ԱՂՕԹՔԻ ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆ

Աղօթքի մէջ յարատեւութիւնը՝ պատասխան առնելու անհրաժեշտ պայմաններէն մին է։ Ուստի պէտք է միշտ աղօթել՝ եթէ մարդ կ՚ուզէ աճիլ եւ զօրանալ հաւատքի եւ փորձառութեան մէջ։ Առաքեալը կը պատուիրէ. «յարատեւ աղօթել» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12) եւ «շարունակ աղօթել՝ արթուն մնալով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ» (ԿՈՂՈՍ. Դ 2)։ Իսկ Պետրոս Առաքեալ կը յորդորէ. «Զգաստ եւ արթուն եղէք, աղօթքի նուիրուելու համար» (Ա ՊԵՏ. Դ 7)։ Պօղոս Առաքեալն ալ կը պատուիրէ դարձեալ, ըսելով. «Որեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ, այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհունակ սիրտով Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են» (ՓԻԼԻՊ. Դ 7)։

Իսկ Յուդա Տեառնեղբայր, իր ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սակայն դուք, սիրելինե՜ր, յիշեցէք այն, իրարու հոգեւոր աճումին օգնեցէք ձեր սուրբ հաւատքովը։ Սուրբ Հոգիին օգնականութեամբը աղօթեցէք, եւ դուք ձեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէ՛ք, սպասելով որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր ողորմութեամբ յաւիտենական կեանք տայ մեզի» (ՅՈՒԴԱ, 20-21)։

Արդարեւ, մեքենաբար կատարուած իմաստէ զուրկ կրկնութիւնները եւ շատախօսութիւնը պէտք չէ շփոթել յարատեւութեան հետ։ Կրկնութիւններ եւ շատախօսութիւն երկար կը տեւեն, բայց գրեթէ անգիտակցօրէն կատարուած արարքներ են, իսկ յարատեւութիւնը տարածուած է ժամանակի մէջ, գիտակցաբար կը կատարուի եւ յաջորդականութեամբ, նպատակով մը եւ կատարուածին իմաստին խորանալով՝ հետզհետէ հաստատ եւ վստահ քայլերով յառաջանալ կը նշանակէ։

Բնութեան մէջ ալ կարելի է տեսնել յարատեւութեան արդիւնք կատարուած իրողութիւններու։ Զոր օրինակ, ժայռ մը ծակողը ո՛չ թէ ջուրին քանակը, այլ ամէն մէկ փոքր կաթիլի յարատեւօրէն ժայռին վրայ կաթիլն է։ Եւ ահաւասիկ, բնութենէն օրինակ մը՝ յարատեւութեան գործած հրաշքին։ Մարդուս կեանքին մէջ ալ կարելի է բազմաթիւ օրինակներու հանդիպիլ այս մասին, երբ ուշադրութեամբ դիտուի մարդկային արարքները ընդհանրապէս։ Եւ ի՜նչ յաջողութիւններ, յաղթանակներ ձեռք բերուած է յարատեւութեան շնորհիւ։

Աղօթքի մէջ յարատեւութի՛ւնն ալ, եւ ո՛չ թէ մեքենաբար կրկնութիւններ եւ շատախօսութիւններ, հրաշքներ են գործած, որոնց կը վկայէ պատմութիւնը եւ իւրաքանչիւր անձ՝ որ գիտէ իրողութիւնները դիտել եւ տեսնել հոգեւոր աչքով։ Ուստի, տեսնելու համար պէտք է նայիլ եւ ուշադրութեամբ դիտել շուրջը՝ ո՛չ միայն մարմնական, այլ եւ մանաւա՛նդ հոգեւոր աչքով։

Յարատեւ աղօթքը հոգիին անքակտելի եւ ամուր կապն է Աստուծոյ հետ, այնպէս որ Աստուծմէ կեանք, կենդանութիւն կը յորդի մարդուս կեանքին մէջ. եւ մարդկային կեանքէն մաքրութիւն եւ սրբութիւն կը ցոլանայ առ Աստուած։

