ԵՐԿՈՒ ՀԱԶԱՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՑԱՆ
Երկու հազար տարուայ ցան մը՝ արմա՛տ մըն է քրիստոնէական հաւատքը, որ փոխեց մարդկութեան ամբողջ ընթացքը եւ էութիւնը։ Երկու հազար տարի առաջ Քրիստոս իր վարդապետութեամբ հին մարդը վերածեց նոր մարդու եւ նոր հոգիով, նոր միտքով օժտեց ու բարեփոխեց մարդկութիւնը։
Աւելի քան երկու հազար տարի առաջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը աւետեց նոր կեանքի մը բարի լուրը համայն մարդկութեան եւ նաեւ աւետիսը՝ յաւիտենական կեանքի իր իսկ տիպարո՛վ։ Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, այս մտածողութեամբ եւ այս ճշմարտութեան ներքեւ՝ որոնց կը վկայեն պատմութիւնը եւ մեր անյեղլի հաւատքը, պահ մը փորձենք մտովի փոխադրուիլ աւելի քան երկու հազար տարի ետ՝ դէպի Երուսաղէմ, եւ իւղաբեր կիներու հետ դիտենք ու վկայենք Յիսուս Քրիստոսի կենդանարար Յարութեան ապացոյցը։
Իւղաբեր կիներ երբ հասան Քրիստոսի գերեզմանը՝ զարմանքով տեսան, որ վիմափոր գերեզմանին դուռը բա՛ց է։ Անոնք կը մտածեն, թէ մէկը եկած եւ գլորած է այդ ծանր քարը։ Եւ կը նային գերեզման եւ չեն գտներ Յիսուսի մարմինը հոն՝ ուր դրուած էր։ Սոսկալի սարսափի կը մատնուին կիները, կը վախնան, կը վազեն դէպի Երուսաղէմ, յայտնելու համար Յիսուսի աշակերտներուն՝ այս եղելութիւնը։
Պետրոս եւ Յովհաննէս անմիջապէս կու գան գերեզման եւ կը տեսնեն Յիսուսի վարշամակը եւ միւս կտաւները ծալլուած կանոնաւոր կերպով։ Հոն կը տեսնեն երկու հրեշտակներ, որոնք անոնց կ՚ըսեն.
«Ինչո՞ւ ողջը կը փնտռէք մեռելներու մէջ՝ այստեղ չէ՛, քանի որ յարութիւն առաւ»։
Այս քաջալերող եւ հրաշունչ յայտնութենէն յետոյ գեղեցիկ եւ հիանալի՜ տեսարան մը կը պարզուի՝ ըստ Աւետարանի վկայութեան մեր աչքերուն առջեւ։ Մարիամ Մագդաղենացի, առանձինն, գերեզմանատան պարտէզին մէջ՝ յուսալքուած ու մտամոլոր կը շրջի, խորհելով, թէ ո՞վ կրնայ գիշեր ատեն գողնալ Յիսուսի մարմինը գերեզմանէն։
Եւ ճիշդ այդ պահուն, ահաւասիկ, ձեռք մը կը դպչի փափկօրէն Մարիամի ուսին, եւ ան ետ դառնալով, եւ կարծելով, թէ պարտիզպանն է, լալագին եւ թախանձող ձայնով կը հարցնէ. «Իմ Տէրը գերեզմանին մէջ չէ՛. արդեօք գիտե՞ս, թէ ո՛ւր տարին զԱյն, ըսէ՛, որպէսզի երթամ ու օծեմ Անոր մարմինը»։ Կը տեսնուի, որ Մարիամ բաւական յուզուած եւ շուարած էր եւ այդ իսկ պատճառով ալ չճանչցաւ Յիսուսը. արդէն անըս-պասելի բան մըն էր այդ, քանի որ Ան թաղուած էր։
Ուստի Յիսուս ըսաւ Մարիամին.
