ՏԱՂԱՆԴՆ ՈՒ ՇՆՈՐՀՔԸ

Կասկածէ վեր է, որ հայերէն լեզուն հարուստ եւ իր այդ հարստութեան համար տեղ մը դժուար է: Շատ անգամ կրնան գոյութիւն ունենալ երկու բառեր, որոնք կը թուին նոյնը ըլլալ, սակայն իրողութեան մէջ իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր են: Աւելին, նոյնիսկ երբ բառարան փորձէք բանալ, պիտի գտնէք, որ այդ բառերը որպէս նոյնիմաստ դրուած են:

Անոնցմէ են շնորհքն ու տաղանդը, ձիրքն ու կոչումը: Անոնք որքան ալ նոյն իմաստը տալ թուին, խորքով տարեր են իրարմէ, որովհետեւ ամէն տաղանդաւոր չէ որ շնորհքը ունի եւ ամէն շնորհալի չէ որ տաղանդը ունի. տեղ մը մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ, սակայն նոյնը չեն անոնք:

Օրինակ՝ «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ին մէջ ներկայացուցած Ջաւախեցին շնորհալի էր, սակայն անոր մէջ տաղանդը կը պակսէր. աւելի յստակեցնելու համար յիշեմ հետեւեալը. Յովհաննէս Թումանեան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կը փորձէ ներկայացնել տակաւին անուանի չդարձած Վահան Տէրեանը. անոր մասին կը գրէ. «Պարոննե՛ր, խնդրեմ ծանօթանաք, մեր Ջաւախեցիին եղբայրն է՝ ապագայ բանաստեղծ Վահան Տէրեանը...», ու խօսքը ուղղելով Ջաւախեցիին կ՚ըսէ. «Տե՛ս, Ղազար, հիմա Վահան Տէրեանը ծանօթացնելու համար կ՚ըսենք Ջաւախեցիի եղբայրն է. եթէ չաշխատիս ու առաջ չերթաս շատ շուտով քեզ ծանօթացնելու համար պիտի ըսենք բանաստեղծ Վահան Տէրեանի եղբայրն է»: («Յովհաննէս Թումանեանը ժամանակակիցներու յուշերուն մէջ», Երեւան, էջ 428): Տարիներ ետք այս մարգարէութեան դիմաց Ջաւախեցի իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Յովհաննէսի գուշակութիւնը բառացի կատարուեցաւ»:

Այս է պատճառը, որ ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Տաղանդը մեծ աշխատասիրութիւն է»: Տաղանդը ժամանակաւոր, իսկ շնորհքը անժամանակ է. տաղանդը ենթակայ է ժամանակի եւ շրջապատի եւ անոնց մթնոլորտէն կախեալ է անոր գոյատեւումը. տաղանդը ենթակայ է նոյնի՛սկ կորուստի եւ ոչնչացման: Շատ անգամ նոյն անձը մէկ վայրի մէջ աւելի արդիւնք ցոյց կու տայ, քան այլ տեղ. պատճառը այն չէ, որ առաջին տեղը ան անտաղանդ էր, իսկ երկրորդ տեղը տաղանդաւոր. պարզապէս միջավայրը մեծ դեր ունի տաղանդի առաջխաղացին հետ:

Դարձեալ Թումանեանն է գրողը. իր «Նորերի համար» գրութեան մէջ Թումանեան խօսելով իր ժամանակաշրջանին մասին կը գրէ. «Այսպիսի մթնոլորտի մէջ ո՛չ մէկ տաղանդ կը ծաղկի կամ կը ճոխանայ, այլ ընդհակառակը՝ շատ բան կը կորսնցնէ տարիներու ընթացքին, մինչեւ որ խանգարուած, վերջնականապէս դադրի»:

Երբ 13-14 տարեկան էի, կը փորձէի բանաստեղծութիւններ գրել. Ուսուցիչ-եկեղեցականներէն մին կու գար անարգանքով կը վերցնէր գրութիւններէս մին ու նուաստ ոճով մը կ՚ըսէր. «Հիմա ասի դո՞ւն գրած ես...» ու արհամարհանքով մէկ կողմ կը նետէր. այդ երեւոյթը այնքա՛ն ազդած էր վրաս, որ ժամանակ մը մօտաւոր մէկ տարի եւ աւելի ո՛չ մէկ բառ գրեցի. ո՛չ արձակ եւ ոչ բանաստեղծութիւն:

Տաղանդի ոճրագործները մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած են. ուսումնասիրեցէ՛ք պոլսահայ թատերական կեանքը. ինչքա՜ն իգական սեռի պատկանող տաղանդաւոր ու շնորհալի դերասանուհիներ իրենց տաղանդի դահիճներուն կողմէ հեռու պահուած են բեմերէն. կեանքը զլացած է անոնց յառաջ երթալ: Այսօր եւս կան այդպիսիներ. մէկ տարի առաջ 3-4 տարեկան մանուկի մը մէջ նկատեցի երաժշտական մեծ կարողութիւն մը. վստահ ըլլալու համար երաժիշտ բարեկամ մը տարի իրենց մօտ ու փորձել տուի երեխային ունեցած շնորհքը. երաժիշտը սքանչացաւ մանուկին կարողութեան վրայ ու սկսանք երկուքս խնդրել աղջնակին մօր, որպէսզի փոքր տարիքէն երաժշտական ուսումի ղրկէ զաւակը. «ես անանկ բաներ չեմ սիրեր» ըսաւ: Երաժշտութենէն հեռու մնալով այդ մանուկը ինչքանո՞վ պիտի կարենայ իր շնորհքը զարգացնել ու տաղանդաւոր դառնալ. չե՛մ գիտեր:

