ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ

«Ապերախտութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ զանց ընել բարիք մը, օգտակարութիւն մը եւ մանաւանդ ցուցաբերուած անկեղծ եւ ճշմարիտ սէրը եւ մերժել ճանչնալ զանոնք եւ ուրանալ բոլոր անոնք, չփոխարինել այդ ամէնքը անոր՝ որ տուած է մեզի։

Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ՝ ապերախտութիւնը անտարբերութեան արդիւնք է. չգնահատել բարին եւ օգտակարը։ Արդարեւ, աւելի ընդարձակ եթէ խորհինք, ապերախտութիւնը կրնանք նկատել ինքնահաւանութեան, մեծամտութեան, հպարտութեան արդիւնք նաեւ, քանի որ ինքնահաւան մարդը երբե՛ք չ՚ուզեր կարօտ ըլլալ, կամ կարօտ երեւիլ ուրիշի մը, եթէ նոյնիսկ նեղութեան մէջ ըլլայ։

Մինչդեռ մարդ կոչուած է իրերօգնութեան՝ իւրաքանչիւր անձ, որեւէ մարզի մէջ, միշտ կարիքը ունի ուրիշի մը, քանի որ ամէն մէկ մարդ օժտուած է տարբեր յատկութիւններով եւ կարողութիւններով։ Մարդկային պատմութիւնը չէ արձանագրած մէկը՝ որ իր վրայ հաւաքած ըլլայ բոլոր յատկութիւնները եւ կարողութիւնները…։

Երախտագիտութիւնը՝ այսինքն բարիք մը, օգնութիւն մը գնահատելու առաքինութիւնը խոնարհութեան եւ ինքնագիտակցութեան հարց է։ Խոնարհ եւ համեստ մարդիկ միայն երախտագէտ կրնան ըլլալ։

Մարդ, ամէն բանէ առաջ պէտք է երախտապարտ ըլլայ Աստուծոյ, իր ամէն մէկ շունչին համար, քանի որ շունչը հոգի է, եւ հոգին՝ կեա՛նք։

Երախտագիտութիւն, պատիւ եւ սէր պէտք է ընծայուի ծնողներուն, նաեւ պապերուն եւ նախահայրերուն։ Ծնողասիրութիւն, այսինքն ծնողներու հանդէպ յարգանքը կը կայանայ երախտագիտութեան մէջ անոնց հանդէպ, որոնք կեանքին պարգեւովը, իրենց սիրովը եւ աշխատանքովը՝ իրենց զաւակները աշխարհ բերին եւ հնարաւոր դարձուցին որ անոնք մեծնան հասակով, իմաստութեամբ եւ շնորհքով։ Մանուկի մը հասունութեան ստուգանիշն է՝ անդրադառնալ իր շրջապատին, գիտնալ թէ առանձին չէ, եւ իր ընտանիքէն զատ կան նաեւ ընտանիքներ, կա՛յ «ուրիշ»ը իրմէ զատ եւ պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ ունի «ուրիշ»ին նկատմամբ եւ թէ կեանքի բարիքները պիտի բաժնէ անոր հետ, որ համահաւասար իրաւունք եւ բաժին ունի կեանքի բարիքները վայելելու համար։ Ուրիշին գոյութիւնը չընդունող, աշխարհի բարիքներուն բաժնեկից չընող մէկը՝ ի՛նչ ալ ըլլայ տարիքը, հոգեպէս «հասուն» չ՚անուանուիր։

«Ամբողջ սրտովդ փառաւորէ՛ հայրդ եւ մի՛ մոռնար մօրդ ցաւերը։ Յիշէ՛ որ անոնք քեզ լոյսին բերին. դուն անոնց ըրածը ի՞նչպէս պիտի փոխարինես, ի՞նչպէս պիտի փոխադարձես» (ՍԻՐ. Է 28-30)։

Երախտագիտութեան արտայայտութիւններէն են՝ հնազանդութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։

Ապերախտ մէկը չի կրնար հաւատարիմ ըլլալ, եւ փոխադարձաբար, անհաւատարիմ մէկն ալ երախտագիտութեան զգացումէն բոլորովին զրկուած է, չունի իր մէջ այդ ազնիւ զգացումը եւ նաեւ չունի այդ առաքինութեան գիտակցութիւնը։ Երախտագիտութիւնը անժամանակ է. մարդ որոշ ժամանակի համար երախտագէտ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ երախտագիտութիւնը նկարագի՛ր մըն է։

