ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՅՏԸՆԵԱՆԸ

Երէկ գիշեր երեկոյեան ընթերցանութեան ժամերուս կը թերթատէի Գրիգոր Զօհրապի նամականին եւ մեծ գրողին նամակները կը կարդայի. ուշադրութիւնս գրաւեց Արսէն Այտընեանի ուղղուած նամակը, ուր Գրիգոր Զօհրապ զինք կը դիմէր «Մեծանուն եւ համայն հայ գրականութեան պարծանք Հայր» ներբողով: Գրիգոր Զօհրապ այնքա՜ն կը յարգէ Արսէն Այտընեանը, որ նամակը կը սկսի հետեւեալ ներողամտական խօսքերով. «Ներողամիտ եղէք եթէ Ձեր անգին վայրկեաններէն մաս մը ուզեմ»:

Գրաբար լեզուի մասին հարց մը տալով Զօհրապ կը մեծարէ Այտընեանի աշխատանքներէն մին, ըսելով. «Ձեր հոյակապ Քերականութեան հրատարակումէն ի վեր ոչ ոք կրցած է նորութիւն մը ըսել այն բոլոր հարցերուն վրայ զորս քննած ու լուսաբանած էք»:

Նման անձ մը ինչո՞ւ անծանօթ կը մնայ մեր բոլորին...: Այս բոլորը պատճառ եղան, որպէսզի ուսումնասիրեմ ու ծանօթանամ հայ բանասէր, լեզուաբան ու գրաբարագէտ պոլսահայ Արսէն Այտընեանին, որ ապրած է 1825-1902 թուականներուն միջեւ:

Աղբիւրներու համաձայն, Այտընեան եղած է լեզուներու սիրահար եւ իր տասնվեց տարեկանին արդէն իսկ տիրապետած է լատիներէն, իտալերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն լեզուներուն, որոնց վրայ յետագային եկած են աւելնալու պարսկերէնը, յունարէնը եւ Հնդկաստանի հին գրական լեզու՝ սանսքրիտը: Այս բոլոր լեզուներուն կողքին առաւելագոյն իմաստութեամբ տիրապետած է հայերէն եւ գրաբար լեզուներուն եւ արդէն իսկ 20 տարեկան հասակին գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանած է տասնեակ մը գիրքեր:

Այտընեան ո՛չ միայն հայութեան, այլեւս ընդհանուր Եւրոպայի եւ աշխարհի հայագիտութեամբ զբաղուող գիտնականներու կողմէ արժանացած է յարգանքի գովեստի, մանաւանդ իր «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար լեզուի» աշխատութեան համար, որ իր ժամանակին լաւագոյն քերականական աշխատութիւնն էր: Անոր արժէքին ու աշխատութեան անդրադարձած են գերմանացի նշանաւոր լեզուաբան Պետերման, ֆրանսացի լեզուաբան ու հայագէտ Անթուան Մէյէ. վրացի արեւելագէտ Նիկողայոս Մառ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ Այտընեանը կոչած է «նոր հայերենի քերականութեան հայր»:

Այտընեանի գովքը կարելի է գտնել Զարթօնքի սերունդի գրեթէ բոլոր հեղինակներուն մօտ, որովհետեւ ան մեծապէս նպաստած է աշխարհաբար լեզուի զարգացման եւ բիւրեղացման կարեւոր գործին. արձակագիր Եղիա Տէմիրճիպաշեան իր «Գրական եւ հանրային դէմքեր» աշխատութեան մէջ հետեւեալը կը գրէ Այտընեանի մասին. «Ալիշան եւ Այտընեան, մին պատմելով ու միւսը պերճաբանելով ազգային լեզուին, նուազ զօրեցին իր վեհութիւնն ի վեր հանել»:

Այտընեան եղած է առաջիններէն որ յառաջացուցած է հայերէն լեզուով քարտէսներ։ Քերականութեան ու լեզուաբանութեան կողքին երկար տարիներ աշխատած է տպագրութեան ոլորտէն ներս՝ յառաջացնելով մի քանի տարբեր տառատեսակներ, որոնք ծանօթ են «վիեննական» անունով: Այս աշխատանքներուն կողքին Այտընեան զբաղուած է նաեւ մանկավարժութեամբ. Վիեննայի, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ ստանձնած է ուսուցիչի եւ վարժարանի վարիչի պաշտօնները՝ կիռարելով ժամանակակից ուսուցման մեթոտներ:

