ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԿԱՄՔԸ

«Կամք»՝ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ կա­մե­ցո­ղու­թիւն, բաղ­ձանք, նաեւ՝ հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան զօ­րու­թիւն՝ ո­րոշ ուղ­ղու­թեամբ մը գոր­ծե­լու։ Կամ­քը կ՚են­թադ­րէ տրա­մադ­րու­թիւն, դի­տա­ւո­րու­թիւն եւ մտադ­րու­թիւն եւ այս ի­մաս­տով «կամք»ը հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան ո՛ւժ մըն է։

Աս­տուած ալ, քա­նի որ հո­գի է եւ ի­մա­ցա­կան «Անձ», ու­րեմն Ան ալ կամք ու­նի եւ իր կամ­քով կը գոր­ծէ։

Ար­դա­րեւ, Իր ի­մաս­տու­թեան եւ բա­րու­թեան մէջ հա­ճոյ թուե­ցաւ Աս­տու­ծոյ յայտ­նել Ինք­զինք եւ ճանչց­նել իր կամ­քին խոր­հուր­դը՝ ո­րուն շնոր­հիւ մար­դիկ, Քրիս­տո­սով, այ­սինքն մար­դա­ցեալ Բա­նով, կը մեր­ձե­նան Հօր՝ Սուրբ Հո­գիի մէջ եւ մաս­նա­կից կ՚ըլ­լան աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան։ Ուս­տի, Աս­տուած կ՚ու­զէ Իր իսկ աս­տուա­ծա­յին կեան­քը հա­ղոր­դել Իր ա­մե­նայն ա­զա­տու­թեամբ ստեղ­ծած մար­դոց, որ­պէս­զի Իր Միա­ծին Որ­դիով զա­նոնք որ­դե­գիր­ներ դարձ­նէ։

Ինք­զինք յայտ­նե­լով, Աս­տուած կ՚ու­զէ որ մար­դիկն ալ ա­տակ դառ­նան ըն­դա­ռա­ջե­լու Ի­րեն, ճանչ­նա­լու եւ սի­րե­լու զԻնք, ա­ւե­լի քան ի՛նչ որ ի­րենց սե­փա­կան մի­ջոց­նե­րով պի­տի չկա­րե­նա­յին։ Յայտ­նու­թեան այս աս­տուա­ծա­յին ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­գոր­ծուի միան­գա­մայն խօս­քե­րով եւ ա­րարք­նե­րով՝ ո­րոնք սեր­տօ­րէն կա­պուած են ի­րա­րու եւ փո­խա­դար­ձա­բար զի­րար կը լու­սա­բա­նեն։

Ուս­տի միակ եւ ճշմա­րիտ Աս­տուա­ծը, բո­լո­րո­վին ա­զատ ծրագ­րով, ժա­մա­նակ­նե­րուն սկիզ­բէն իսկ, Իր բա­րու­թեամբ եւ Իր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեամբ, եւ Իր ա­մե­նա­կա­րո­ղու­թեան զօ­րու­թեամբ, ո­չին­չէն ստեղ­ծեց թէ՛ հո­գե­ւոր եւ թէ՛ մարմ­նա­ւոր ա­րա­րա­ծը, ո՛չ թէ ա­ճեց­նե­լու հա­մար Իր ե­րա­նու­թիւ­նը, ո՛չ ալ ձեռք ձգե­լու հա­մար Իր կա­տա­րե­լու­թիւ­նը, այլ զայն յայտ­նե­լու հա­մար Իր ա­րա­րած­նե­րուն տուած բա­րիք­նե­րով։

Եւ Աս­տու­ծոյ կամ­քը եւ փառ­քը այն է, որ ի­րա­կա­նա­նան Իր բա­րու­թեան յայտ­նու­թիւ­նը եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնց հե­ռան­կա­րով ստեղ­ծուե­ցաւ աշ­խար­հը։ Իր կամ­քին բա­րե­հաճ ծրա­գի­րը այս ե­ղաւ՝ մար­դի­կը «որ­դե­գիր»ներ ը­նել Յի­սուս Քրիս­տո­սով, քա­նի որ Աս­տու­ծոյ փառ­քը կեն­դա­նի մարդն է, իսկ մար­դուն կեան­քը Աս­տու­ծոյ տե­սու­թիւնն է։ Ար­դա­րեւ, Աս­տուած ըստ Իր ի­մաս­տու­թեան ստեղ­ծեց աշ­խար­հը։ Ան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մը, «կոյր ճա­կա­տա­գիր»ի մը, կամ դի­պուա­ծի մը ար­տադ­րու­թիւ­նը չէ. ան յա­ռաջ կու գայ Աս­տու­ծոյ «ա­զատ կամք»էն, որ ու­զեց մաս­նա­կից դարձ­նել ա­րա­րած­նե­րը Իր էու­թեան, Իր ի­մաս­տու­թեան եւ Իր բա­րու­թեան։

