ՏԻՊԱՐ ԱՆՁԻ ՄԸ ԿԵԱՆՔԸ՝ «ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ»ԷՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ

Կեանքի մէջ «տիպար անձ» ըլլալ դիւրին բան չէ, իսկ մահէն վերջ «տիպար անձ» մնալ շատ աւելի դժուար է։ Այլապէս «տիպար անձ»ը ընտրել, անոր տիպար գործերուն, գաղափարներուն անդրադառնալ եւ առանց իր անձնաւորութիւնը կորսնցնելու՝ անոնց հետեւիլ իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն կը պահանջէ։

Ահաւասիկ, այս չափանիշներով, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, թէ՛ իր անձով, թէ՛ իր գործերով եւ թէ՛ իր ամբողջ կեանքով իրական «տիպար» մըն է եղած։ Իր ինքնակենսագրութիւնը կարելի է համարել «Խոհք եւ խօսք» հատորը՝ ուր արդէն կը յայտնուի «տիպար» անձը իր իսկ գործունէութեամբ եւ կեանքով։

Եւ ահաւասիկ մի քանի հատուածներ այս հատորէն՝ յուսալով որ շատ բան պիտի աւելցնէ մեր կեանքին վրայ՝ այն ինչ որ օգտակար է եւ օրինակելի՛…

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, 1918 ԱՊՐԻԼ 20/3 ՄԱՅԻՍ ՈՒՐ.

Բնական է որ միտքիս «խոհք»երը գրչի ներքեւ «խօսք»ի փոխարկեմ, եւ տեսութիւններս ու տեղեկութիւններս գիրի աւանդեմ։ Հետեւաբար, եթէ երբեք պատեհ առիթը ներէ կամ յորդորէ գրածս հրատարակութեան տալ, թող ընթերցողը ի զուր կարգ ու կանոն, շարք ու խնամք չփնտռէ գրածիս մէջ, եւ քննադատութեանց չաճապարէ։

Այս յառաջաբանէ ետքը կ՚ուզեմ ամփոփում մը տալ իմ գրական կեանքիս, համախմբելով ինչ որ այդ կեանքին շուրջը կը դառնայ, թէպէտեւ շատ կէտեր գրածիս ընթացքին մէջ ցրիւ յիշատակուեցան, բայց յատուկ ամփոփում մը կրնայ լաւագոյն գաղափարը տալ ինծի սիրելագոյն եղող նիւթին վրայ։

Գրական կեանքի հիմը կը կազմէ մէկուն ինչ ունեցած ըլլալը կամ ստացած միտքի մշակութիւնը։ Երկու եղած են իմ կատարած շրջանները, խօսքը չընելով մանկական ժամանակի տարրական մասին։ Մէկը Անտոնեանց վանքին մէջ բարձր նախակրթարանի ընթացքը, եւ միւսը Հռոմի Աթոռին համալսարանական դպրանոցին եկեղեցական գիտութեանց շրջանը։ Առաջինին մէջ աւանդուած նիւթերն եղան հայերէն, իտալերէն, գաղղիերէն եւ լատիներէն լեզուներ, կրօնագիտական եւ Ս. Գրոց պատմական գիտելիքներ, աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն, տրամաբանութիւն եւ հոգեբանութիւն, իսկ գիտութեանց մէջ միշտ համարողականը աւանդուեցաւ։

Հայերէնը՝ բացառաբար գրաբարը եղաւ միշտ, ճարտասանական եւ չափաբերական վարժութիւններ, աշխարհաբարը երբեք դասաւանդութիւն չեղաւ. մինչեւ իսկ ընկերական նամակները գրաբար կը գրէինք իրարու. աշխարհաբարը անհատական վարժութեան սահմանին մէջ մնաց, որուն ես աւելի հետեւողութիւն ունեցայ, եւ ամենէն լուրջ աշխատութիւններս ալ աշխարհաբար հրատարակած եմ, ժողովրդական եւ սահուն լեզուով, ինչ որ հետեւանք էր աշխարհաբարի կարեւորութեան եւ բաւարարութեան մասին ունեցած համոզումներուս…

Ուսմանց մէջ աւելի դրականին քան թէ հաճոյականին հետեւած եմ։ Ուստի ինծի նախադասելի եւ նախասիրելի եղած է պատմական ճիւղը, որուն մէջ բազմահատոր գործեր երիտասարդութեանս ատենը կարդացած եմ. բանաստեղծական մասը զիս շատ չէ հրապուրած։ Իրաւ պատանեկութեան եւ առաջին երիտասարդութեան տարիներուս ես ալ բաւական չափաւ բաներ գրած եմ, բայց աւելի վանքի մէջ գրական երեկոյթներու, եւ տօնական ու շնորհաւորական պարագաներու մէջ պէտք եղածը լրացնելու համար։

Աշխատութեանցս մէջ ալ միշտ պատմականը եղած է որ առաջին տեղը գրաւած է…

Ներգործականը երկու գլխաւոր ճիւղերու մէջ կը սիրեմ նկատել, այսինքն՝ ուսուցչական պաշտօններու եւ հեղինակութեան արդիւնքներու մէջ։

Ուսուցչութիւնը կարծես յատուկ կոչումս եղած է, զի 1860 հոկտեմբեր 28/9 նոյեմբերին սկսայ դասախօսել Անտոնեանց վանքը, եւ դեռ վերջին օրեր կը դասախօսէի Երուսաղէմի վանքին մէջ…

Ջանացած եմ միշտ բարոյական գետնի վրայ մնալ, վարդապետական նրբութիւններէ եւ հռետորական դարձուածներէ խորշած եմ սկզբունքով, պատմականը գործածած եմ պէտք եղած չափով միայն։ Դամբանականներու եւ հարսանիքներու մէջ զգուշացած եմ մարդահաճոյ եւ շողոքորդ ակնարկներէ, իսկ հանդիսական ատենաբանութեանց մէջ աշխատած եմ գործնական գետնի վրայ մնալ, կացութիւնը անխարդախ բացատրել, եւ պէտք եղած պայմանները հրահանգել։ Քարոզչական ոճը Դպրեվանքցւոց ալ յատկապէս աւանդած եմ, եւ Դպրեվանքի ոճը սկսած է բեմերու վրայ տիրապետել, հնօրեայ ոճէն բոլորովին տարբեր, աւելի ազդեցիկ եւ աւելի գնահատուած…

Ապրինք ուրեմն որչափ Կենաց Տէրը ժամանակ կը շնորհէ, եւ քանի ժամանակ կ՚ունենանք «գործեսցուք զբարիս»…։

Ահաւասիկ, վերը յիշուած «տիպար անձ»ի մը տողերը՝ անկեղծ, համեստ, եւ մանաւանդ մտերիմ, եւ նո՛յնքան դրական, հանգամանօրէն ուսուցանող, ուղեցոյց, օրինակելի ինքնակենսագրութենէ տողեր։

Եւ դարձեալ յիշենք՝ պէտք է օրինակ առնել տիպարներէ, բայց եւ երբեք չկորսնցնե՛լ իւրայատուկ անձնաւորութիւնը, ոճը եւ նկարագիրը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 10 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2022