ԿՐՕՆՔԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ…
Այսօրուան կրօնը նո՛յնն է քսանմէկ դար առաջ Քրիստոսի քարոզած կրօնին՝ մարմինով ալ բացատրուած հոգիի կրօնին, կամ ինչպէս սովորութիւն է եղած ըսել, այսօրուան կրօնն է «հաւատքի եւ գործի կրօն»ը, երկուքն ալ իրարու մէջ ձուլուած, իրարու ագուցուած, մէկը միւսով ամբողջացուած, կամ իրարմով բացատրուած։
Ահա այս սկզբունքով, այս ներշնչումով առլցեալ ճշմարիտ հոգիներն են՝ որոնք կոչուած են ռահվիրայ ըլլալ՝ ազդակ եւ պատճառ յաւիտենական կեանքի՝ յաւիտենական անմահութեան, երկնային նոր անվախճան թագաւորութեան առաջնորդները, քրտնաջան վաստակաւորները։
Իրենց նմաններուն՝ մարդկային մեծ ընտանիքին ապագայ երջանկութեան՝ բարօրութեան եւ խաղաղութեան հեռապատկերը հաւատքի գեղադիտակով ընդնշմարող բարի, անձնուրաց եւ հանճարեղ միտքեր. փա՜ռք իրենց հեղինակին, վառուած ընկերասիրական կենսապարգեւ հուրով, կը սպառեն՝ կը հատցնեն իրենք զիրենք, ուրիշներու՝ ներկայ եւ յաջորդ սերունդներու պարգեւելու սիրոյն՝ ճշմարտութեան՝ անկեղծութեան եւ անեղծութեան կեանքին ներշնչումը, ոգին եւ թռիչքը։
Գիտուններ, գեղարուեստագէտներ, գրագէտներ, բանաստեղծներ, օրէնսդիրներ, մարդասէրներ, վարժապետներ, դաստիարակներ եւ վարդապետներ հեւ ի հեւ շնչասպառ աննկուն կը խոյանան դէպի արդարութի՛ւն… արեգակը, անոր մէն մի ճառագայթը ընտրելով իրենց ուղի՝ ուղեցոյց, երկրագունդիս մէկ ծայրէն միւսը ամենէն ծանօթ վայրը ամենէն անծանօթ եւ անկախ վայրերուն հետ հաղորդակցութեան դնելու եւ քաղաքակրթութեան անհամար բարիքները փոխանցելու միջոցներ ստեղծելով, ախտաւոր տառապեալները բուժելու դարման որոնելով, գեղեցիկին՝ վսեմին ճաշակը արթնցնելու եւ մարդիկ առ այն ձգելու հրապոյրները պրպտելով, մարդկային մտքին եւ սրտին ներքին մութ եւ անծանօթ անկիւնները եւ անոնց պարունակած եւ սնուցած ապականութիւններու յայտնութեամբ հնարաւոր դարմանը աղաղակելով, հարաշագեղ բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը տարփոխելով։
Մարդկային երեւակայութիւնը տգեղէն հեռացնելու միջոց հայթայթելով, օրհասականներ եւ անկեալներ սփոփելով, անտաշ եւ անոպայ միտքերը յղկելով, «Կենաց Բան»ին քարոզ եւ ուսուցիչ ըլլալով կարեւոր պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը վերաբերի բոլոր հոգե-մտաւորականներու։
Այո՛, ամէն այս ազնիւ եւ վեհանձն հոգիներ եւ անձնաւորութիւններ իրենց անձին զոհաբերումովը՝ «պատարագովը», ներքին՝ ինքնամուղ, ինքնաբուխ անճառելի եւ թաքուն թելադրութեամբ կու գան հաւատո՛վ եւ գործո՛վ իրական իմաստը տալ, միակողմանի եւ անձուկ իմաստով ըմբռնուած «Ամենայն ինչ ընդունայն է» հին մէկ ասացուածքին։
Հետզհետէ իրարու յաջորդող եւ դարերու անվերջանալի շարքին մէջ անմահութեան՝ անկորնչելիութեան հաւատքի հուրը անշէջ պահելու համար տքնող անմահ հոգիներ, գործնականապէս կ՚ապացուցանեն, թէ չկա՛յ ունայնութիւն, բացի անկէ՝ որ նիւթ է, պարզ կամ բարդ մարմիններէ բաղադրեալ նի՛ւթ, եւ որ նիւթին շուրջը կը դառնայ. նիւթի՛ն որ դարձեալ ունայնութիւն չէ բոլորովին, որ չի կորսուիր, այլ որ կը կերպարանափոխուի միայն, եւ որմէ անդին, որմէ վեր կայ հոգին՝ անմահութի՛ւնը, յաւիտենականութիւնը որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ներկայ կեանքին՝ ժամանակաւորին շարունակութիւնը անժամանակին՝ անվախճանին մէջ, միայն աւելի ճոխ, աւելի շքեղ՝ երանաւէտ եւ անթառա՛մ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20, 2024, Իսթանպուլ