ՈՒԺԻ ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ճարտարարուեստի եւ առեւտրական ձեռնարկութիւններու մէջ, նոյնպէս ալ բարեսիրական եւ եկեղեցական գործառնութիւններու մէջ յաջողութեան եւ արդիւնաւորութեան էական պայման է ուժի խնայողութիւն եւ կեդրոնացում։

Ահաւասիկ, այս նպատակով էր, որ մարտ 1938-ին Նիւ Եորքի հանրածանօթ խումբ մը քաղաքացիներ, որոնց գլուխը կը գտնուէր մեծահարուստ բարեսէր Ճան Տ. Րաքֆէլըր, երեւան բերին կազմակերպութիւն մը՝ որուն նպատակն էր տարուան մէջ մէկ անգամ հաւաքական աշխատանքով հանգանակել տասը միլիոն տոլար, նպաստելու համար քաղաքին ութ հարիւրի մօտ աղքատախնամ եւ մարդասիրական հաստատութիւններուն՝ որոնք ատեն ատեն առանձնական դիմումներ կ՚ընեն ժողովուրդին՝ դրամական նպաստի համար։

Այս մարդասիրական ձեռնարկին շուրջ հրապարակային ժողովի մը մէջ խօսելու ատեն Ճան Տ. Րաքֆէլըր դիտել տուած էր, թէ որպէսզի ուժի, ժամանակի եւ դրամի վատնումէ ազատ մնանք, պէտք է որ բոլոր ցեղային եւ դաւանական նկատումները մէկ կողմ դրած՝ միացեալ ուժերով գործակցինք նպաստելու մարդասիրական գործին մէջ։

Ամերիկացիներու այս շարժումը կրնար օրինակ տալ մեզի, չափ եւ սահման դնելու բարեսիրական-մարդասիրական զանազան նպատակներու համար կատարուած հանգանակութիւններուն՝ պէտք է ըսել թ,է յաճախ ձանձրացուցիչ եւ երբեմն ալ նեղիչ ըլլալու չափ շատ կը հանդիսանան թիւ եւ տեսակով, նկատելով ժողովուրդին ընդհանրապէս նիւթական նեղ եւ սահմանափակ կարողութիւնը։

Արդարեւ, ամէն ընկերական կեանքի պայմանները տարբեր ըլլալուն համար, ինչ որ շատ բնական է եւ բանական, համայնական հանգանակութեան այս ամերիկեան կերպը կարելի չէ որդեգրել ճշդութեամբ ամէն ժողովուրդի ընկերական կեանքին, եւ սակայն միեւնոյն նպատակներուն համար գործող կազմակերպութիւններ, ինչպէս, աղքատախնամներ, ընկերային ծառայութեան յանձնախումբեր կրնան գործակցիլ եւ որոշ ըմբռնումով եւ հասկացողութեամբ, տարին մէկ անգամ «միացեալ հանգանակութիւն»ներ կատարել իրենց բարենպատակ եւ մարդասիրական ձեռնարկներուն համար…։

Ասով, թէ՛ ծախք, ժամանակ եւ աշխատանք կը խնայուի, թէ՛ ժողովուրդին աւելի դիւրին կ՚ըլլայ մէկ անգամ դրամ տալ, նպաստել քան յաճախակի դրամահաւաքներու հանդիպիլ, եւ թէ՛ արդիւնքը աւելի՛ գոհացուցիչ կ՚ըլլայ։

Անշուշտ կը հասկցուի, թէ խօսքը բացառիկ նպատակներու համար կատարուած հանգանակութիւններու մասին չէ, այլ՝ ընթացիկ, սովորական նպատակներու համար։

