին կամ 68-ին, բռնուելով Հռովմ տարուեցաւ։ Հռովմի մէջ Ներոն կայսեր ժամանակ քրիստոնեաներու դէմ յարուցուած անխնայ հալածանքներու ատեն գլխատուեցաւ։
Պօղոս առաքեալի երկրորդ բանտարկութիւնը այն աստիճան սաստիկ էր, որ Հռովմայեցի եղբայրներ զայն տեսնելու երթալ կը վախնային։ (Բ ՏԻՄ. Դ 16)։
Այս երկրորդ բանտարկութեան միջոցին Պօղոս գրեց իր երկրորդ նամակը՝ ուղղուած Տիմոթէոսին։ Ամէն օր իր գլխատուելուն կը սպասէր. «Ինչու որ», կ՚ըսէ «իմ մեկնելուս ժամանակը հասեր է։ Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ ետք կայ կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը, եւ ո՛չ թէ մինակ ինծի, այլ այն ամենուն ալ՝ որ Անոր յայտնուիլը սիրեցին». (Բ ՏԻՄ. Դ 6-8)։ Ահաւասիկ, հատուածներ Պօղոս առաքեալի օրինակելի կեանքէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 10 2022, Իսթանպուլ