ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՏԱՃԱՐԸ
Տաճարին կեդրոնական եւ էական հանգամանքը՝ սրբավայր ըլլալն է, այսինքն այն վայրը՝ ուր Աստուած կը բնակի առանձնայատուկ կերպով։
Յիսուս, ինչպէս Իրմէ առաջ մարգարէները, ամենախորունկ յարգանքը ունեցաւ Երուսաղէմի Տաճարին հանդէպ։ Ան հո՛ն ընծայուեցաւ Յովսէփէն եւ Մարիամէն՝ Իր ծնունդէն քառասուն օր ետք։ Իսկ տասներկու տարեկանին, որոշեց մնալ Տաճար, յիշեցնելով Իր ծնողքին, թէ Ինք պարտաւոր էր զբաղիլ Իր Հօր գործերով։ Իր թաքուն կեանքին ժամանակ, ամէն տարի Տաճար ելաւ՝ գէթ Զատիկին, իսկ Իր հրապարակային պաշտօնատարութեան հանգրուանները եղան ուխտագնացութիւնները՝ Երուսաղէմ, հրէական մեծ տօներուն առիթով։
Յիսուս Տաճար ելաւ Աստուծոյ հետ հանդիպումին իբրեւ առանձնանշորհեալ վայրը։
Յիսուսի համար Տաճարը բնակարանն էր Իր Հօր, տուն մը աղօթքի, ուստի կը զայրանայ, որ անոր արտաքին գաւիթը վերածուած է վաճառքի վայրի։
Արդար զայրո՛յթ, որ կ՚անդրադարձնէ եւ կը յիշեցնէ, թէ Տաճարը միա՛յն աղօթքի՛ վայր է։
Եւ քանի որ Տաճարը աղօթքի վայր է, ապա ուրեմն հոն տեղ չունին «վաճառական»ներ՝ անձնական շահ ապահովելու աշխատողներ։ Անշուշտ «շահ» ըսելով պէտք չէ հասկնալ միայն նիւթական շահը, այլ եւ նաեւ՝ բարոյական ամէն շահ՝ փառք, պատիւ, յարգ, տիտղոս, անուն, եւ այլն. բոլորն ալ «շահ»եր են, որ կը պատկանին աշխարհի։ Ահաւասիկ, այս պատճառով, Յիսուս կ՚արտաքսէ Տաճարէն «վաճառական»ները, որոնց հոն գտնուելու նպատակը ո՛չ թէ աղօթել, այլ շահ ապահովել էր։
Արդարեւ, կան մարդիկ, որոնք տաճար կամ եկեղեցի յաճախելով շնորհ մը ըրած կը կարծեն անոր, եւ մանաւանդ երբ ծառայութիւն մը կը կատարեն։ Մինչդեռ եկեղեցի յաճախելով եւ հոն ծառայելով, մարդ շնորհ կը ստանա՛յ։
Ուստի, Յիսուս, Իր Հօր նկատմամբ նախանձախնդիր սէրէն մղուած կ՚ըսէ. «Հօրս տունը վաճառքի տուն մի՛ ընէք», ինչ որ Սաղմոսերգուն ալ ըսած է նախապէս. «Տանդ նախանձը պիտի ուտէ զիս». (ՅՈՎՀ. Բ 16-17) եւ (ՍԱՂՄ. ԿԸ 10)։
Յիսուս Քրիստոսի Յարութենէն ետք, առաքեալները հաւատարիմ մնացին այս ճըշ-մարտութեան եւ պահպանեցին երկիւղալից յարգանքը Տաճարին հանդէպ։
Եւ այսօր ալ, մինչեւ վերջ պէտք է շարունակուի այդ հաւատարմութիւնը եւ պահպանուի յարգանքը Եկեղեցիին հանդէպ, միշտ ի մտի ունենալով, թէ Եկեղեցին Աստուծոյ տո՛ւնն է եւ աղօթքի վայր միա՛յն։
Արդարեւ, Յիսուս երբեք թշնամի չեղաւ Տաճարին, քանի որ հո՛ն քարոզեց Իր վարդապետութեան էականը։ Ան փափաքեցաւ Տաճարին տուրքը վճարել Պետրոսին ընկերակցութեամբ՝ զոր հաստատած էր իբր Հիմ Իր Եկեղեցիին։
Դեռ աւելին, Յիսուս, ինքզինք նոյնացուց Տաճարին հետ, Ինքզինք ներկայացնելով իբր վերջնական բնակարանը Աստուծոյ՝ մարդոց միջեւ։ Այս իսկ պատճառով Իր մարմնաւոր սպանութիւնը կանխանշանն է Տաճարին կործանումին, որ պիտի նշէ փրկութեան պատմութեան նոր դարաշրջանի մը մուտքը. «Ո՜վ կին, հաւատա՛ ինծի, թէ ժամանակը կու գայ՝ երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պաշտէք Հայրը». (ՅՈՎՀ. Դ 21)։ Քանի որ Տաճարը Աստուծոյ տունն է՝ Եկեղեցին ալ Յիսուսին ամբողջութի՛ւնն է։