«Ո­րով­հե­տեւ դո՛ւն ստեղ­ծե­ցիր ա­մէն ինչ. Քու կամ­քովդ ստեղ­ծուե­ցան եւ գո­յու­թիւն ու­նին բո­լո­րը» (ՅԱՅՏ. Դ 11)։

«Ո՛ր­քան բազ­մա­թիւ են, Տէր, Քու գոր­ծերդ։ Քու ի­մաս­տու­թեամբդ ստեղ­ծե­ցիր զա­նոնք» (ՍԱՂՄ. ՃԳ 24)։­

Աս­տուած ստեղ­ծե­լու հա­մար, նա­խա­պէս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ո՛չ մէկ բա­նի եւ ո՛չ մէկ օգ­նու­թեան կա­րի­քը ու­նի։

Ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ բխում մըն է աս­տուա­ծա­յին գո­յա­ցու­թե­նէն՝ աս­տուա­ծա­յին կամ­քէն։ Աս­տուած Իր կամ­քո՛վ, ա­զա­տօ­րէն կը ստեղ­ծէ «ո­չինչ»էն։

Ուս­տի Հօր կամքն է բարձ­րաց­նել մար­դի­կը աս­տուա­ծա­յին կեան­քին հա­ղոր­դու­թեան։ «Հօր կամ­քը կա­տա­րե­լու հա­մար, Քրիս­տոս եր­կին­քի Ար­քա­յու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րեց երկ­րի վրայ» (Հա­մե­մա­տա­բար՝ ՄԱՐԿ. Ա 14-15)։ Ար­դա­րեւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան պա­տուի­րան­նե­րուն պար­գե­ւը նոյն Ինքն Աս­տու­ծոյ եւ Իր սուրբ կամ­քին պար­գե՛ւն է։ Իր կամ­քը ճանչց­նե­լով, Աս­տուած կը յայտ­նէ Ինք­զինք Իր ժո­ղո­վուր­դին։

Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով՝ «Հայր մեր»ով ա­մէն օր կը կրկնենք. «Թո՛ղ կամքդ կա­տա­րուի երկ­րի վրայ ի՛նչ­պէս եր­կին­քի մէջ»։ Մեր Հօր կա՛մքն է. «որ բո­լոր մար­դի­կը փրկուին եւ հաս­նին ճշմար­տու­թեան գի­տու­թեան» (Ա ՏԻՄ. Բ 4), ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը։

Հայ­րը համ­բե­րա­տար է, քա­նի որ չ՚ու­զեր որ մէ­կը կոր­սուի (Բ ՊԵՏՐ. Գ 9)։ Միւս բո­լոր պա­տուի­րան­նե­րը հա­մա­ռօ­տող եւ Հօր «ամ­բող­ջա­կան կամք»ը յայտ­նող պա­տուի­րա­նը ա՛յն է, որ «մենք սի­րենք զի­րար, ինչ­պէս որ Ինք սի­րեց մեզ» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), (Ա ՅՈՎՀ. Գ-Դ), (ՂՈՒԿ. Ժ 25-37)։ Ան յայտ­նեց մե­զի Իր կամ­քը՝ կամ­քին խոր­հուր­դը, զոր ըստ Իր հա­ճու­թեան կազ­մած էր կան­խաւ։ Ա­նով է որ մենք ընտ­րուե­ցանք եւ կան­խաւ սահ­մա­նուե­ցանք ըստ Ա­նոր «ծրագ­րին», որ ա­մէն ինչ կը տնտե­սէ եւ կը հո­վուէ ըստ Իր Կամ­քին. (ԵՓՍ. Ա 9-11)։ Ուս­տի մար­դիկ թա­խան­ձա­գին կը խնդրեն, որ բա­րե­հա­ճու­թեան այս «ծրա­գիր»ը երկ­րի վրայ ալ լրիւ ի­րա­կա­նա­նայ, ինչ­պէս ի­րա­կա­նա­ցած է եր­կին­քի մէջ։

Քրի­սոտ­սի եւ Ա­նոր մարդ­կա­յին կամ­քին մէ­ջէն, Հօր Կամ­քը մի ան­գամ ընդ միշտ կա­տա­րե­լա­պէս կա­տա­րուե­ցաւ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ Յի­սուս ը­սաւ. «Ա­հա­ւա­սիկ եմ, ո՛վ Աս­տուած, կա­տա­րե­լու Քու կամքդ» (ԵԲՐ. Ժ 7)։ Ուս­տի միա՛յն Յի­սուս կրնայ ը­սել. «Ես միշտ Ա­նոր հա­ճոյ­քը կը կա­տա­րեմ» (ՅՈՎՀ. Ը 29)։ Հո­գե­վար­քի Իր Ա­ղօթ­քին մէջ, Ան ամ­բող­ջո­վին կը հա­մա­կեր­պի այս Կամ­քին. «Ո՛չ իմ կամքս՝ այլ Քո՛ւ կամքդ թող ըլ­լայ» (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։­

