ԱՍ­ՏՈ­ՒԱ­ԾԱ­ՍԷՐ ԵՒ ԲԱ­ՐԵ­ԳՈՐԾ

Երբ կը բո­լո­րենք Մեծ պա­հոց շրջա­նը, պէտք է խոր­հիլ հո­գե­ւոր նիւ­թե­րու մա­սին, ա­ւե­լի՛, քան՝ ի՛նչ պէտք է ու­տել կամ չու­տել այս շրջա­նին, քա­նի  որ այդ աշ­խար­հա­յին-մարմ­նա­կան կողմն է ներ­կայ ընդ­հա­նուր ապ­րե­լա­կեր­պին։

Այս շրջա­նին, ընդ­հան­րա­պէս կը խօ­սուի «չու­տե­լու» մա­սին, մինչ­դեռ հար­ցը ու­տել-չու­տել չէ՛, եւ ե­թէ նիւ­թը այդ մա­կար­դա­կին ի­ջեց­նենք, մենք մա­սամբ կը շե­ղինք պահ­քի նպա­տա­կէն ու ի­մաս­տէն։ Ու­րեմն ը­սենք՝ այս շրջա­նը նեղ սահ­ման­նե­րու մէջ, «չու­տել»ու շրջա­նէ մը ա­ւե­լի՝ «չգոր­ծել»ու շրջան մը պէտք է ըն­դու­նուի։ Ան­շուշտ երբ «չգոր­ծել» կ՚ը­սենք, ա­սի­կա չի՛ նշա­նա­կեր ամ­լա­նալ, ան­գործ ու ա­նաշ­խատ ան­ցը­նել այս շրջա­նը։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, դրա­կա­նօ­րէն ա­ւե­լի՛ պէտք է աշ­խա­տիլ, գոր­ծել եւ աշ­խոյժ ըլ­լալ, քան սո­վո­րա­կան օ­րեր։ Իսկ այն գոր­ծե­րը՝ ո­րոնք սո­վո­րա­կան օ­րեր կը կա­տա­րուէին, կը գոր­ծուէին ա­ռանց նկա­տի ու­նե­նա­լու ա­նոնց պատ­ճա­ռած վնաս­նե­րը, ա­նոնք պէտք չէ կա­տա­րուին եւ ա­ւե­լի շատ պէտք է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել այդ մա­սին։ Մէկ խօս­քով, պէտք է ա­ւե­լի ու­շա­դիր ըլ­լալ՝ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ ըլ­լա­լու հա­մար եւ յատ­կա­պէս հե­ռո՛ւ մնալ ա­մէն չար գոր­ծե­րէ։

Ու­րեմն պահ­քը միա՛յն չու­տել-չխմել չէ՛, այլ նաեւ մա­նա­ւանդ չգոր­ծե՛լ։ Չգոր­ծել՝ այն ի՛նչ որ չար է, այն ի՛նչ որ մեղք է, այն ի՛նչ որ զԱս­տուած կը վշտաց­նէ։

Ար­դա­րեւ մեղ­քե­րով լե­ցուն մարդ­կա­յին կեան­քը թո­ղուլ, եւ ա­ւե­լի ճա­շա­կել կեան­քի բա­րիք­նե­րը։

Եւ ո՜ր­քան գե­ղե­ցիկ է՝ օգ­նա­կան ըն­դու­նիլ զԱս­տուած եւ յոյ­սը դնել Ա­նոր վրայ։ Կեր­պով մը դառ­նալ դէ­պի Աս­տուած, դէ­պի հո­գե­ւոր կեանք եւ մի­ջոց մը հրա­ժա­րիլ չա­րէն ու աշ­խար­հա­յին կեան­քէն։

«Աս­տուած օգ­նա­կանս է, եւ ես յոյսս դրած եմ Ա­նոր վրայ»։ Անդ­րա­դառ­նալ, թէ կայ նաեւ հո­գե­ւոր կեանք մը, անդ­րա­դառ­նալ, թէ մարդ­կա­յին կեան­քը միայն աշ­խար­հա­յին-մարմ­նա­կան կեան­քը չէ, հո­գե­ւոր-ան­տե­սա­նե­լի բայց նո՛յն­քան ի­րա­կան կեան­քի մը գո­յու­թիւ­նը զգալ եւ չգոր­ծել այն­պէս՝ ինչ­պէս կը գոր­ծուէր նա­խա­պէս, կար­ծես միայն աշ­խար­հա­յի­նը կայ, կար­ծես միայն տե­սա­նե­լի եւ նիւ­թա­կանն է մար­դուս ամ­բողջ կեան­քը։