Քրիստոս ճշմարիտ Տաճարն է Աստուծոյ. այն վայրը՝ ուր կը բնակի Անոր փառքը։ Եւ Աստուծոյ շնորհքով՝ քրիստոնեաներն ալ կը դառնան Սուրբ Հոգիին տաճարները, կենդանի վէմեր՝ որոնցմէ կառուցուած է Եկեղեցին։ Իր երկրաւոր բնոյթով՝ Եկեղեցին կարիքը ունի վայրերու՝ գետիններու, ուր հասարակութիւնը կարենայ համախմբուիլ. անոնք մեր տեսանելի եկեղեցիներն են, սուրբ վայրեր, սրբացած գետիններ, որոնք պատկերներն են երկնային Երուսաղէմին՝ դէպի ուր մարդիկ կը ճանապարհորդեն իբրեւ «ուխտագնաց»ներ։
Այս իմաստով, եկեղեցիները մտամփոփումի եւ առանձնական ե՛ւ հաւաքական աղօթքի վայրեր են։
Ուրեմն, եկեղեցին անձնական շահու միջոց նկատել, կը հակադրէ իր էական նպատակին, քանի որ հոն հաւատացեալներ մտամփոփ կերպով մը կը հաղորդակցին Աստուծոյ հետ՝ կ՚աղօթեն, մասնակից կ՚ըլլան երկնային շնորհներուն։
Եւ երբ նկատի կ՚ունենանք այս ճշմարտութիւնները, կը տեսնենք, թէ ո՜րքան արդար եւ իրաւացի է Քրիստոսի զայրոյթը՝ Տաճարը շահագործողներու մասին։ Եթէ նայինք եւ բաղդատել փորձենք անցեալը եւ ներկան, զգալի փոփոխութիւններ չենք կրնար տեսնել՝ աւելի քան երկու հազար տարի առաջուան Տաճարին եւ այսօրուան Եկեղեցիին միջեւ։ Թէեւ արտաքնապէս շատ բան փոխուած կ՚երեւի, բայց ըստ էութեան, անփոփոխ են մնացած կարգ մը պարագաներ։ Զոր օրինակ, այսօր ալ Եկեղեցին շահագործողներու կարելի է հանդիպիլ. այսօր ալ կը գտնուին մարդիկ, որ Եկեղեցին կ՚ընդունին պարզ հաստատութիւն մը, ուր կը կատարուին աւանդական «արարողութիւն»ներ, եւ ամենէն ցաւալին՝ կան մարդիկ, որ Եկեղեցին դարձուցած են «վաճառատուն»ի մը, փոխանակ աղօթքի վայրի։ Եւ ասիկա բնական երեւոյթ մը նկատողներ իսկ կը գտնուին։
Եկեղեցին, պարզ ընկերային հաստատութիւն մը չէ՛, հոն կայ բարոյական, հոգեւոր ամէն արժէք, չէ՞ որ անիկա «Աստուծոյ տո՛ւն»ն է՝ աղօթքի տուն։ Ցաւալի պարագայ մըն ալ այն է, թէ՝ այս մասին կատարուած արդար դիտողութիւններ թեթեւամտութիւն եւ ժամանակավրէպ, անտեղի եւ անիմաստ ելոյթներ կը սեպուին։
Ընկերային կեանքը բնական ընթացք մը ունի, ի՛նչ որ անուրանալի է եւ այդ ընթացքը տեւական բարեփոխման մէջ է եւ կարգ մը պէ՛տք է պատշաճեցնել այդ ընթացքին հետ՝ «քայլ յարմարցնել» նորութիւններու եւ արդիանալ։ Ճիշդ է ասիկա, եւ սակայն կարգ մը էական եւ հիմնական արժէքներ այդ փոփոխութեան ազդեցութենէն պէտք է՛ զերծ մնան եւ իրենց դիրքը ապահովութեան մէջ պահեն։ Այս ուղղութեամբ, Եկեղեցիին հանգամանքը միշտ նո՛յնն է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենական, ան Աստուծոյ տո՛ւնն է եւ աղօթքի վայր, եւ ո՛չ երբեք վաճառատեղի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 15, 2018, Իսթանպուլ