ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐԸ
Կեանքը պայքարներով եւ փորձութիւններով լեցուն է, ինչպէս նաեւ անակնկալներով։ Արդարեւ Աստուած իւրաքանչիւր մարդու համար «յատուկ ծրագիր» մը ունի, որ մաս կը կազմէ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։ Այս «ծրագիր»ը կ՚իրականանայ երբ մարդ լիովին Աստուծոյ կամքին հնազանդի եւ յանձնուի։
Կեանքը զանազան փորձութիւններու դէմ դնելու է, որպէսզի մարդ զօրանայ Տէրոջմով եւ կարենայ կատարել Իր կամքը։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է «կեանքի պայքար» կոչուածը՝ որ ամէն մարդ ենթական է այդ «պայքար»ին։
Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ, որ Աստուծոյ սպառազինութիւնը հագնինք մեր վրայ, որպէսզի չարութեան օրը կարենանք դէ՛մ դնել փորձիչին եւ փորձութեան. (ԵՓԵՍ. Զ 10-13)։ Առաքեալը կը պատուիրէ հաստատ մնալ հաւատքի մէջ՝ ճշմարտութեան զօրութեամբ ամրացած։ Պօղոս առաքեալի գործածած «մէջքը ճշմարտութեամբ ամրացնել» ասացուածքը կու գայ հին ժամանակներու աւանդութենէ մը։ Պօղոսի ժամանակ կաշիէ գօտի կը հագուէին զինուորները, որը իրենց մէջքը կ՚ամրապնդէր, հագուստը կը բռնէր եւ զէնքերը կրելու կ՚օգնէր, կը դիւրացնէր։ Քրիստոնէական «պաշտպանութեան» մէջ «ճշմարտութի՛ւն»ն է, որ ամէն բան կը մէկտեղէ։ Հաստատ եւ ամուր կը բռնէ ամէն ինչ որ ընթացք կու տան մարդկային կեանքին։ Եթէ կեանքի պզտիկ կամ մեծ պարագաներուն մէջ պարկեշտութիւն չունի մարդ, կը կորսնցնէ կեանքի պայքարը։ Առանց ճշմարտութեան ամէն ինչ կրնայ ձախողիլ։
Ուստի «ճշմարտութեան գօտի»ով է որ կ՚իրականանայ աստուածային արարչական ընդհանուր ծրագիրը՝ որուն մաս կը կազմէ նաեւ Աստուծոյ իւրաքանչիւր անձի տուած դերը՝ յատուկ ծրագիրը, այս ընդհանուր ծրագրին իրականացման եւ կատարման համար։
Չարը՝ Սատանան իր սուտերով, պատրանքներով, մեքենայութեամբ՝ խորամանկ եւ նենգաւոր գործելակերպով անպատ-ւախնդրութիւն կը բերէ մարդոց կեանքին մէջ։ Տէր Յիսուս Քրիստոս է միա՛կ ամբողջական ճշմարտութիւնը՝ որ մարդս պիտի զօրացնէ Իր պատուախնդրութեամբ։
Իւրաքանչիւր մարդ կարենալ կատարելու եւ իրականացնելու համար իրեն յատուկ ծրագիրը, հագնելու է «արդարութեան զրահ»ը՝ որ հաւատացեալին մաքրազտո՛ւմն է։ Հաւատացեալին զրահն է «արդարութիւն»ը. թշնամին՝ Սատանան, այսինքն «չար»ը կը փորձէ յարձակիլ մարդուս վրայ սուտերով, խաբէութիւններով եւ զանազան աղտեղութիւններով։ Ան կ՚ուզէ որ մեղսալից հատուածներ կարդայ մարդ եւ մարմնի տեսակաւոր փորձութիւններու մէջ իյնայ։
Ի վերջոյ «չար»ին՝ Սատանային նպատակն է հաւատացեալին միտքը եւ սիրտը գրաւել եւ արգելք ըլլալ իրեն յատուկ ծրագրին՝ ձախողութեան մատնելով անոր գործադրութիւնը։ Ահաւասիկ, ա՛յս է կեանքի էական եւ կենսական պայքարը։ Սատանան յաջողելու համար կը փնտռէ զրահին մէջ ճեղք մը գտնել։ Զգաստ եւ խոհեմ ըլլալու է մարդ, խաբուելու չէ, քանի որ Սատանան խորամանկ է՝ ան գիտէ թէ այդ «ճեղք»ը ճիշդ ո՛ւր է։ Ուստի մարդ մաքուր պահելու է իր սիրտը որ կարենայ յաղթել, յաղթական ելլել այդ պայքարէն՝ մաքուր, անբիծ եւ անարա՛տ…։
