ՓԱՌԱՄՈԼՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ

Փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը ան­հա­տա­կան «ախտ» մըն է ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ՝ որ կը վնա­սէ թէ՛ ան­հա­տին եւ թէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան։ Փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը կը վնա­սէ, քա­նի որ որ­քան ախտ, նոյն­քան ալ ինք­նա­խա­բէու­թիւն է, եւ ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը ո­րե­ւէ օ­գուտ չի ներ­կա­յաց­ներ մար­դուն, ե­թէ ոչ՝ վնա՛ս։

Հո­գե­ւոր ի­մաս­տով ալ, փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը ան­նե­րե­լի մե­ղան­չում մըն է մար­դուն  իր կո­չու­մին դէմ։ Ան կը հա­կա­ռա­կի ի­րե­րօգ­նու­թեան, եղ­բայ­րու­թեան, եւ հա­ւա­սա­րու­թեան բարձր սկզբունք­նե­րուն։ Ուս­տի մար­դուն կո­չու­մը կը պա­հան­ջէ «խո­նար­հու­թիւն», որ կը նշա­նա­կէ՝ չա­փա­ւո­րու­թիւն, չափ ու սահ­ման, կշի­ռը գիտ­նալ, ինք­զինք ճանչ­նալ եւ ե­ղա­ծէն ա­ւե­լին ցոյց տա­լու սխա­լը չգոր­ծե՛լ։

Մար­դիկ ստեղ­ծուած եւ կո­չուած են ի­րե­րօգ­նու­թեան, ի­րա­րու թե­րու­թիւն­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ տկա­րու­թիւն­նե­րը զօ­րաց­նե­լու։ Ու­րեմն մարդ­կա­յին այդ թե­րու­թիւն­նե­րու եւ տկա­րու­թիւն­նե­րու, ան­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու հրա­շա­լի՜ ներ­դաշ­նա­կու­թեան վրայ հաս­տա­տուած ըն­կե­րա­յին կեան­քը վնա­սել կը նշա­նա­կէ ու­րի­շի մը նկատ­մամբ ինք­զինք բարձր, վեր տես­նել եւ խախ­տել ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը՝ որ հաս­տա­տուած է ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րով։

Փա­ռա­մո­լու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն է նաեւ հպար­տու­թիւ­նը, ինչ որ հա­կա­ռակ է մար­դոց հա­ւա­սա­րու­թեան։ Հպար­տու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ գո­ռո­զու­թիւն, ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւն, ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւն, փա­ռա­սի­րու­թիւն եւ նման մո­լու­թիւն­ներ։ Ար­դա­րեւ հպար­տու­թեան հա­կա­դիր վի­ճակն է՝ խո­նար­հու­թիւ­նը։ Ուս­տի որ­քան որ հպար­տու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է, խո­նար­հու­թիւնն ալ՝ ա­ռա­քի­նու­թի՛ւն։ Քրիս­տոի կա­րե­լի է հե­տե­ւիլ միա՛յն խո­նար­հու­թեամբ եւ հե­զու­թեամբ։

«Ձեր վրայ ա­ռէք իմ լուծս եւ ինձ­մէ սոր­վե­ցէք, քա­նի որ հեզ եմ եւ սրտով խո­նարհ, եւ դուք ձեր հո­գե­կան հանգս­տու­թիւ­նը պի­տի գտնէք» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 29)։ Քա­նի որ Ի՛նք՝ Քրիս­տոս խո­նարհ է եւ հեզ, եւ դառ­ձեալ Ինք է տի­պա­րը խո­նար­հու­թեան եւ հե­զու­թեան։ Աս­տուած կ՚ար­հա­մար­հէ հպարտ մար­դը եւ չ՚ար­հա­մար­հեր հեզ ու խո­նարհ մար­դը։ «Վասն զի քիչ ժա­մա­նա­կէ յե­տոյ ամ­բա­րիշ­տը պի­տի չքա­նայ, ա­նոր տե­ղը պի­տի փնտռես ու պի­տի չգտնես։ Սա­կայն հե­զե­րը պի­տի ժա­ռան­գեն եր­կի­րը ու խա­ղա­ղու­թեան ա­ռա­տու­թիւ­նո­վը պի­տի ու­րա­խա­նան» (ՍԱՂ. ԼԷ 10-11)։

