ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հաւատքով՝ մարդը իր իմացականութիւնը եւ կամքը ամբողջովին կ՚ենթարկէ Աստուծոյ։ Իր ամբողջ էութեամբ մարդը իր հաւանութիւնը կու տայ Ինքզինք յայտնող Աստուծոյ։ Սուրբ Գիրքը «հաւատքի հնազանդութիւն» կը կոչէ մարդուն այս «պատասխան»ը յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ։ Այս իմաստով «հաւատքով հնազանդիլ»՝ ազատօրէն ենթարկուիլ է ունկնդրուած խօսքին, որուն ճշմարտութիւնը երաշխաւորած է Աստուած, եւ Աստուծմէ երաշխաւորուած ճշմարտութեան ենթարկուիլ՝ նոյնինքն Ճշմարտութեան, այսինքն Աստուծոյ ենթարկուիլ կը նշանակէ։
Աբրահամ տիպա՛րն է այս հնազանդութեան, Սուրբ Գիրքը զայն իբր օրինակ կ՚առաջարկէ մեզի։
Սուրբ Կոյս Մարիամը այս հնազանդութեան ամենակատարեալ իրականացո՛ւմն է։
Պօղոս Առաքեալի Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակը, մեծապէս գովելով նախնիներուն հաւատքը, շեշտը կը դնէ մասնաւորաբար Աբրահամի հաւատքին վրայ. «Իր հաւատքով էր որ Աբրահամ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կոչին, որ ելլէ երթայ այն տեղը՝ որ իբրեւ ժառանգութիւն պիտի ստանար, եւ ճամբայ ելաւ, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ՚երթայ». (ԵԲՐ. ԺԱ 8), եւ. «հաւատքով էր որ պանդուխտի պէս ապրեցաւ այն օտար երկրին մէջ, որ Աստուած խոստումով իրեն տուած էր, եւ վրաններու տակ բնակեցաւ Իսահակի եւ Յակոբի հետ միասին, որոնք նոյն խոստացուած երկրին ժառանգորդներն էին». (ԵԲՐ. ԺԱ 9)։
Աբրահամ հաւատքով «հնազանդեցաւ» կոչին, մեկնեցաւ դէպի երկիր մը՝ զոր պիտի ընդունէր իբր ժառանգութիւն։ Ան հաւատքով ապրեցաւ խոստացեալ երկրին մէջ իբր «օտարական» եւ «պանդուխտ». (ԾՆՆԴ. ԺԲ 1-4, ԻԳ 4)։ Եւ Սառա հաւատքով կրցաւ ծնունդ տալ խոստումի որդիին։ Վերջապէս հաւատքի հնազանդութեամբ, Աբրահամ իր միակ որդին զոհ ընծայեց։
Աբրահամ գործնականացումն է Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին տուած «հաւատքի հնազանդութեան» սահմանումին. «Հաւատքը գրաւականն է բարիքներուն, զորս կը յուսանք, ապացոյցը՝ իրականութիւններուն, զորս չենք տեսներ». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։
Արդարեւ, հաւատքի հնազանդութեամբ է որ կրնանք տոկալ կեանքի բոլոր տեսակի փորձութիւններուն, դիմանալ մեզ պաշարող նեղութիւններուն, ցաւերուն եւ վիշտերուն, կրնանք տիրապետել մեզ ընկճող մտահոգութիւններուն, կասկածներուն, յաղթել մեզ նկուն դարձնող տկարութիւններուն, պարտութեան մատնել չարը, վանել անոր հրապոյրները, մերժել անոր խաբէութիւնները, ընդոտել անոր մեքենայութիւնները, յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ արգելքները, որոնք կը խափանեն կեանքը, լոյսը եւ յոյսերը։
