ՎԷՃ ՈՒ ԿՌԻՒ ՏԱՐԲԵՐ ԲԱՆԵՐ ԵՆ
Վերջերս ձայնասփիւռի ալիք մը իր ունկընիրներուն հարց կու տար, թէ ի՞նչ կարծիք ունին վիճաբանութեան մասին: Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը որպէս սխալ եւ ժխտական երեւոյթ մեկնաբանեց վիճիլը, նախընտրելով լռութիւնը՝ քան վէճը:
Մասնակիցներու պատասխաններէն զգացի, որ մենք դժբախտաբար վէճ ըսելով կռիւ կը հասկնանք, սակայն իրականութեան ամբողջութեամբ տարբեր բան են վիճիլն ու կռուիլը:
Իրականութեան մէջ վէճը մարդկային կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ գիտութիւնը ինքնին ծնունդն է վէճին. աշխարհի առաջին փիլիսոփաները իրենց կարծիքներն ու մտածումները յայտնած են վէճի միջոցաւ եւ այդ վէճերէն ծնունդ առած է հետաքրքրութիւնը, թէ ուրկէ եւ ինչպէս գոյացած է աշխարհը, ինչպէս ստեղծուած է մարդ արարածը եւ այլն:
Աշխարհի գիտութեան, ինչպէս նաեւ նորարարութեան շատ մը երեւոյթներ սկիզբ առած են վէճէն, որովհետեւ վիճիլ ու կռուիլ ամբողջութեամբ ուրիշ բաներ են:
Եթէ մանրամասն ուսումնասիրենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կեանքը, պիտի տեսնենք, որ տարուած վէճ մըն է Աստուծոյ Որդիին ու Փարիսեցիներուն եւ իսրայէլացի ժողովուրդին միջեւ: Աւետարանին մէջ կը կարդանք, որ Պօղոս առաքեալ չ՚ըսեր քեզի հետ վիճողներէն հեռացիր, այլ ընդհակառակը Տիմոթէոսին գրած նամակին չորրորդ գլխուն մէջ կ՚ըսէ. «քարոզէ՛ Աստուծոյ խօսքը, շարունակ յայտարարէ, ան ըլլայ ժամանակին կամ անժամանակ. յանդիմանէ՛, սաստէ եւ յորդորէ կատարեալ համբերութեամբ» (Բ. Տիմ. 4:2):
Հայոց լեզուի բառարանը շատ գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ վիճել բառը որպէս «հակաճառել», «խօսքով ընդդիմանալ». վիճելը մարդուն առիթ ու պատճառ կու տայ մտածելու եւ խորանալու իր գաղափարներուն ուսումնասիրութեանց մէջ եւ այդ է պատճառը, որ մեր նախնիները մամուլի մէջ յաճախ մեծ տեղ տուած են քննադատութեան, որովհետեւ հաւատացած են, որ միտքերու բախումներէն է, որ ծնունդ կ՚առնէ գաղափարը, նոյնիսկ շատ անգամ իրար հակասելով:
Ուկնդիրներէն մին կ՚ըսէր, թէ «վիճելը տխմար մարդու գործ է...». իրականութեան մէջ ըսուածին հակառակ վիճիլը խելացի մարդու գործ է, որովհետեւ կը վիճի ա՛յն մարդը, որ ունի անձնական կարծիք ու գաղափար եւ հակառակ գաղափարի մը դէմ յանդիման գտնուելու պարագային կը պաշտպանէ իր կարծիքը եւ այդպիսով կ՚ընտրուի ախոյեանը, որովհետեւ փողոցի զէնքը եթէ ծեծն ու կռիւն է, իմաստուններուն զէնքը լեզունին է՝ որ աշխարհի ամենէն զօրաւոր զէնքերէն մէկն է փաստօրէն:
Վիճելու պարագային բոլորս ալ դպրոցական տարիներուն սորված ենք «Ընկեր Փանջունի»ին պատմութիւնը, ուր վիճելը անօգուտ կը դառնայ եւ Փանջունի յամառութեամբ կը մնայ իր կարծիքին վրայ:
Պէտք է ուսումնասիրել կեանքը Լամբրոնացիի, Դաւիթ Անյաղթի եւ այլ հայրերու, որոնք վիճելու մէջ իմաստուն, իրենց խօսքերով ու համոզումներով կրնային բազմատասնեակ մարդիկ համոզել:
Իրականութեան մէջ մեր եկեղեցւոյ հիմերը նոյնիսկ ծնունդ են վիճաբանութեամբ, որովհետեւ 325 թուականին Նիկիոյ, 381 թուականին Կ. Պոլսոյ եւ 431 թուականի Եփեսոսի ժողովի ժամանակ հայրապետներ ո՛չ թէ իրար որպիսութիւն հարցուցին, այլ զանազան կարծիքներու եւ վէճերու ճամբով փորձեցին միակամ հաւատոյ հանգանակ մը առաջ բերել: Այդ վէճերու ընթացքին է, որ շատեր արժանացան նզովքի եւ Քրիստոսի ճշմարիտ քարոզութեան թշնամի ճանչցուեցան:
