ՄԱՐՄՆԱՒՈՐ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԻՏՈՅՔ

Մարդ, որպէս մարմնաւոր էակ, ֆիզիքական պահանջներ ունի, բայց անուրանալի է, որ ան ունի նաեւ հոգի՝ որ կը ներկայանայ զգացումներով։ Մարդուս գոյապահպանմանը եւ գոյատեւմանը համար անհրաժեշտ է գոհացնել ֆիզիքական պահանջները։ Առաջնակարգ է մարմնաւոր պահանջներու գոհացումը։

Երբ մարմնաւոր պահանջներ կարելի չէ եղած գոհացնել, մարդուս ապերջանիկ, դժբախտ ըլլալու չափանիշը կ՚որոշուի պահանջներէ բոլորովին անկախ զգացումներով։ Այս կերպով, զգացումները մեծ կարեւորութիւն կը ստանան։ Ներկայ դարուս «յառաջադէմ» եւ զարգացեալ ընկերութեան մէջ իսկ կան բազմաթիւ մարդիկ՝ որոնց մարմնաւոր-ֆիզիքական պահանջները գոհացնել կարելի չէ եղած։ Անոնց երջանկութեան պայմանն է բաւարար եկամուտի մը ապահովումը։ Այն ինչ՝ որ նիւթականը կարելի է գոհացնել նիւթականով։

Բայց այս հարցին «հաւասարութեան» սկզբունքը իրագործել կարելի չէ. բոլորը, դժբախտաբար, չեն կրնար օգտուիլ «բաւարար եկամուտ»ի բարիքէն։

Սա, անուրանալի է, որ մարդիկ կ՚ուզեն աւելցնել իրենց եկամուտը։ Ինչո՞ւ։

Մարդ լոյսը չի՛ տեսներ, այլ՝ լո՛յսով կը տեսնէ։

Լո՛յսն է, որ մարդս կը լուսաւորէ… եւ այս իսկ պատճառով մարդ միշտ լոյս կը փնտռէ, դէպի լոյս կը յառաջանայ, անշուշտ, երբ ան լոյսէն վախ մը չունի, անշուշտ, երբ ան խաւարէն օգուտ մը սպասելու անմտութեան մէջ չէ։ Իսկ ան՝ որ անկեղծ է, ծածկելու որեւէ աղտ չունի, լոյսի մէջ քալելէ երբե՛ք չի խուսափիր։ Լոյսը մարդուս նկարագիրն է, քանի որ ան լոյսի մէջ՝ լոյսին հասնելու նպատակով ստեղծուեցաւ։

Հարցումը կրկնենք ուրեմն. մարդիկ ինչո՞ւ կ՚ուզեն իրենց եկամուտը հետզհետէ աւելցնել, նիւթը՝ նիւթականը դիզել, կուտակել, նոյնիսկ երբ բաւարար եկամուտ ապահոված են՝ կ՚աշխատին աւելի՛ն եւ աւելին ունենալ։ Այս հարցումին կը հետեւի երկրորդ հարցում մը. այս փափաքը մարդոց երջանկութեանը համար անհրաժեշտ սկզբունքի մը առջեւ խոշոր արգելք մը չէ՞. այն՝ որ «հաւասարութիւն»ը կը խախտէ, կը խափանէ։ Մարդ, անշուշտ որ իր պիտոյքը ունի, ասիկա բնակա՛ն է, բայց աւելին ուզել, չափազանցել՝ ուրիշներու իրենց պահանջքը գոհացնելուն արգելքներ են։ Ուստի, հաւասարութեան սկզբունքը հաւասար առիթ ներկայացնելով կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել։ Արդարեւ, հաւասարութիւնը պէտք չէ հասկնալ ձեւական իմաստով, այլ՝ որպէս ներդաշնակութիւն կամ համաչափութի՛ւն։

Ասիկա, արդէն մարդուն ստեղծութեան նախապատճառներէն եւ նպատակներէն կարեւորագոյնն է։

Մարդ, որպէս անհատ, հաւասար չէ ստեղծուած. իւրաքանչիւրը ունի իր թերութիւնները եւ տկարութիւնները, նաեւ իր առաւելութիւնները, կարողութիւնները։ Ահաւասիկ, այս պակասներուն եւ առաւելներուն ներդաշնակութիւնը հաւասարութեան սկզբունքի հի՛մն է. այս կ՚ենթադրէ «իրերօգնութիւն»։

Այս ուղղութեամբ, իրերօգնութիւնը հաւասարութեամբ վարուելու նախապայմանն է։ Այն, որ իր ունեցածը միայն իրեն չի պահեր, իր նմաններուն հետ սիրայօժար կը բաժնէ, հաւասարութեան սկզբունքին իրականագործման կը ծառայէ։

Կարեկցութեան գիտակցութիւնը, համակրութիւնը, համակրական հասկացողութիւնը (empathy) անհատներու միջեւ հաւասարութեան հաստատման համար անհրաժե՛շտ է։ Ընկերը սիրել իր իսկ անձին պէս. ահաւասիկ ա՛յս է հաւասարութիւնը։ Մարդ երբ հոգեւորը կարեւոր նկատէ մարմնաւորին չափ, այն ատեն հաւասարութեան հաստատումը եւ կիրառումը՝ իրագործումը աւելի դիւրին կ՚ըլլայ…

Եւ ո՜րքան հեշտ, հաճելի՜ է հաւասարութիւնը վայելել, չմոռնա՛նք սիրելի բարեկամներ. հոն՝ ուր մէկ հոգի իսկ ազատ չէ, մէկ հոգի իսկ երջանիկ չէ, հոն «հաւասարութիւն» չ՚ըլլա՛ր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 20 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2023