ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթավերջին առիթը ունեցայ երթալու Կիւմրի՝ Լենինական, շաբաթավերջը այդտեղ անցընելու նպատակով: Պատահեցաւ որ նոյն օրը երկու տարբեր վարորդներու հետ ճանապարհորդելու առիթը ունեցայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ մտածելու հետեւեալ նիւթին մասին:
Վարորդներէն առաջինը սկսաւ բողոքել Հայաստանի տնտեսական վիճակին մասին, կրկնելով այն յանկերգը՝ որ կ՚ըսէ «Հայաստանի մէջ գործ չկայ... այս երկիրը երկիր չէ...»: Երկրորդ վարորդը առաջինին հակառակ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ աճող տնտեսութեան մասին, վստահեցնելով, թէ Հայաստանի մէջ բաւարար գործ եւ դրամ կայ անոր համար՝ որ աշխատիլ կը սիրէ ու կ՚աշխատի:
Դժբախտաբար հայութեան մեծամասնութեան մօտ, մանաւանդ սփիւռքի հայերուն մօտ տարածուած է այն գաղափարը, որ «Հայաստան ապրուելիք տեղ չէ. գործ չկայ, դրամ չկայ. պէտք է երթալ Հայրենիք միայն մի քանի շաբթուայ հանգիստ մը ունենալու. ո՛չ աւելին»: Ցաւ ի սիրտ այս գաղափարը շատ անգամ տարածուած է նաեւ անոնց մօտ, որոնք գէթ մէկ անգամ Հայաստան այցելած չեն:
Առաջին հերթին պէտք է յստակ ըլլայ, որ մարդու տնտեսական վիճակը երկրէն աւելի կախեալ է իր իսկ անձէն. բացատրենք այսպէս: Այսօր Հայրենիքի երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երթալ եւ աշխատելու երազով տարուած է. անոնք կը հաւատան, թէ այդտեղ ամէն տեսակ տնտեսական հանգիստ պիտի գտնեն: Անդին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը յայտարարէ, թէ վիճակագրութեանց համաձայն 6.513 հազար մարդ կը մնայ անգործ, որոնցմէ 553 հազարը անտուններ են. նոյն վիճակագրութիւնը կը յայտնէ, թէ վերոյիշեալ թիւերու կողքին Ամերիկայի մէջ աղքատ դասակարգին կը պատկանի աւելի քան 43 հազար մարդ: Հիմա հարց. այդ մարդոց աղքատութեան մէջ ապրիլը եւ կամ անգործութեան մատնուիլը պետութեա՞ն տնտեսական անապահովութեան արդիւնք է, թէ ոչ մարդու սեփական սխալ կամ որոշում: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ այդտեղ ապրողը կը մնայ անգործ, իսկ Հայաստանէն այդտեղ մեկնողը «հարստութեան» տէր կը դառնայ:
Նոյն հարցը նաեւ Հայաստանի մասին. ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ օտար կազմակերպութիւններ Հայրենիքի մէջ իրենց գրասենեակները հիմնելով յաջողութիւններու կը հասնին, մեծ գումարներ կը վաստակին, մինչ Հայաստանի մեծամասնութիւնը կը մնայ «աղքատութեան» մէջ:
Այս բոլորը հետեւանք են մարդկային յատուկ սխալի մը. մեր հայորդիները յանձն կ՚առնեն Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ երթալով օրական 15-17 ժամ աշխատիլ. նոյնիսկ առանց դադարի, սակայն Հայրենիքի մէջ 8 ժամ աշխատիլը դժուար կը թուի. անոնք համաձայն են օտարին մօտ չարչար-ւիլ, սակայն Հայաստանի մէջ յոգնիլ անգամ չեն ուզեր: Անցեալները բարեկամ մը կ՚ըսէր. «ոչինչ, այստեղի ունեցած դժուարութիւնս հոն քաշեմ, կարեւորը հոն ըլլամ»: Եւ իսկական առեղծուածը կը սկսի հոն, երբ Ամերիկայի մէջ որոշ հարստութիւն մը շինած մեծահասակներ կու գան ու կ՚ըսեն «Երանի՜ ձեզի որ հոս կ՚ապրիք», մինչ դիմացի հայորդին միտքէն կ՚ըսէ. «Երանի՜ ձեզի որ հո՛ն ապրած էք»:
Հին առած մը կ՚ըսէ. «Դրամը ամէն տեղ է. պարզապէս բաց աչքերդ եւ դիտէ շուրջդ գտնելու համար յարմար պատեհութիւնները». այսօր դրամը ամէ՛ն տեղ է եւ չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ Ասիական ցամաքամասին վրայ շա՛տ աւելի հարստութիւն կայ քան Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ. ուսումնասիրեցէք աշխարհի մեծահարուստներու ցանկը եւ պիտի տեսնէք, թէ աշխարհի ամենէն աղքատ երկիրներէն՝ Հնդկաստանի մէջ քանի՜ քանի մեծահարուստներ կան:
