ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՊԱՅՔԱ՛Ր ՄԸ

Պայ­քա՛ր մըն է Քրիս­տո­սի կեան­քը եւ քրիս­տո­նեա­յին կեան­քը՝ մարդ­կա­յին ա­նաս­նա­կան եւ ստո­րին հա­կում­նե­րուն դէմ։ Ա­նի­կա պայ­քա՛ր մըն է այն ա­մէն չա­րիք­նե­րուն դէմ՝ ո­րոնք կը նուաս­տաց­նեն մար­դը եւ վա՛ր կ՚ի­ջեց­նեն իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան պա­տուան­դա­նէն։ Պայ­քա՛ր մըն է քրիս­տո­նէա­կան կեան­քը, ըն­կե­րա­յին քան­դիչ եւ կոր­ծա­նա­րար ու­ժե­րուն դէմ՝ ա­նար­դա­րու­թեան, ա­նի­րա­ւու­թեան, չա­րա­շա­հու­թեան, եւ ա­սոնց նման այն բո­լոր բա­ցա­սա­կան ա­րարք­նե­րու՝ ո­րոնք կ՚այ­լա­սե­րեն մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Պա­տե­րա՛զմ մըն է ան՝ ա­մէն չա­րու­թիւն­նե­րու, մո­լու­թիւն­նե­րու, գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու եւ փոր­ձու­թիւն ներշն­չող ստո­րին հրա­պոյր­նե­րու դէմ։ Եւ այս պայ­քա­րը կը նմա­նի հա­զիւ վե­րա­կեն­դա­նա­ցած բնու­թեան, որ պայ­քա­րի կը սկսի դար­ձեալ ձմրան թմբի­րէն թօ­թա­փուած։

Եւ ինչ­պէս բնու­թիւ­նը տե­ւա­կան պայ­քա­րի մը մէջ է ա­մէն տե­սակ անն­պաստ ե­րե­ւոյթ­նե­րու դէմ, հո­վին, ցուր­տին, վնա­սա­կար մի­ջատ­նե­րու դէմ, քրիս­տո­նէու­թիւնն ալ, նո՛յն­պէս, տե­ւա­պէս պայ­քա­րի մէջ է ա­մէն չա­րու­թեան, վա­տու­թեան դէմ՝ ո­րոնք կը սպառ­նան մարդ­կա­յին հո­գե­ւոր կեան­քին։

Բնու­թեան մէջ բոյ­սին եւ տուն­կին կեան­քը կը գո­յա­տե­ւէ՝ յա­ռա­ջի­կա­յին պտղա­բե­րե­լու յոյ­սով, եւ քրիս­տո­նէա­կան կեանքն ալ իր ըն­թաց­քը կը շա­րու­նա­կէ հո­գե­ւոր պայ­քա­րի մը մէջ՝ յոյ­սով եւ հա­ւատ­քով, ո­րոնք կ՚ամ­բող­ջաց­նեն սէ՛­րը…։

Սուրբ Գիր­քի մեկ­նա­բա­նու­թեան մէջ իւ­րա­քան­չիւր գոյն ցոյց կու տայ, կը խորհր­դան­շէ բնու­թիւն մը, զոր օ­րի­նակ, իր զա­նա­զան տե­սակ­նե­րով, ընդ­հան­րա­պէս «կար­միր» գոյ­նը կը խորհր­դան­շէ ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն եւ յաղ­թու­թիւն եւ նաեւ՝ անջն­ջե­լի գո­յու­թիւն։ Եւ բնու­թեան մէջ ալ՝ կար­մի­րը խորհր­դա­նիշն է կեն­դա­նու­թեան, կեն­սու­րա­խու­թեան, ա­ռու­գու­թեան եւ արթ­նու­թեան, ինչ­պէս դաշ­տի ծա­ղիկ­նե­րը՝ ո­րոնք ցոյց կու տան բնու­թեան վե­րա­կեն­դա­նու­թիւ­նը՝ ձմրան ըն­դար­մա­ցու­մէն ետք։