Տի­րոջ յու­սա­ցող իւ­րա­քան­չիւր հո­գի, իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կը կոր­ծա­նէ ա­մէն նա­խա­պա­շա­րում եւ կ՚ա­զա­տի ա­մէն կան­խա­կա­լու­թե­նէ եւ դուրս կու գայ չա­րին ու տրտմու­թեան տի­րա­պե­տա­կան մի­ջա­վայ­րէն, խա­ւար հո­գե­վի­ճա­կէն։ Ուս­տի Աս­տու­ծոյ խա­ղա­ղու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւն է մար­դուս հա­մար՝ որ­պէս փրկա­րար բժշկու­թիւն՝ դար­ման ու ա­պա­քի­նում տրտմու­թեան սար­սա­փէն ու տագ­նա­պէն։ Աս­տու­ծոյ բա­րե­բեր պա­տուի­րան­նե­րը ճրագ­նե­րու դարձ­նե­լով՝ խա­ւա­րին մէ­ջէն մարդ կը հաս­նի փրկա­րար Լոյ­սին եւ կը ժա­ռան­գէ երկ­նա­յին ե­րա­նու­թիւն­նե­րը։ Ինչ­պէս կ՚եր­գէ Սաղ­մո­սեր­գուն.

«Ար­դա­րը տե՛ս եւ ու­ղիղ նա­յէ՛. ո­րով­հե­տեւ խա­ղա­ղա­րար մար­դը բա­րի վախ­ճան պի­տի ու­նե­նայ։ Իսկ ա­նօ­րէն­նե­րը մէկ­տեղ պի­տի կոր­սուին։ Ամ­բա­րիշտ­նե­րուն վախ­ճա­նը կո­րուստ պի­տի ըլ­լայ։ Բայց ար­դար­նե­րուն փրկու­թիւ­նը Տէ­րոջ­մէն է, նե­ղու­թեան ժա­մա­նակ Ի՛նք ա­նոնց ա­պա­ւէնն է։ Տէ­րը պի­տի օգ­նէ ա­նոնց եւ պի­տի ա­զա­տէ զա­նոնք, ամ­բա­րիշտ­նե­րէն պի­տի ա­զա­տէ ու պի­տի փրկէ զա­նոնք, վասն­զի Ի­րեն կը յու­սան» (ՍԱՂՄ. ԼԷ 37-40)։­

Այս անդ­րա­դար­ձու­մը կ՚ա­պա­հո­վէ պահ­քը, ա­հա­ւա­սիկ։

Հե­տե­ւա­բար Տի­րո­ջը յու­սանք, աս­տուա­ծա­սէր ըլ­լանք, ի՛նչ որ պահ­քի նպա­տակ­նե­րէն մին է։ Աս­տուա­ծա­սէր ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ ցան­կա­սէր, այ­սինքն մարմ­նա­սէր, շուայտ չըլ­լալ։ Ու­րեմն կը տես­նուի, որ Մեծ պահ­քի շրջա­նը, որ­քան չու­տել-չխմե­լու վրայ, բայց մա­նա­ւա՛նդ չգոր­ծե­լու, այ­սինքն սո­վո­րա­կան կարգ մը բա­նե­րէ խու­սա­փե­լու, չը­նե՛­լու շրջան մըն է միան­գա­մայն։

Այս ի­մաս­տով, Մեծ պա­հոց շրջա­նը խա­ւա­րէն դո՛ւրս գա­լու եւ լոյ­սի մէջ շրջե­լու շրջան մըն է։

Ը­սինք, որ Մեծ պահ­քը միայն չու­տել-չխմել չէ՛, այլ մեր սիր­տե­րը Տի­րոջ ո­ղոր­մու­թեամբ օ­ծե­լո՛ւ ա­ռիթ մըն է, քա­նի որ մե՛ծ է Ա­նոր զօ­րու­թիւ­նը. եր­կայ­նա­միտ է, գթած ու ո­ղոր­մած։ Եւ Մեծ պահ­քը Աս­տու­ծոյ այս նե­րո­ղամ­տու­թե­նէն օգ­տուե­լու ա­ռիթ մըն է։

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, Տի­տո­սին գրած նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ.

«Իսկ հի­մա՝ յար­մար ժա­մա­նա­կը հա­սած հա­մա­րե­լով՝ այդ խոս­տու­մը յայտ­նեց իր Ա­ւե­տա­րա­նով, ո­րուն քա­րո­զու­թեան կո­չուե­ցայ մեր փրկիչ Աս­տու­ծոյն հրա­մա­նով» (ՏԻ­ՏՈՍ Ա 3)։ Ու­րեմն մեզ­մէ ա­մէն մէ­կուն հա­մար Մեծ պա­հոց շրջա­նը այդ «յար­մար ժա­մա­նակ»ն է՝ ի­մա­նա­լու Ա­ւե­տա­րա­նի խօս­քը, անդ­րա­դառ­նա­լու ճշմար­տու­թեան լոյ­սին եւ խա­ւա­րէն դուրս գա­լու դէ­պի լոյս, ան­գի­տու­թե­նէ՝ գի­տու­թիւն եւ մեղ­քէ՝ փրկու­թիւն։ Քրիս­տո­սով մխի­թա­րուե­լու, լու­սա­ւո­րուե­լու եւ փրկուե­լու շրջանն է Մեծ պա­հոց ներ­կայ շրջա­նը՝ ա­ռիթ մը ներ­հա­յեա­ցո­ղու­թեան, ինք­զինք ճանչ­նա­լու, ինք­նի­րեն անդ­րա­դառ­նա­լու, մար­դուս մէ­ջի «մարդ»ը տես­նե­լու, ծա­նօ­թա­նա­լու, գիտ­նա­լու եւ գի­տակ­ցե­լու «Ես»ին՝ որ միշտ մե­զի հետ է, բայց մենք չենք անդ­րա­դառ­նար իր գո­յու­թեան։ «Ես»ին հետ ծա­նօ­թա­նա­լու պա՛հն է պահ­քը։

