ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ՍԻՊԻԼԸ

Այդ տարիներուն, երբ տակաւին արգիլուած էր իգական սեռի ներկայացուցիչներուն «ձայն բարձրացնել» եւ տակաւին լուրջ բանավէճի նիւթ էր անոնց ուսում ստանալու անհրաժեշտութեան հարցը, հայ ազգին մէջ յայտնուեցաւ Սիպիլը, որ տակաւին իր պատանի տարիքին, հազիւ 16-17 տարեկանին, հիմնեց Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւնը, որուն հիմնական նպատակն էր կրթել գաւառներու հայ աղջիկները. ընկերութիւն, որ իր հիմնադրութենէն տարի մը ետք յաջողեցաւ Էրզրումի Քղի գաւառին մէջ հիմնել իր առաջին դպրոցը: Երիտասարդ Սիպիլի այս ընկերութիւնը 1912 թուականին արդէն իսկ ունէր աւելի քան քսան դպրոցներ՝ աւելի քան մի քանի հազար աշակերտուհիներով:

Սիպիլ կը հաւատար, որ մարդուն տրուած մեծագոյն ազատութիւնն ու շնորհքը խօսիլն է եւ ի՛նք որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ, պարզապէս իր սեռին պատճառով «լռելու» դատապարտուած ըլլալը կը քննադատէր եւ ի տարբերութիւն միւս հասակակիցներուն, յանձն կ՚առնէր խօսիլ. անոր այս գաղափարը հասկնալու համար բաւ է կարդալ Սիպիլի «Խօսի՜լ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, ուր կ՚ըսէ.

«Վայելք մը կայ ինծի համար,

Խօսիլ ազատ մտքիս խոհերն անհամար»:

Սիպիլ կը հաւատար, որ միտքերը պէտք չէ բանտել՝ նոյնիսկ եթէ ինք այդ խօսքերուն համար գերի պիտի դառնայ եւ կամ իր բառերով «կեանքն համակ փուշերու մէջ դեգերի». ան նոյնիսկ յանձն կ՚առնէ վիրապի մէջ բանտուիլ, միայն թէ իրենց տան սիրտի խոյանքին ազատ թռիչք տալու անգին վայելքը: Այդ ազատամտութիւնն է, որ մեր գրականութեան մէջ ծնունդ տուաւ Սիպիլին. Սիպիլ չէր կրնար չխօսիլ ու չգրել, որովհետեւ ինչպէս ինք կը գրէ բանաստեղծութեան մէջ. «Ինչ որ կեանքին կը կապէ զիս, ազատ, արձակ խօսելու ուժն է սրտիս»:

Սիպիլի անձը սքանչացում կը պատճառէր նաեւ հակառակ սեռի մտաւորականներուն. մեր գրականութեան յայտնիներէն Գրիգոր Զօհրապ հետեւեալը կը գրէ անոր մասին. «Այս երիտասարդ կինը, որ Սիպիլ կը ստորագրէ, իր անհատական կեանքովը պարծանքն է իր սեռին եւ մեծ տաղանդովը՝ մեր բոլոր գրականութեան»։ Սիպիլ իր գոյութեամբ փաստեց, որ մեր ազգային կեանքին մէջ անհրաժեշտ է կնոջ ներկայութիւնը. փաստեց, որ գրականութիւնը միայն արական սեռին տրուած յատուկ «շնորհք» մը չէ. Սիպիլի մասին իր գրածը Զօհրապ հետեւեալ տողերով կը վերջացնէ. «Գրականութեան մէջ ինքը պիտի մնայ ճշմարիտ ներշնչեալ կինը, որուն պատգամները պիտի սրտապնդեն մեզ՝ որ այնքան կարօտ ենք քաջալերութեան անոյշ ձայնին. եւ իրեն օրինակովը պիտի շարունակենք վաստակիլ, ապերախտ վաստակ, մինչեւ այն օրը որ Սիպիլ ապագան ցոյց տայ մեզի, յստակ եւ ջինջ հորիզոն, թողլով ներկան իր առօրեայ ծփանքին»:

