ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՉԱՄՈՒՐՃԵԱՆ (ՏԷՐՈՅԵՆՑ. 1801-1888) - Ա -

19-րդ դարու բազմահմուտ անձնաւորութիւնը՝ Յովհաննէս Պրուսացի Տէր Կարապետեան Տէրոյենց, ծնած է 1801 օգոստոս 7-ին Պրուսայի մէջ։ Իր նախնական ուսումը ստացաւ Պրուսայի մէջ՝ Գարագոչ Պօղոս եպիսկոպոսի խստակրօն առաջնորդութեան ատեն, ապա երթեւեկելով քաղաքին իտալական հիւպատոսարանը՝ ուսանեցաւ ինքնաշխատութեամբ իտալերէն ալ, ինչպէս քիչ ետքը յունարէն, լատիներէն, գերմաներէն, արաբերէն եւ պարսկերէն՝ յաճախելով հմուտ յոյներու եւ օտար գիտուններու քով։ Իր սուր եւ երկիւղած միտքը՝ լծորդուելով այս նախնական եռանդուն աշխատութիւններուն՝ պատրաստեց զինք ապագայ ընդարձակ եւ տարօրինակ գործունէութիւններուն։

Աւելի վերջ անցաւ Արմաշի վանքը. հոն երէց դասակցութեամբ Աղաւնի Ստեփանոս եւ Պօղոս Թաքթաքեան պրուսացի վարդապետներուն (երկուքն ալ ապա Պատրիարք Կ. Պոլիսի) աւելի հմտացաւ նախնիներու մատենագրութիւններուն եւ աստուածաբանական գիտութիւններուն, որ միանգամայն փիլիսոփայութիւնն էին ժամանակին։

Արմաշի վանքի ուսանողութեան շրջանէն քիչ ետքը՝ վերստին դարձաւ Պրուսա իր քաղաքը եւ սկսաւ հոն դասախօսել եւ թարգմանել։ Իր առաջին թարգմանութիւնը եղաւ «Չորս Աւետարաններուն թրքերէնը», զոր կատարեց հազիւ 18 տարեկան հասակին։

Ահա, այսպէս Տէրոյենց քանի քանի անգամներ երթեւեկած է Պրուսա, Արմաշ, Պանտրմա, Ատաբազար՝ մինչեւ որ 1828 թուականին առաջին անգամ ըլլալով եկաւ Կ. Պոլիս արեւելեան շատ անշուք հանդերձանքով մը, եւ գրական վիճաբանութեան մը առիթով ցոյց տուաւ իր իմացական բացառիկ կորովը եւ հմտութիւնը, եւ թարգմանեց գեղեցիկ գրաբարի Ժընէվցի փիլիսոփային մէկ հռչակաւոր գործը։ Իբրեւ թարգման ծառայեց նախ Կ.Պոլսոյ մէջ Խիւսրէվ Մէհմէտ փաշայի, որ մասնաւոր համակրութեամբ բացուեցան ապա իրեն համար տոհմային կարեւոր պաշտօններու դռները։

Մինչեւ 1841՝ թէ՛ իբրեւ վարիչ (=recteur), թէ՛ իբրեւ բարձրագոյն դասախօս եւ մատենաթարգման՝ պաշտօնավարեց Սկիւտարի Ճեմարանին մէջ եւ հասցուց երեք-չորս նշանաւոր աշակերտ. Ստեփան փաշա Արսլանեան, Կ. Ս. Իւթիւճեան, Յովհաննէս Մավեան (ապա՝ Տէր Յովհաննէս Մավեան արմաշցի), Մարտիրոս Թօքաթեան՝ ապա նշանաւոր վաճառական եւ սեղանաւոր Մանչէսթըրի մէջ, եւ կողմնակի Տէր Յովհ. Հիւնքեարպէյէնտեան, եւ Խ. Պ. Միսաքեան, որոնց բանասիրական բերումներուն կ՚առաջնորդէր րաբունաբար։

Ապա, երբ Ճեմարանը փակուեցաւ՝ երեք-չորս տարիի չափ ինքզինք տուաւ առանձնական դասախօսութիւններու, թարգմանութիւններու եւ մատենագրութեան, այդ միջոցին հրատարակած է Ճոյայի Քաղաքավարութեան 4 հատոր ռամիկ թարգմանութիւնը իտալերէնէ աշխարհաբարի, կոկիկ հնախօսութիւն մը, հաղորդութեան եւ մկրտութեան վրայ 4 հմտալից գրքոյկ. նոյն միջոցին նաեւ թարգմանած է 10-15 օրուան մէջ Պլէզ Փասքալի սուր Խորհրդածութիւնները՝ ատենին յարմար ոճով կրօնական եւ խտրական պատշաճեցումներով եւ յապաւումներով, զոր հարկ կը դնէր իր վրայ ժամանակին զգոյշ ոգին։

