ՀԱՒԱՏԱԼ ԵՒ ԳԻՏՆԱԼ
Արեւը վաղը առաւօտ պիտի ծագի՞։ Տարօրինակ եւ անիմաստ հարցում. առանց բացառութեան ամէն մարդ պիտի պատասխանէ՝ այո՛։ Ստեղծագործութեան առաջին օրէն իսկ արեւը, անխափան ծագած է եւ օր մը իսկ չէ՛ եղած որ արեւը չծագի։ Ամէն խաւարին հասած է անպայմա՛ն լոյսը եւ ամէն գիշերուան՝ արեւը, լոյսը։
Ասիկա, մարդ կ՚ըսէ, որովհետեւ փորձառութեամբ գիտէ՛, որ արեւը անպայման պիտի ծագի։ Բայց կարելի՞ է այսքան վստահ ըլլալ, թերեւս վաղը աշխարհը իր ընթացքը պիտի դադրեցնէ… եւ այլեւս արեւը պիտի չծագի աշխարհի վրայ. ո՜վ գիտէ։ Մինչեւ հիմա այդպիսի բան չէ պատահած, բայց ասիկա ցոյց կու տա՞յ, թէ ասկէ վերջ ալ պիտի չպատահի։
Ուրեմն, որեւէ հարցումի բացարձակ եւ ստոյգ պատասխան մը տալ կարելի չէ՝ մանաւանդ երբ հարցումը «վաղուան» մասին է։ Անշուշտ, փորձառութիւնը մեծ դեր կը խաղայ գիտութեան մասին։ Բայց պէտք է միշտ նկատի ունենալ ամէն հաւանականութիւն։
Bertrand Russell-ի (1872-1970թթ.) համաձայն հինգ մասնագէտի կողմէ վաւերացուած գիտելիք մը ստոյգ է։ Բայց կեանքի մէջ կա՞յ որեւէ ստոյգ տեղեկութիւն։
Բնութիւնը տեւական բարեփոխութեան ենթակայ է եւ մարդուս համար միշտ անծանօթ է ապագային նկատմամբ։ Ուստի, եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուա՛ր է որեւէ երեւոյթի կամ տեղեկութեան մասին, մանաւանդ երբ անծանօթ ժամանակի մը կը վերաբերի նիւթը՝ ստոյգ խօսիլ։
Եթէ որեւէ գիտելիք ստոյգ չէ՝ այդ անծանօթը ինչպէ՞ս կարելի է յստակացնել, կամ այդ «պարապութիւն»ը ինչպէ՞ս կարելի է լեցնել, ամբողջացնել։
Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ համոզումը եւ համոզումին հաստատ վիճակը՝ հաւատքը։
Ո՛չ մէկը կրնայ գիտնալ, թէ վաղը, ընդհանրապէս յառաջիկայ օրերուն ի՛նչ կը պատահի։ Անհաւանական եղելութիւններ, անակնկալներ, աներեւակայելի դէպքեր միշտ կը պատահին եւ ո՛չ ոք կրնայ կանխել զանոնք։ Ոչ մէկ բան ստոյգ է այս մասին։ Մարդուս ապագայի մասին ծրագիրները, նախատեսութիւնները կրնան չիրականանալ որեւէ անակնկալ դէպքով մը։ Ուրեմն, կեանքի մէջ ոչ մէկ բան ստոյգ է եւ մարդ անկարող է բոլոր հաւանականութիւնները նախատեսել եւ գիտնալ։ Մէկ խօսքով՝ մարդ անորոշութեան մէջ կ՚ապրի։
Ահաւասի՛կ, այս անորոշութիւնը կարելի է փարատել եւ յստակացնել հաւատքով։
Այստեղ կարեւորութեամբ պէ՛տք է նշել, թէ՝ «հաւատք»ը կը գործածենք իր լայն եւ ընդհանուր իմաստով, որպէս «զօրութիւն», որպէս «հաստատ համոզում»։ Կրօնական նշանակութիւնը «հաւատք» լայն առումին մասը կը կազմէ։ Մարդ քանի որ անորոշութեան մէջ կ՚ապրի, կը վստահի իր համոզումներուն, իր փափաքներուն իրականացման ընթացքին։
Անորոշութիւնը՝ վախ կը ստեղծէ։ Մարդ այդ վախին դէմ վստահութիւն մը, ապաւէն մը կը փնտռէ։ Եւ երբեմն սխալ եւ անիմաստ հաւատալիքներու գերին կը դառնայ։ Ահաւասիկ, այս պատճառով, համոզումներուն տեսակը, կերպը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ եւ մարդը կա՛մ սխալ, կա՛մ ուղիղ ճամբու կ՚ուղղէ։
Աշխարհի վրայ հարիւրաւոր կրօնք, դաւանանք եւ հաւատալիք կը գտնուի։ Անշուշտ, խղճի ազատութիւնը կը պահանջէ, որ ազատօրէն ընտրէ եւ հետեւի իր համոզումներուն։