Տաղանդը երկնատուր է, սակայն աշխատանքի կը կարօտի. օրինակը տամ այսպէս. Աստուած Իսրայէլացի ժողովուրդի փորը կշատացնելու համար երկինքէն մանանայ տեղացուց: Իսրայէլացի ժողովուրդը մանանայի անձրեւէն չէ՛ որ կշտացաւ. գնա՛ց, յոգնեցաւ եւ հաւաքեց զանոնք, որպէսզի իր փորը կշտացնէ: Տաղանդը նոյնն է. Աստուած կը թափէ տաղանդը մարդոց վրայ, սակայն մարդ ինք պիտի յոգնի ու զարգացնէ այդ տաղանդը, այլապէս կը դառնայ անիմաստ, որովհետեւ գտնուած արծաթը կորսուած ոսկիէն աւելի արժէք ունի:

Այսօր ծնողներ չե՛ն ուսումնասիրեր իրենց զաւակներուն կարողութիւնները, այլ կը փորձեն իրենց երազները ի գործ ածել իրենց զաւակներուն վրայ. օրինակ՝ եթէ մայր մը փոքր ժամանակ ուզած էր պարի դասերու հետեւիլ ու չէ յաջողած, իր մանուկը կը ստիպէ պարի երթալ՝ իր երազներու իրականացումը անոնց մէջ տեսնելու համար: Մեր մանուկները մեր երազներուն հայելիները չեն, որովհետեւ այդպիսով կարելի չէ ուրախ ու երջանիկ ապագայ մը ունենալ:

Զարգացող այս աշխարհին մէջ գիտութիւնն է մեծագոյն տաղանդը, որովհետեւ շնորհքը առանց տաղանդի մեռելութիւն կը դառնայ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՋԱՒԱԽԵՑԻ
(1874-1937)

Մեր թուականէն 148 տարիներ առաջ՝ 22 փետրուար 1874-ին, Ախալքալաք գաւառի Գանձա գիւղին մէջ ծնած է արձակագիր, հրապարակախօս, լրագրող, մտաւորական եւ ուսուցիչ Ջաւախեցին (բուն անունով՝ Ղազարոս Տէր-Գրիգորեան):

Ջաւախեցի աւագ եղբայրն է յայտնի բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Վահան Տէրեանին: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ:

Ջաւախեցիի գրական կեանքը սկիզբ առած է 1899 թուականին, իր հրատարակած 16 էջանոց «Շէյխ Ջաւադ» պատմուածքով, որ լոյս տեսած է Թիֆլիզի մէջ: Ան իր առաջին գրութիւնները սկսած է հրատարակել 1900 թուականներուն, «Մշակ» պարբերականին մէջ, ուր սկզբնականին ստորագրած է իր անուն մականունով եւ ապա որպէս Ջաւախեցի: Մինչեւ 1903 թուականը լոյս տեսած են անոր՝ «Կրակը», «Պատկերներ» պատմուածքներու գրքոյկները. 1903 թուականին «հակապետական արարք»ներու պատճառով ձերբակալուած եւ հինգ տարիով աքսորուած է:

Աքսորէն վերադառնալով Ջաւախեցի շարունակած է «Մշակ»ի թղթակցութիւնը, միաժամանակ ուսուցչութիւն կատարած է տեղի հայկական վարժարաններէն ներս: Նոյն միջոցին Ջաւախեցի թղթակցած է հայկական այլ թերթերու եւս. ինչպէս՝ Երեւանի «Աշխատանք» թերթը, Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող «Յառաջ» թերթը, Թիֆլիզի «Հասկեր» ամսագիրը, Խորհրդային Միութեան «Աղբիւր» թերթը եւ ուրիշներ:

Ջաւախեցիի յայտնի գործերէն են «Ջաւախքի աղէտը» աշխատութիւնը, ուր ներկայացուցած է 1899 թուականի դեկտեմբեր 19-ին տեղի ունեցած երկրաշարժն ու անոր պատճառած աղէտները, որոնց ականատեսը եղած է անձնապէս: Ջաւախեցի գրած է ընդհանրապէս գիւղական կեանքին եւ գիւղացիին դժուարութիւններուն մասին:

Գրական ստեղծագործութիւններու կողքին կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներ. հայերէնի թարգմանած եւ հրատարակած է Չիրիկովի «Կեանքի շեմին», Կրիկորովիչի «Հաց, աշխատանք, իշխանութիւն», Թուէյնի «Սպիտակ փիղի յափշտակումը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Արձակագիրը մահացած է 6 նոյեմբեր 1937-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Փետրուար 22, 2022