«Մարիա՜մ»։
Եւ այդ պահուն անդրադարձաւ Մարիամ, որ իր ուսին դպչողը Յիսուսն է. ճանչցաւ Անոր ձայնը եւ ցնծութեամբ գոչեց. «Վարդապե՛տ»։
Այդ պահուն տեսաւ ու ճանչցաւ զԱյն։
Յիսուս զինք բացայայտեց իր ինքնութիւնը Մարիամի եւ պատուիրեց, որ երթայ եւ յայտնէ իր աշակերտներուն, թէ շուտով միանան իրեն։
Մարդկային կեանքի մէջ ալ, բնութեան երեւոյթներու համեմատութեամբ կարելի է տեսնել նման իրողութիւններ, որոնք կը վկայեն եւ կ՚ապացուցանեն Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը։ Զոր օրինակ, գարնան ծառերը կը ծաղկին, դաշտերը կանաչ մարգախոտերով կը զարդարուին, թռչուններ կը վերադառնան իրենց նախկին բոյները եւ ամբողջ բնութիւնը վերստին կ՚արթննայ իր քունէն՝ իր մեռելութենէն եւ կը թօթափուի իր մահուան ննջէն՝ կենսալի եւ կարծես կը ժպտի նո՛ր կեանքի մը։
Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը, արդարեւ ամէնուրեք կը տեսնուի եւ կը յայտնուի ամբողջ բնութեան մէջ եւ անշուշտ մարդկային կեանքի ամէն ապրումներուն մէջ։
Ուստի Քրիստոսի յարութեան խորհուրդի ճշմարտութիւնը երբեք չի լքեր մարդը եւ բնութիւնը՝ կեանքի եւ առօրեային մէջ։ Յարութեան խորհուրդը ամէն պահ կ՚ընկերակցի բնութեան երեւոյթներուն եւ մարդ էակին ապրումներուն։ Այս խորհուրդը ուժ եւ կարողութիւն կը ներշնչէ մարդկային ապրումներուն՝ կեանքի եւ պատմութեան ամէն պահերուն, մանաւանդ ողբերգական եւ բախտորոշ պահերուն։
Քրիստոնեայ հաւատացեալի համար Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը անհամեմատօրէն աւելի՛ խոր է, քան մարդկային կեանքի եւ կամ բնութեան վերազարթօնքի գաղափարները։
Արդարեւ, Քրիստոս, Իր իսկ օրինակով՝ յարութիւն կու տայ իր հաւատաւոր անդամներուն։ Ուստի յարութեան խորհուրդը ըմբռնելու համար անհրաժեշտ է՝ հաւատալը, քանի որ առանց հաւատքի կարելի չէ՛ հասկնալ խորհուրդը։ Իսկ սէրը՝ նո՛յնքան անհրաժեշտ է, քանի որ սիրով պէտք է ընդունիլ որեւէ դէպք կամ ոեւէ անձ, որպէսզի մարդ անդրադառնայ էութեան։ Հաւատալ այն ճշմարտութեան՝ որ յաճախ կը կրկնենք «Հաւատամք»ին, այսինքն Հաւատոյ Հանգանակին մէջ՝ ամէն անգամ որ կ՚արտասանենք. «ի յարութիւն մեռելոց…»։ Ուրեմն երբ կ՚արտասանենք, եւ կամ արտասանուածը կը լսենք, պէտք է անդրադառնանք անոր իմաստին, գիտակցինք եւ զգանք անոր խորհուրդը. այլապէս արտասանուածը պարզ կրկնութիւն մը կ՚ըլլայ՝ անիմաստ ու աննպատակ, ի՛նչ որ բանաւոր էակ՝ մարդուն բանականութեան, բանաւորութեան չի՛ համապատասխաներ։ Ուստի, մարդ պէ՛տք է իր խօսքին տէրը ըլլայ, ըսել եւ չընել՝ մարդկային արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեան բոլորովին ներհակ է, ինչ որ անյարգա՛նք է, թէ՛ իր անձին եւ թէ՛ շուրջիններուն։ Հաւատալ կը նշանակէ՝ գիտակցութիւնը ե՛ւ հաւատարմութիւնը ունենալ խօսքին եւ վարուիլ ըստ խօսքին։
Ուստի Քրիստոսի յարութեան գաղափարը կը հանդիսանայ քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնախարիսխը եւ առա՛նցքը։ Առանց յարութեան յոյսի, առանց անդենական եւ յաւիտենական կեանքի եւ վերջին դատաստանի վարդապետութեան, քրիստոնէութիւնը պիտի չկարողանայ խորապէս արմատաւորուիլ ու հաստատուիլ մարդկային հոգիին մէջ։
Եւ վերջապէս, պէտք է հաւատքը, սէրը եւ յոյսը անկե՛ղծ ըլլայ, զանոնք շահագործել եւ անձնական փառքի միջոցներ ընել, ամենամեծ խաբէութիւնն է՝ թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ Եկեղեցիին եւ թէ՛ ենթակային ինքն իրեն դէմ։ Անոնք որ հաւատքը անկեղծութեամբ չեն ապրիր, յարութեան խորհուրդը չե՛ն ըմբռներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 17, 2017, Իսթանպուլ