Հայ գրականութեան այլ մեծերէն մին՝ Յակոբ Օշական եւս կը գրէ Սիպիլի մասին, ըսելով, որ «Ամէն քննադատ պարտաւոր է յարգալից հետաքրքրութեամբ կանգ առնել այս դէմքին առջեւ», յայտնելով, որ մեր բանաստեղծական գրականութեան մէջ Սիպիլ կը գտնուի փառքի պատուանդանին վրայ:

Իրականութեան մէջ Սիպիլի մասին խօսելու ժամանակ լրջօրէն կը մտածենք. ո՞վ է Սիպիլ. բանաստե՞ղծ թէ արձակագիր, ազգային գործի՞չ թէ մանկավարժ. որովհետեւ մէջ կը տեսնենք այն բոլորը՝ շնորհքի աղբիւր որպէս, որովհետեւ ան թէ՛ որպէս գրող եւ թէ որպէս գործիչ կը յաջողի իր դրոշմը ձգել հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ. անոր անունը կը յիշատակուի մեծ գրողներու՝ Շանթի, Լեւոն Բաշալեանի, Արփիարեանի եւ ուրիշներու կողքին. անոր մասին կը գրեն Ինտրա, Արփիարեան, Պէրպէրեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Արփիարեան անոր մասին կ՚ըսէ. «Արեւմտեան հայ գրագէտներուն շարքը առաջնակարգ կը գրաւէ, իսկ իբրեւ «կին հեղինակ» առաջին եւ անմրցակից». իր ժամանակակից գրողներէն Զապէլ Եսայեան եւս կը խօսի այս մեծ դէմքին մասին, ըսելով. «Սիպիլ գրականութեան մէջ ամենէն աւելի կին մնացած է». անոր մասին կը խօսի նաեւ Դանիէլ Վարուժան, գովելով այն աշխատանքը, որ Սիպիլ կատարեց հայ լեզուն զարգացնելու համար:

Սքանչացումով կը դիտենք, թէ ինչպէս 16 ամեայ աղջնակ մը իր մէջ հաւաքելով ուժերը կը յաջողի պայքարիլ եւ գաւառի մէջ ապրող աղջկանց համար վարժարաններ հիմնել. կարելի՞ է արդեօք պատանի Սիպիլը համեմատել մերօրեայ երիտասարդութեան հետ... որոնք ընդհանրապէս ազգի խնդիրներով հետաքրքրուած չեն. այսօր ո՞վ ունի այն վեհանձն հոգին եւ ինքնավստահութիւնը, կամաւորաբար նուիրուելու նման սրբազան առաքելութեան մը, որով կարելի պիտի ըլլար պաշտպանել հայ կնոջ խօսելու եւ կրթուելու իրաւունքը. այսօր կարելի է արական սեռին պատկանող մի քանի տասնեակ անուններ թուել, սակայն երբ խօսինք իգական սեռին մասին, կարելի չէ չյիշել Սիպիլը, որուն նմաններուն կարօտը ունինք այսօր ամէ՛ն ժամանակէ աւելի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Սիպիլին մասին բան գիտէ՞ք:

Պատասխան. Այո՛, Սիպիլ (Զապէլ Ասատուր) 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը ապրած նշանաւոր հայ բանաստեղծուհի եւ գրող է: Պոլսոյ մէջ ծնած այս գրողը հայ գրական վերածնունդի առանցքային դէմքն էր, որ յայտնի էր կանանց իրաւունքը պաշտպանելու եւ կրթութեան անհրաժեշտութիւնը բարձրաձայնելու իր յառաջադէմ հայեացքներով: Ան գրած է բանաստեղծութիւններ, վիպակներ ու պատմուածքներ, առաւելաբար սիրոյ, ինքնութեան եւ հայ կանանց պայքարին մասին: Անոր գրութիւնները նշանաւոր են իրենց յուզականութեամբ եւ խորութեամբ, ինչպէս նաեւ կանանց հզօրացման քարոզչութեամբ: Ան մեծ աշխատանք տարած է նաեւ բարեգործական գետնի վրայ օգնելով հայ կանանց եւ երեխաներուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024