ՍԷՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Մարդուս մէջ սէրը, ընդոծին զգացում մըն է, եւ հետզհետէ կ՚աճի եւ զօրանալով կը շարունակուի։ Սէրը Աստուծոյ գոյութեան մէկ ապացո՛յցն է մարդուս մէջ, եւ կը շարունակուի մինչեւ վերջ։ Եւ քանի որ կեանքը կը շարունակուի մահէն վերջ ալ՝ յաւիտենականութեան միջոցին մէջ, ապա ուրեմն սէրը երբեք չի՛ վերջանար, այլ կը շարունակուի յաւիտենականութեան մէջ։

Աստուած սէ՛ր է, եւ ուրեմն՝ անմահ ու անվերջ, անսկիզբ ու յաւիտեան, քանի որ Աստուած անսկիզբ է, եւ յաւիտեան, անվերջ, անսահմա՛ն։

Աստուծոյ յաւիտենականութիւնը անվիճելի է, եւ ուրեմն՝ սիրոյ յաւիտենականութիւնն ալ պէտք է անվիճելի՛ ըլլայ։

Սէրը յաւիտենական է։ Բայց այս յաւիտենական զօրութեան, ընդոծին զգացումին բնոյթը ի՞նչ է։ «Սէ՛ր» կոչուած այս զգացումը, արդարեւ աստուածային նկարագիր եւ բնաւորութիւն ունի։ Եւ ուրեմն՝ ի՞նչ է սէրը։

Սէրը մէ՛կ է, բայց ունի բազմաթիւ ճիւղեր՝ տեսակներ։ Սէրը միշտ նոյն բնութիւնը ունի, սակայն անոր երանգը, գործածութիւնը կը փոխուի, զոր օրինակ, աստուածային սէր, եղբայրասիրութիւն, մարդասիրութիւն, ծնողական սէր, որդիական սէր, ամուսնական սէր, եւ այլն։ Բայց սէրը պէտք չէ՛ շփոթել կիրքի կամ թէ ցանկութեան հետ։ Ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը կը ձգտի «ուրիշ»ին բարութեան, իր նմանին օգտին, այնպէս՝ ի՛նչպէս իր բարութեան կամ անձնական օգտին։

Արդարեւ, «մեծագոյն սէրը այն է, այն սէ՛րն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։

Ուստի, սէրը զոհողութիւն է, անձնուիրութիւն է, համակրական հասկացողութիւն (=empathy) ունենալ է, իր դիմացինին պէս խորհիլ, զգալ է, եւ ընել այն՝ ի՛նչ որ մարդ պիտի ընէր իրեն համար։ Եւ այս իմաստով բոլոր սէրերու բնաւորութիւնը եւ նկարագիրը նոյնն է, միայն կը փոխուին ենթական եւ սիրոյ «առարկայ»ն, սիրոյ յարաբերութեան տեսակը։

Կեանքը իր ընդհանուր առումով անվերջ է՝ կը շարունակուի յաւիտենական միջոցի մը մէջ եւ քանի որ կեանքին աւիշն է սէրը, ուրեմն սէրն ալ  կը շարունակուի մշտնջենապէս՝ անվերջ, անընդհա՛տ։

Վերադառնանք մեր սկզբնական հարցումին։

Ի՞նչ է սէրը։

«Սէրը Աստուծոյ պարգե՛ւն է», կ՚ըսէ Յովհաննէս Առաքեալ. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 7)։ Եւ դարձեալ կը շարունակէ. «Աստուած սէր է։ Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացած» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 16)։ Ուրեմն սէրը այն զօրութիւնն է, այն կապն է, որ մարդս կը միացնէ Աստուծոյ եւ անշուշտ իւրաքանչիւր մարդ՝ իրարո՛ւ։

Յատկապէս քրիստոնէական սէրը կը ստանայ իր ամենալայն իմաստը, եւ ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիլ, բայց սէր չունենալ՝ ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենայ մարդ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն…» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 1)։ Ուստի ըստ Առաքեալին՝ սէրը համբերատարութիւն է, քաղցրաբարոյ ըլլալ, չնախանձիլ, չգոռոզանալ, չհպարտանալ, անպատշաճ վարմունք չունենալ, միայն ինքզինք չմտածել, չբարկանալ, չարամիտ չըլլալ, անիրաւութեան վրայ չուրախանալ, եւ մանաւանդ ուրախակից ըլլալ ճշմարտութեան, միշտ զիջիլ, հաւատալ, յուսալ եւ համբերատար ըլլա՛լ է։

