ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇԸ

«Բարերարութիւնը այնքան հաճելի է մարդուս՝ որքան ատեն որ կրնայ փոխադարձել զայն։ Եւ երբ կ՚անցնի այդ սահմանը, բարերարութիւնը ո՛չ թէ երախտագիտութեամբ, այլ ատելութեամբ կը դիմաւորէ զայն մարդ»։

Gaius Cornelius TACITUS
(56-120թթ.)

Բարերարութիւնը մարդուս բնատուր մէկ կոչումն է, քանի որ ան ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով։ Մարդիկ, արդարեւ, ունին զանազան յատկութիւններ, ձիրքեր, տաղանդներ՝ որոնք բոլորովին տարբեր են մէկը միւսէն։ Ուստի, Առաքեալն ալ իր նամակներուն մէջ կ՚անդրադառնայ եւ յատկապէս կը նշէ այս իրողութիւնը։

Բայց իրողութիւնը, ընդհանրապէս շեղած կը թուի մարդոց մէջ եւ մարդիկ բարերարութիւնը ո՛չ թէ աստուածատուր կոչում եւ պարտաւորութիւն, այլ տեսակ մը «առեւտուր» կը համարեն։ Բարիք մը, բարերարութիւն մը փոխադարձելու պահանջքը կը զգան եւ թէ բարերարն ալ, կարծես փոխադարձ արտայայտութիւն մը սպասելու նպատակով «բարիք» կ՚ընէ։ Եւ երբեմն ալ «բարք»ը ցուցամոլութեան աստիճանին կը հասնի եւ ինքնագովութեան, ինքնիրմով հպարտանալու միջոց մը կ՚ըլլայ։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, բարերարութիւնը թէ՛ բարերարին եւ թէ՛ բարիք ընդունողին կողմէ իր բուն նպատակէն դուրս կ՚ըմբռնուի առ հասարակ։

Այս կէտին, հարկ է անդրադառնալ մարդկային ուրիշ մէկ տկարութեան՝ ապերախտութեա՛ն։ Այս մասին Cicero կ՚ըսէ, թէ՝ մարդ եթէ երախտապարտ ըլլալէ ամօթ զգայ՝ երախտապարտ զգալիք մա՛րդ չի գտներ։ Ուրեմն, երախտապարտութիւնը բարիքի մը արժէքը գիտնալ կը նշանակէ եւ ո՛չ թէ բարիքը փոխադարձել՝ ինքզինք նուաստ զգալով բարերարին հանդէպ։ Երախտապարտութիւնը վեհ զգացում մըն է եւ ո՛չ ամօթ համարելիք զգացում մը։

Հոս պէտք է նշել նաեւ ինքնահաւանութիւնը։ Մարդիկ կան, որոնք ինքնահաւանութեամբ կը մերժեն ամէն բարիք։ Բայց սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ մարդ երբեք ինքնաբաւ չէ՛. ամէն մարդ, ամենէն տկարէն, ամենէն զօրաւորը, ամենագէտէն՝ համեստ գիտութեան տէր եղողը, ամենէն հարուստէն՝ համեստ պայմաններու մէջ ապրողը իրարու օգնութեան պահանջքը կը զգան։

Զոր օրինակ, գիտուն մարդ մը կրնայ չնորոգել իր տան մէջ պարզ գործիք մը եւ պահանջքը կը զգայ աւելի խոնարհ մէկու մը օգնութեան։

Կեանքի մէջ այդպէս չէ՞. ասպարէզ իր յատուկ արհեստաւորը եւ աշխատաւորը ունի եւ իւրաքանչիւրը կը կարօտի միւսին։ Ինչպէս՝ բժիշկը պէտք ունի փաստաբանի եւ փաստաբանն ալ՝ բժիշկի։ Եւ այս իմաստով ասպարէզներու եւ ծառայութիւններու մէջ աստիճանի տարբերութիւն չկա՛յ, երբ մէկը միւսին օգնութեանը կը կարօտի։

Եւ դարձեալ, մա՛րդ պէտք չէ ուրիշը ստորադասէ իր գործին, ասպարէզին, մատուցած ծառայութեան նկատմամբ։

Հոգեւորականներ արդեօք աւելի մօ՞տ են Աստուծոյ քան աշխարհականներ։ Արդարեւ, կարելի չէ՞ որ աշխարհականներու մէջ աւելի հաւատացեալներ գտնուին քան ոեւէ հոգեւորական։ Արդարեւ, աշխարհականը որքան պէտք ունի հոգեւորականին, հոգեւորականն ալ նոյնքան պէտք ունի աշխարհականին՝ հաւատացեալին, իր հոգեւոր ծառայութիւնը մատուցանելու համար։

Ուստի, չկայ աշխարհի վրայ ոեւէ մարդ, որ պէտք չունենայ ուրիշի մը՝ չնայելով անոնց դիրքին, աստիճանին կամ հանգամանքին։ Այս բոլորը կ՚ըսենք՝ հիմնուելով ան ճշմարտութեան, որ Աստուած մարդը ստեղծեց՝ իրերօգնութեան կոչումով. նախ ստեղծեց «մարդ»ը, եւ յետոյ անոնք բաժնեց «այր-մարդ» եւ «կին-մարդ» ըլլալով՝ որպէս իրար ամբողջացնող եւ լրացնող իրերօգնութեան ճամբով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 22, 2024