Հո­գե­ւոր կեանքն ալ կը նմա­նի բնու­թեան՝ տրտմու­թիւն­նե­րէ, տա­ռա­պանք­նե­րէ, չար­չա­րանք­նե­րէ յե­տոյ կու գայ յաղ­թա­նա­կը, վե­րա­կեն­դա­նու­թիւ­նը, երկ­նա­յին կեան­քը՝ յա­ւի­տե­նա­կան ե­րա­նու­թի՛ւ­նը։

Ուս­տի, քրիս­տո­նէա­կան կեան­քի պայ­քա­րը կը պսա­կուի յաղ­թու­թեամբ, որ հե­տե­ւանքն է քրիս­տո­նէա­կան հաս­տա­տա­կա­մու­թեան եւ քա­ջու­թեան։ Ար­դա­րեւ «քա­ջու­թիւն»ը՝ ան­վա­խու­թիւ­նը հիմ­նա­կա՛նն է քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րուն. քաջ ըլ­լա­լու է, որ յաղ­թու­թեամբ պսա­կուի պայ­քա­րը, հո­գե­ւոր պայ­քա­րի հա­մար անհ­րա­ժե՛շտ է հա­ւատ­քը եւ յոյ­սը, ո­րոնց մղիչ ուժն է՝ սէ­րը։

Հո­գե­ւոր պայ­քա­րի մէջ սէ­րը անհ­րա­ժեշտ է՝ պայ­քա­րի նպա­տա­կին, եւ հա­ւատք՝ ի­մաս­տին, վեր­ջա­պէս յոյս՝ յաղ­թու­թեա՛ն։ Մարդ ե­թէ չսի­րէ ո­րե­ւէ բան, ա­նոր հա­մար չի պայ­քա­րիր, չի զո­հուիր եւ կեան­քին գի­նով չի պաշտ­պա­ներ զայն։ Մարդ ե­թէ հա­ւատք չու­նե­նայ, չվստա­հի ո­րե­ւէ բա­նի մը, գա­ղա­փար, սկզբունք կամ հա­ւա­տա­լիք, ա­նոր հա­մար չի պայ­քա­րիր, ար­ժէք չ՚ըն­ծա­յեր ա­նոր։ Եւ վեր­ջա­պէս, մարդ երբ յոյս չու­նի յաղ­թա­նա­կի մը՝ եր­ջան­կա­բեր վախ­ճա­նի մը, այ­լա­պէս չի զո­հեր եւ չի զո­հուիր, չի պայ­քա­րիր, քա­նի որ մարդ ակն­կա­լուած եւ նա­խա­տե­սուած բա­նա­ւոր նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար կը զո­հէ հան­գիս­տը, խա­ղա­ղու­թիւ­նը, եւ կը ձգտի ա­ւե­լի լա­ւին, բա­րիին եւ օգ­տա­կա­րին։

Մարդս կեն­սու­նակ վի­ճա­կի մէջ մնա­լու հա­մար պէտք ու­նի նպա­տա­կի մը՝ ար­դիւ­նա­բեր վեր­ջա­ւո­րու­թեան մը։ Ու­րեմն ե­թէ նպա­տակ չկայ, չկա՛յ նաեւ աշ­խա­տանք, չկա՛յ նաեւ պայ­քար։

Քրիս­տո­նեա­յին նպա­տակն է յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը, բայց այդ կեան­քին ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար պէտք է կա­րե­ւոր ար­գելք մը յաղ­թա­հա­րուի, ոչն­չա­ցուի, եւ այդ ար­գել­քը՝ «չար»ն է, այն ա­մէն ինչ որ ներ­հակ է բա­րիին, ճշմար­տու­թեան, քա­նի որ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը, ե­րա­նու­թիւ­նը բա­րու­թիւն է եւ ճշմար­տու­թի՛ւն։

