ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Աստուածային պատկերը ներկա՛յ է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ։ Օժտուած հոգիով մը «հոգեւոր եւ անմահ», մարդկային անձը միակ արարածն է երկրի վրայ, զոր Աստուած ստեղծեց եւ ուզեց ինքնիրեն համար։ Ուստի մարդկային անձը մասնակից է աստուածային Հոգիին լոյսին եւ ուժին։ Իր բանականութեամբ, ան կարող է հասկնալ, ըմբռնել կարգը եւ կանոնը իրերուն՝ հաստատուած Արարչին կողմէ։ Իր կամքով, ան կարող է ինքնիրմով ձգտիլ դէպի իր ճշմարիտ բարիքը։ Մարդը իր կատարելութիւնը կը գտնէ ճշմարիտին, բարիին եւ գեղեցիկին որոնումին մէջ։ Ճշմարիտին, բարիին եւ գեղեցիկին որոնումին եւ սիրոյն մէջ է ուրեմն մարդուն իսկական արժէքը՝ արժանապատուութեան էականը։
Ուստի, մարդկային անձին արժանապատուութիւնը կը հաստատուի եւ կ՚արմատաւորուի իր ստեղծումին մէջ ըստ Աստուծոյ պատկերին։
Քրիստոս, Իր Հօր խորհուրդին եւ Անոր Սիրոյն յայտնութեամբ, մարդը ինքզինքին լիովին կը բացայայտէ եւ երեւան կը բերէ իր կոչումին վսեմութեան ճանաչումը։ «Աներեւոյթ Աստուծոյ պատկեր» (ԿՈՂ. Ա 15) եղող Քրիստոսի մէջ է որ, մարդը ստեղծուեցաւ «ըստ պատկերին եւ նմանութեան» Արարչին։ Փրկիչ եւ ազատարար Քրիստոսի մէջ է, որ աստուածային պատկերը, աղաւաղուած՝ մարդուն մէջ առաջին մեղքով, վերանորոգուեցաւ իր առաջին գեղեցկութեամբ եւ ազնուացաւ Աստուծոյ շնորհքով։
Մարդուն արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ան շարժի ըստ գիտակից եւ ազատ ընտրանքի մը, մղուած եւ վճռուած անձնական համոզումով եւ ո՛չ թէ միայն բնազդային մղումներու կամ արտաքին ստիպողութեան ազդեցութեան տակ։
Մարդը կը հասնի այս արժանապատուութեան, երբ ձերբազատուելով կիրքերու ամէն ստրկութենէն, բարիին, ճշմարտութեան եւ գեղեցիկին ազատ ընտրանքով, կը քալէ դէպի իր «ճակատագիր»ը, կամ ըսենք, կոչուած նպատակը եւ իր հնարամտութեամբ համապատասխան միջոցները կը ճարէ։
Արժանապատուութիւնը մարդուն արժանիքը եւ արժանաւորութիւնն է՝ առանձնաշնորհեալ նշան աստուածային պատկերին։ Արժանապատուութիւնը կը համապատասխանէ մարդուն աստուածային պատկերին եւ նմանութեան։
Ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել եթէ ոչ՝ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։ Մարդկային անձը կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան, որ անոր համեմատ կարգաւորուած է. մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը եւ յառաջմղումը յանձնուած է մարդուն Արարիչէն։ Ուստի մարդը իր ամբողջ կեանքին մէջ, բոլոր պարագաներու մէջ՝ անոր խստիւ պատասխանատու եւ պարտապան է։ Մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն՝ որոնք կը բխին արարածի իր արժանապատուութենէն։
Արժանապատուութենէ բխած այս իրաւունքները ընկերութենէն կանխագոյն են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն անոր։ Անոնք կը հիմնաւորեն ամէն իշխանութեան եւ հեղինակութեան բարոյական օրինաւորութիւնը։ Ընկերութիւն մը, որ կ՚արհամարհէ զանոնք կամ կը մերժէ ճանչնալ զանոնք իր դրական օրէնսդրութեան մէջ, կ՚արհամարհէ իր իսկ օրինաւորութիւնը։
