ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տիե­զեր­քը եւ մարդ­կա­յին կեան­քը հա­կա­դիր ու­ժե­րու վրայ հիմ­նուած է եւ այդ հա­կադ­րու­թիւն­ներն են որ շար­ժում, այ­սինքն կեն­սու­նա­կու­թիւն, նե­րուժ կը ստեղ­ծեն։ Զոր օ­րի­նակ՝ մար­դուս մէջ ե­թէ փա­փա­քի զգա­ցու­մը չըլ­լար, գործ յա­ռաջ կու գա՞ր։ Այս ի­մաս­տով սէ­րը նե­րուժ մը կը ստեղ­ծէ, շար­ժում կը ստեղ­ծէ, քա­նի որ սէ­րը փա­փաք եւ վախ, այ­սինքն հա­կա­դիր զգա­ցում­ներ կը ստեղ­ծէ եւ ա­նոնք են որ կեան­քին ի­մաստ կու տան, նպա­տակ կ՚ո­րո­շեն, պատ­ճառ եւ ար­դիւն­քի փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւ­նը կը կազ­մա­ւո­րեն։

Եւ դար­ձեալ եր­կու սե­ռե­րու ի­րա­րու հան­դէպ հա­մակ­րան­քը, կեան­քը նպա­տա­կի մը կը վե­րա­ծէ եւ ա­նոր ի­մաստ մը կու տայ։

Գե­ղեց­կու­թիւն եւ տգե­ղու­թիւն. եր­կու հա­կա­դիր ե­րե­ւոյթ­ներ են։ Բայց այս հա­կադ­րու­թիւ­նը մարդ­կա­յին կեան­քը շարժ­ման կ՚ան­ցը­նէ, ամ­լու­թե­նէ կ՚ա­զա­տէ։ Մարդ տգե­ղին հան­դէպ ան­տար­բեր կը գտնուի, ինչ որ բնա­կան է, ա­սոր փո­խա­րէն գե­ղե­ցի­կը կը փնտռէ, կ՚աշ­խու­ժա­նայ եւ կեան­քի նպա­տակ կ՚ու­նե­նայ գե­ղե­ցի­կը։ Շատ ան­գամ ու­րիշ­նե­րու նա­յուած­քը մար­դուս գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը ստեղ­ծէ, կը հրա­պու­րէ։

Ի՞նչ է գե­ղեց­կու­թիւ­նը։ Մտա­տի­պար մը՝ գա­ղա­փար մը, հե­ռան­կար մը, մտա­ցա­ծին ե­րե­ւոյթ մը։

Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին զգա­ցում­նե­րը գե­ղեց­կու­թիւն կը ստեղ­ծեն եւ այս պատ­ճա­ռով ա­մէն մար­դու «գե­ղե­ցիկ»ը տար­բեր է, ե­թէ նոյ­նիսկ հա­սա­րա­կաց կէ­տեր ու­նե­նայ, ա­մէն մէ­կուն գե­ղեց­կու­թեան ըմբռ­նու­մը զատ է։ Զոր օ­րի­նակ, ա­մէն մար­դու սի­րա­հա­րուած ան­ձը տար­բեր է, հա­զուա­դէպ է  որ նմա­նը ըլ­լայ եւ բա­ցա­ռա­բար՝ նո՛յ­նը։ Եւ սի­րա­հա­րու­թիւ­նը մար­դուս մէջ ջեր­մուժ մը կը ստեղ­ծէ՝ կեա՛նք կը ստեղ­ծէ, քա­նի որ հա­կա­ռակ, հա­կա­դիր բե­ւեռ­նե­րու հան­դի­պումն է սի­րա­հա­րու­թիւ­նը։