Բայց հարցը սա է. այդ ազատութեամբ ընտրուած ճամբան, համոզումը ընդոծի՞ն է, թէ ստացական։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդ իրապէս ազատօրէն կ՚ընտրէ իր ճամբան, իր համոզումը իրապէս ի՛րն է, թէ՝ իր նախնիներէն փոխանցուած, չըսելու համար պարտադրուած, աւանդ մըն է։ Համոզումը ծինային փոխանցում մը պէտք չէ ըլլայ. այլ ազատ կերպով, ամէն ճնշումէ անկախ բոլորովին ինքնուրոյն՝ առանձնայատուկ։
Մարդ բանականութեամբ օժտուած էակ մըն է. ան պէտք է իր մասին որոշումները ի՛նք տայ։ Մարդ որքան բանական, նոյնքան ալ հոգեւոր էակ մըն է եւ խիղճ մը ունի։ Ան որքան վստահի իր բանականութեան, այնքան ազատ եւ որքան անդրադառնայ իր խղճին եւ լսէ անոր ձայնը, այնքան անկախ կ՚ըլլայ։
Մարդ եթէ որեւէ կասկած, տարակոյս չունենայ կեանքին ընթացքին, կը կարծէ թէ ամէն ինչ գիտէ եւ գիտցածները ամբողջ գիտութիւնն է։ Այն ատեն ալ, մարդ ուրիշներուն գիտութեան տարածքը կը սահմանափակէ եւ յաւակնոտ, մեծամիտ անձի մը կը վերածուի։ Այլապէս, ուրիշներուն կարծիքները, համոզումները կ՚արհամարհէ, նկատի չ՚առներ։
Ասիկա, մարդուն արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ, քանի որ ամէն մարդու համոզումը իրեն կը վերաբերի եւ կարեւոր է։ Կեանքի անորոշութեան մէջ համոզումներու եւ հաւատալիքներու զանազանութիւնը շատ բնական է, կարեւորը՝ իրերհասկացողութիւնն կացողութիւնն ու հանդուրժողութիւնն են։ Այս մասին՝ զանազանութիւնը ո՛չ թէ անջատող, բաժնող, այլ պէտք է մանաւանդ միացնող, ամբողջացնող բնոյթ մը ունենայ։ Եւ ասիկա ալ կարելի է իրարու ազատութիւնը յարգելով։
Փափկանկատութիւնը առաքինութիւն մըն է։ Փափկանկատութիւնը վարմունք մըն է։ Արտաքին արտայայտութիւն է։ Բայց կայ նաեւ ներքին փափկանկատութիւնը՝ մտային նրբանկատ զգացում մը, հասկացողութիւն մը։ Համակրական հասկացողութիւնն է ասիկա։ Ուրիշը մտիկ ընել, հասկնալու աշխատիլ, ճանչնալ զայն եւ ամենէն կարեւորը՝ յարգել տարբեր համոզումներ, հաւատալիքներ ունեցողները, քանի որ ամէն համոզում արժէք կը ներկայացնէ, քանի որ ենթակային բանականութեան եւ խղճին արդիւնքն է ան։ Ամէն համոզում եւ հաւատալիք յարգանքի արժանի է, այնքան ատեն որ ան անկեղծ է եւ յետին նպատակներու չի ծառայեր եւ դիտաւորութիւն մը չունի…
***
Վերոյիշեալ խորհրդածութիւններէն բոլորովին անջատ կ՚ուզեմ երկու զգացում բաժնել իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուս հետ։
Նախ, մեծ ցաւով գոյժը ստացայ նախկին կէտիկփաշացի, սիրելի Միհրան սարկաւագ Շահպազի, որ կը ծառայէր Լոս Անճելեսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցին եւ վերջերս իրեն շնորհուած էր «Ներսէս Շնորհալի» շքանշան՝ ձեռամբ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Երկրորդ, անցեալ շաբաթ օր Սուրբ Մծբնայ Յակոբի յիշատակի տօնին, շնորհաւորեցի Յակոբ անունը կրող հին բայց մշտնջենաւոր բարեկամներուս անուան յիշատակի օրը։
Ի՜նչ բարեկամներ՝ որը 75, ուրիշը 50, միւսը՝ 40 տարուան բարեկամներ եւ անշուշտ աւելի նորեր։ Տարիներ ի՜նչ արագ կ՚անցնին սիրելի բարեկամներ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024