ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ
Որպէս համաձայնագրութիւն, հին ազգերը, ինչպէս եւ հռովմայեցիները, ամուսնութիւնը կը նկատէին իբրեւ «համաձայնութիւն» մը՝ որ երկու անձ՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, կը հաստատէին իրենց միջեւ, իրենց յօժար կամքով եւ փոխադարձ հաւանութեամբ եւ համաձայնութեամբ։ Եւ այսպէս կը նայէին այս համաձայնութեան՝ նկատի ունենալով ամուսնութեան «արտաքին հետեւանք»ները՝ ամուսիններու փոխադարձ պարտաւորութիւնը պահպանել միայն նիւթական կողմէ, այր մարդու իրաւունքը կնոջ բաժիններուն եւ այլ ստացուածքներուն վրայ, հօր եւ մօր պարտաւորութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ, եւ այլն։
Այսպիսի հայեացքի հետեւանքը այն է, թէ՝ հին ազգերու օրէնքներով, իրաւաբանութեամբ բաւական հեշտ էր «լուծել» ամուսնութիւնը, ինչպէս հեշտ էր եւ կարելի ամէն քաղաքացիական համաձայնութիւններ՝ երկու կողմի փոխադարձ հաւանութեամբ եւ համաձայնութեամբ։ Եւ որովհետեւ մեծ էր եւ բազմակողմանի ամուսնութեան եւ ընտանիքի կրօնական եւ մանաւանդ իրաւաբանական նշանակութիւնը, ուստի հին դարերու բոլոր քաղաքակրթեալ ազգերու՝ եգիպտացիներու, հնդիկներու, հրեաներու, յոյներու, հռովմայեցիներու, եւ այլն, կրօնական գիրքերը եւ աշխարհական օրէնսդրութիւնները միշտ կը հաստատէին առանձին կանոններ եւ օրէնքներ, որոնք կը սահմանէին եւ կը բացատրէին ամուսնութեան կրօնական ծէսերը եւ արարողութիւնները, ծնողական եւ որդիական փոխադարձ պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները, ժառանգական իրաւունքները, եւ այլն։ Եւ թէպէտ նախապէս այդ կանոնները եւ օրէնքները շատ խիստ էին եւ կոպի՛տ, բայց հետզհետէ այսինչ կամ այնինչ ազգի կրօնական, մտաւորական եւ մանաւանդ իրաւաբանական զարգացման հետ միասին մեղմացան եւ կատարելագործուեցան նաեւ անոնք. իսկ հռովմէական օրէնսդրութիւնը ամուսնութեան եւ առհասարակ ընտանեկան կեանքի իրաւաբանական կողմէ դարձաւ իրաւաբանութեան առանձին եւ ընդարձակ ճիւղ եւ ապագային մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ եւրոպական օրէնսդրութեան եւ իրաւաբանութեան վրայ։
Քրիստոնէութիւնը, ընդհանուր բարոյականութեամբ ճշմարտութեան այս անսպառ աղբիւրը, աւելի եւս բարձրացուց եւ հզօրացուց ամուսնութեան նշանակութիւնը առանձինն ուժ տալով անոր բարոյական կողմին, որ հեթանոսութեան վերջին դարերուն սկսած էր շատ նուազիլ, մանաւանդ Հռովմի մէջ։ Երբ Քրիստոնէութիւնը եւ Եկեղեցին հաստատեցին իրենց հայեացքը ամուսնութեան մասին, այնուհետեւ երկու տեսակ օրէնսդրութիւնը՝ եկեղեցական եւ աշխարհական, իրենց հետազօտութեան առարկայ շինեցին ամուսնութիւնը. մին՝ առաւելապէս բարոյական կողմէն, իսկ միւսը՝ իրաւաբանական կողմէն, զանազան ժամանակներ այլ եւ այլ կանոններ եւ օրէնքներ հաստատելով։
Որպէս եկեղեցական կանոններ, նոյնպէս եւ աշխարհական կամ պետական օրէնքներ, հետզհետէ մշակուեցան եւ շարունակ կը մշակուին ժամանակի պահանջներու համաձայն եւ այս կամ այն ազգի ինքնուրոյն զարգացման եւ յատկութիւններուն։ Բայց ժամանակի ընթացքին այդ երկու օրէնսդրութիւնը՝ դուրս գալով միեւնոյն աղբիւրէն, սկսան աւելի եւ ա՛լ աւելի հեռանալ իրարմէ, մինչդեռ եկեղեցական օրէնսդրութիւնը անխափան շարունակեց պահպանել իր սկզբնական հայեացքը ամուսնութեան մասին. ընդհակառակը, աշխարհական օրէնսդրութիւնը փոխեց իր հայեացքը՝ հետզհետէ բաժնելով եւ հեռացնելով ամուսնութենէն անոր բարոյական եւ կրօնական կողմերը, եւ այն իբրեւ լոկ քաղաքացիական հաստատութիւն համարելով, իբրեւ իրաւաբանական համաձայնութիւն կամ ընկերակցութիւն։
Հայ Եկեղեցին, սահմանադրելով ամուսնութեան մասին զանազան ժամանակ զանազան կանոններ, նոյնպէս աշխատած է օրինաւոր հանդիսացնել ամուսնութիւնը իր բոլոր հետեւանքներով։ Այս նպատակով ան որոշած է մի քանի պայմաններ՝ որոնք անհրաժեշտ հարկաւոր են ամուսնութեան օրինաւորութեան համար. երբ անոնք չպահպանուին ճշդութեամբ՝ ամուսնութիւնը կա՛մ կ՚ըլլայ ապօրինի եւ անվաւեր, որով՝ լուծելի՛, կա՛մ նոյնպէս ապօրինի եւ անվաւեր, բայց ո՛չ լուծանելի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 21, 2023, Իսթանպուլ