Հ­պարտ մար­դը՝ որ է նաեւ փա­ռա­մոլ, կ՚ար­հա­մար­հէ բո­լոր իր նման­նե­րը՝ բո­լոր մար­դի­կը. ան ինք­զինք կը հա­մա­րէ ա­մե­նէն վե­րը եւ բարձ­րը։

Հա­պա ո՞ւր կը մնայ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը՝ որ մարդ­կա­յին ազ­նիւ սկզբունքն է եւ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նա­կար­գը։ Հպարտ մար­դը միայն ինք­զինք չ՚ար­հա­մար­հեր,  ա­նոր հա­մար աշ­խար­հի վրայ միայն ի՛նք կա՛յ, միայն ի՛նք կա­րե­ւոր է, միայն ի՛նք ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ։ Ինք­նիր­մով հպարտ մար­դը՝ ինք­նա­կեդ­րոն մարդ է՝ որ ինք­զինք կը հա­մա­րէ աշ­խար­հի կենդ­րո՛­նը։ Եւ ինք­նա­կեդ­րոն մար­դիկ   ո՜ր­քան կը վի­րա­ւո­րեն մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, ո՜ր­քան կը վնա­սեն ըն­կե­րա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան։

Հպարտ, փա­ռա­մոլ, ինք­նա­հա­ւան, մե­ծա­միտ մա՛րդ, ո՜վ ե­սա­սէր եւ ինք­նա­մոլ մա՜րդ, պէտք է անդ­րա­դառ­նաս, թէ տիե­զեր­քի ա­ռանց­քը եւ կեդ­րո­նը դուն չես եւ ո՛չ ոք կրնայ ըլ­լալ, քա­նի որ տիե­զեր­քը ու­նի իր Ա­րա­րի­չը, իր Նա­խախ­նա­մը, մէկ խօս­քով՝ ամ­բողջ տիե­զեր­քը ու­նի իր Տէ՛­րը։

Հպար­տու­թեան, ինք­նա­մո­լու­թեան պատ­ճա­ռով մար­դը ան­կում ու­նե­ցաւ իր բար­ձունք­նե­րէն եւ որ­պէս­զի դար­ձեալ բարձ­րա­նայ, պէտք է որ հեզ եւ խո­նարհ ըլ­լայ՝ Քրիս­տո­սի օ­րի­նա­կով։ Աս­տուած հա­կա­ռա՛կ է ա­մէն ամ­բար­տա­ւան­նե­րուն, իսկ խո­նարհ­նե­րուն կու տայ շնորհ եւ օր­հու­թիւն։ (Ա­ՌԱԿ. Գ 34)։­

Ար­դա­րեւ ի՜նչ կը նշա­նա­կէ ինք­զինք ու­րի­շէ մը ա­ւե­լի բարձր եւ վեր նկա­տել, երբ ինք ալ ու­նի թե­րու­թիւն­ներ, տկա­րու­թիւն­ներ եւ ան­կա­տա­րու­թիւն­ներ։

