ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ

Հիւանդութիւնը եւ տառապանքը մարդկային կեանքը փորձի ենթարկող ամենածանր հարցերէն մին եղած է միշտ։ Հիւանդութեան մէջ մարդը իր անկարողութեան, իր սահմանափակումներուն եւ իր վախճանաւորութեան փորձառութիւնը կ՚ապրի։ Եւ ամէն հիւանդութիւն մահուան հաւանակութիւնը եւ կարելիութիւնը ընդնշմարել կու տայ մեզի։ Այս ուղղութեամբ, հիւանդներու «սուրբ օծում»ին եւ քահանային աղօթքին ընդմէջէն ամբողջ Եկեղեցին է, որ հիւանդները կը յանձնարարէ տառապեալ եւ փառաւորեալ Տիրոջ, որպէսզի զանոնք սփոփէ եւ փրկէ. դեռ աւելին, Եկեղեցին կը յորդորէ զանոնք, որ Քրիստոսի տառապանքին եւ մահուան իրենց ազատ մասնակցութեամբ, իրենց բաժինը բերեն ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին օգտին եւ բարիքին։

Արդարեւ, հիւանդութիւնը կրնայ առաջնորդել դէպի նեղութիւն, անձկութիւն, դէպի իր անձին վրայ կծկում, երբեմն նոյնիսկ դէպի յուսահատութիւն եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութիւն։

Ան կրնայ նաեւ մարդը աւելի հասունցնել, օգնել իր կեանքին ոչ-էականը զանազանելու եւ էականին մերձենալու՝ կատարելագործուելու հոգեպէս։ Շատ յաճախ հիւանդութիւնը մեզ կը մղէ Աստուած փնտռելու, գտնելու եւ ճանչնալու զԱյն. Անոր վերադառնալու։

Յիսուսի հիւանդներուն հանդէպ կարեկցութիւնը եւ ամէն տեսակ ախտաւորներու եւ ցաւերէ տառապողներու վրայ Իր կատարած բազմաթիւ հրաշալի բուժումները բացայայտ նշանն են, թէ «Աստուած այցելած է Իր ժողովուրդին», Ան կենդանի Աստուածն է, որ միշտ մեզի հետ է, քանի որ Ան հաւատարիմ է Իր խոստումին, թէ՝ Ինք մի՛շտ մեզի հետ է… եւ թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտալուտ է։

Ուստի, Յիսուս իշխանութիւնը ունի ո՛չ միայն բուժելու, այլ նաեւ մեղքերը ներելու։ Ան եղած է բուժելու ամբողջական «մարդ»ը՝ հոգի եւ մարմին. Ան Բժի՛շկն է, որուն կարիքը ունին բոլոր հիւանդները։ Բոլոր տառապողներուն հանդէպ Անոր կարեկցութիւնը կ՚երթայ այնքա՜ն հեռու՝ որ Ինքզինք անոնց հետ կը նոյնացնէ. «Հիւանդ էի եւ այցելեցիք Ինծի…». (ՄԱՏԹ. ԻԵ 36)։ Իր նախասիրութիւնը ցաւով տառապողներուն հանդէպ դարերու ընթացքին անխափան շարունակեց քրիստոնեայ հաւատացեալներու մասնայատուկ հետաքրքրութիւնը արթնցնել բոլոր անոնց հանդէպ որոնք կը չարչարուին, կը տառապին իրենց մարմինին եւ հոգիին մէջ։ Եւ ահաւասիկ, ասիկա մեկնակէտն է զանոնք սփոփելու համար կատարուած անխոնջ ջանքերուն։

Բուժուելու համար պէ՛տք է հաւատալ։

Յիսուս յաճախ կը պատուիրէ եւ կ՚ուզէ հիւանդներէն, որպէսզի հաւատա՛ն։

Ան բուժելու համար՝ կ՚օգտագործէ նշաններ, ինչպէս՝ թուք եւ ձեռնադրում. (ՄԱՐԿ. Է 32-36 եւ Ը 22-25), ցեխ եւ լուացում. (ՅՈՎՀ. Թ 6-15)։ Հիւանդներ կը փորձեն, կը ջանան դպչիլ Անոր, քանի որ «ուժ» մը կ՚ելլէր Անկէ եւ կը բուժէր զանոնք. (ՂՈՒԿ. Զ 19)։