Հայաստանի մեր հայորդիներուն աղքատութեան պատճառը մէկ է. անորոշութիւն: Անոնք անորոշ վիճակի մէջ են. շատ անգամ հարց տուած եմ անոնց, թէ ի՞նչ գործով կը զբաղուիք եւ ստացած հետեւեալ պատասխանը. «ինչ որ ըլլայ»: Չեմ կարծեր աշխարհի վրայ անձ մը հարստութեան տէր եղած ըլլայ «ինչ որ ըլլայ» կոչուող արհեստով: Օր մը վարորդ, օր մը բանուոր ըլլալով եւ օր մըն ալ խոհարարի օգնական ըլլալով չէ, որ մարդիկ հարստութիւն կ՚ունենան: Մեր հայորդիներուն այդ անորոշութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ անոնք չմտածեն ապագայի մասին եւ կեդրոնանան միայն ներկային վրայ:
Մեր կրթական ծրագիրէն ներս շատ անհրաժեշտ է տնտեսագիտութիւնը, որովհետեւ հասակ առնող սերունդը, ցաւ ի սիրտ, անկարեւորը կարեւորէն զանազանելու եւ առաջնահերթութիւններ ճշդելու դժուարութիւնը ունին: Անոնք կ՚անգիտանան, որ տունին լուացարանը շինել տալը շատ աւելի կարեւոր է նոր ինքնաշարժ մը առնելէ: Տարի մը առաջ բարեկամի հետ որոշեցինք շրջիլ Հայաստանի գիւղերը. շատ անգամ անոնց մեքենաները աւելի սուղ են քան իրենց տունը, որովհետեւ իրենք յօժար են ապրիլ անմարդկային պայմաններով, սակայն քշել նոր մեքենայ մը՝ որ հաւանաբար պիտի ծառայէ դրացիներէն մէկուն նախանձ պատճառելու:
Համաշխարհային մամուլը այս օրերուն կը կեդրոնանայ այն ճշմարտութեան վրայ, որ աշխարհի մեծահարուստ մարդիկ թանկարժէք ոսկիներով հրապարակ դուրս չեն գար. հարստութեան ամէն տեսակ պայ-մաններ ունենալով հանդերձ ամենէն սուղ մեքենաներով չեն շրջիր, համոզուած ըլլալով, որ արտաքին հարստութիւնը չէ՛ որ մարդու մը իսկական չափանիշն ու արժէքը կը ճշդէ:
Պէտք է միշտ մտաբերել, որ քալող էշը սատկած ձիէն շա՜տ աւելի կ՚արժէ: Մտաբերել, որ երկինքէն մանանայ պիտի չտեղայ. պէտք է ստեղծել այդ մանանան:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՇՈՏ ԱԹԱՆԱՍԵԱՆ
(1870-1941)
Մեր թուականէն 81 տարիներ առաջ՝ 22 մարտ 1941-ին Երեւանի մէջ մահացած է երգիծաբան, խմբագիր եւ հրատարակիչ Աշոտ Աթանասեան:
Աթանասեան ծնած է 15 փետրուար 1870-ին, Երեւանի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի թեմական դպրոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք մեկնած է Գերմանիա, ուսումը շարունակելու Լայպցիկի համալսարանի գիւղատնտեսութեան կաճառէն ներս: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք տարբեր վայրերու մէջ որոշ ժամանակ զբաղած է իր մասնագիտութեամբ՝ գիւղատնտեսութեամբ:
Աթանասեան Թիֆլիզի մէջ 1903 թուականին հիմնած ու խմբագրած է նաեւ «Աշխատանք» եւ ապա 1906-1907 թուականներուն «Նոր Աշխատանք» շաբաթաթերթերը: Աթանասեան 1909-1917 թուականներուն հիմնած ու խմբագրած է «Գիւղատնտես» հանդէսը, որ եղած է հայկական առաջին գիւղատնտեսական հանդէսը: Աթանասեան «Սալ-Մանէ», «Կայծակ», «Բիձա», «Մե-բիս», «Ստորակէտ» եւ այլ գրչանուններով յօդուածներ հրատարակած է «Մշակ», «Արշալոյս», «Խաթաբալա», «Կայծ» եւ մի քանի այլ պարբերականներու մէջ: Պատմուածքներ ու թերթօններ հրատարակած է «Կարմիր Աքլոր», «Մարտակոչ», «Կարմիր Մոծակ» պարբերականներու մէջ եւս: Աթանասեանի յայտնի գործերէն է հայազգի զինուորականներ Լորիս Մելիքովինի եւ Վալերիան Մատաթովին նուիրուած պատկերազարդ յուշամատեանները: Իր աշխատանքներէն հրատարակուած է «Ռուս-տաճկական պատերազմը», «Գիւղատնտեսի զրոյցները», «Բանջարաբուծութիւն» եւ այլ գործեր: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Աթանասեան մեծ աշխատանք տարած է տնտեսութեան բարելաւման գծով. զբաղած է հողամշակութեամբ եւ գիւղացիներուն սորվեցուցած է հողամշակութեան կանոնները եւ անոնց տրամադրած է բոլոր անհրաժեշտ գործիքները:
Աթանասեան 1926 թուականին մի քանի այլ մտաւորականներու հետ միասին հիմնած է «Հայ գրական ընկերութիւն»ը, որ լուծարուած է Խորհրդային Միութեան կողմէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