Առանց արժանապատուութենէ բխած իրաւունքներու յարգանքի, ընկերութիւն մը կը հարկադրուի յենիլ ուժի եւ բռնութեան վրայ՝ իր ենթականերուն հպատակումը ձեռք ձգելու համար։ Ուստի, մարդկային անձին արժանապատուութեան յարգանքը կը բխի սոյն սկզբունքին յարգանքէն։ Իրաւունքներու յարգանքը արժանապատուութեան յարգանքէն սկիզբ կ՚առնէ. առանց արժանապատուութեան յարգանքի՝ իրաւունքներու յարգանք սպասել կարելի չէ՛։
Իւրաքանչիւր անձ, առանց բացառութեան եւ առանց որեւէ խտրութեան պէտք է նկատի առնէ իր նմանը կամ «ուրիշ անձ»ը իբրեւ «իր միւս անձը»։ Պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ այն ճշմարտութեան, թէ «ուրիշ»ը իր անձին ուրիշ մէկ երեսակն է, ըստ էութեան՝ իր իսկ անձը։ Ամէն բանէ առաջ նկատի առնելու է մարդ, որպէս անձ, ուրիշի մը կեցութիւնը, եւ այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են անոր՝ արժանավայել կեանք մը ապրելու համար։
Ո՛չ մէկ օրէնսդրութիւն պիտի կարենար առանձինն փարատել վախերը, նախապաշարումները, կանխակալութիւնները, հպարտութեան եւ եսասիրութեան կեցուածքները, որոնք արգե՛լք կը հանդիսանան մարդկային անձին արժանապատուութեան յարգանքին եւ իրաւունքներու ճանաչումին։
Բացարձակապէս անընդունելի է ամէն վիրաւորանք արժանապատուութեան, քանի որ ան արդիւնք է մարդուն աստուածային պատկերին եւ նմանութեան, որոնք իր արարչութեան յատկանիշներն են։
Մարդուս շեղած վերաբերմունքները, արժանապատուութեան վիրաւորանքները կը դադրին միայն «մարդասիրութեան» շնորհիւ, որ իւրաքանչիւր մարդուն մէջ կը տեսնէ իր իսկ անձը, մերձաւոր մը, եղբայր մը։ Եւ համակրական հասկացողութեան շնորհիւ կը զօրանայ այս զգացումը ամէն մարդու մէջ։ Ուստի պէտք է գիտնալ, թէ մարդ ինք որքա՛ն արժանապատուութիւն ունի, նոյնքան ունի նաեւ «ուրիշ» մը՝ իր նմանը եւ ամէն մարդկային անձ անխտի՛ր։
«Ուրիշ»ին «ի՛նք» դառնալը եւ անոր ժիրօրէն ծառայելը կը դառնայ ա՛լ աւելի հրամայական, երբ այդ «ուրիշ»ը աւելի ընչազուրկ է, ո՛ր մարզի մէջ ալ ըլլայ։ «Ամէն անգամ որ նման բարիք մը ընէք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք եղբայրներս են, զայն Ինծի ըրած պիտի ըլլաք», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 40)։
Եւ այս նոյն պարտաւորութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ անոնք, որոնք մեզմէ տարբեր կերպով կը մտածեն կամ կը գործեն։ Քանի որ անոնք ալ արժանապատուութեան յարգանքի արժանի են որպէս մարդկային անձ։
Այս իմաստով «հաւասարութիւն»ը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական իրաւունքներուն, արժանապատուութեան, կամ հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի գոյնին, ընկերային կացութեան, լեզուի կամ կրօնի վրայ, պէտք է զանցուի իբրեւ ներհակ Աստուծոյ ծրագրին։
Մարդ ըստ էութեան ինքնաբաւ չէ. թերութիւններ, տկարութիւններ ունի, եւ այս իսկ պատճառով կարիքը ունի «ուրիշ»ներուն։
Ուստի հաւասարութեան սկզբունքով՝ իրաւունք ճանչնալ եւ արժանապատուութեան յարգանք ունենալ՝ մարդկային անձին առաջնակարգ պարտականութիւնն է։ Արժանապատուութիւնը մարդուն բնորոշիչ յատկութիւնն է եւ անբաժանելի՛ է անձէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 30, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/06/2025
- 02/06/2025