ԵՍ ԵՐԳԵԼՈՎ Կ՚ՈՒԶԵՄ ՄԵՌՆԻԼ
Շաբաթավերջին «Մանկական Եւրոտեսիլ 2021»ի Հայաստանի տարած յաղթանակը հպարտութեան եւ յուզումի պատճառ դարձաւ, անգամ մը եւս առիթ տալով խորհրդածելու եւ մտածելու հայու տաղանդին եւ անոր անմրցունակ մշակութային արժէքներու մասին:
Յաղթանակ, որ դարձեալ կու գայ հայուն յիշեցնելու, թէ պատերազմներու եւ ճակատամարտերու յաղթանակը բարբարոսներուն կը վայելէ, մինչ շնորհալիները մշակոյթով ու քաղաքակրթութեամբ յաղթանակ կը տանին: Մեր թուականէն 109 տարիներ առաջ Կոմիտաս Վարդապետ Պոլսոյ մէջ հայ երիտասարդ աղջկայ մը ձայնը լսելով 15 մարտ, 1912-ին Մարգարիտ Բաբայեանին գրած նամակին մէջ հետեւեալ տողերը կը յիշէ. «Խելագարուելիք բան էր, բնութիւնն ամէն բան կատարեալ է տուել, ձայն, հասակ, գեղեցկութիւն, խելք, շարժուձեւ, զգացում, շնորհալիութիւն... մի խօսքով, ես խելագարուեցայ»: Նոյն այդ բնութիւնը ամբողջական տաղանդ տուած էր նաեւ յաղթանակած մեր աղջկան՝ Արփինէ Մարտոյեանին, որուն բեմական անունն է Մալենա:
Հայ ազգի մէջ երգի եւ երաժշտութեան սէրը դարերու վրայ երկարող պատմութիւն ունի, որ մի՛շտ ալ ուշադրութեան եւ սքանչացումին առարկան դարձած է օտար ազգերուն, որոնք զմայլանքով յափշտակութեամբ ունկնդրած են: Օրինակ՝ յոյն պատմիչ Ռոմանոս Եմեսացի իր մատենագիտութեան մէջ Շնորհալին կը կոչէ «Երգացող», յունարէն լեզուով՝ «Սիմֆօնիասդէս», մինչ հայ ժողովուրդը զինք «Շնորհալի» կը կոչէ եւ այսպիսով յառաջ կու գայ «Շնորհալի Երգեցող» անուանումը: Պատմութիւնը լուռ կը մնայ, սակայն տրամաբանութիւնը կու տայ այն հարցը, թէ որքա՞ն կատարեալ ու սքանչելի ձայն ու շնորհք ունեցած պէտք է ըլլայ Շնորհալի, որ հայ թէ օտար զինք կը յիշատակեն իր արուեստով ու մշակութային գործունէութեամբ:
Շնորհալին ուսումնասիրած բանաստեղծ, բանասէր ու պատմաբան Ղեւոնդ Ալիշան եւս իր աշխատութեան մէջ խօսելով Շնորհալիի շնորհքներուն մասին կը գրէ. «չենք տարակուսիր կրթութեամբ, արուեստով եւ շնորհօք քաղցրութեանը վրայ. գուցէ Երգեցող անունն ալ՝ ոչ միայն երգահանութիւնը այլ եւ ձայնական կարողութիւնը նշանակէ» (Ղեւոն Ալիշան, «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», Գլուխ Է.): Պատմութիւնը շատ անգամ ալ արդար չէ՛ եղած. բազմաթիւ տաղանդներ պատմութեան ընթացքին մոռցուած են՝ որոնցմէ են Գրիգորիս Երգեցող, Կարապետ Աբեղայ Երգեցող եւ ուրիշներ:
Երգը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է հայ ազգի մէջ. դար մը առաջ թոքախտի հիւանդութեան որպէս լաւագոյն միջոց հայ բժիշկներ երգը կ՚առաջարկէին. այդ տարիներուն կատարուած վիճակագրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ երգող անհատներու կուրծքերը աւելի առողջ ու մաքուր են՝ քան չերգողներունը եւ այդ վիճակագրութեան լոյսին տակ է որ Յակոբ Պարոնեան իր «Խիկար» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Շատ երգեցէ՛ք: Չար մարդիկ երգ չունին, ըսած է բանաստեղծը. երգեցող մարդիկ թոքախտ չունին, կ՚ըսէ այսօր բժիշկը»: Գրական գործիչը մինչեւ իսկ կ՚առաջարկէր խօսիլը վերանար եւ մարդ խօսելու փոխարէն երգէր:
