ՈՂՈՐՄԱԾՈՒԹԻՒՆ
«Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ». (ԱՌԱԿ. ԺԱ 17)։ Արդարեւ, ողորմածութեան գործերը բարեսիրական արարքներն են, որոնցմով մենք օգնութեան կը հասնինք մեր մերձաւորին անոր մարմնական եւ հոգեւոր կարիքներուն համար, անոր ամէն տեսակ նեղութեանը մէջ։ Մխիթարել, արիացնել, խրատել, դաստիարակել՝ հոգեւոր ողորմածութեան գործեր են, ինչպէս նաեւ ներել եւ հանդուրժել համբերութեամբ։ Իսկ մարմնաւոր ողորմածութեան գործերը կը կայանան մանաւանդ սնուցանելու մէջ քաղցեալները, բնակութիւն տալու տնանկներուն, զգեստաւորելու մերկանդամները, այցելելու հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն, թաղելու մեռեալները. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31-46)։ Այս արարքներուն շարքին, աղքատներուն տրուած ողորմութիւնը մէկն է եղբայրսիրութեան գլխաւոր վկայութիւններէն. ան նաեւ արդարագործութի՛ւն է, որ հաճելի է Աստուծոյ. (ՄԱՏԹ. Զ 2-4)։
«Ո՛վ որ երկու զգեստ ունի՝ մէկը չունեցողին թող տայ եւ ո՛վ որ կերակուր ունի՝ նոյնպէս ընէ». (ՂՈՒԿ. Գ 11)։
«Ձեր կրցածին չափով ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր պիտի ըլլայ ձեզի համար». (ՂՈՒԿ. ԺԱ 41)։
«Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ է, կարօտ՝ առօրեայ կերակուրին եւ ձեզմէ մէկը ըսէ անոնց.- Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք եւ կշտացէք, եւ չտայ անոնց անհրաժեշտը իրենց մարմիններուն, ի՞նչ բանի կը ծառայեն այս խօսքերը». (ՅԱԿ. Բ 15-16), (Ա ՅՈՎՀ. Գ 17)։
Արդարեւ, մարդկային թշուառութիւնները իր բազմազան ձեւերուն տակ, ինչպէս՝ նիւթական չքաւորութիւնը, անարդար ճնշումի ենթարկումը, ֆիզիքական կամ հոգեկան անկարողութիւնները եւ վերջապէս մահը բացայայտ նշանն են մարդուն «բնածին տկարութեան»՝ անոր գործած առաջին մեղքէն ասդին. նշանն է նաեւ «փրկութեան» մը կարիքին։ Ասոր համար մարդուն այս թշուառութիւնը իր վրայ հրաւիրեց կարեկցութիւնը եւ ողորմածութիւնը Քրիստոս Փրկիչին, որ զայն ուզեց Իր վրան առնել եւ Ինքզինք նոյնացնել «Իր եղբայրներուն փոքրագոյններ»ուն հետ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 40-45)։
«Աստուած գթութեան եւ ողորմութեան, երկայնամիտ, բազումողորմ եւ հաւատարիմ». (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Աստուած կը յայտնէ, թէ Ինք «հարուստ է ողորմածութեամբ». (ԵՓՍ. Բ 4), Իր Որդին տալու աստիճան։
Արդարեւ, Աստուած Ամենակալ «Հայր»ն է։ Անոր հայրութիւնը եւ զօրութիւնը փոխադարձաբար զիրար կը լուսաւորեն։ Ան ցոյց կու տայ Իր հայրական ամենազօրութիւնը հոգալով մեր կարիքները. (ՄԱՏԹ. Զ 32), մեզի տալով որդեգրութիւնը. «Ես պիտի ըլլամ ձեզի հայր եւ դուք պիտի ըլլաք Ինծի համար տղաներ եւ աղջիկներ, կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը». (Բ ԿՈՐՆ. Զ 18) եւ վերջապէս զայն ցոյց կու տայ Իր անհո՜ւն ողորմածութեամբ, քանի որ գերագոյն չափով կը յայտնէ իր զօրութիւնը, երբ ազատակամ կը ներէ մեղքերը։
«Աստուծոյ զօրութիւնը եւ էութիւնը, կամքը եւ իմացականութիւնը, իմաստութիւնը եւ արդարութիւնը նոյնն են, այնպէս որ ինչ որ կայ աստուածային զօրութեան մէջ, ըլլալու է Աստուծոյ արդար կամքին կամ Անոր իմաստուն իմացականութեան մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Արդարեւ, «Նոր Օրէնք»ը կը գործադրէ կրօնին արարքները. ողորմութիւնը, աղօթքը եւ ծոմը, ուղղելով զանոնք «Հօր, որ կը տեսնէ ծածուկ», ներհակաբար «մարդոցմէ տեսնուելու» բաղձանքին. (ՄԱՏԹ. Զ 1-6, 16-18)։
Ողորմութիւնը կը համառօտուի հետեւեալ «ոսկեղէն կանոն»ով. «Ուստի, ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի՝ դուք ալ այնպէս ըրէք անոնց, որովհետեւ այս են Օրէնքը եւ Մարգարէները». (ՄԱՏԹ. Է 12), (ՂՈՒԿ. Զ 31)։
Ամբողջ աւետարանական Օրէնքը կը սեղ-մըւի Յիսուսի «Նոր Պատուիրան»ին մէջ. (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), որ սիրենք զիրար ինչպէս Ինք սիրեց մեզ. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12)։
Արդարեւ, աղքատներուն տրուած ողորմութիւնը եղբայրական սիրոյն վկայութիւն մըն է։ Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ողորմածութիւնը, ինչպէս ուրախութիւնը եւ խաղաղութիւնը։ Ան կը պահանջէ բարեգործութիւն եւ եղբայրական անկեղծ հոգածութիւնը, խնամքը։ «Լրումը մեր բոլոր գործերուն սիրոյ գուրգուրանքն է։ Հոն է վախճանը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ, 18, 2021, Իսթանպուլ