ԲԱՐԻ Ե՛Ւ ԱՐԴԱՐ ԸԼԼԱԼ

Մարդ, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, իր նմաններուն հետ փոխյարաբերութիւններ կ՚ունենայ, եւ այս փոխյարաբերութիւններու մէջ կը շարժի եւ կ՚արտայայտուի զանազան զգացումներու ազդեցութեամբ։

Արդարեւ, մարդկային փոխյարաբերութիւնները կ՚ընթանան զգացումներու արտայայտութեան ստեղծած ընթացքին մէջ։ Այլ խօսքով՝ մարդուս ամբողջ ընկերային, հասարակական կեանքը կախում ունի իր զգացումներուն արտայայտութեան կերպէն։

Մարդկային զգացումներու արտայայտութեան կերպն է, որ կ՚որոշէ անհատին ընկերային կեանքի մէջ դիրքը, նկարագիրը եւ մանաւա՛նդ անձնաւորութիւնը ընդհանրապէս։ Եւ այս զգացումներուն գլխաւորներն են՝ բարութիւն եւ արդարութի՛ւն։

Իսկ այս երկու արտայայտութիւնները ուղղութիւն կ՚առնեն՝ ենթակային սիրոյ ազնիւ զգացումէն։ Ուստի մէկը երբ սիրոյ ազնիւ զգացումէն կը ստանայ իր կեանքի ընդհանուր նկարագիրը եւ ապրելակերպը, կրնայ «բարի» եւ միանգամայն «արդա՛ր» ըլլալ։

Ուստի «բարի» եւ միանգամայն «արդար» ըլլալ դժուար է, մարդ կրնայ բարի ըլլալ ընդհանրապէս, մասամբ դիւրին է ասիկա, բայց կրնայ արդար չըլլալ։ Ամէն «բարի» կարելի՞ է, որ նաեւ «արդար» ըլլայ։ Խնդրակա՛ն է։ Այս հարցումին յստակ պատասխան մը տալ դժուար է, եթէ ո՛չ անկարելի, քանի որ այս երկու արտայայտնութիւնները, ըստ էութեան հակոտնեայ զգացումներու հետեւանք են։ Թէ ինչո՞ւ։ Քանի որ ամէն մարդու հանդէպ բարութեամբ վարուիլ՝ երբեմն արդարութեան զգացումը կրնայ վտանգել։

Այս մասին խորհրդածելէ առաջ, փորձենք ուսումնասիրել «բարի»ն եւ «արդար»ը, թէ ի՛նչ իմաստ ունին եւ ի՛նչ դեր կը խաղան մարդկային կեանքի եւ փոխյարաբերութիւններու մէջ։

Հին աշխարհի իմաստասէրներ բաւական վէճ ունեցած են «բարի»ի մասին։ Ամենաբարձր եւ ծայրագոյն, գերազանց բարին՝ «souverain bien»ը որոշել կարելի՞ է։ Զոր օրինակ, գերազանց գեղեցիկ, կամ գերազանց ճշմարտութիւն մը երեւակայել կարելի՞ է։ Արդարեւ, ասիկա յարաբերական արժէք մըն է, քանի որ մէկու մը «բարի» ըլլալ, մէկ ուրիշին կրնայ «չարութիւն» ըլլալ, գոնէ «բարի» չըլլալ։ Շաքարախտէ տառապող մէկու մը շաքար տալ բարի գործ մը կարելի՞ է համարել։ Մինչդեռ շաքարը քաղցր է, եւ մէկու մը շաքար հրամցնելու մէջ որեւէ չարութիւն չի գտնուիր։ Բայց շաքարախտէ տառապողին շաքար հրամցնել՝ նպատակի շեղում մը կայ. այն որ արտաքնապէս բարի կ՚երեւի, ներքնապէս չարագործութիւն է։ Եւ այս օրինակները կարելի է բազմացնել՝ մէկու մը չախորժած որեւէ բան տալ բարիք չէ, մինչդեռ ուրիշ մէկու մը՝ որ նոյն բանէն կ՚ախորժի՝ բարի՛ք է։ Ուրեմն «բարի»ն յարաբերական է, եւ կը փոխ-ւի մարդուս հաճոյքներուն, հաւատալիքներուն, ըմբռնումներուն համաձայն։ Անօթի մէկու մը ուտելիք տալ բարիք է, կասկած չկա՛յ։ Բայց նեխած ուտելիք տա՞լ…։

Արդարեւ, ընդհանրապէս տա՛լը բարի արարք մըն է, բայց վնասակար բան մը տալ՝ չա՛ր արարք մըն է։ Ուրենմ «տալ»ը պէտք չէ ընդհանրացնելով «բարի» կոչել, քանի որ «տալ»ը կրնայ չարիք ալ բերել։ «Բարի»ն՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքական տեսակէտով, պէտք է նկատի ունենալ պարագաներու եւ յատկութիւններու եւ վիճակներու համեմատութեան չափանիշով։