Բարձր դիր­քե­րու տի­րա­նալ, աս­տի­ճան­ներ ու­նե­նալ՝ ի­րա­կան ի­մաս­տով «բարձր» եւ «վեր» ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր, ե­թէ այդ դիր­քե­րուն վրայ գտնուող մէ­կը, աս­տի­ճան­նե­րու տի­րա­ցած  ան­ձը չու­նի ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան հմտու­թիւ­նը։ Ո՜վ կրնայ ինք­զինք ա­մե­նա­կա­տա­րեալ, ան­թե­րի եւ զօ­րա­ւոր նկա­տել, քա­նի որ ո՛ւր որ ալ ըլ­լայ, ան վեր­ջա­պէս մա՛րդ է։ Աս­կէ կը հե­տե­ւի, թէ ինք­զինք ա­մե­նա­կա­տա­րեալ, ան­թե­րի եւ զօ­րա­ւոր նկա­տել՝ ու­րա­նալ կը նշա­նա­կէ իր «մա՛րդ» էու­թիւ­նը։ Ե­թէ մարդ կ՚ըն­դու­նի, թէ «մարդ»է ա­ւե­լի բան մըն է, ու­րեմն ինք կ՚ըն­դու­նի նաեւ՝ թէ «մարդ» չէ, եւ ե­թէ մարդ չէ, ու­րեմն ի՞նչ է։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով, ու­րա­ցու­մի ձեւ մըն է իր մարդ էու­թիւ­նը։ Մարդ է այն՝ որ գի­տէ, կը ճանչ­նայ ինք­զինք եւ ըս­տ այնմ կը վա­րուի՝ ի՛նչ դիրք եւ ի՛նչ աս­տի­ճան ալ ու­նե­նայ։

Ո­մանք փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը՝ «մե­ծու­թեան», ազ­դու մարդ ըլ­լա­լու ստու­գա­նի­շը կը սե­պեն։ Ո­մանք ալ, խո­նար­հու­թիւ­նը տկա­րու­թիւն, ան­կա­րո­ղու­թիւն կը կար­ծեն։

Այս բո­լո­րը, այս սխալ կար­ծիք­նե­րը կը ծնին այն հա­մո­զու­մէն, թէ՝ զօ­րա­ւոր ե­րեւ­ցո­ղը զօ­րա­ւո՛ր է, կա­տա­րեալ ե­րեւ­ցո­ղը ան­թե­րի է։ Ու­րիշ խօս­քով՝ մարդ իր ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թով ի՛նչ որ է, ներք­նա­պէս ալ նոյնն է։ Բայց ո՛չ մէ­կուն ներ­քի­նը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ իր ար­տա­քի­նին։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի ցոյց կու տայ, թէ մար­դիկ, ո՛չ մէ­կը, ի­րա­պէս այն­պէս է՝ ինչ­պէս կ՚ե­րե­ւի։ Ա­մե­նա­պարզ օ­րի­նա­կով մը՝ հան­դարտ մէ­կուն մէջ կրնան փո­թո­րիկ­ներ փրթիլ։ Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ. պի­տի տես­նէք «ու­րախ» մար­դիկ՝ ո­րոնց ներ­սը ցա­ւե­րով ու վիշ­տե­րով լե­ցուն է…։

Ու­րեմն, փա­ռա­մո­լու­թիւ­նը, ե­ղա­ծէն տար­բեր, ա­ւե­լի վեր ու բարձր ըլ­լա­լու աշ­խա­տիլ փո­խա­նակ օ­գու­տի, վնաս կը պատ­ճա­ռէ մար­դուն, գէթ յու­սա­խաբ ըլ­լա­լուն պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ են­թա­կա­յին։

Այս ուղ­ղու­թեամբ ե­թէ դի­տենք ըն­կե­րա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, «ծա­ռա­յու­թիւն»ը՝ հան­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­նա­ւանդ, ե­թէ ան­կեղծ չէ, պատ­րուակ մը կամ դի­մակ մըն է պար­զա­պէս փա­ռա­մո­լու­թեան։ Ու­րեմն ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, ինչ­պէս ա­մէն մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ծա­ռա­յու­թեան մէջ ալ յա­րա­ցոյցն է. ան­կեղ­ծու­թիւ­նը ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն է, եւ  ինք­նա­գի­տու­թիւ­նը՝ ազ­նուու­թիւն ու ա­ռա­քի­նու­թի՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 8, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015