Ժողովրդավար պետութիւններ նոյնիսկ այսօր կ՚առաջնորդուին վէճերով, որովհետեւ ա՛յն պետութիւնը՝ որ չունի ընդդիմադիր, չունի վիճող կողմ՝ կը դառնայ բռնակալ պետութիւն եւ այդ վէճերն են, որ արգելք կը հանդիսանան ինքնիշխան կառավարման:
Տակաւին անցեալին որպէս առաւելութիւն եւ իմաստուն կը դիտուէր ան՝ որ վիճելու շնորհք ու կարողութիւն ունէր։ Օրինակ՝ Սահակ Վրդ. Ճէմճէմեան իր «Նախիջեւանի Հայոց վարժարանը եւ Հռոմը» աշխատութեան մէջ կը ներկայացնէ 1600-ական թուականներուն ապրած Ֆրա Յովհաննէսը, որուն մասին պատմութիւնը կը գրէ. «Այս երիտասարդը ունի բարի վարք, յստակ միտք. պիտի յաջողի վիճաբանիլ [հերետիկոսներու հետ], սորվեցնել եւ նաեւ քարոզել»:
Հետեւաբար, պէտք է յստակ ըլլայ, որ վիճելը իմաստուն մարդու գործ է, որովհետեւ վիճելուն հիմնական նպատակը համոզելն է. շատ անգամ մարդ կը համոզէ, շատ անգամ ալ կը համոզուի՝ պարտուած դուրս գալով իր գաղափարներով, սակայն վիճելը առիթ կու տայ աւելիով խորանալու եւ ամրապնդելու գաղափարը։ Իսլամ ժողովուրդին առիթ տրուած չէ իրենց հաւատալիքին մասին վիճիլ, այդ իսկ պատճառով անոնք կոյրութեամբ կ՚ընդունին այդ ամէնը՝ որ գրուած է իրենց Գիրքին մէջ, մինչ մենք ունինք առիթը ուսումնասիրելու, վիճելու եւ բոլոր հարցումներուն պատասխանը իմաստութեամբ, գաղափարներու առեւտուրով եզրակացնելու:
Վիճելը միտքի պատերազմ է եւ այդ պատերազմը կը վերածուի վայրագութեան, երբ վէճին մէջ կը մտնայ հայհոյանք, անպատիւ խօսքեր ու նախատինք: Տկար ու պարտուած մարդն է, որ իր գաղափարներուն տկարութիւնը տեսնելով կը դիմէ հայհոյանքի եւ նախատինքի, մինչ իմաստունը իր իմաստութեամբ ու խօսքերով, առանց կռիւի յաղթական դուրս կու գայ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ
(1886-1915)
Մեր թուականէն 136 տարիներ առաջ՝ 22 յուլիս 1886-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է մարզական գործիչ, գրող, հրատարակիչ, լրագրող եւ Հայ Մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեան:
Քրիսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Մաքրուհեան վարժարանէն ներս, ապա ընդունուած է Պարտիզակի Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանը: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք ընդունուած է Պոլսոյ ամերիկեան Ռոպերթ քոլէճ ուսումնարանը, ուր իր մէջ արթնցած է սէր մարմնամարզութեան նկատմամբ: Այնուհետեւ 1906 թուականին մեկնած է Փարիզ, հետեւելով մարմնամարզական դասընթացքներու: Աւարտելէ ետք մարմնամարզական կրթութիւնը երկու տարի մնացած է Լոնտոն եւ ապա 1909 թուականին վերադարձած է Պոլիս:
Վերադառնալով Պոլիս Քրիսեան զբաղած է մարմնամարզութեան ուսուցչութեամբ, միաժամանակ հիմնած է «Մարմնամարզ» մարզական թերթը: Քրիսեան եղած է առաջինը, որ Պոլսոյ տարածքին կազմակերպած է առաջին մարզական խաղերը:
Հայ Մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը թէեւ հիմնուած է Քրիսեանի մահէն երեք տարիներ ետք՝ 1918 թուականին, Քրիսեան կը նկատուի հիմնադիրը, որ հայ հասարակութիւնը առաջնորդեց դէպի մարմնամարզութիւն:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Շաւարշ Քրիսեան ձերբակալուած եւ ղրկուած է Անգարայի Այաս բանտը, ուր դարձեալ կազմակերպած է մարզական խաղեր:
Շաւարշ Քրիսեան սպաննուած է Անգարայի Այաս բանտին մէջ. անոր մահուան թուական կը յիշուի 15 օգոստոս 1915-ը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