Գե­ղեց­կու­թիւն եւ տգե­ղու­թիւն՝ ար­տա­քին տե­սնուա­ծը չեն, այլ՝ զգա­ցուա­ծը։ Մարդ գե­ղե­ցիկ կը զգայ կամ տգեղ, իսկ ու­րի­շի մը հա­մար ա­նոր գե­ղե­ցի­կը տգեղ, տգե­ղը գե­ղե­ցիկ է, քա­նի որ ա՛յդ­պէս կը զգայ։ Տգե­ղու­թիւ­նը ֆի­զի­քա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ՛, այլ վար­մունք­նե­րու, շար­ժու­ձե­ւե­րու մէջ՝ բա­րո­յա­կան ի­րո­ղու­թիւն մը՝ զգա­ցո՛ւմ մը­։ Իսկ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, «գե­ղե­ցիկ»ին եւ զայն տես­նո­ղին, զգա­ցո­ղին մի­ջեւ ան­տե­սա­նե­լի կապ մը կը հաս­տա­տէ։ Հա­մակ­րա՞նք թէ սէր։ Այս զգա­ցում­նե­րը կ՚ո­րո­շեն գե­ղեց­կու­թեան աս­տի­ճա­նը։ Գե­ղե­ցի­կը այն է՝ որ հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ։ Ուս­տի հա­ճոյք ա­ռած, հա­ճո­յա­լի բա­նե­րով զբա­ղիլ, ա­նոնց հան­դէպ ան­տար­բեր չըլ­լալ, զգա­յուն ըլ­լալ, եր­ջան­կու­թիւն զգալ եւ հա­ճո­յա­լի ըլ­լալ՝ բո­լոր ա­սոնք կը ստեղ­ծեն գե­ղեց­կու­թիւ­նը։

Գե­ղե­ցի­կը ստեղ­ծե­լու հա­մար պէ՛տք է նա­յի­լը գիտ­նալ։ Եւ մարդ չի տես­ներ այն ա­մէն ին­չը՝ ո­րոնց կը նա­յի։ Մարդ կը տես­նէ այն՝ որ տես­նել կ՚ու­զէ։

Գե­ղե­ցի­կը, գե­ղեց­կու­թիւ­նը տես­նել ու­զո­ղը միայն զայն կը տես­նէ, թէ ո՛չ՝ ա­մէն նա­յող։ Եւ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, գե­ղե­ցի­կին գա­ղա­փա­րը, հա­սա­րա­կաց զգա­ցու­մով մը կը լիաց­նէ մար­դի­կը։ Եւ ա­նոնք, գե­ղե­ցի­կը նպա­տակ կ՚ու­նե­նան եւ կը սկսին փնտռել ի­րենց «գե­ղե­ցիկ»ը՝ միշտ ու­նե­նա­լով գե­ղեց­կու­թեան մտա­տի­պա­րը։ Այս ի­մաս­տով գե­ղեց­կու­թիւ­նը հա­սա­րա­կաց է, բայց գե­ղե­ցի­կը՝ սե­փա­կան, իւ­րա­յա­տո՛ւկ։

Ու­րեմն մարդ­կա­յին օ­րէնք­ներ կրնան փո­խուիլ, բա­րե­փո­խու­թեան են­թար­կուիլ, բայց բնա­կան օ­րէն­քը չի փո­խուիր եւ նոյն կեր­պով կը շա­րու­նա­կէ բնա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րուիլ։

Գե­ղե­կու­թիւնն ալ մար­դուս հա­մար կրնայ փո­խուիլ, բայց բնա­կան ու բա­ցար­ձակ բա­րին, գե­ղե­ցի­կը միշտ նոյ­նը կը մնայ։ Մէ­կուն հա­մար գե­ղե­ցի­կը ու­րիշ մէ­կուն հա­մար կրնայ տգեղ ըլ­լալ։ Իս­կա­կան գե­ղե­ցի­կը, իս­կա­կան բա­րին ա­մէ­նուն հա­մար գե­ղե­ցիկ եւ ա­մէ­նուն հա­մար լաւ ու բա­րի ե­ղածն է, ու­րիշ խօս­քով՝ ա՛յն՝ որ ա­ռար­կա­յա­կան է եւ ո՛չ՝ են­թա­կա­յա­կան։ Սա­պէս կրնանք ը­սել՝ գե­ղե­ցի­կը այն է որ կ՚ու­զենք որ մենք ըլ­լանք եւ տգե­ղը այն է որ չենք ու­զեր ըլ­լալ։ Այս ալ են­թա­կա­յա­կան ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ կամ յա­րա­բե­րա­կա՛ն։

