ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ
«Ոչ ոք երբեք յաջողած է մեծ եւ օգտակար գործ մը ի գլուխ հանելու, ունկնդրելով դուրսէն եկած ձայներու. երբ կ՚ուզէք ընել բարի գործ մը, ըրէ՛ք զայն, խնդիր չէ թէ մարդիկ զայն կիներու համար պատշաճ նկատեն կամ ո՛չ»։
FLORENCE NIGHTINGALE
Կեանքի բոլոր ներհակութիւններուն դէմ կ՚ըմբոստանայ Աստուծոյ ներշնչած «Բարի հոգի»ն եւ կը հաւաքէ իր բարոյական բովանդակ ուժերը՝ մղելու համար «Բարի պայքա՛ր» մը։ Արդարեւ, չարը կարելի է պարտել միայն «բարի պայքա՛ր»ով։
Եւ այս «բարի պայքար»ը կը մղուի ինչպէս չարին դէմ, բայց նաեւ՝ խաւարին դէմ, նախապաշարումներու դէմ, յետադիմութեան դէմ, եւ այս բոլորին հանդէպ համամարդկային սիրո՛յն համար։
Արդարեւ, մարդ կը ձգտի միշտ բարիին, քանի որ ան ստեղծուած է բարութեամբ, քանի որ անոր բնութիւնն է բարութիւնը։
Աստուած ստեղծած է բարեկարգ եւ բարի աշխարհ մը։ Յաւիտենական Բանով եւ Բանին մէջ գոյութիւն ունեցած արարչագործութիւնը վիճակուած եւ ուղղուած է Աստուծոյ պատկեր մարդուն, որ իր հերթին կոչուած է անձնական յարաբերութեան Աստուծոյ հետ։ Ուրեմն երբ մարդ բարիին կը ծառայէ՝ բարի գործ մը կը կատարէ՝ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն մը կը հաստատէ եւ Աստուծոյ գործակից կ՚ըլլայ։ Բարեգործութիւնը, այս իմաստով աղօթք է, քանի որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միջոց մըն է ան։ Քանի որ Աստուած Բարի է, բարութեամբ ստեղծած է տիեզերքը, ապա ուրեմն մարդուն բարեգործութիւնը մասնակցութիւն կը նշանակէ Աստուծոյ բարութեան, եւ այս ուղղութեամբ՝ բարեգործութիւնը համազօ՛ր է աղօթքի։
Ուստի, մարդուն իմացականութիւնը քանի որ մասնակից է աստուածային Իմացականութեան լոյսին, կարող է՝ թէեւ մեծ ճիգով եւ միանգամայն Արարչին եւ Անոր գործին հանդէպ խոնարհութեան ոգիով եւ յարգանքով, հասկնալ ի՛նչ որ Աստուած կ՚ըսէ իրեն իր արարչագործութեամբ։
Արարչագործութիւնը ծագում առած է աստուածային Բարութենէն, ան կը մասնակցի այս բարութեան. «Եւ Աստուած տեսաւ որ բարի էր … շատ բարի» (ԾՆՆԴ. Ա)։ Որովհետեւ արարաչագործութիւնը Աստուծմէ ուզուած է իբր պարգե՛ւ մը մարդուն եւ իբր ժառանգութիւն մը՝ որ սահմանուած է եւ վստահուած անոր։
Երբ յաճախ կը խօսինք «բարի»ին մասին, կարելի է հարցնել թէ՝ առարկայական չափանիշը ի՞նչ է բարիին։ Ամէն հասարակութիւն կը ներշնչուի, նոյնիսկ լռելեայն, մարդուն եւ անոր վախճանին մասին տեսութենէ մը՝ որմէ կը քաղէ իր դատումին բաղդատութեան եզրերը, իր արժէքներուն դասաւորումը եւ իր ուղեգիծը։ Հասարակութիւններ մեծ մասամբ իրենց գոյութիւնը կ՚առընչեն անհատներու վրայ ունեցած որոշ մէկ գերիշխանութեան հետ։ Հասարակութիւններ, որոնք կ՚անգիտանան եւ կամ կ՚անտեսեն այս ներշնչումը, տարուած են իրենց բաղդատութեան եզրը եւ վախճանը իրենք իրենց մէջ փնտռելու եւ կամ փոխ առնելու գաղափարախօսութենէ մը, եւ քանի որ չեն ընդունիր որ «բարի»ին եւ «չար»ին շուրջ առարկայական չափանիշ մը պաշտպանուի, ուստի մարդուն եւ անոր վախճանին վրայ յայտարարուած կամ քօղարկուած բռնատիրութիւն մը իրենք իրենց կը վերագրեն, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը։