Այտընեանի կեանքէն կու գայ հիմնական երկու բան.-

Ա.- Վստահաբար Այտընեանի յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունի իր իմաստութիւնն ու սէրը լեզուի եւ քերականութեան հանդէպ, սակայն այդ ի վերուստ տրուած շնորհքէն աւելի յիշատակելի է Մխիթարեան վանքի ուսումը, որ հայ ժողովուրդին տուած է շա՜տ փայլուն սերունդներ. Մխիթարեան վանքէն ծնունդ առած է հայ բանասէր Վահան Ինկիլիզեան, բնագէտ եւ մշակութային գործիչ Ստեփան Սարեան, ձեռագրագէտ, բանասէր եւ լեզուաբան Յակոբոս Տաշեան, բանասէր ու պատմաբան Յովհաննէս Թորոսեան, հայագէտ ու բանասէր Նորայր Բիւզանդացի եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ նման առողջ սերունդ մը մանանայի նման երկինքէն չի՛ տեղար, այլ նման սերունդ մը կը կերտուի մի՛ միայն ուսման ու կրթութեան ճամբով: Պատահականութեան արդիւնք չեն որ վերոյիշեալներն ու իրենց նման բազմատասնեակ մտաւորականներ յայտնուած ըլլային Մխիթարեան վանքի շուքին տակ: Այսօր այդ կրթութեան պակասն է, որ մենք ունինք. այսօր շա՜տ դժուար ծնունդ կ՚առնեն պատմաբաններ, բանասէրներ, լեզուաբաններ, հայագէտներ ու ձեռագրագէտներ, որովհետեւ մեր կրթութեան ծրագիրը չունի այն ուժը՝ ինչ որ ունէր նախկինը:

Բ.- Յաճախ հակա-եկեղեցական մարդիկ կ՚արտայայտուին «Եկեղեցին ի՞նչ ըրած է» ըսելով. իրականութեան մէջ եթէ լաւապէս սերտենք մեր պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ թէ՛ լեզուական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ արուեստի եւ գրեթէ ամէ՛ն ոլորտի մէջ ակնյայտ է Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ներդրումն ու վաստակը: Գիրերու գիւտը եկեղեցականի մը կողմէ կատարուեցաւ. Հայոց պատմութիւնը գրի առնուեցաւ եկեղեցականի մը կողմէ. Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին դպրոցներն ու համալսարանները հիմնուեցան եկեղեցականներու կողմէ, լեզուն թէ՛ պահուեցաւ եւ թէ՛ բիւրեղացաւ եկեղեցականներու կողմէ. Հայ երաժշտութեան մեծագոյն հանճարը նոյնիսկ եկեղեցական մըն էր:

Յոռետեսութենէ հեռու մնալու եւ դէպի լա՛ւ ապագայ երթալու համար անհրաժեշտ է նման սերունդի մը ծնունդ տալ. թէեւ համաձայն ենք որ մարդ հաճնար կը ծնի, սակայն համաձայն ենք նաեւ որ մարդ նաեւ հանճար կը դառնայ՝ աշխատութեան, ուսումի եւ կրթութեան շնորհիւ:

Այտընեան բազմահազար մարդոցմէ միայն մէկն է՝ որուն ով ըլլալը գրեթէ մեծամասնութիւնս չենք գիտեր... Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -100-

Յայտնի հայատեաց հայ մը իր ելոյթներէն մէկուն մէջ բոլոր եկեղեցական գործիչները «ԷՇ» կը կոչէր, փոխանցելով իր այն համոզումը, որ բոլոր անոնք որոնք հետեւած են կրօնին՝ մոլորած «էշ»եր եղած են:

Թէեւ այդ ժամանակ փոքր, սակայն թերթին մէջ գրեցի յօդուած մը, ուր մէկ առ մէկ յիշեցի մեր ազգի պատմութեան մէջ կարեւորագոյն տեղ գրաւող «էշ»երուն մասին. Մեսրոպ Մաշտոցին, Խորենացիին, Վարդան Այգեկցիին, Մխիթար Գօշին եւ այլ «էշ»երու մասին, որոնց շնորհիւ ունեցած ենք լեզու, մշակոյթ, արուեստ եւ գիտութիւն:

Երանի՜ մէյմէկ էշեր ալ մե՛նք ըլլանք՝ պայծառացնելու համար լեզուն եւ մշակոյթը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2022