ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Նիւթ»ին եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, այսօր այնքան մխրճուած եւ տարուած ենք, որ Աստուած, երկինք, հոգի, յաւիտենականութիւն, ողորմածութիւն, խիղճ մոռցած՝ ամէն օր, ամէն ոք «մամոնայ» եւ «հաճոյք» կը հոլովէ։ Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, իրապէս, ամէն ոք, ընդհանրապէս կը խօսի «նիւթ»էն, «աշխարհային»էն եւ դժբախտաբար քիչեր՝ հոգիէն կամ հոգեւոր կեանքէն…։

Բայց եւ այնպէս, ինչպէս շատ անգամ կրկնուած է՝ մարդ միայն մարմին՝ նիւթ չէ՛, այլ նաեւ՝ հոգի եւ միտք։ Մարդ ամբողջ մըն է մարմինով, հոգիով եւ միտքով։ Կատարեալ է այն մարդը՝ որ գիտէ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել այս երեք արժէքը իր կեանքի ընթացքին։ Արդարեւ, մարդ երբեք չի՛ գոհանար իր վիճակով, նիւթի այսքան կապուածութիւնն ալ բաւարարութիւն չի տար, քանի որ ան, մանաւանդ ներկայիս, «զգայացունց»ը կը փնտռէ եւ որովհետեւ Եկեղեցին, այդ իմաստով, այս «զգայացունց»ը չի կրնար տալ, տակաւ պաղելով եւ հետզհետէ հեռանալով անկէ ուղի մը բռնած՝ կը քալէ, բայց չի գիտեր, թէ ո՞ւր կ՚երթայ։ Եւ երբ մարդուս նպատակը միայն նիւթ եւ աշխարհ ըլլայ, բնականաբար անոր նպատակի հորիզոնն ալ սահմանափակ կ՚ըլլայ…։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, մեր ապրած ներկայ դարը, դար մըն է, հոգեւորի բացակայութեան եւ անճանաչութեան, հոգեկան ախտերու, հաճոյքներու եւ մակերեսայնութիւններու։ Ուստի եւ ընդհանրապէս, կրաւորականութիւնը եւ անլուրջ վերաբերումները կը զբաղեցնեն այսօրուան մարդը։ Ուրեմն, մարդ եթէ կ՚ուզէ ինքնասպանութենէ եւ փճացումէ փրկել ինքզինք, պարտաւոր է եւ անհրաժեշտ փոխել իր կեանքը եւ վերաքննել, մտածել մարդկային անհատական եւ ընկերական կեանքի կառոյցքին եւ կազմաւորման մասին իր իսկ համոզումները եւ գաղափարները։ Մէկ խօսքով՝ պէտք է արթննայ մարդ իր տարուածութեան պատճառած ամլութենէն եւ թմրութենէն։ Մարդ պէտք է հարց տայ եւ խորհի, թէ ճի՞շդ է, որ ինք իբր «ազատ արարած», ազատ կամքի տէր էակ, վե՛ր է ամէն օրէնքէ, կապանքէ եւ կանոնէ եւ եթէ ան, Գերագոյն Էակին անպատճառ հնազանդելու պարտաւոր չէ…։

Արդարեւ, արդա՞ր է, որ մարդկային անհատական եւ հասարակական կեանքը եւ ընկերային գործունէութիւնները, նիւթական-աշխարհային չափանիշներով գնահատուին եւ արժէք ստանան եւ թէ ներելի՞ է արդեօք, որ շօշափելի եւ արտաքնապէս տեսանելի նիւթական նուաճումներու համար, ոգեկան արժէքներ անտեսուին։

Այս բոլորին պատասխանները, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, բազմաթիւ անգամներ, անցեալի գրութիւններով տալ ջանացած էինք այս սիւնակներուն մէջ։ Միայն թէ, այսօր շեշտելով սա կէտը, կ՚ըսենք նաեւ, թէ Նախախնամութիւնը մեզ օրէնքներու մէջ եւ օրէնքներու ենթակայ ստեղծելով՝ ազատ կամք տալով, մեզ բոլորովին սանձարձակ չէ՛ ձգած երբեք եւ թէ, մարդ անբան անասուններէ ա՛լ աւելի կը ստորնանայ եւ «անբան» կ՚ըլլայ, երբ առանց օրէնքի ապրիլ փորձէ։

Արդարեւ, բնութեան անշեղ օրէնքն է այս, որ անհնազանդութեան եւ այլասերումի անձնատուր եղողները, ամէնուրեք անողոք բայց արդարութեամբ կը պատժէ։ Աստուծոյ ստեղծած «բնութիւն»ը անշեղօրէն արդար է, եւ այս արդարութիւնը կ՚ըլլայ նաեւ՝ անողոք։

Ամէն ոք այսօր աշխարհի ընդհանուր գնացքէն դժգոհ է եւ սակայն ոչ ոք կ՚անդրադառնայ, թէ աշխարհի վերիվայրումներու առիթը, մարդ ինքնին տուած է իրեն։ Արդարեւ, աշխարհ չէ փոխուած, մարդ ինքն է փոխուած եւ անիրաւօրէն կ՚ամբաստանէ աշխարհը եւ կը մեղադրէ զայն որպէս թէ ան ըլլար այլասերումի պատճառը…։

Կան մարդիկ, որոնք կրօնը եւ հոգեւոր արժէքները այլեւս հնաբոյր եւ «թանգարանի զա՛րդ» կը համարեն՝ Աստուծոյ սուրբ պատուիրաններու դէմ կը ծառանան, ազատամտութի՛ւն, ազատ սէր կը քարոզեն, թմրեցուցիչի եւ զանազան հաճոյքներու մէջ իրենց ժամանցը եւ մխիթարութիւնը կը փնտռեն եւ իրենց աչքերը ալ բարոյականութեան լոյսին գոցելով, «երջանիկ աշխարհ» կ՚երազեն։

Միթէ հնարաւո՞ր է ասիկա արդեօք։ Եւ սակայն, ա՛յս է, որ մարդ կ՚ընէ այսօր եւ բնական է, որ իրենց «երազ»ն ալ իրականացած չտեսնեն երբեք։

Ուրոյն աշխարհայեացքով սերունդ մը հասած է այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ, նորաբոյս գաղափարներով, նոր գեղեցկագիտութեան եւ բարոյագիտութեան ըմբռնումով մը, եթէ ուրիշին որեւէ վնաս ալ չպատճառէ (որ կը պատճառէ՛), ազատամիտ դիրքորոշումով, իր անձը մոլութիւններու, անբարոյութեան եւ անտարբերութեան յանձնելով՝ հետզհետէ ինքզինք կը փճացնէ, միանգամայն իր «բանաւոր մարդ»ու պատիւը եւ հանգամանքը առաթուր կոխելով։ «Ազգի մը ապագան մայրերու ձեռքն է», ըսած է Honoré de BALZAC եւ ուրեմն շա՜տ բան կը սպասենք եւ կը պարտինք մեր մայրերու հոգածութեա՛ն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 19, 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2022