Ար­դա­րու­թեան գա­ղա­փարն ալ պէտք է ըլ­լայ ա­ռար­կա­յա­կան եւ ո՛չ թէ են­թա­կա­յա­կան։ Ար­դար օ­րէնք­նե­րու հա­մար պէտք է «հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թիւն» ու­նե­նալ։ Տիե­զե­րա­կան ար­դա­րու­թիւնն է, որ ա­մէ­նուն հա­մար գոր­ծադ­րե­լի կ՚ըլ­լայ։ Ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը բռնու­թիւն եւ սաստ­կու­թիւն կը ստեղ­ծէ։

Ա­նի­րա­ւու­թիւ­նը դառ­նու­թիւն յա­ռաջ կը բե­րէ։ Մարդ ո՞ր մէ­կը պէտք է նա­խընտ­րէ. ան­կո՞ւմ, փլու­զո՞ւմ, թէ աշ­խու­ժու­թիւն, աշ­խա­տու­թիւն եւ նե­րուժ, ար­տադ­րու­թիւն։ Հար­ցը ա՛յս է։

Կայ նաեւ «լաւ»ի եւ «գէշ»ի, «բա­րի»ի եւ «չար»ի հա­կադ­րու­թիւ­նը։ Մար­դիկ ե­թէ կա­րե­նա­յին ձե­ւով մը ան­տե­սա­նե­լի ըլ­լալ, հա­ւա­նա­բար պի­տի ը­նէին այն ա­մէն ին­չը՝ որ տե­սա­նե­լի կեր­պով չէին կրնար ը­նել, եւ այդ ա­րարք­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը պի­տի կազ­մէին «գէշ» եւ «չար» գոր­ծեր։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ մար­դիկ «լաւ»ը, «բա­րի»ն կ­՚ը­նեն, որ­պէս­զի լաւ եւ բա­րի ե­րե­ւին, ու­րիշ խօս­քով, շուր­ջին­նե­րուն ազ­դե­ցու­թեամբ եւ ա­նոնց պատ­ճա­ռով, ստի­պո­ղա­բար լաւ ու բա­րի կ՚ե­րե­ւին։

«Լաւ»ը եւ «բա­րի»ն, «գէշ»ը եւ «չար»ը, այս ի­մաս­տով յա­րա­բե­րա­կան է. լա­ւը որ մէ­կուն հա­մար կրնայ գէշ ըլ­լալ, եւ գէ­շը՝ ու­րիշ մէ­կուն հա­մար լա՛ւ։ Ան­շուշտ այս ար­ժէք­նե­րը բա­ցար­ձակ ար­ժէք­ներ չեն, քա­նի որ կա՛յ բա­ցար­ձակ, ան­վի­ճե­լի «լաւ»ը եւ «բա­րի»ն։

­Կեան­քի մէջ, ընդ­հան­րա­պէս «գէշ»ը զօ­րա­ւո­րին եւ «լաւ»ը տկա­րին կը պատ­շա­ճի։ Ին­չո՞ւ։ Ա­տի­կա ան­ջատ ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ վեր­լուծ­ման նիւթ կրնայ ըլ­լալ։ Մարդս «մա՛րդ» ը­նո­ղը՝ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւնն է, ինք­զինք քննել, դա­տել, դի­տել եւ հարց­նել ինքն ի­րեն, ո՞վ է ինք։ Լա՞ւ թէ գէշ, բա­րի՞ թէ չար։ Ուս­տի ի­րա­կան լա­ւը ա­մէ­նուն հա­մար օգ­տա­կարն է եւ ի­րա­կան գէ­շը՝ ա­մէ­նուն հա­մար վնա­սա­կար։ Միայն ին­ծի հա­մար լաւ ե­ղա­ծը «լաւ» չէ, ինչ­պէս ին­ծի պա­տա­հած գէ­շը՝ «գէշ»։ Հոս է ա­հա­ւա­սիկ, հա­մակ­րա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան՝ «empathy»ի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ։