Եւ կը գնա­հա­տէք, որ այս բո­լո­րը կա­րե­լի չէ՛ ի­րա­կա­նաց­նել միայն «չու­տել-չխմել»ով…։

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, որ­պէս­զի թիւ­րի­մա­ցու­թեան տե­ղի չտրուի, ան­գամ մը եւս կրկնենք, թէ՝ ան­շո՛ւշտ ու­տե­լու-խմե­լու տե­սա­կէ­տէ ժուժ­կա­լու­թեան, չա­փա­ւո­րու­թեան եւ պար­զու­թեան ալ շրջան մըն է Մեծ պա­հոց շրջա­նը։ Մեր ը­սա­ծը՝ միայն չու­տել-չխմել չէ՛, պէտք չէ, որ միայն ա­նոնց վրայ կեդ­րո­նա­նայ ամ­բողջ պահ­քի նպա­տա­կը, հա­պա նկա­տի ու­նե­նա­լու է նաեւ միւս ազ­դակ­նե­րը, զոր օ­րի­նակ, աս­տուած­սի­րու­թիւ­նը, ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը, բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը, գու­թը եւ սէ­րը։ Այս բո­լո­րին հա­մախմ­բու­մով եւ միա­ւո­րու­մն է որ պահ­քը կը հաս­նի իր նպա­տա­կին՝ իր ի­մաս­տին ամ­բող­ջա­կան նշա­նա­կու­թեամբ։

Քրիս­տո­նէա­կան ճշմա­րիտ հա­ւատ­քը, ար­տա­յայ­տուած բա­րե­պաշ­տու­թեան իր բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով, չ՚ար­դա­րա­նար, ե­թէ այն չվե­րա­ծուի «գործ»ի՝ քրիս­տո­նէա­կան բա­րի, ճշմա­րիտ եւ ա­նա­չառ գոր­ծի։

Այս կը հաս­տա­տուի Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բօր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կով, թէ՝ «Հօր Աս­տու­ծոյ հա­մար ան­կեղծ եւ իս­կա­կան բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը՝ կա­րօ­տու­թեան մէջ ե­ղող որ­բե­րուն եւ այ­րի­նե­րուն այ­ցե­լու եւ օգ­նա­կան ըլ­լա՛լն է, եւ աշ­խար­հի մէջ ապ­րե­լով հան­դերձ՝ ինք­զինք ա­նա­րատ պա­հե­լը» (ՅԱ­ԿՈ­ԲՈՍ Ա 27)։­

Ու­րեմն ի՛նչ կ՚ար­ժէ՝ չու­տել չխմել միայն, բայց շուր­ջին­նե­րուն ալ չօգ­նել, կա­րօ­տեալ­նե­րը չհո­գալ, չխնա­մել, եւ կամ ընդ­հա­նուր կեր­պով «հա­ւատ­քը գոր­ծի չվե­րա­ծել»։ Ար­դա­րեւ պահ­քին միայն չու­տել եւ չխմել՝ անձ­նա­սի­րու­թեան մէկ կերպն է, եւ կամ ը­սենք, «փա­րի­սե­ցիա­կա­նու­թիւն» է, միայն ինք­զինք փրկել, ինք­զինք գո­վել, ինքն իր­մով հպար­տա­նալ եւ ու­րի­շը ան­տե­սել. ո՛չ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, Մեծ պահ­քի ո՛չ նպա­տա­կը, ո՛չ ի­մաս­տը այս­պէս վա­րուիլ չի պա­հան­ջեր։ Իս­կա­կան քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ու­րի­շին հա­մար ալ կա­մե­նալ է այն՝ ի՛նչ որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ի­րեն հա­մար կը կա­մե­նայ, կ՚ը­նէ, կը գոր­ծէ եւ կամ գոր­ծե­լէ կեր­պով մը կը խու­սա­փի։

Գի­տակ­ցա­բար պա­հե­ցո­ղու­թիւն ը­նել, հո­գե­ւոր յաղ­թու­թիւն կը բե­րէ, քա­նի որ ա­ռանց «գործ»ի հա­ւատ­քը մե­ռա՛ծ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 12, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 22, 2016