Եւ այս յատկութիւններով, սէրը անվախճա՛ն է. յաւիտենական եւ մշտնջենաւո՛ր։ Այս իմաստով, Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ներկայիս, ուրեմն, միա՛կ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէ՛րն է» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 13)։

Քրիստոնէական սէրը քայլ մը աւելի յառաջ կ՚երթայ երբ կը պատուիրէ Յիսուս բացայայտօրէն սիրել ո՛չ միայն ընկերը, այլ նաեւ՝ թշնամինե՛րը։

«Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է.- Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (ՄԱՏԹ. Ե 43-44)։

Այս իմաստով իսկական եւ անկեղծ սէրը զոհողութիւն, անձնուիրութիւն եւ անձուրացութիւն կը պահանջէ, ինչ որ մարդ էակին համար բաւական դժուա՛ր է, բայց ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալ ա՛յն կը նշանակէ։ Ուստի «քրիստոնեայ» ըլլալ եւ իր կեանքին մէջ սէրը այսքան խոր իմաստովը չապրիլ՝ մեծ հակադրութիւն մըն է, եւ քը-րիստոնէութիւնը պարզապէս «անուանեալ» վիճակի մը կը մատնէ։ Սէրը՝ իր ամենալայն եւ խոր իմաստով ապրիլ եւ կեանքի սկըզ-բունք ընդունիլ եւ կիրարկել՝ ճշմարիտ քրիստոնեային առաջնակարգ նկարագի՛րն է, եւ ինչպէս Աստուած սէ՛ր է՝ քրիստոնեան ալ նոյնպէս սէ՛ր է՝ սիրոյ մարմնացո՛ւմ մը։

Արդարեւ, հոգիին անմահութիւնը որպէս ճշմարտութիւն ընդունող ամէն դրութիւն, կը հաւատայ նաեւ սիրոյ անմահութեան եւ յաւիտենականութեան։ Այս իմաստով, քրիստոնէութեան ամենամեծ վարդապետութիւնը եւ բարոյականը հիմնուած է սիրոյ գարափարին վրայ եւ անոր շուրջը կը դառնան, գաղափարի մը՝ որ կեդրոնն է ամէն եղելութեան, եւ որ այդ կեդրոնին շուրջ կը դառնան աշխարհի բոլոր մարդկային արարքները, կապակցութիւններն ու յարաբերութիւնները։ Ուստի, սէրը մարդկութեան կապն է եւ ոգի՛ն՝ որով մագնիսանալով իրարու կը կցուին գերբնական եւ անիմանալի բնազդով մը։ Ո՛ւժ մըն է, զօրութիւն մը, սէրը՝ այնքան մեծ ու այնքան բարձր, որ արտայայտուած եւ իմաստաւորուած է Յովհաննէս Առաքեալի բացատրութեամբ՝ Աստուած սէ՛ր է, խօսքով, որ ամենաբացարձակին համահաւասար նկատուած է։

Այլապէս, Յովհաննէս Առաքեալի այս խօսքէն աւելի յստակ բացատրութիւն մը կարելի չէ մտածել, քանի որ Սէրը բացատրուած է ամենէն բացայայտ եւ անվիճելի կերպով՝ համահաւասար նկատելով Աստուծոյ։ Արդարեւ, սէրը Աստուծոյ նկարագիրն է՝ բնութիւնը եւ յատկանի՛շը։

Եւ փորձենք բաղդատել կամ համեմատել սէրը իր յաւիտենական հակադիր զգացումին հետ՝ ատելութեան հետ։ Երբ Աստուած սէ՛ր է, ապա ուրեմն փոխանակ սիրոյ՝ ատելութեամբ երբ կը լեցուինք ոեւէ մէկու մը հանդէպ, ան ըլլայ բարեկամ եւ կամ թշնամի, ծանօթ կամ անծանօթ, զԱստուած ուրացած, զԱստուած դրժած չե՞նք ըլլար. կ՚արժէ խորհիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 15, 2017, Իսթանպուլ          

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017