«ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» ԵՒ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Սրբոց Թարգմանչաց գործունէութիւնը իր ազդեցութիւնը ցոյց տուած է Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ գրականութեան վրայ։ Ուստի, կը ներկայացնենք Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Հայոց Եկեղեցին» գիրքէն հայ գրականութեան մասին շահեկան տողերը, յուսալով, որ հետաքրքրութեամբ պիտի դիմաւորեն մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։

«Հայ գրականութեան արտադրութիւններուն մէջ առաջին տեղը կը բռնեն, եկեղեցական մատեանները, ինչպէս են Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը եւ Մաշտոցի պարունակած ծիսարանները, որոնք ընտիր եւ վճիտ հայկաբանութեամբ գրուած են, մինչդեռ, ընդհակառակը, Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու եկեղեցական գիրքերը անկեալ լեզուով ու ոճով են գրուած։ Եկեղեցական գիրքերէ ետքը պիտի յիշենք սուրբ հայրերու գրութեանց ընտիր թարգմանութիւնները, որոնք գրեթէ ամբողջական հաւաքածոյ մը կը կազմեն։

«Քիչ ու շատ տարբերութեամբ գլխաւոր հայրերու գրեթէ բովանդակ գործերը թարգմանուած են, Իգնատիոս Անտիոքացի, Երանոս Լուգդունեցի, Գրիգոր Նէոկեսարացի, Աթանաս Աղեքսանդրացի, Եպիփան Կիպրացի, Եփրեմ Ասորի, Եւսերիոս Կեսարացի, Պրոկղ Կոստանդնուպոլսեցի, Կիւրեղ Երուսաղէմացի, Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նազիանցի, Սեւերիանոս Եմեսացի, Գրիգոր Նիւսացի եւ Յովնան Ոսկեբերան։

«Ասոնց ամէնուն թարգմանութիւնները ընտիր եւ դասական հայկաբանութեան օրինակներ։ Եկեղեցական անձեր եղան նոյնպէս, որ իմաստասէրներու գրուածները հայերէնի վերածեցին, եւ ըստ այսմ հայերէնով ալ կը գտնուին այսօր, Արիստոտէր, Պղատոն, Դիոնէսիոս, Յուստինոս, Պորփիւր, Փիլոն, Արիստիդէս եւ Պիսիդէս։ Եկեղեցին իւր պաշտօնեաներուն միջնորդութեամբ, ոչ միայն կրօնական նպատակներու կը ծառայէր, նոյնիսկ հեթանոս իմաստասէրներու գրուածները հայութեան ընծայելով։

«Պատմութեան գիրքերն ալ, որոնցմէ բաւական թիւ մը կայ, նմանապէս եկեղեցական անձերու հեղինակութիւններ եղած են. ինչպէս՝ Մովսէս Խորենացի, Ղազար Փարպեցի, Եղիշէ Վարդապետ, Կորիւն Սքանչելի, Յովհաննէս Կաթողիկոս, Ղեւոնդ Վարդապետ, Ուխտանէս Եպիսկոպոս, Ստեփանոս Ասողիկ, Ստեփանոս Օրբէելեան, եւ ուրիշներ, որոնց ցանկը բաւական երկար է։

«Նոյնը պիտի ըսուի՝ Ագաթանգեղոսի, Զենոբի եւ Բիւզանդի պատմութիւններուն համար ալ, որոնք թարգմանութիւններ կը նկատուէին եկեղեցականներէ կատարուած։ Յայտնի կը տեսնուի ուրեմն, որ հայ գրականութեան ընտրելագոյն շրջանը, բացառապէս եկեղեցական մատենագիրներու շրջան մը եղած է։

«Պատմական յօդուածներու մէջ մեր գրածներէն տեսնուեցաւ, որ երկոտասաներորդէն եօթեւտասներորդը անկման դարեր եղան հայութեան համար, թէ՛ կենցաղական եւ թէ՛ քաղաքական տեսակէտէն։

«Գրականութիւնն ալ այդ անկումին ազդեցութիւնը զգաց, բայց այդ միջոցէն ալ մնացած յիշատակներ եւ արտադրութիւններ, նորէն եկեղեցականներու գործունէութեան արդիւնք են։ Եկեղեցականութիւնն եղաւ, որ քիչ ու շատ ժողովրդական դաստիարակութիւնն ալ մտադրութիւն դարձուց, եւ նուիրական աշխատութիւն մը կատարեց, թէպէտ համեստ եւ չափաւոր, բայց միշտ հնարաւորութեան պայմաններուն հաւասար աշխատութեամբ։ Պէտք չէ աչքէ հեռացնել, թէ այսչափն ալ ընելու համար ինչպիսի բազմադիմի ու ծանր, եւ գրեթէ անդիմադրելի դժուարութեանց դէմ մաքառիլ կը պարտաւորուէր։ Այդ միջոցին եկեղեցական չեղող մատենագիրներու կարգէն, միայն Ամիր Տովլաթ բժիշկին եւ Երեմիա Քէօմիւրճեան պաշտօնակալին անունները կրնանք տալ։

«Մեզի հասնող գրուածները, որչափ ալ ստորին եւ ինկած ոճով, բայց միշտ կարեւոր են՝ կենցաղական եղելութիւններն ու կացութիւնը եւ ժամանակին ոգին ու զգացումները պատկերացնելու տեսակէտէն։ Գնահատելի յիշատակներ ալ կը պարունակեն, յիշեալ դարերուն պատմական պատահարներուն եւ արկածներուն վրայ, որոնց մասին ուրիշ կողմէն շատ քիչ տեղեկութիւններ կան, եւ մեծաւ մասամբ մութին մէջ կը մնան։

«Եկեղեցականութեան արդիւնք մը պէտք է սեպել եւս հնագոյն մատենագիրները պահպանած ըլլալուն ջանքը։ Այդ դարերուն մէջ ապրող ընդօրինակիչները, գրեթէ առանց բացառութեան եկեղեցականներ են եղած, եւ մեր ձեռքը հասած գրչագիրները, գրեթէ բոլորն ալ, այդ անկեալ դարերու գրութիւններն են։ Լաւագոյն դարերէն մնացող գրչագիրներ հազուագիւտ են։

«Ութնեւտասներորդ դարուն սկիզբէն գրականութիւնը նոր կերպարան մը կը սկսի առնել, բայց միշտ եկեղեցականութիւնն է, որ մտաւորական շարժումին գլուխը կը գտնուի եւ զարգացման ջանքերն ու կենցաղական բարւոքման ճիգերն ալ եկեղեցականներու նախաձեռնութեամբ կը սկսին…»։

- «Հայոց Եկեղեցին», Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Պուէնոս Այրէս, 1949։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 20, 2024, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024