Եւ Յիսուս, ա՛յսօր ալ եւ միշտ կը շարուակէ «դպչիլ» մեզի սուրբ խորհուրդներուն մէջէն՝ բուժելու համար մեզ։

Հոս յիշենք այն խօսքը, թէ՝ բժիշկները, երկրի վրայ Աստուծոյ մատներն են։

Յուզուած այնքա՜ն տառապանքներու դիմաց, Յիսուս Քրիստոս ո՛չ միայն թոյլ կու տայ որ հիւանդները դպչին Իրեն, այլ անոնց խեղճութիւնները կը սեփականացնէ. «Ան մեր տկարութիւնները առաւ եւ մեր հիւանդութիւնները կրեց». (ՄԱՏԹ. Ը 17)։

Ան բոլոր հիւանդները չբուժեց։

Անոր բուժումները նշաններ էին Աստուծոյ Արքայութեան գալուստին։ Անոնք աւելի արմատական բուժում մը կ՚աւետէին. յաղթանակը մեղքին վրայ եւ մահուան՝ Իր Զատիկով՝ Յարութեա՛մբ։ Խաչին վրայ Քրիստոս «չար»ին ամբողջ ծանրութիւնը կրեց եւ բառնաց՝ «աշխարհի մեղքը». (ՅՈՎՀ. Ա 29), որուն մէկ հետեւանքն է հիւանդութիւնը։ Իր չարչարանքով եւ խաչելութեամբ եւ Խաչին վրայ մահով, Քրիստոս նոր իմաստ մը տուաւ հիւանդութեան եւ տառապանքին. Ան այսուհետեւ կարող է մեզ կերպարանակից ընել Իրեն եւ մեզ միացնել Իր փրկչական չարչարանքին եւ տանջանքներուն։

Ուստի, Քրիստոս կը հրաւիրէ Իր աշակերտները հետեւիլ Իրեն, իրենց կարգին իրենց «Խաչ»ը առած։ Հետեւելով Անոր, աշակերտները հիւանդութեան եւ հիւանդներուն նկատմամբ նոր ըմբռում մը կը ստանան։ Յիսուս մասնակից կ՚ընէ զանոնք Իր աղքատիկ, համեստ եւ ծառայական կեանքին։ Բաժնեկից կ՚ընէ զանոնք կարեկցութեան եւ բուժումի Իր պաշտօնատարութեան. «Անոնք մեկնեցան եւ գացին ապաշխարութիւն քարոզելու։ Կ՚արտաքսէին բազմաթիւ դեւեր, ձէթով բազմաթիւ հիւանդներ կ՚օծէին եւ կը բուժէին զանոնք». (ՄԱՐԿ. Զ 12-13)։

Յարուցեալ Տէրը կը վերանորոգէ այս առաքումը. «Իմ անունովս… ձեռք պիտի դնեն հիւանդներուն վրայ եւ անոնք պիտի բուժուին». (ՄԱՐԿ. ԺԶ 17-18)։ Ասիկա կը հաստատէ նշաններով, որոնք կը կատարէ Եկեղեցին՝ խորհուրդներով՝ Անոր անունը կարդալով։ Եւ այս նշանները յատուկ կերպով ցոյց կու տան, թէ Քրիստոս ճշմարտապէս եւ անվիճելի կերպով «Փրկիչ Աստուածն է»։

Սուրբ Հոգին ոմանց բուժելու յատուկ պարգեւաշնորհքը կու տայ. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԲ 9 եւ ԻԸ 30), յայտնելու համար Յարուցեալին շնորհքին ուժը։

Սակայն ամենաջերմ աղօթքներն անգամ ամէն հիւանդութեան բուժումը չեն ստանար։ Պօղոս առաքեալ Տիրոջմէ պիտի սորվի, թէ. «շնորհքս բաւական է քեզի, որովհետեւ զօրութիւնս կը կատարուի տկարութեան մէջ». (Բ ԿՈՐՆ. ԺԲ 9) եւ թէ կրելիք տառապանքները կրնան նշանակել, թէ «Ես մարմինիս մէջ կը լրացնեմ ի՛նչ որ կը պակսի Քրիստոսի չարչարանքներուն՝ Անոր մարմինին համար, որ է Եկեղեցին». (ԿՈՂ. Ա 24)։

Հաւատա՛նք եւ պիտի բուժուինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 21, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2024