«Զոր օրինակ, Մովսէս պատուիրեց ձեզի ըսելով.- Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.- Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի։ Մինչդեռ դուք կը սորվեցնէք՝ թէ ով որ իր հօրը կամ մօրը ընէ.- Այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ կորբան է, այսինքն Աստուծոյ նուիրուած է, ա՛լ չի կրնար օգնել իր հօրը կամ մօրը». (ՄԱՐԿ. Է 10-12)։

Հին Ուխտին տնտեսութեան մէջ, երկրիս երախայրիք եղող «հաց»ը եւ «գինի»ն Արարչին զոհ մատուցուած են նշան երախտագիտութեան։

Մէկու մը հանդէպ ապերախտութիւնը, անոր համար մահէն ալ աւելի՛ մահ է։ Արդարեւ, Քրիստոս խաչեցին նախ իր «բարեկամ» կոչածները եւ ապա՝ հեթանոսները եւ առաջին մահը աւելի մա՛հ էր քան երկրորդը՝ մահէ մահ։ Այս ուղղութեամբ, ապերախտ բարեկամը աւելի վտանգաւոր է քան յայտնի թշնամին։ Արդէն ապերախտ մէկը արժանի չէ բարեկամ կոչուելու, քանի որ ապերախտութիւնը իր հետ ունի անհաւատարմութիւնը. իսկ հաւատարմութիւնը ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամութեան մը նախապայմա՛նն է։

«Ով Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր, եւ քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՛ անգամ քու տղաքդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ, եւ դուք չուզեցիք»։ (ՄԱՏԹ. ԻԳ 37-39), (ՂՈՒԿ. ԺԳ 34-35)։

Յուսախաբութեան այս հարուածը աւելի ծանր էր Յիսուսի համար քան մահը։ Խաչը տրաման էր մահուան մը որ նախընթաց փորձառութիւն մը եղած էր իր հոգիին մէջ, եւ մահէն աւելի մա՛հ էր սեւութեամբ։

Ապերախտութեան փոխադարձն է յուսախաբութի՛ւնը։

Նաեւ Յուդան… ըսենք, ապերախտութեան մարմնացումը, կենդանացումը, որ կը պատէ Յուդայի հոգին։ Ո՞վ պիտի չնախընտրէր յայտնի թշնամի մը, հակառակորդ մը ունենալ եւ անոր հարուածներուն առարկայ ըլլալ, անոր միջոցով զարնուիլ քան «բարեկամ»է մը մատնուիլ։ Բարեկա՛մ մը… կարծեցեալ՝ սուտ բարեկամ մը… որ կը խաբէ, կը դաւէ, կը վատանայ, եւ սէրը կը մսխէ, եւ իր սիրտը կը ցամքեցնէ ամէն նուիրական զգացումէ։ Եւ ահաւասի՛կ, ապերախտութեան պտուղներէն մին եւս. մատնութի՛ւն…։ Վստահութիւն շահագործել՝ վստահութիւնը փոխարինել վատութեամբ…։

Գիտենք որ Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ մեռաւ, այդպէս չէ՞. այդպէս չէ՛, ո՛չ. Յիսուս մեռաւ տաճարին գաւթին մէջ, Գեթսեմանիի մէջ, կրկին եւ կրկին անգամ խոցոտուած մեղաւոր ընկերութեան մը պատճառած յուսախաբութեան հատու հարուածներէն եւ իր բարեկամներուն ապերախտ, վատ եւ վեհերոտ վերաբերմունքէն։

Ո՛չ Յիսուսի տագնապին եւ ոչ ալ անոր մահուան բաժնեկից եղան իր այն բարեկամները, որոնք կրկին եւ կրկին իրենց սիրոյն եւ հաւատարմութեան յայտարարութիւնը ըրեր էին։ Ահաւասի՛կ ապերախտութեան մարմնացումը անհաւատարիմ բարեկամներու անձերուն մէջ։

Մենք չըլլա՛նք այն դասակարգի մարդոց նման՝ որոնց «վա՜յ»ը (ՂՈՒԿ. Զ 24-26) տուաւ Յիսուս, եւ որոնց նմաններէն սպաննուեցաւ նախ հոգիովը եւ ապա՝ խաչին վրայ մարմինովը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2022