Եւ միտքն ու սիրտը անարատ պահել ամենամեծ յաղթանակն է մարդուն՝ կեանքի պայքարին մէջ, քանի որ կեանքի պայքարը շահելու եւ կորսնցնելու պատերա՛զմ մըն է։
Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ոտքերնուդ հագէք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը»։
Արդարեւ, կօշիկը շատ կարեւոր էր Հռովմէացի զինուորին համար, որպէսզի յաղթական ըլլար պատերազմի դաշտին վրայ։ Ուրեմն, պէտք է «խաղաղութեան կօշիկ»ը հագնի իւրաքանչիւր անձ, որպէսզի կարենայ իրականացնել իրեն յատուկ ծրագիրը եւ կատարէ իր դերը աստուածային ընդհանուր ծրագրին մէջ։ Ուստի մարդ երբ հագնի «խաղաղութեան կօշիկ»ը՝ կրնայ հաստատ քալել կեանքի պայքարին-պատերազմին դաշտին մէջ՝ որ կեա՛նքն իսկ է։ Այս պատճառով պէտք է մարդ «ներքին խաղաղութիւն» ունենայ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեամբ, որպէսզի կարենայ պայքարիլ եւ դէմ դնել «չար»ին՝ Սատանային։ Փորձիչը՝ Սատանան յուսահատեցուցիչ քարերով եւ կասկածի նիւթերով կ՚ուզէ խանգարել հաւատացեալին խաղաղութիւնը եւ կը ջանայ սայթաքեցնել զայն։ Ուստի պէտք է աղօթել, որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ վե՛ր է, մարդուս սիրտերը եւ միտքերը պահպանէ Յիսուս Քրիստոսո՛վ. (ՓԻԼ. Դ 7)։
Հոգեւոր պատերազմի մէջ «հաւատքի վահան»ը խիստ կարեւո՛ր է հաւատացեալին ապահովութեան եւ վստահութեան համար։ Արդարեւ Հռովմէացի զինուորին վահանը շատ մեծ էր եւ փայտաշէն՝ կաշիով պատուած։ Այնպէս որ երբ թշնամին կրակոտ նետեր արձակէր, պէտք էր վահանը պաշտպանէր զայն որ չայրի եւ չվնասուի։ Սատանան ալ խորամանկութեամբ, «կասկածի կրակոտ նետ»երով կ՚ուզէ խոցել հաւատացեալը, որպէսզի արգելք հանդիսանայ իւրայատուկ ծրագրին իրականացման։
Սատանան կը ջանայ մարդուս միտքը պղտորել Աստուծոյ եւ Անոր Խօսքին մասին կասկածներ, տարակուսանքներ ցանելով մարդուս սրտին մէջ։ Ան գիտէ որ կա՛յծ մը կրնայ հրդեհ յառաջացնել։ Ուստի մարդ պէտք է իր հաւատքը սնուցանէ եւ զօրացնէ Աստուծոյ Խօսքով եւ սովամա՛հ ընէ կասկածները Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ։ Եւ ասիկա կարելի է «հաւատքի վահան»ը միշտ իր վրայ պահելով, չարին ամէն կրակոտ նետերը մարելու համար։
«Փրկութեան սաղաւարտ»ը առէ՛ք կը գրէ Քրիստոսի քաջարի վկան՝ «եւ հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ Խօսքն է»։ Ուստի զինուորի մը համար սաղաւարտը անհրաժե՛շտ էր գլուխը պաշտպանելու համար, քանի որ եթէ գլուխէն վիրաւորուէր պիտի չկարենար խորհիլ։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ պէտք է Քրիստոսի միտքը ունենայ Ամենակարող Ամենատես Աստուծոյ ղեկավարութեամբ։ Մարդ իրեն տրուած դերը կատարելու եւ իւրայատուկ ծրագիրը իրականացնելու համար անհրաժե՛շտ է միտքը՝ բանականութիւնը։ Ուստի այս ի մտի ունենալով «փրկութեան վստահութիւն»ը ունենալու է մարդ, որպէսզի կարենայ յաղթել կեանքի անողոք պատերազմին եւ յաջողի իրականացնել իրեն տրամադրուած ծրագիրը։
«Հոգիին սուրը» Աստուծոյ ուղեցոյցն է, հաւատացեալին «քարտէս»ը՝ Անոր սրբազան Խօսքը։
Մարդ պարտաւո՛ր է իրականացնել իրեն յատկացուած ծրագիրը եւ կատարել իր դե՛րը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 17, 2019, Իսթանպուլ