Հո­գե­բա­նա­կան փոր­ձար­կում մը, «test», կը հարց­նէ մար­դոց. «Այն­պի­սի աշ­խար­հի մը վրայ ապ­րիլ կ՚ու­զեմ, որ …», եւ կը պա­հան­ջուի լրաց­նել այս նա­խա­դա­սու­թիւ­նը։ Ա­նոնք, որ ան­կեղ­ծօ­րէն կը պա­տաս­խա­նեն եւ կը լրաց­նեն նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, կ՚ամ­բող­ջաց­նեն, ցոյց կու տան թէ ի՛նչ է ի­րենց սպա­սա­ծը կեան­քէն եւ ի՛նչ է ի­րենց եր­ջան­կու­թեան ըմբռ­նու­մը։ Ան­շուշտ ա­սոր հա­մար, եւ մի՛շտ, մարդ ինքն ի­րեն հան­դէպ ան­կեղծ ըլ­լա­լու է, ի՛նչ որ շատ դժուար է, քան ու­րիշ­նե­րու հան­դէպ ան­կեղծ ըլ­լալ…։

Ու­րեմն կեան­քի մէջ միայն «շի­տակ» ու «սխալ» չկա՛յ, ա­սոր կ՚ը­սենք «ա­նի­րա­ւու­թի՛ւն»։­

Ար­դա­րու­թիւ­նը բա­ժա­նու­մի, բաշ­խու­մի հարց մըն է. ա­մէ­նուն նոյն չափ տալ ար­դա­րու­թի՞ւն է։ Ա­մէն մար­դու իր կա­րի­քին հա­մե­մատ, ի­րա­կան պա­հանջ­քին հա­մա­պա­տաս­խան չա­փով տա՛լն է ար­դարւ­թիւ­նը։ Ու­րեմն ար­դա­րու­թիւն եւ հա­ւա­սա­րու­թիւն մեր­ձի­մաստ ըմբռ­նում­ներ չեն, թե­րեւս զի­րար ամ­բող­ջաց­նող, լրաց­նող, ի­րա­րու սա­տա­րող ար­ժէք­ներ։ Բայց սա ճշմա­րիտ է, որ ար­դա­րու­թիւն հա­ւա­սա­րու­թիւն չի՛ նշա­նա­կեր։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ան­հա­ւա­սար­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, յար­մա­րու­թիւ­նը։

Ար­դա­րու­թիւ­նը կը նմա­նի «հա­նե­լուկ»ի մը՝ «puzzle», որ տար­բեր ձե­ւեր միա­նա­լով ամ­բողջ մը կը կազ­մեն եւ կա­տա­րեալ էու­թիւն մը կը ներ­կա­յաց­նեն։ Հա­նե­լու­կի մա­սե­րը եր­բեք հա­ւա­սար չեն, նոյ­նը չեն, բայց յար­մար կեր­պով միա­նա­լով ան­թե­րի, կա­տա­րեալ էու­թիւն մը կը կազ­մեն։

Եւ վեր­ջա­պէս ա­մուս­նու­թիւնն ալ կա­րե­լի է այդ տե­սակ հա­նե­լու­կի մը նմանց­նել՝ անն­ման մա­սե­րու միա­ցու­մը, ներ­դաշ­նա­կու­թեան մէջ ամ­բողջ մը, կա­տա­րե­լու­թիւն մը կազ­մե­լը։

Իսկ ե­թէ միա­ցած մա­սե­րու մէջ ան­յար­մար մա­սեր կան, այն ա­տեն միու­թիւ­նը չի կա­տա­րե­լա­գոր­ծուիր եւ ա­մուս­նա­լու­ծու­մը ստի­պո­ղու­թիւն մը կ՚ըլ­լայ։ Թող նե­րե­լի ըլ­լայ ին­ծի, ես կեան­քը եւ «ճա­կա­տա­գիր» ը­սուա­ծը կը նմանց­նեմ այդ «puzzle»ին՝ եր­բեմն յար­մար, եր­բեմն ան­յար­մա՛ր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 30, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016