Իրապէս ալ չարերը երգ չեն կրնար ունենալ, որովհետեւ երգ սիրողը, երգի վրայ յուզուողը չար մը չի՛ կրնար ըլլալ: Ինչքա՜ն հրաշք գոյութիւն ունի երգին մէջ. շատ անգամ կը յուզէ ու կը տխրեցնէ սիրտը, ցաւոտ հին յիշատակներ կը զարթնեցնէ սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, սակայն հակառակ այդ ցաւերուն երբեք չե՛ս ուզեր վերջ գտնէ այդ երաժշտութիւնը։ Երաժշտութիւնը այդ ցաւին մէջ նոյնիսկ անուշ հրճուանք մը կու տայ մարդուն: Այդ երաժշտութեան ճարտար վարպետներ եղած են հայերը, որոնք իրենց երգով ու երաժշտութեամբ գոհացուցած են բազմաթի՜ւ դժուարահաճ թագաւորներու քմայքները:
Երգն ու երաժշտութիւնը հայը բարձրացուցած են Աստուծոյ մօտ։ Թերթեցէ՛ք Աւետարաններն ու Աստուածաշունչը. հրեշտակները այդտեղ Աստուծոյ հետ ոչ թէ կը խօսին, այլ կ՚երգեն:
Այս յօդուածներուն աղբիւրն ալ հաւանաբար երաժշտութիւնն է, որովհետեւ վստահ եմ ինձ նման այլ յօդուածագիրներ եւս դասական երաժշտութեան վերացնող երաժշտութեան ունկնդրութեամբ է, որ իրենց յօդուածները կը գրեն:
***
Հակառակ այս բոլորին, այսօր հայ երգը եւս իր նահանջը կ՚ապրի՝ հայկականէն անցնելով համաշխարհայնացման մշակութային չափանիշներու՝ «ժամանակը այս կը պահանջէ» կեղծ կարգախօսին ապաւինելով: Երաժշտութիւնը ժամանակի մէջ չի՛ կրնար սահմանափակուիլ: Եթէ երաժշտութիւնը հոգիի ծնունդ է, այնպէս ինչպէս հոգին անժամանակ է, նոյնպէս անժամանակ է նաեւ երգն ու երաժշտութիւնը:
Երանի՜ այն մարդուն, որ իր միտքին ու հոգիին մէջ մի՛շտ երաժշտութիւն մը, երգ մը ունի, երանի՜ անոր, որ երգը ապրելու նուրբ արուեստն ու ճաշակը ունի:
Այնպէս ինչպէս Սիամանթօ ըսաւ, մե՛նք եւս պարտինք ըսել... «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ»:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄՈՎՍԷՍ ԱՐԱԶԻ
(1878-1964)
Մեր թուականէն 57 տարիներ առաջ՝ 21 դեկտեմբեր 1964-ին Երեւանի մէջ մահացած է գրող, արձակագիր, թարգմանիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Մովսէս Արազի (բուն անունով Մովսէս Յարութիւնեան, ծանօթ նաեւ Ֆերնանտօ ծածկանունով):
Մովսէս Արազի ծնած է 20 մարտ, 1878-ին, Վրաստանի Շուլավեր քաղաքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա մեկնած Թիֆլիզ՝ իր ուսումը շարունակելու: Ուսանողական տարիներուն յեղափոխական ցոյցերու մասնակցելու պատճառով երկու անգամ՝ 1901-ին եւ 1905-ին ձեռբակալուած ու բանտարկուած է: Ազատ արձակուելէ ետք սկիզբ առած է Արազիի գրական ասպարէզը. իր առաջին գրութիւնը՝ «Տոն Կարապետի արշաւանքը դէպի Կղերստան» լոյս տեսած է Թիֆլիզի «Մուրճ» ամսագիրին մէջ՝ 1906 թուականին: Ան բանաստեղծ եւ գրական գործիչ Յակոբ Յակոբեանի հետ միասին հրատարակած է «Կարմիր մեխակներ» եւ «Բանուորի ալպոմ» ժողովածուները: Անոր պատմուածքներուն առաջին ժողովածուն լոյս տեսած է Թիֆլիզի մէջ, 1923 թուականին: Այնուհետեւ հրատարակած է պատմուածքներու այլ ժողովածուներ. ինչպէս՝ «Ապրողները» (1929), «Լոյսերը» (1931), «Կարմիր Կարօն» (1931, «Եկուորները» (1933) եւ ուրիշներ: Արազիի ամենէն յայտնի պատմուածքներէն մէկն է «Արեւը»: Ստեղծագործութեան կողքին Մովսէս Արազի կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ, հայերէնի թարգմանելով Գէորգ Նիկիֆորովի «Լապտերի մօտ» վէպն ու Մաքսիմ Կորքիի գրեթէ ամբողջական աշխատանքը՝ աւելի քան տասն հատոր:
Շնորհիւ իր վաստակին՝ Արազի արժանացած է «Լենին»ի եւ «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» շքանշաններուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