1846-ին՝ Ճեմարանի վերաբացումին՝ սկսաւ նորէն պաշտօնավարել հոն իբրեւ տնօրէն եւ բարձրագոյն դասախօս, քիչ ետքն է նաեւ որ սկսաւ հրատարակել, Պատրիարքարանի ծախքով, Կ. Պոլիսի անդրանիկ հայ լրագիրը կանոնաւոր, որ 1848-ին անցաւ ուրիշ խումբի մը՝ Սէրվիչէնի, Գրիգոր Աղաթոնի, Մկրտիչ Մոմճեանի, Ն. Զօրայեանի եւ ընկերներուն, եւ 1850-ին անցաւ նորէն Տէրոյենցի խմբագրապետութեան մինչեւ 1852, երբ այդ լրագիրն ա՛լ վերջնականապէս փոխակերպուեցաւ «ՄԱՍԻՍ»ի։

Արդարեւ, Տէրոյենցի այդ թերթին կարկառ հանգամանքն է սեղմ ոճ  եւ հմտութիւն առատ՝ Հայ Եկեղեցիին աւանդութիւններուն եւ բանասիրութեան սպասարկելու տիրող ոգին, քանի որ ինչպէս կը սիրենք հաւատալ՝ այդ օրերէն Տէրոյենցի անխախտ սկզբունքը եղած էր հաւատարիմ մնալ ամէն մասամբ աւանդական ոգիին՝ դիմադրելով մէկ կողմէն ֆրանսական շա՛տ արձակ նոր գաղափարներուն եւ միւս կողմէն բողոքականութեան նորասկիզբ յորձանքին, որ հին գրութիւններու զեղծումներուն հակագործ ոգիով սկսած էր արշաւել՝ մինչեւ հակոտնեաներէն՝ ժողովուրդին «վարանոտ» մասին մէջ։ Այդ թերթին մէջ ունեցած է նաեւ Շահնազարեան Կարապետ վարդապետի հետ վիճաբանութիւն մը՝ Փաւստոս Բիւզանդի յո՞յն թէ հայ ըլլալուն վրայ, եւ Կ. Պոլսեցի բանասէրներ իրեն տուած են իրաւունքի քուէն։ Նոյնպէս, 1848-ին՝ Հռոմի նուիրակ Ֆէրիէրի կարտինալին հետ ունեցած է Տատեան Պօղոս պէյի տունը՝ Հայ Եկեղեցիին վրայ խիստ շահեկան եւ նրբախնդիր տեսութիւններ. տպուած ալ են Ա. Պէրպէրեանի «Տարեգիրք»ին մէջ եւ որ հին հայ Մաթուս աղա աստուածաբանին եւ Թէորիանէ յոյն փիլիսոփային դերերը կը պատկերեն աստուածաբան Տէրոյենցի վրայ։ Ունեցած է դարձեալ Կարապետ Շահնազարեան վարդապետին հետ՝ թելադրութեամբ Ներսէս Ե. Աշտարակեցի Կաթողիկոսի, Յովհ. Վրդ. Սեթեանի եւ համախոհներուն՝ Դաստառակին եւ աւանդական ուրիշ խնդիրներու վրայ առտնին կնճռոտ վէճ մը, որ հրատարակուած է բաւական այլագրութեամբ 1875-ի «ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼ»ներուն մէջ։

Ապա սկսած եւ շարունակած է հետզհետէ մինչեւ 1866 «ԶՈՀԱԼ» եւ «ԵՐԵՒԱԿ» հանդէսները՝ նոյն աւանդագիր հին ոգիով եւ իրե՛ն միայն յատուկ մանրահմուտ ոճով եւ սուր տրամաբանութեամբ մը։

Այդ հանդէսներուն մէջ կը գտնուին ընդհանրապէս եկեղեցական, հնախօսական, կրօնապատմական եւ տոհմային ներհուն յօդուածներ՝ ժողովրդական շատ պարզ լեզուով, այլ հարազատ աշխարհաբարով։

1861-1864-ին՝ ջերմեռանդ պահպանողական՝ ջատագովը եւ հրապարակային փաստաբանը եղաւ «խաւարեալ» կուսակցութեան եւ Երուսաղէմի վանքին ներքին վարիչներուն, եւ սկսաւ գրել՝ Կարապետ ամիրա Պալեանի դրամական խրախուսանքով՝ «Պատմութիւն մը Եկեղեցական» լիակատար՝ զոր շարունակեց զմահ մինչեւ 30-րդ հատոր։

1868-ին հրատարակեց իր Իրաւախոհներուն Ա. հատորը ընդդէմ Վիեննայի Մխիթարեաններու ջոջ միաբան Հ. Յովսէփ Գաթըրճեանի «Հիմնական Տարբերութիւն» անուն խտրական գիրքին, եւ հետզհետէ շարունակեց մինչեւ երրորդ վերջին հատորը, որոնց մէջ անկեղծօրէն ջանաց ապացուցանել՝ թէ Հայ եւ Հռոմէական եկեղեցիներուն տարբերութիւնը հիմնական չէ, այլ զուտ «ծիսական» եւ «բառական»։

Միակ առաջին այլ շարունակելի տետրով մը պատասխանեց ասոր Հ. Յովսէփ Գաթըրճեան…։

- Յաջորդ գրութեամբ պիտի շարունակուի Տէրոյենցի կեանքը ներկայացնել։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 24, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019