Արդարեւ, իրերօգնութիւնը, մարդասիրական պարտք մըն է թէ՛ իւրաքանչիւր անհատի, թէ հաւաքականութեան՝ անհատ կամ ընկերութիւն պատասխանատո՛ւ է կարօտեալներու, աղքատներու, չքաւորներու եւ անոքներու՝ տէր տիրական չունեցողներու կեանքին, անոնց խնամքին եւ ընդհանրապէս հոգածութեան։ Մարդասիրական շարժումը անխտիր ամէն մարդու համար պէտք է ըլլայ, առանց նկատի ունենալու ցեղային եւ հաւատքի տարբերութիւններ, քանի որ անոնք բոլորն ալ «մա՛րդ» են եւ կը կարօտին իրենց նմաններուն հոգածութեան եւ խնամատարութեան։

Եւ այս իմաստով «մարդասիրութիւն»ը որեւէ խտրութիւն, սահման, պայման պէտք չէ՛ ունենայ։

Ուրեմն բարեսիրական ձեռնարկներ եւ շարժումներ իրենց առանձնութիւնը պահելով հանդերձ՝ միասնաբար, հաղորդակցութեան մէջ աշխատելու եւ գործակցելու՝ իրենց բարեսիրական նպատակները իրականացնելու համար եւ հասնելու համար հաճելի եւ գնահատելի արդիւնքի մը։

Արդարեւ, բարեսիրական աշխատանքի մէջ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է անկեղծ ըլլալ, ինչ որ կը նշանակէ՝ աշխատանքին միակ նպատակը ըլլալ իրապէս օգնել, նպաստել եւ նիւթապէս եւ բարոյապէս գոհացնել կարօտեալները։

Բարեսիրական աշխատանքի մը մէջ նպատակէ որեւէ շեղում անարժէք կը թողու յիշեալ մարդասիրական գործը։

Ուրեմն, ամէն մարզի մէջ ե՛ւ մարդասիրական-բարեսիրական գործին մէջ ալ միութիւնը, համագործակցութիւնը թէ՛ ուժի, աշխատանքի խնայողութիւն կը նշանակէ եւ թէ՛ ժամանակի վատնումէ ազատ մնալ։ Այս կերպ խնայողութիւնը կը ծառայէ աշխատանքին արդիւնաւորման եւ յաջողութեան։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ դէպքերու վկայութիւնները ցոյց կու տան, թէ իրարու յարեւնման նպատակներու համար սարքուած հանդէսներ եւ կամ հանգանակութեան զանազան ձեռնարկներ, ընդհանրապէս անյաջողութեան կը մատնուին սա պարզ պատճառով, որ ժողովուրդը կը ձանձրանայ նոյնօրինակ հաւաքոյթներէ։

Այս ձանձրոյթին հետեւանքը կ՚ըլլայ անշուշտ թէ՛ դրամի վատնում եւ թէ՛ յուսախաբութիւն, եթէ հաշուի չառնուի ժամանակի վատնումը։

Ուստի, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, ուժի, աշխատանքի, ժամանակի եւ դրամի խնայողութիւնը, բարեսիրական եւ մարդասիրական ձեռնարկներու մէջ ալ կարեւոր կը հանդիսանայ եւ անհրաժե՛շտ։

Այս ուղղութեամբ ուժերու միացումը կ՚աւելցնէ արդիւնաւորումը. միացուած ուժերը աւելի՛ ազդու եւ արդիւնաբեր են, քան անջատ, առանձին ուժերը։ Արդէն ուժերու միացումը անոնց խնայողութեամբ գործած-ւելուն պատճառ կ՚ըլլայ։

Ցաւալի՛ է, որ այս մասին գործուած սխալներ, թերացումներ դառն հետեւանքներու առիթ կ՚ընծայեն։ Ուրեմն՝ խնայողութիւնը պայմա՛ն է յաջողութեան ամէն մարզի մէջ ե՛ւ բարեսիրական ձեռնարկներու մէջ։ Իսկ խնայողութեան ամենէն կարճ եւ արդիւնաբեր ճամբան՝ ուժերու, ժամանակի միութիւնն է։ Բաժանուած, առանձին ուժերու եւ ժամանակի տարբեր հատուածներու տեղ՝ միացուած ուժերու եւ նոյնացած ժամանակի գործածութիւնը հասարակաց օգտին համար անհրաժե՛շտ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 21, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020