Ուրեմն, ամէն «բարի» ճիշդ չէ՛։

Արդարեւ, քանի որ Աստուած իմաստութեա՛մբ կը ստեղծէ, ապա ուրեմն արարչագործութիւնը բարի է եւ բարեկա՛րգ։ Բարի է, քանի որ «Աստուած ամէն ինչ կարգաւորած է չափով, թիւով եւ կշիռքով» (ԻՄԱՍ. ԺԱ 20)։

Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային բարութենէն, եւ Ան կը մասնակցի այս սկզբնական գերագոյն բարութեա՛ն. «Եւ Աստուած տեսաւ որ բարի էր… շատ բարի» (ԾՆՆԴ. Ա 4)։ Առարկայական ստուգանիշ մը կարելի՞ է ունենալ «բարի»ին եւ «չար»ին նկատմամբ։ Ստուգանիշը գերագոյն եւ բացարձակ բարին՝ Աստ-ւած է, քանի որ ան բարութիւնը կը ներկայացնէ «չափ»ով, «կշիռք»ով, եւ անոր կու տայ տիեզերական եւ ընդհանրական հանգամանք։ Ուստի, չափաւոր եւ կշռուած բարիքը իսկական «բարի»ն է՝ բարձրագոյն բարի՛ն։

Եւ ահաւասիկ, բարիին չափով եւ կշիռքով ներկայացումը եւ արտայայտութիւնը մեզ կը տանի «արդարութեան» բարձր գաղափարին։

Երբ արժէք մը յարաբերական բնոյթ ունի, զայն պէտք է ներդաշնակել արդարութեան բարձր գաղափարով։ Ուրեմն կը հետեւի. բարին իրապէս «բարի» է՝ երբ կ՚արտայայտուի չափով եւ կշիռքով, այսինքն՝ արդարութեա՛մբ։ Այս կը նշանակէ՝ արդարութեան հետ ներդաշնակուած բարին՝ գերագոյն բարի՛ն է՝ աստուածային բարութեան նմանութեամբ։

Ուրեմն ի՞նչ է արդարութիւնը, այն՝ որ ճիշդ է, ուղիղ է եւ շիտակ, եւ կը ներկայացնէ ճշմարտութի՛ւնը։ Արդարեւ, արդարութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է եւ յատկութիւնը՝ որ կը ներկայանայ յարատեւ եւ հաստատ մտադրութեամբ եւ կամքով տալու մէկու մը՝ ի՛նչ որ պարտական եւ պարտաւոր է անոր։ Այս իմաստով, արդարութիւն է ճանչնալ, հաւատալ եւ պաշտել Աստուած, ինչպէս իրաւունքը ճանչնալ Իր արարածներուն՝ մարդոց։

Արդարութիւնը, մարդս տրամադիր կ՚ընէ հաստատակամօրէն յարգելու իւրաքանչիւրին իրաւունքը եւ հաստատելու մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ներդաշնակութիւնը, խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնը՝ որ կը հրահարէ արդարութիւնը հանդէպ անհատներուն եւ հասարակաց բարիքին մանաւանդ։

Արդար մարդը կը զանազանուի իր հաւատալիքներուն, մտածումներուն, գաղափարներուն սովորակի անաչառութեամբ, մերձաւորին եւ իր նմանին հանդէպ ընդհանրապէս իր վարքին ուղղութեամբ եւ ուղղամտութեամբ, ինչպէս յաճախ յիշուած եւ նկարագրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ զանազան առիթներով։

Եւ ահաւասիկ, արդարութեան չափանիշ մը Սուրբ Գիրքէն, որ սկզբունքային հանգամանք մը ունի. «Աղքատին հանդէպ աչառութիւն պիտի չունենաս, ո՛չ ալ նախասիրութիւն զօրաւորին հանդէպ. արդարութեամբ պիտի դատես ընկերդ», (ՂԵՒ. ԺԹ 15)։ Եւ այս ուղղութեամբ, Պօղոս առաքեալ եւս կ՚ըսէ, կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ. «Իսկ դուք, տէրե՛ր, իրաւունք եւ արդարութիւն ըրէք ձեր սպասաւորներուն։ Գիտցէք, որ դուք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ», (ԿՈՂՈՍ. Դ 1)։

Ի՞նչ կը խորհիք, իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, Սուրբ Գիրքի այս հատուածները լաւագոյն կերպով եւ յստակօրէն չե՞ն բացատրեր «բարի»ի եւ «արդարութեան» իրարու նկատմամբ ունեցած կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, եթէ մարդ իրական սէր ունի, թէ՛ բարի է եւ թէ՛ արդար է, քանի որ սիրո՛վ կրնայ ներդաշնակել եւ արտայայտել զանոնք։

Պահ մը խորհինք. յանցաւորի մը ներել՝ բարի՞ գործ մըն է, երբ յանցանքէն վնասուողը կ՚անտեսուի. յանցաւորին համար թերեւս բարիք, բայց արդարութիւնը ոտնակո՛խ ընելու գինով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 12, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018