ԱՆԹԵՐԻ ԵՒ ՏԻՊԱՐ ՄԱՐԴԸ
Բանականութեան բարեմասնութիւններով օժտուած եւ զանոնք օգտագործելու կարողութեամբ զօրացած մարդը բնական է որ միշտ կատարելութեան, անթերիութեան ձգտի եւ նպատակ ունենայ հասնիլ կեանքի գագաթնակէտին։ Բարեփոխութիւն, յառաջդիմութիւն եւ լաւի նուաճում մարդ էակին կոչումն է եւ կեանքի վերջնական նպատակը։ Եւ ա՛յդպէս պէտք է ըլլայ։
Ուրեմն մարդ պարտի միշտ լաւը ընել, աննախընթաց, նախապէս չպատահածը ընել, իր կարգին աննման եւ եզական, անբաղդատելի ըլլալ, որ կը նշանակէ՝ կատարեալ ու տիպար ըլլալ ընկերութեան մէջ։ Բայց ասոր համար պէտք է ջանք թափէ, ճգնի, քանի որ ամէն վարձք վաստակի, արդիւնաւոր աշխատանքի կը կարօտի։
Ամերիկացիներ կ՚ըսեն, թէ՝ կեանքի մէջ յաջող եւ յառաջադէմ մարդ ըլլալու, ընկերութեան մէջ լաւ տեղ գրաւելու համար, պէտք է կա՛մ ամէն մարդու ըրած սովորական, հասարակ գործէ մը տարբեր՝ բացառիկ գործ մը կատարէ, կա՛մ եթէ այդ չի կրնար ընել, սովորական գործ մը՝ լաւագոյն կերպով ընէ, իւրայատուկ շեշտ մը ունենայ։
Ահաւասիկ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կեանքի մէջ եթէ գործով, արտադրութեամբ եւ աշխատանքի ստեղծագործութեամբ անուանի ու յայտնի մէկը ըլլալ կ՚ուզէ մարդ, ապա ուրեմն պէտք է ջանք թափէ, ճիգ ընէ, լուրջ եւ անխոնջ կերպով աշխատի եւ ամերիկացիներուն ըսածին պէս՝ կա՛մ բոլորովին բացառիկ եւ սովորականէ դուրս, աննախընթաց, եզակի գործ մը ընէ եւ կամ սովորական գործ մը ընէ, բայց լաւագոյնը ընէ։ Անշուշտ երբ «լաւագոյն»ը կ՚ըսենք, կը մտաբերենք ուրիշ ժողովրդական իմաստութեան արտայայտութիւն մը՝ թէ «լաւագոյնը լաւին թշնամին է եւ արգե՛լք»։ Իրապէս, մարդ երբ լաւագոյնը ընել կը փորձէ, լաւը չի հաւնիր, եւ լաւագոյնը մտադրելով «լաւ»ով չի գոհանար, լաւն ալ չի կատարեր։ Այս մասին ալ պէտք է խորհրդածել։
Լաւը կատարող շատ մարդ կ՚ըլլայ, անոնք սովորական, հասարակ գործողներ են, ըսենք՝ միջին դիրքի վրայ եղող, միջակ մարդիկ, բայց կատարեալ եւ տիպար մարդիկ են անոնք՝ որ կրնան «լաւագոյն»ը ընել, աննախընթացը, աննմանը, եզականը, եւ դարձեալ անոնք են որ կը ներդաշնակեն, կը հաշտեցնեն «լաւ»ը եւ «լաւագոյն»ը՝ առանց իրարու թշնամացնելու։
Եւ ահաւասիկ, անոնք որ գիտեն կեանքի հակադիր արժէքները ներդաշնակել եւ անոնց մէջէն լաւագոյնը ընտրել, անոնք «մեծ մարդ» կը կոչուին եւ «տիպար» ըլլալու, կատարեալ ըլլալու առաւելութիւններովը կը պսակուին։
Հոս կարելի է խորհրդածութեան առարկայ ընել, թէ՝ ո՞վ է «մեծ մարդ»ը, ո՞վ է «տիպար» եւ «կատարեալ» մարդը, մտատիպար՝ «idéal», գաղափարատիպ մարդը։ Այս հարցը իրապէս յարաբերական է, ըմբռնում մը՝ որ պարագաներու եւ կեանքի պայմաններու, հասկացողութեան, հաւատալիքներու, մարդուս սկզբունքային տեսակէտին համեմատ կը փոխուի։ Զոր օրինակ, ոմանք մտատիպար կ՚ընդունին ստացուածքի առատութիւնը, հարստութիւնը, ոմանք՝ գիտութիւնը, գիտուն մարդ, շատ ուսած, հմուտ ըլլալը, ոմանք պարզ, համեստ ընտանիք մը ունենալը, անխռով, խաղաղ եւ անդորր կեանք մը ունենալը, ոմանք՝ երջանիկ ամուսնութիւն մը ըրած ըլլալը, ոմանք՝ ընկերութեան մէջ երեւելի, հռչակաւոր եւ մեծանուն ըլլալը, ոմանք՝ նոյնպէս համբաւաւոր եւ նաեւ բարձր դիրք ու կարեւոր աստիճաններ ունենալը, եւ ասոնց նման զանազան չափանիշներ՝ որոնք գրեթէ բոլորն ալ ընկերութեան մէջ «տեղ մը գրաւել», շրջանակ ունենալու գաղափարին վրայ հիմնը-ւած են։ Եւ կարծեմ քիչեր կը մտածեն ու կ՚ըսեն, թէ իրապէս «տիպար» եւ կատարեալ մարդը՝ իր շուրջիններուն օգտակար մա՛րդն է։
Արդարեւ մարդ գիտուն, ամենագէտ կըր-նայ ըլլալ, հարուստ, պերճանքի մէջ հանգիստ կեանք մը կրնայ ապրիլ, կրնայ նաեւ լաւ ընտանիք մը ունենալ, իր չափանիշներով երջանիկ ամուսնութիւն մը կարգած ըլլալ, նոյնիսկ ենթակայական ստուգանիշերով «բարի՛» ըլլալ, «բարեսէր» ըլլալ բայց բարեգործ չըլլալ, աշխատասէր ըլլալ բայց գործունեայ չըլլալ, արդիւնաբեր, օգտաւէտ չըլլալ։ Ուրեմն, այս կը նշանակէ, որ «տիպար» մարդ ըլլալ, մեծ մարդ ըլլալ արտաքին երեւոյթներու տեսքով չի յայտնուիր, այլ մանաւանդ պէտք է օգտակարութեան եզրը յայտնուի եւ մարդ կը բաւարարուի «բարի» եւ «բարեսէր» ըլլալով, այլ մանաւանդ ըլլայ «բարեգործ» եւ «օգտաւէտ»։
Ի՜նչ կ՚արժէ հարուստ ըլլալ եւ չօգտագործել հարստութիւնը իրեն եւ իր շուրջիններուն ի նպաստ։ Ի՜նչ կ՚արժէ գիտուն ըլլալ եւ չօգտագործել գիտութիւնը իրեն եւ իր շուրջիններուն համար եւ ի՜նչ կ՚արժէ բարի մարդու համբաւ վայելել բայց ոեւէ մէկու մը բարիք չընել։
Ուստիեւ ամէն արժէք իրապէս «արժէք»ի իմաստ եւ հանգամանք կը ստանայ, երբ արժէքը օգտակարութեան առիթ մը, միջոց մը ըլլայ։
Եւ այս իմաստով, կան մարդիկ, որ կը հասկնան իրենց շուրջինները, բայց չեն հասկցուիր իրենց շուրջիններէն։ Արդարեւ, անոնք գիտեն բարձրէն իջնել վար, բայց վարինները չեն կրնար բարձրանալ։ Համեստութիւն, պարզութիւն ցոյց կու տան բարձրութեան վրայ գտնուողներ, իրական մեծ մարդիկ, որոնք այնքան հազուագիւտ են, իսկական տիպարներ, բայց հասարակ գոռոզներ, ինքնահաւաններ չեն գիտեր խոնարհութեան ու չափաւորութեան արժէքը, եւ «ցած»ը կարծելով թէ «բարձր» է, չեն զիջանիր բարձրանալու եւ հասկնալու իսկական «բարձր»երը, վսեմները։ Եւ ահաւասիկ այս անհամեմատութենէն կը ծնի աններդաշնակութիւններ եւ անախորժ եղանակաւորումներ՝ որոնք կը վնասեն ընկերային կեանքի խաղաղութիւնը։
Արդարեւ մեծ մարդիկ, տիպար մարդիկ, կատարեալ մարդիկ գիտակցութիւնը ունին «համակրական հասկացողութեան»՝ «emphaty»ի, որ կը կատարելագործէ մարդս. անթերի կ՚ընէ, զօրաւոր նկարագրի տէ՛ր անիկա։
Երանի՜ որ կան աշխարհի վրայ մեծ, կատարեալ եւ տիպար մարդիկ, որոնցմէ օրինակ առնելո՛ւ ենք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 15, 2016, Իսթանպուլ