Աղօթքի մէջ արթուն կենալ անհրաժեշտ է, քանի որ յարատեւելու համար արթուն ըլլալու է։ Եւ ո՛չինչ պէտք է արգիլէ մարդը արթնութեան մէջ։ Ամէն ջանք ընելու է մարդ՝ Յիսուսի եւ իր հոգիին միջեւ հաղորդակցութիւնը չխզելու եւ սե՛րտ պահելու համար։ Ամէն պատեհութիւն ձեռքէ պէտք չէ փախցնել՝ երթալու համար հոն ուր աղօթք կը մատուցուի՝ անկեղծ եւ մաքուր սիրտով։ Եւ անոնք որ ճշմարտապէս, անկեղծօրէն հաղորդ ըլլալ կ՚ուզեն Աստուծոյ հետ, պէտք է մասնակցին հաւաքական աղօթքներու՝ եկեղեցիի մէջ, որ է Աստուծոյ տո՛ւնը։ Հաւատարիմ ըլլալու է՝ ամէն մէկը իր պարտականութիւնը կատարելու, եւ եռանդուն եւ անձկալից քաղելու բոլոր հոգեւոր օգուտները, զորս կրնան ձեռք բերել։

Ամէն առիթէ պիտի օգտուին անոնք, որ անկեղծութեամբ կը մօտենան Աստուծոյ՝ իրենք զիրենք դնելու համար հոն ո՛ւր կրնան լոյս ստանալ երկինքէն։

Այս իմաստով, առանձնական աղօթքի չափ կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ՝ հաւաքական աղօթքը։

Ուստի հաւաքական աղօթքին անհրաժեշտութիւնը ցոյց կու տայ Յիսուս երբ կ՚ըսէ.

«Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա։ Որովհետեւ ո՛ւր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հո՛ն եմ՝ անոնց մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։

Յիսուսի այս խօսքէն աւելի յստակ պատճառ կարելի՞ է որ գտնուի՝ հաւաքական աղօթքի եկեղեցին հաւաքուելով աղօթելու անհրաժեշտութեան մասին։ Յիսուսի ներկայութեան, Անոր հետ աղօթելէ աւելի խորհրդաւոր ի՞նչ կարելի է խորհիլ, եւ աւելի զօրաւոր աղօթք ո՞ւր եւ ե՞րբ կարելի է մատուցանել…։

Կ՚ըսուի, թէ ընտանիքը՝ «առտնին եկեղեցի է», ապա ուրեմն ընտանեկան շրջանակի մէջ ալ պէտք է աղօթքլ եւ մանաւա՛նդ՝ պէտք չէ՛ զանց ընել նաեւ առանձին աղօթքը, քանի որ ա՛յդ իսկ է հոգիին կեանքը։ Անկարելի՛ է որ հոգին աճի եւ զարգանայ եթէ աղօթքը զանց առնուի։ Ընտանեկան կամ հաւաքական-հրապարակային աղօթքը չի բաւեր միայն։ Առանձնութեան մէջ հոգին պարզուելու է Աստուծոյ խորաթափանց ակնարկին տակ։

Առանձնական աղօթքը պիտի լսուի միա՛յն աղօթքը լսող Աստուծոյ կողմէ։ Ո՛չ մէկ հետաքրքիր ականջ պէտք է լսէ աղերսներուն իմաստը։ Առանձնական աղօթքի մէջ հոգին զե՛րծ է արտաքին ազդեցութիւններէ, զերծ՝ ամէն յուզումը։ Արդարեւ Յիսուս առանձնական աղօթքի մասին ալ կը զգուշացնէ, երբ կ՚ըսէ.

«Նմանապէս, երբ կ՚աղօթես՝ կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Դուն երբ կ՚աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ։ Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզի պիտի հատուցանէ յայտնապէ՛ս» (ՄԱՏԹ. Զ 5-6)։

Աղօթելու համար պէ՛տք է անկեղծ ըլլալ եւ մանաւա՛նդ հոգեպէս նուիրուիլ եւ գիտակցիլ աղօթքին կարեւորութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 17, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2017