«ՍԵՒԱՄՈՐԹ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ»

Կեանքը կը շարունակէ իր բնական ընթացքը, տարիներ կը յաջորդեն տարիներու, շատ բաներ կը փոխուին, մարդիկ ալ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուին, եւ այսպէս տարի՜ներ կ՚անցին…։

Եւ ահաւասիկ կը մօտենայ նոր տարի մը՝ Կաղանդ մը, մարդիկ հետզհետէ կը պատրաստուին դիմաւորել «նոր տարի» մը եւս, նոր յոյսերով, նոր փափաքներով, նոր կեանքի մը ակնկալութեամբ։ Կաղանդին հազիւ երկու լման շաբաթ մնացած, այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել Յ. Գեղարդ-Յարութիւն Գազանճեանի մէկ պատմուածքը՝ ուր կը պատմէ մանկութեան հեռաւոր դրուագ մը։ Երբ մարդիկ այս օրերուն կը պատրաստուին դիմաւորել «Կաղանդ» մը եւս, հետաքրքրական պիտի ըլլայ կարդալ մանուկի մը կեանքի փորձառութեան մաս կազմող յիշատակ մը։ Եւ նո՛յնքան հետաքրքրական պիտի ըլլայ Կաղանդի մասին մեր խորհրդածութիւններէն առաջ ծանօթանալ Յարութիւն Գազանճեանի՝ Յ. Գեղարդի հետ եւ լսել իր շահեկան յիշատակը՝ ուր կ՚ենթադրուի, թէ «Կաղանդ պապան սեւամորթ» է։ Ահաւասիկ, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ, երբ պատմութեան մը «հերոս»ը շատ պզտիկ մանուկ մըն է։

Կաղանդի նախօրեակին հետաքրքրական է կարդալ Յ. Գեղարդը՝ Յարութիւն Գազանճեանը։

Եւ ահաւասիկ պատմուածքը՝ որ կը ներկայացնենք նոյնութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։

ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՍԵՒԱՄՈՐԹ Է

Քանի մը օրէ ի վեր, մայրս ինծի կ՚ըսէր, որ Կաղանդը մօտ էր, ու եթէ խելօք կենայի՝ «աղուոր բաներ» պիտի ունենայի։ Առաջին տարին ըլլալով, փոքրիկ սիրտս ալեկոծ, հարց կու տայի՝ ո՞վ էր «Կաղանդ պապան», ազգակա՞ն էր մեզի, ուրկէ՞ պիտի գար, գիտէ՞ր մեր տունը, կրնա՞ր շալկել բոլորին խաղալիքները…։

Մայրս շատ արժանիքներ կը վերագրէր այդ անծանօթին, կ՚ըսէր, թէ խոշոր տետրակի մը մէջ գրած էր բարի եւ չար տղոց անուններն ու հասցէները. բարիները պիտի վարձատրէր, չարերը պիտի զրկէր…

Սպասման այդ երեկոներէն մէկը՝ գացած էինք հանրային պարտէզ, միակը Պէյրութի մէջ՝ Ուաթ-ուաթ թաղին մօտ, եւ որ հիմա ալ կայ։

Կը քալէինք ծառուղիներէն, երբ հանդիպեցանք ծառի մը բունին կռթնած սեւ արձանի մը։ Մօտեցանք, ան սկսաւ ժպտիլ ու շարժիլ դէպի մեզ։ Բնազդաբար մօրս ձեռքը աւելի սեղմեցի, իսկ մայրս ու իր ընկերուհին կանգ առին արդէն՝ «Յիսուս Քրիստոս» մրմնջելով։

Մօտեցողին գլուխը կարմիր թաղիքէ գլխարկ մը կար, մէջքին՝ փայլուն սուր։ Բայց մեր վախը երկար չտեւեց, աչքերը չար չէին, քաղցրութիւն մը ունէին. ճերմակ ակռաները լայն շրթներուն միջեւ կը փայլէին։

Երբ խափշիկ զինուորը մեզմէ երկու մեթր անդին կանգ առաւ, եւ հասակը հասակիս հաւասարացնելու համար կկուզ ըրաւ, մայրս անշուշտ չհասկցաւ անոր ըրածը, բայց մայրական բնազդով զգաց. ինծի գուրգուրալ ուզող անծանօթը զաւակի, ընտանիքի կարօտէն մխացող սիրտ մը ունէր… ու քաջալերելով՝ «Գնա՛, տղաս,- ըսաւ,- բարի է»։

