ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ ԱՀԱՒՈՐ ՓՈՐՁԱՆՔԸ…

Բամբասանքը չարախօսութեան եւ անիմաստ, սնամէջ խօսակցութեան այն ընդհանրացած ձեւն է, որ թէ՛ ընկերային եւ թէ ընտանեկան կեանքի մէջ անդարմանելի վէրքերու պատճառ կը դառնայ։ Ան անբուժելի, կործանարար, աւերիչ եւ վարակիչ ախտ մը՝ հիւանդութիւն մըն է, որ կը սնանի մարդուն տկարութենէն, թերութիւններէն եւ մանաւանդ անկայուն եւ անվստահելի նկարագիրէն։

Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ արդիւնքը երբեք չ՚արդարացներ  միջոցները։ Այսպէս՝ արդարանալի չէ՛ դատապարտութիւնը անմեղի մը իբրեւ օրինաւոր միջոց փրկելու հաւաքականութիւնը։

Այս իմաստով, բարի դիտաւորութիւն մը ո՛չ բարի, ո՛չ ալ գէշ կը դարձնէ վերաբերմունք մը, որ յինքեան անբարեկարգ է եւ վա՛տ։ Ընդհակառակը, աւելցուած յոռի դիտաւորութիւն մը, յոռի կը դարձնէ արարք մը, որ ինքնին կրնայ բարի ըլլալ։ Ուստի ուրիշը բամբասելով իրեն որեւէ բարոյական շահ ապահովել՝ վատութի՛ւն է, անբարոյականութիւն է եւ անխղճութի՛ւն։ Մարդոց համբաւին, պատուին յարգանքը դէ՛մ է ամէն կեցուածքի եւ խօսքի՝ որոնք կրնան անոնց անիրաւ, անարդար վնաս մը հասցնել։

Արդարեւ, յանդուգն դատողութեամբ, մերձաւորին վրայ նոյնիսկ լռելեայն՝ բարոյական թերութիւն մը իբր իրական կ՚ընդունի առանց բաւարար հիմնաւորումի, ինքզինք յանցաւոր կ՚ընէ անոր։ Ինչպէս եւ իր չարախօսութեամբ, առանց առարկայականօրէն վաւեր պատճառի, ուրիշին կարծեցեալ թերութիւնները եւ մտացածին յանցանքները կը յայտնէ զանոնք անգիտացող անձերու. իր զրպարտութեամբ, երբ ճշմարտութեան ներհակ խօսքերով վնա՛ս կը պատճառէ ուրիշներուն վարկին, պատիւին եւ առիթ կու տայ թիւր դատողութիւններու անոնց մասին։

Զրպարտութիւնը՝ որ համընթաց է բամբասանքի, ոճի՛ր մըն է, որուն հետեւանքը թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կործանում է։ Արդարեւ «Չարախօսութիւն» եւ «Բամբասանք» կը կործանեն մերձաւորին՝ անմեղ անձերու վարկը եւ պատիւը։ Ուստի «պատիւ»ը ընկերային վկայութիւնն է, ընծայուած մարդկային արժանապատուութեան եւ իւրաքանչիւր անձ բնական իրաւո՛ւնք մը կը վայելէ իր անունին, իր անձին վարկին, իր համբաւին, ընկերային եւ ընտանեկան դիրքին եւ յարգանքին։ Չարախօսութիւնը՝ զրպարտութիւնը եւ բամբասանքը կը վիրաւորեն արդարութեան եւ սիրոյ առաքինութիւնները։

Արդարեւ, զրպարտութիւնը եւ բամբասանքը տկար նկարագրի տէր՝ նախանձոտ մարդոց վահանն է, որուն ետին իրենք զիրենք ապահով կը զգան այդ խե՜ղճերը։

Ուստի մարդ պէտք է չափաւոր եւ կշռուած վերապահութեամբ մօտենայ իր շուրջիններուն անհատական կեանքին։ Մարդ պէ՛տք է կշռուած համաչափութիւն մը պահպանէ ուրիշներու բարիքին, պահանջներուն եւ անհատական իրաւունքներուն յարգանքին միջեւ։ Արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն՝ անհրաժեշտ են ընկերային խաղաղութեան եւ համերաշխութեան գոյատեւմանը համար։

Եւ անխտիր, ամէն մարդ պարտաւո՛ր եւ պատասխանատո՛ւ է ընկերային համերաշխութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման ապահովման։