Այս ուղղութեամբ բարիին առարկայական չափանիշը՝ արարքի մը աստուածահաճոյ ըլլալը կամ չըլլալն է. այն որ «չար» չէ՝ բարի՛ է։
«Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ ազնիւ է, ինչ որ արդար է, ինչ որ մաքուր է, ինչ որ սիրելի է, ինչ որ պարկեշտ է, ինչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը» (ՓԻԼ. Դ 8)։
Արդարեւ, առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագո՛յնն իր անձին։ Զգայնական եւ հոգեւոր իր ամբողջ ուժերով, առաքինի անձը կը ձգտի դէպի Բարին. կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն տեսանելի եւ շօշափելի գործերուն մէջ. «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նման ըլլալու մէջ», կ՚ըսէ Ս. Գրիգոր Նիւսացի, ինչ որ կը նշանակէ՝ բարի մարդը առաքինի մա՛րդ է։
Խոհեմութիւնն ալ առաքինութիւն մըն է. «Խոհեմութիւնը ուղիղ կանոնն է գործին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։ Շնորհիւ այս առաքինութեան մարդ անսխալ կը գործադրէ բարոյական սկզբունքները առանձնայատուկ պարագաներուն մէջ եւ կը յաղթահարէ տարակոյսները՝ կատարելիք բարիին եւ զգուշանալիք չարին մասին։ Ուստի իւրաքանչիւր անհատ պարտի միշտ խնդրել լոյսի եւ զօրութեան շնորհքը, դիմել սուրբ խորհուրդներուն, զօրակցիլ Սուրբ Հոգիին հետ, հետեւիլ բարին սիրելու եւ չարէն զերծ մնալու Անոր կոչին։
Մէկ խօսքով, առաքինութիւնը ունակական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու եւ չարէն հեռու մնալու։
Սակայն, եթէ առանց Աստուծոյ ոչինչ կը պատահի, չարն ալ նոյնպէս Աստուծո՞յ գործն է։ Այսպէս կը խորհի ան, որ աստուածային գործերու մասին ծանօթութիւն չունի եւ անել վիճակի կը մատնուի։ Եւ դարձեալ, այդպէս խորհողներ «երկու աստուած»ներ կ՚ուզեն ունենալ դէմ դիմաց՝ «բարի» եւ «չար», այսպէս, եւ ո՛չ մէկը կ՚ունենան…։
Աստուած իբր անայլայլելի Կանոն եւ Ուղեցոյց ամէն ճշմարիտ առաքինութեան, իբր Աղբիւր միակ Առարկան սրբութեան, իբր անայլայլելի Էութիւն, Աստուծմէ բոլորովին դո՛ւրս է չարիքը։
Աստուած իբր յաւիտենական եւ անկաշառ Արդարութիւն կ՚ուզէ, իր պաշտելի Օրէնքով, իր արարածները չարէն հեռու պահել։
Արդ, միայն իրական չարիքը, մե՛ղքն է, յանցանքը, եւ այս միշտ Աստուծոյ կամքին դէ՛մ է, թէպէտ Աստուած թոյլ կու տայ, ամէն ինչ որ հոս կը պատահի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 20, 2020, Իսթանպուլ