Ա­հա­ւա­սիկ, թէ ին­չո՛ւ Յի­սուս «Ինք­զինք զո­հեց մեր մեղ­քե­րուն հա­մար ըստ Աս­տու­ծոյ կամ­քին» (ԳԱՂ. Ա 4)։ Այս կամ­քին զօ­րու­թեամբ, մենք սրբա­ցած ենք Յի­սուս Քրիս­տո­սի մար­մի­նին պա­տա­րա­գով. (ԵԲՐ. Ժ 10)։

­Մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է, որ­պէս «որ­դի»ներ, Հօր­մէն խնդրել, որ մեր կամ­քը միաց­նէ Իր Որ­դիին Կամ­քին, որ­պէս­զի կա­տա­րենք Ա­նոր Կամ­քը՝ որ Իր փրկու­թեան ծրա­գիրն է աշ­խար­հի կեան­քին հա­մար։

Մարդ, ա­սի­կա ը­նե­լու ար­մա­տա­պէս ան­կա­րող է, բայց միա՛յն միա­ցած Յի­սու­սի եւ Իր Սուրբ Հո­գիին զօ­րու­թեամբ, կրնայ Ի­րեն յանձ­նել իր կամ­քը եւ վճռել, թէ պի­տի ընտ­րէ ի՛նչ որ Իր Որ­դին միշտ ընտ­րած է, այ­սինքն՝ ը­նել ի՛նչ որ կամքն է Հօր, եւ ի՛նչ որ հա­ճե­լի է Ա­նոր։ Ուս­տի յար­գե­լով Քրիս­տո­սի պա­տուէր­նե­րը, յա­րե­լով Ա­նոր, մար­դիկ կրնան կազ­մել «մէկ շունչ» Ա­նոր հետ, եւ այս­պէս՝ կա­տա­րել Ա­նոր կամ­քը. այս­պէ­սով՝ այս կամ­քը պի­տի ըլ­լայ կա­տա­րեա՛լ՝ երկ­րի վրայ, ինչ­պէս եր­կին­քի մէջ. (Ո­րո­գի­նէս)։

­Մարդ, ա­ղօթ­քով կրնայ յստակ տես­նել եւ հասկ­նալ, թէ ի՛նչ է Աս­տու­ծոյ կամ­քը եւ ըն­դու­նիլ զայն կա­տա­րե­լու յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը։ Ուս­տի Յի­սուս կ՚ու­սու­ցա­նէ, թէ՝ եր­կին­քի Ար­քա­յու­թիւ­նը ո՛չ ոք խօս­քով կը մտնէ, այլ «կա­տա­րե­լով Իր Հօ­րը կամ­քը, որ եր­կինքն է» (ՄԱՏԹ. Է 21)։

­Մարդ­կա­յին կիր­քե­րը, ո­րոնց­մէ կը տա­րուին մար­դիկ, կո­չուած են կա­մա­ւոր. «ըլ­լա՛յ ո­րով­հե­տեւ հրա­մա­յուած են կամ­քէն, ըլ­լա՛յ ո­րով­հե­տեւ կամ­քը ար­գելք չի դներ ա­նոնց», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Սուրբ Թով­մաս Ա­քուի­նա­ցի։

Մար­դուս կեան­քին մէջ մեծ զգա­ցում­նե­րը չե՛ն որ կ՚ո­րո­շեն ան­ձին բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը եւ սրբու­թիւ­նը. ա­նոնք անս­պառ պա­հեստն են պատ­կեր­նե­րու եւ զգայ­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց մէ­ջէն կ՚ար­տա­յայ­տուի «բա­րո­յա­կան կեանք»ը։ Բա­րո­յա­կան կա­տա­րե­լու­թիւն կա՛յ երբ մար­դը կը մղուի դէ­պի բա­րին ո՛չ միայն իմ կամ­քով, հա­պա նաեւ իր զգա­ցա­կան ա­խոր­ժա­կով, ըստ Սաղ­մո­սեր­գուին. «Սիրտս եւ մար­մինս կը ցնծան դէ­պի Աս­տուած կեն­դա­նի» (ՍԱՂՄ. ՁԳ 3)։

­Մեր կամ­քը մի՜շտ հա­մե­մա­տի Ա­նո՛ր կամ­քին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 17, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 22, 2017