Ստորեւ կը ներկայացնենք, Յովհան Մանդակունի Հայրապետի ճառերէն՝ «Բամբասանքներու մասին նամակ»էն հատուածներ՝ Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեանի աշխարհաբարի թարգմանութեամբ։

«Մտահոգութիւններու դէզը եւ տրտմութեան խաւարը յարատեւօրէն կը կուտակուին մէջս, քանի որ գէշ մոլութիւնները եւ ահեղ անօրէնութիւնները բոցավառ կրակի նման եկեղեցի մտած՝ անխտիր կ՚այրեն բոլորը եւ Սատանան կարծել կու տայ մեզի, որ մեծ բան մը չէ ասիկա… Մէկը կը գողնայ եւ միւսը կը չարախօսէ, երկուքն ալ փոխադարձ կերպով կը պատժուին։ Մէկը կը հարբենայ եւ միւսը հարբեցողը կը բամբասէ, երկուքն ալ հաւասարապէ՛ս կը դատապարտուին։ Մէկը ամէն տեսակի մեղքեր կը գործէ եւ միւսը կը չարախօսէ, երկուքն ալ հաւասար կերպով կը դատուին եւ կը պատժուին. գողութիւնն ալ եւ շնութիւնն ալ Պօղոս առաքեալի կողմէ չարախօսութենէն եւ հարբեցողութենէն աւելի մեծ անօրէնութիւններ նկատուած չեն, սակայն անոնք եւս չարիք են. երկուքն ալ հաւասարապէս Աստուծոյ թագաւորութենէ դուրս կը մնան. (Ա ԿՈՐՆ. Զ 10)։

«Եւ ահաւասիկ Սատանան բոլորին բերանը չարախօսութեան անօրէն մոլութեամբ լեցուցած է, յարատեւ կերպով բոլորին բերանը իրենց եղբօր դէմ չարախօսութեամբ եւ նախատինքով կը բոցավառէ…։

«Արդ՝ դուն որ մեղքերով դատուած եւ դատապարտուած ես, չե՞ս սոսկար եւ չե՞ս դողար ուրիշներու դատաստանը կատարելէ, քանի որ մարդ մը չէ որ դուն կ՚արհամարհես եւ կ՚անարգես, այլ՝ Աստուած եւ իր պատիւն ու հեղինակութիւնը յափշտակելէ ետք իր դատը կը տեսնես առանց յիշելու Սուրբ Աւետարանին խօսքը, որ կ՚ըսէ.- Մի՛ դատէք ուրիշները որպէսզի Աստուած ձեզ չդատէ, որովհետեւ ինչ սկզբունքով որ ուրիշները կը դատէք, Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ. (ՄԱՏԹ. Է 1)։

«Դատելը սուրբերուն կը պատկանի, իսկ յանդիմանելը՝ ամբասիրներուն եւ ասիկա պէտք է ըլլայ առանձնապէս եւ աղերսանքով, ոեւէ մէկը իր մեղքերուն համար հրապարակաւ պէտք չէ՛ յանդիմանել կամ գաղտնօրէն ուրիշներուն ականջին պէտք չէ՛ բամբասել…

«Կեղծաւոր, կ՚ըսէ Քրիստոս, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ապա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանէ. (ՄԱՏԹ. Է 5)…։ Ան, որ իր եղբայրը կը մեղադրէ, նոյն մեղքերու տանջանքով կը պատժուի։ Բոլորին լեզուները անդադար իրենց եղբօր բամբասանքը կը կատարեն, այն բոլոր տանջանքները, որոնք պատրաստուած են եղբօր գործած յանցանքներուն համար, միեւնո՛յն տանջանքները հաւասարապէս պատրաստուած են նաեւ մեղադրողին համար։

«Արդ, ինչո՞ւ այսպիսի տանջանքներով կը դատապարտուիս եւ կամ ի՞նչ կը շահիս բամբասանքներովդ, քու կամքիդ ո՞ր մէկ ցանկութեամբ շարժեցար, ո՞ր մէկ ցանկութիւնը կատարեցիր եւ կամ ի՞նչ հարստութիւն շահեցար, արդեօք բամբասանքներովդ անօթութիւնդ թեթեւցուցի՞ր կամ մերկութիւնդ ծածկեցիր…»։

Սիրելի՜ բարեկամներ, չարախօսութիւնը, մանաւա՛նդ զրպարտութիւնը եւ բամբասանքը վարակիչ ախտեր են, որ թէ՛ անհատական, թէ՛ ընկերային անդարմանելի վիրաւորանքներու պատճա՛ռ կ՚ըլլան։

Հեռո՜ւ այդ ախտերէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 19, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018