Տոտիկ-տոտիկ մօտեցայ, ան արդէն հանած էր գլխարկը, մէջը դրած խոշոր շոքոլա մը, նաեւ խորոված շագանակ, ու կ՚երկարէր ինծի։ Մօրս ժպտուն աչքերը հրաւիրեցին զիս որ առնեմ։

Ի՜նչ ուրախ էր խափշիկը, եւ ի՜նչ անուշ էր իր մատներուն դողը, երբ գուրգուրանքով զանոնք կը դպցնէր մազերուս ու այտերուս։

Չգոհացաւ շոքոլայով։ Ձեռքը տարաւ ծոցը, եւ դուրս քաշեց սեւափայլ խաղալիք մը, որ տեղաւորեց ձեռքիս մէջ։

Տարիներ ետք միայն պիտի հասկնայի, որ այդ արձանիկը՝ լայն շրթունքով, սուր ականջներով, ճերմակ ու տարօրինակ աչքերով՝ սեւ փղոսկրէ թանկագին զարդ մըն էր, գուցէ զինուորին իսկ ձեռքով շինուած, հայրենի Ափրիկէի մէկ անկիւնը…։

Քիչ ետք, երբ միացայ մօրս, առածներս գրպանած, ու բռնեցինք վերադարձի ճամբան, սեւամորթ զինուորը դեռ ծառին տակ էր, կարօտավառ կը նայէր ետեւէս, ու ձեռք կ՚ընէր։

-Աստուած տունի-ընտանիքի տէրը ղարիպ չընէ՛,- ըսաւ մօրս ընկերուհին։

-Մամա՛,- հարցուցի խանդավառ,- ա՞ս է Կաղանդ պապուկը։

-Տեսա՞ր, բարի եղար, ու Կաղանդ պապան ինչե՛ր ղրկեց քեզի,- վրայ բերաւ մայրս՝ օգ-տըւելով առիթէն։

Բայց ես մօրս պատասխանին չէի կապեր համոզումս։

Հանրային պարտէզի ծառին տակ շոքոլա, շագանակ ու խաղալիք տուող խափշիկ բարի զինուորը իմ մատղաշ մտքիս մէջ արդէն առած էր Կաղանդ պապուկի անջնջելի գիծեր։ Կաղանդ պապուկ մը, որ՝ հեռու իր զաւակներէն ու երդիքէն, կը սիրէր բոլորին զաւակները, բոլոր երդիքները։

***

Կաղանդի մասին մեր խորհրդածութիւնները վերապահելով Կաղանդի օրուան մեր յաջորդ մէկ գրութեան, մեծ հաճոյքով ներկայացուցինք լիբանանահայ գրագէտ Յ. Գեղարդի՝ Յարութիւն Գազանճեանի վերոյիշեալ տողերը։ Եւ ո՜րքան հաճելի է ծանօթանալ անձերու հետ, որոնք իրենց կեանքի փորձառութիւնները փոխանցելով մեզի, կը խանդավառեն, կ՚ոգեւորեն մեր հոգին, մեր մէջ կ՚արթնցնեն զգացումներ, որոնք նոր հորիզոններ կը բանան մեր մտային աշխարհին մէջ եւ խորապէս թափանցելով մեր մտքին մէջ՝ անջնջելի, մնայուն հետքեր կը թողուն հոն։ Եւ իրապէ՛ս ո՜րքան հաճելի է նոր հորիզոններ ունենալ՝ զարգացնել միտքը, անոր միացնել երեւակայութեան անուրանալի կարողութիւնը եւ ճամբորդել «վայր»եր՝ ո՛ւր նախապէս աներեւակայելի էին։

Յ. Գեղարդի մանկական այս յիշատակը առիթ եղաւ, որ Կաղանդը դիտենք տարբեր տեսանկիւնէ մը՝ մանուկի մը աչքերով եւ հոն տեսնենք «Կաղանդ պապուկ»ի իսկական դէմքը՝ թափանցելով անոր խորհուրդին՝ գորովալից անձնաւորութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 17, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2019