Ծա­նօթ եւ սո­վո­րա­կան ա­սոյթ մըն է «կեան­քը պայ­քա՛ր մըն է» խօս­քը. պայ­քար՝ ո՛չ միայն հա­ցի, այլ նաեւ պայ­քար՝ ան­գութ ըն­կե­րա­յին մրցակ­ցու­թիւն­նե­րու, խա­բէու­թիւն­նե­րու, զրպար­տու­թիւն­նե­րու, բամ­բա­սանք­նե­րու մէջ իր տե­ղը, դիր­քը եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը պա­հե­լու՝ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու հա­մար ա­մէն վտանգ­նե­րու եւ չա­րու­թիւն­նե­րու դէմ։

Մար­դուս ապ­րած աշ­խար­հա­յին-ֆի­զի­քա­կան կեան­քը, ա­մէ­նօ­րեայ ապ­րում­նե­րը մշտա­կան պայ­քա՛ր մըն է՝ քան­դիչ ա­մէն տե­սակ ու­ժի դէմ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս ընդ­հա­նուր մարդ­կա­յին կեան­քի պայ­քա­րը, ա­ւե­լի եւս զգա­լի է քրիս­տո­նեա­յին կեան­քին մէջ, ա­մէն պահ, ա­մէն վայր­կեան պայ­քա՛ր մըն է ա­նոր հա­մար չա­րին եւ մո­լո­րե­ցու­ցիչ ա­մէն հա­կա­ռա­կու­թեան դէմ։

Քրի­ստո­սի օ­րի­նա­կով՝ չար­չա­րան­քի, տա­ռա­պան­քի ըն­թացք մըն է կեան­քը՝ հաս­նե­լու հա­մար խոս­տա­ցուած ե­րա­նե­լի՜ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին։ Ուս­տի, ինչ­պէս ը­սինք, նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու հա­մար աշ­խա­տանք պէտք է, մին­չեւ իսկ չար­չա­րանք, բայց նախ մարդ պէտք է ու­նե­նայ նուի­րա­կան նպա­տակ մը՝ ո­րուն հա­մար կ՚ար­ժէ չար­չա­րուիլ, զո­հուի՛լ։

Յա­ճախ կը յի­շենք Քրիս­տո­սի խօս­քը, ա­մէն ան­գամ որ խօս­քը նե­ղու­թիւն­նե­րու, տա­ռա­պանք­նե­րու եւ կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րու դի­մադ­րե­լու մա­սին է. «Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, քա­նի որ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։­

Ու­րեմն քրիս­տո­նեա­յին կեան­քը հան­գիստ, հան­դարտ եւ խա­ղաղ կեանք մը չէ, այլ նե­ղու­թիւն­նե­րով, դժուա­րու­թիւն­նե­րով լե­ցուն ըն­թացք մը՝ ո­րուն տո­կա­լու հա­մար պայ­մա՛ն է քաջ ըլ­լալ, չյու­սալ­քուիլ, պայ­քա­րիլ եւ ի վեր­ջոյ յաղ­թա­կան հան­դի­սա­նալ՝ ինչ­պէս Քրիս­տոս յաղ­թա­կան ե­լաւ այդ պայ­քա­րէն։

Քրիս­տո­նեան խա­ղա­ղու­թեան կը ձգտի, քա­նի որ իր նպա­տա­կը խա­ղա­ղու­թիւն է, բայց խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար պէտք է պայ­քար մղէ, քա­ջա­բար կռուի՛ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կա­սեց­նող խռո­վա­սէր ու­ժե­րու դէմ։ Ուս­տի ա­ռանց աշ­խա­տան­քի վար­ձատ­րու­թիւն չկա՛յ, ա­մէն ինչ փո­խա­դարձ հա­տու­ցում մը ու­նի՝ ար­դար պայ­քար­նե­րը կը վար­ձատ­րուին խա­ղա­ղու­թեամբ, իսկ պայ­քա­րէն խու­սա­փող ան­տար­բեր եւ վախ­կոտ հո­գի­ներ կը դա­տա­պար­տուին միշտ դժբախտ ու թշուառ մնա­լու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 18, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017