Հաւատքի հնազանդութեամբ կը վերարծարծենք մեր հաւատքը, կը կանգնենք մեր հաւատքի ինկած շինուածքը, կը բարձրացնենք անոր ամուր աշտարակները եւ հոգեւոր սպառազինութեամբ կը զօրանանք կեանքի մէջ։ Արդարեւ, հնազանդութիւնը վստահութիւն կ՚ենթադրէ. հնազանդելու համար մարդ պէտք է վստահի, կատարեալ վստահութեամբ ապաւինի… եւ կա՞յ արդեօք Աստուծմէ աւելի վստահելի ապաւէն մը, կատարեալ եւ հաւատարիմ Իր խոստումներուն «Անձ» մը։
Վստահութիւն ներշնչելու համար անհրաժեշտ է հաւատարմութիւնը. եւ չկայ մէկը, որ Աստուծմէ աւելի հաւատարիմ ըլլայ Իր խոստումներուն, Իր սկզբունքներուն, միա՛յն Աստուած ունի այդ կատարելութիւնը, որովհետեւ Ան ամենակատար է, եւ ուրեմն մարդ անվարան պէտք է հնազանդի Անոր, որպէսզի ինքզինք ապահով եւ անվտանգ զգայ աշխարհի զանազան փորձութիւններու մէջ։
Հնազանդութիւնը պահանջք մըն է մարդուն համար, բաւ է որ ան հնազանդիլ գիտնալ ճշմարտութեա՛ն։ Եւ քանի որ Աստուած Ճշմարտութի՛ւնն իսկ է, ուրեմն պէտք է հնազանդի Անոր պատուէրներուն, վստահի Անոր խոստումներուն եւ ուղեցոյց հրահանգներուն։ Արդարեւ, Ճշմարտութեան հնազանդութիւնը առաքինութիւն է. վեհանձն մարդու գործ է։
Առաքեալը հաստատամիտ է այս մասին երբ կ՚ըսէ. «Ես գիտեմ որո՛ւն հաւատացած եմ». (Բ ՏԻՄ. Ա 12)։
Հաւատքի հնազանդութիւնը մարդուն նախ «անձնական փարումն է Աստուծոյ»։ Ան միաժամանակ եւ անբաժանելիօրէն «ազատ հաւանութիւնն է Աստուծոյ յայտնած ամէն ճշմարտութեան»։ Քրիստոնեայ հաւատքի հնազանդութիւնը իբրեւ «անձնական փարում եւ հաւանութիւն Աստուծոյ» եւ նաեւ հաւանութիւն Անոր յայտնած ճշմարտութեան, տարբեր է մարդկային անձի մը ընծայուած հաւատէն եւ հնազանդութենէն։ Արդար, իրաւացի եւ բարի է լիուլի վստահիլ Աստուծոյ եւ բացարձակօրէն հաւատալ եւ հնազանդիլ Անոր ըսածին եւ բոլոր խոստումներուն։
Ընդունայն պիտի ըլլար եւ թիւր՝ նման հաւատք մը դնել արարածի մը վրայ։
Քրիստոնեային համար, Աստուծոյ հաւատալ, վստահիլ եւ հնազանդիլ անբաժանելիօրէն հաւատալ, վստահիլ եւ հնազանդիլ է Անոր, զոր Աստուած ղրկեց. «Իր Սիրելի Որդին»՝ որուն մէջ դրած է Իր ամբողջ հաճութիւնը, հաւանութիւնը. (ՄԱՐԿ. Ա 11)։ Աստուած ըսաւ որ զԻնք ունկնդրենք. (ՄԱՐԿ. Թ 7)։ Եւ Յիսուս Իր հերթին կ՚ըսէ Իր աշակերտներուն. «Հաւատացէք Աստուծոյ, հաւատացէք նաեւ Ինծի». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 1)։ Մենք կրնանք հաւատալ եւ հնազանդիլ Յիսուսի, որովհետեւ Ան Աստուած է. մարմնացեալ Բանն է. «Ո՛չ ոք Աստուած տեսաւ երբեք, բայց Միածին Որդին, որ Հօր ծոցն է, Ան յայտնեց մեզի». (ՅՈՎՀ. Ա 18)։
Հաւատանք եւ հնազանդի՛նք. ա՛յս է մեր կոչումը, ա՛յս է երկնային երանութի՜ւններու միջոցը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 20, 2021, Իսթանպուլ